ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Դարձեալ անոնց երկիւղը կը վերացնէ.

Խօսք. «Ցերեկը տասներկու ժամ չէ՞» (Յհ 11.9):

Մեկնութիւն. նախ կ՚ըսէ. «Թէեւ կ՚ուզէին զիս ամէն ատեն քարկոծել, սակայն հիմա չեն ըներ, որովհետեւ ըստ ժամանակի փոփոխումին՝ մարդկային կամքն ալ կրնայ փոփոխուիլ»: Երկրորդ՝ կ՚ըսէ, որպէսզի չվախնան. ինչպէս գիշերային ժամուն լոյսը կը պակսի եւ որոգայթը չի տեսնուիր, այդ պատճառով կը վախնայ, իսկ ցերեկը դիւրին է որոգայթը տեսնել ու զգուշանալ, նոյնպէս՝ «Աշխարհի լոյսն եմ (հմմտ. Յհ 8.12), պէտք չէ վախնաք, որովհետեւ Ինծի հետ էք»,- ինչպէս կ՚ըսէ:

Խօսք. «Ան որ ցերեկ ատեն կը քալէ՝ չի սայթաքիր» (Յհ 11.9):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ ո՛չ կը գայթակղի, ո՛չ կը վնասուի եւ ո՛չ ալ կը վախնայ: Սուրբ Գիրքը զՔրիստոս Արդարութեան Արեգակ կը կոչէ, որովհետեւ ինչպէս զգալի արեգակը մօտենալով ցերեկ կ՚ընէ, այդպէս ալ Քրիստոսի աշխարհ գալուստը շնորհներու ցերեկ ըրաւ, իսկ առաքեալները շնորհներու լոյսով կը քալէին՝ հաւատքով ու վարքով, այդ պատճառով պէտք չէ վախնալ: Տե՛ս, որովհետեւ Քրիստոսէն մեզի ճառագայթած լոյսը հաւատքն ու սուրբ վարքն են:

Խօսք. «Ան որ գիշեր ատեն կը քալէ՝ կը սայթաքի» (Յհ 11.10):

Մեկնութիւն. նախքան Քրիստոսի գալուստը մեղքերու եւ անհաւատութեան խաւար էր, եւ հիմա ալ անոնք որոնք Քրիստոսի հաւատքը չունին, խաւարի մէջ են: Ասկէ Քրիստոս կը ցուցնէ՝ թէ ինչքան ժամանակ որ Ինք աշխարհի մէջ էր, աշակերտներուն հանդէպ մեծ հալածանք չէր ըլլար, սակայն յետոյ պիտի պատահէր, եւ յայտնի է, երբ Քրիստոս ձերբակալուեցաւ, փրկեց աշակերտները՝ ըսելով. «Եթէ զիս կը փնտռէք, ձգեցէք որ ասոնք երթան» (տե՛ս Յհ 18.8), սակայն Քրիստոսի մահէն ետք միշտ հալածանքներու մէջ մնացին հրեաներէն ու հեթանոսներէն, ինչէս նաեւ երկու Յակոբները սպաննեցին, իսկ միւսները ցրուեցան [Նանա]:

Հարցում. Քրիստոս ինչո՞ւ համար օրուան տասներկու ժամերը կը յիշէ, որովհետեւ բաւարար էր ըսել՝ մի՛ վախնաք, հիմա ցերեկ է:

Պատասխան. չորս պատճառով: Նախ՝ օր Ինքզինք կը կոչէ, իսկ ժամեր՝ տասներկու առաքեալները, որովհետեւ անոնցմով լուսաւորեց մեզ:

Երկրորդ միտք, ինչպէս օրը չի մթներ մինչեւ աւարտին տասներկու ժամերը, այդպէս ալ Ես աշխարհէն մահուամբ չեմ վերանար մինչեւ ժամանակի այն կէտը, որ հաստատուած է եւ տակաւին մէկ ժամ կամ կէս ժամ կայ, ինչպէս օրը, թէեւ երեկոյ կը կոչուի:

Երրորդ միտքը, կը ցուցնէ, թէ եկեղեցւոյ ամբողջ ընթացքը տասներկու թիւով կը կատարուի:

Եւ ասիկա վեց կերպով. նախ՝ առաքեալները տասներկու հոգի էին: Երկրորդ՝ հաւատացեալներու ազգերը տասներկու են: Երրորդ՝ հաւատքի աստիճանները տասներկու են: Չորրորդ՝ աստւածային առաքինութիւնները տասներկու գիր ունին, այսինքն՝ հաւատք, յոյս, սէր: Հինգերորդ՝ երեք անձերն ալ տասներկու գիր ունին, որ է՝ Հայր, Որդի, Հոգի: Վեցերորդ՝ մէկ բնութիւնն ալ տասներկու գիր ունի, այսինքն՝ Երրորդութիւն:

Չորրորդ միտք, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանան] կ՚ըսէ, թէ օրը տարիին պատկերն է վեց կերպով. նախ՝ որովհետեւ օրը եւ տարին արեգակէն կը սկսին, ինպէս ամիսը՝ լուսինէն, իսկ շաբաթը՝ մոլորակներէն: Երկրորդ՝ ինչպէս մէկ օրը չորս ժամերու կը փոխուի, իսկ տարին՝ չորս եղանակի: Երրորդ՝ ինչպէս օրը՝ տասներկու ժամ է, իսկ տարին՝ տասներկու ամիս: Չորրորդ՝ ինչպէս ժամը երեսուն մաս է, իսկ ամիսը՝ երեսուն օր: Հինգերորդ՝ ինչպէս օրը երեքհարիւր վաթսունհինգ մաս է, իսկ տարին՝ երեքհարիւր վաթսունհինգ օր է: Վեցերորդ՝ ինչպէս օրը թէեւ կ՚աւելնայ ու կը պակսի, սակայն ամբողջ սահմանը տասներկու ժամ է, այդպէս ալ տարին թէեւ կը շարժի, սակայն ամբողջ սահմանը տասներկու ամիս է առանց յաւելուածի կամ պակասութեան, եւ ասիկա դիւրին է, եթէ ոեւէ մէկը կ՚ուզէ զայն խորհրդաբար տեսնել Քրիստոսի մէջ:

Արդ, երբ աշակերտներուն երկիւղին պատճառը վերացուց, հիմա Հրէաստան երթալուն պատճառը կ՚ըսէ՝ Ղազարոսը յարուցանելու համար:

Խօսք. «Մեր բարեկամը՝ Ղազարոս ննջեց» (տե՛ս Յհ 11.11):

Մեկնութիւն. չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ աշակերտներէն երկիւղը կը վերացնէ՝ ըսելով. «Ո՛չ Երուսաղէմ եւ ո՛չ ալ Հրէաստան պիտի երթամ, այլ՝ Բեթանիա, եւ ո՛չ թէ տրամաբանելու, այլ՝ ապրեցնելու»:

Երկրորդ. Ղազարոսին բարեկամ կ՚ըսէ իբրեւ եզակի սիրեցեալ եւ սիրող, հետեւաբար պէտք է երթալ:

Երրորդ. ասիկա նախապէս ըսաւ, որպէսզի երբ յարուցանէ, գիտնան, թէ նախապէս գիտէր:

Չորրորդ. Ղազարոսի մահը ննջում կը կոչէ երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ շուտով յարութիւն պիտի առնէր: Երկրորդ՝ արթնցնեմ կ՚ըսէ, քանի որ Քրիստոսի համար դիւրին է մեռել մը յարուցանելը, քան մարդու մը՝ ուրիշ մարդ մը քունէն արթնցնելը: Երրորդ պատճառ՝ որովհետեւ հոմանուններ են, քանի որ այսպէս կը սահմանուին ասոնք. «Մահը յաւիտենական քուն է, իսկ քունը՝ ժամանակաւոր մահ է»: Բայց առաքեալները առանց երկիւղի չմնացին եւ չէին ուզեր, որ Քրիստոս այնտեղ երթար, ինչպէս կ՚ըսեն.

Խօսք. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է՝ ուրեմն կ՚առողջանայ» (Յհ 11.12):

Մեկնութիւն. ուրեմն կամ նախդիր բառ է կամ «յետոյ» կը լսուի:

Չորս է իմացումը. նախ՝ եթէ ննջեց, ապա կ՚արթննայ ու ոտքի կ՚ելլէ, եւ մենք պէտք չունինք այնտեղ երթալու՝ արթնցնելու համար զինք: Ասիկա կ՚ըսէին, որպէսզի երթալը խանգարեն: Երկրորդ՝ ըստ Ոսկեբերանին հիւանդներուն քունը նշան է անոնց մարմինի առողջութեան եւ պէտք չկայ երթալ ու արթնցնել զինք: Երրորդ՝ մարգարէաբար կ՚ըսեն, եթէ ի մահ ննջած է, կանգնելով կ՚ապրի: Չորրոդ՝ ընդհանուրի յարութեան նման է, որովհետեւ նախ կը մեռնին եւ ապա յարութիւն կ՚առնեն, ինչպէս Պօղոս Կորնթացիներու առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Դուն ինչ որ կը սերմանես, եթէ նախ չմեռնի՝ չի՛ բուսնիր» (տե՛ս Ա. Կր 15.36):

Խօսք. «Անոնց այնպէս թուեցաւ՝ թէ անոր քնանալուն կ՚ակնարկէ» (Յհ 11.13):

Մեկնութիւն. Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Մեծ յիմարութիւն է կարծել, թէ այդքան ճանապարհ կը տանի մէկը քունէն արթնցնելու համար», սակայն ոմանք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոսի խօսքը որպէս առակ իմացան, որովհետեւ սովոր էր առակներով խօսելու, այդ պատճառով չգիտցան, թէ ի՞նչ միտքով կ՚ըսէր, թէ պիտի արթնցնէ զանիկա: Իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ այդ ննջումը թմրութիւն կարծեցին, ինչպէս Երեմիայի օրերուն Իսրայէլի գերութեամբ, եւ ինչպէս յետոյ՝ Եփեսոսի մանուկներուն ժամանակ: Բայց մենք կ՚ըսենք, թէ առաքեալները այն ատեն թանձրամիտ էին եւ շատ կը վախնային, այդ պատճառով ալ Քրիստոսի խօսքը սխալ հասկցան:

Ետքէն յայտնապէս կը ցուցնէ Ղազարոսին մահը.

Խօսք. «Ղազարոս մեռաւ. բայց Ես ուրախ եմ ձեզի համար» (տե՛ս Յհ 11.14-15):

Մեկնութիւն. այս եւս անոնց երկիւղը կը վերացնէ, որպէս թէ դուք մի՛ վախնաք, այնտեղ կ՚երթանք յարուցանելու համար զինք:

Այստեղ ուրախութիւնը կրկնակի է. նախ՝ Ղազարոսի մահուան համար ուրախ էր ո՛չ թէ Ինքն Իր, այլ՝ առաքեալներուն համար, որովհետեւ հաւատքի մէջ ա՛ լ աւելի պիտի հաստատուէին: Երկրորդ՝ ուրախ էր, քանի որ այնտեղ չէր, նախ՝ որպէսզի չկարծեն, թէ երեւութաբար կամ խաբէութեամբ բան մը պատահի: Երրորդ՝ որովհետեւ եթէ այնտեղ եղած ըլլար, Ղազարոս մահացած չէր ըլլար եւ ոչ ալ յարութիւն առած, քանի որ անպատշաճ էր Կեանքի եղբօր մօտ մահը իշխանութիւն ունենար: Իսկ այնտեղ չէր, մարմինին համար կ՚ըսէ, սակայն Աստուածութեամբ Քրիստոս ամէն տեղ է: Տե՛ս, քանի որ երբ ննջումը յիշեց, ըսաւ, թէ արթնցնեմ, իսկ երբ ըսաւ, թէ մեռաւ, չըսա՛ւ, թէ յարուցանեմ՝ օրինակ տալով, որպէսզի նախքան գործը չմեծաբանենք:

Հիմա առաքեալներէն մէկուն պատասխանին մասին կը ճարէ:

Խօսք. «Թովմաս, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, կ՚ըսէ» (Յհ 11.16):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ երկու եղբայրներ միասին ծնած էին, Թովմաս եւ Փիլիպպոս կ՚ըսեն:

Խօսք. «Օ՛ն, եկէք» (Յհ 11.16):

Մեկնութիւն. «Օ՛ն» բառը երբեմն նախդիր է, որ ոչինչ կը նշանակէ, ինչպէս այստեղ, որովհետեւ երկրի մը բառ [արտայայտութեան ձեւ] է, ինչպէս սեբաստացիները «կա՜ճ» կ՚ըսեն, իսկ Կարինի քաղաքացիները՝ «տի՜», արճիշեցիները՝ «անէ՜», իսկ բզնունիք՝ խլաթցիները, «օ՜ն» կ՚ըսեն ամէն բանի, իսկ երբեմն օն չի՛ լսուիր, ինչպէս՝ օ՛ն եւ օ՛ն կ՚ընէ ինծի Տէրը, այսինքն՝ մէ՛կ եւ մէ՛կ:

Խօսք. «Եկէք մենք ալ երթանք Իրեն հետ մեռնելու» (Յհ 11.16):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ Ղազարոսի հետ կամ Քրիստոսի հետ: Ըստ Ոսկեբերանին երկմտութեան եւ թերութեան խօսք է, իբրեւ թէ Ղազարոս մեռաւ, մեզ եւս կու տայ հրեաներուն՝ սպաննելու համար: Իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ խօսքը ակնառութեան համար է, իբրեւ թէ կը յորդորէ իր աշակերտակիցներուն այս բանը, իբրեւ թէ ըսել. «Լաւ է մեզի համար Քրիստոսի հետ մեռնիլ, քան առանց Անոր ապրիլ»: Սակայն ճշմարիտը Ոսկեբերանինն է. նախ՝ որովհետեւ երկիւղը որ առաքեալները ունէին, որով կ՚ըսէին. «Վարդապե՛տ, հրէաստանցիները դեռ նոր կ՚ուզէին Քեզ քարկոծել» (Յհ 11.8), տակաւին Թովմայի սիրտէն չէր վերացած:

Երկրորդ. որովհետեւ Թովմաս Քրիստոսի յարութեան ալ դժուար հաւատաց, քան միւս առաքեալները եւ ասիկա իրեն համար համարձակութիւն էր. նախ՝ որովհետեւ միայն իր հետ չըսաւ Քրիստոս: Երկրորդ՝ քանի որ այլ աւելի ծեր եւ սիրելի աշակերտներ կային, անոնց առաջ ըսաւ:

Հարցում. ուրեմն Քրիստոս ինչո՞ւ չյանդիմանեց:

Պատասխան. նախ՝ որովհետեւ առաջին վանկով երթալ կը հրաւիրէր, թէեւ վերջինն ալ երկիւղով էր: Երկրորդ՝ որովհետեւ յետոյ միւս բոլորէն աւելի գերագոյն պիտի ըլլար: Եւ տե՛ս խաչին մեծ զօրութիւնը, որովհետեւ ով որ հիմա կը վախնայ Քրիստոսին հետ Բեթանիա երթալու, խաչելութենէն ետք բոլոր տեղերը կ՚երթար սպաննողներուն մէջ զՔրիստոս քարոզելու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 105

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021