«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ [ՀՈԳԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆ]

Ցաւալին այն է, որ ուսեալ մարդիկ եւս կը հաւատան այս սնոտիութիւններուն: Խուցիս մօտ արածող էշ մը կար, անոր անունը նասէր դրի, իր եռանդին պատճառով: Անգամ մը խուցս եկաւ յոյն մը, որ Զուիցերիա կ՚ապրէր, ու լսեց թէ էշին Նասէր կը կանչեմ: Երբ որոշ ժամանակ մը ետք վերադարձաւ, երկու տուփ անուշեղէն բերած էր. մէկը պարզ, միւսը՝ լաւ որակի: Ինծի պարզ տուփը տուաւ, իսկ լաւ որակի տուփը տարաւ, որպէսզի Նասէրին տայ: Ան կարծած էր, թէ այդ Նասէր վերածնուած էր եւ էշ դարձած, եւ իր կարծելը՝ իրականութեան վերածուած էր: Ի զուր փորձեցի հասկցնել անոր, թէ այդ իշուն Նասէր անունը տուած եմ իր եռանդին, աշխուժութեան եւ ունեցած ուժին համար, սակայն չհաւատաց:

Այս դէպքը ա՛լ աւելի զօրաւոր իյնալ էր քան առաջինը: Տարիներ առաջ գերմանացի երիտասարդներ Քրիթ եկան՝ կատարելու համար աղօթական արարողութիւն մը, որու ընթացքին պիտի յիշատակէին գերմանացի զինուորները, որոնք Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ինկած էին: Աղօթքի արարողութեան ժամանակ քրիթացի մը անցաւ անոնց մօտէն՝ իր բեռներով լեցուն իշուն հետ: Էշը երբ տեսաւ հաւաքուածները, սկսաւ զռնչալ: Գերմանացիներէն մէկը կարծեց, թէ այդ էշը իր եղբայրն է՝ որ պատերազմի ընթացքին սպաննուած էր, ու հիմա վերածնուած էր, եւ երբ ճանչցաւ զինք [էշը], սկսաւ զռնչալ: Այդ մարդը պատասխանեց բարեւին շատ աւելի լաւ ձեւով՝ անոր զինուորական կերպով բարեւելով: Ատկէ ետք գերմանացին քրիթացի մարդուն ըսաւ.

-Ի՞նչքան կ՚ուզես այդ իշուն գինը:

Քրիթացին հեռացուց զինք ու մերժեց ծախել: Գերմանացին սկսաւ դրամները հաշուել, վիճիլ այդ մարդուն հետ, որ վռտնեց զինք ու չպատասխանեց անոր: Այստեղ, մէկը միջամտեց եւ համոզեց քրիթացի մարդուն, որպէսզի ծախէ էշը եւ այդ դրամով ինքնաշարժ մը գնէ, որով համոզուեցաւ, բեռները իջեցուց եւ էշը տուաւ գերմանացիին, որ առնելով զայն իր հետ Գերմանիա տարաւ՝ արցունքները աչքերուն:

-Լո՞ւրջ կ՚ըսես, Եառոնտա:

-Իրական պատահած դէպք մըն է, զոր վստահելի մարդոցմէ լսած եմ:

ՀԻՆՏՈՒԶՆԵՐՈՒ ՃԳՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

-Եառոնտա. հինտուզները այն աստիճանի կ՚աղօթեն, որով կրնան իրենց հոգին կառավարել [ինքնազսպում]. այդ բանին համար արդեօք չափազանց շատ ճգնութի՞ւնը կ՚օգնէ իրենց, զորս եոկայի միջոցով կը կատարեն:

-Այդ բանը կ՚ընեն. բայց ի՞նչ օգուտ բոլոր այդ բաներէն: Ուղղափառութեան մէջ ինքնազսպումը հոգեւոր վսեմ նպատակ մը կը հետապնդէ, որն է հոգիին սրբացումը: Իսկ անոնց ճգնութիւնը աշխարհիկ-սատանայական է, որու նպատակը իրենց մարմիններուն ու անոնց անդամներուն ճկունութիւնն է միայն: Նպատակ կը դնեն ու կ՚ընեն այնպիսի շարժումներ, որով կը ծռեն իրենց ձեռքերն ու ոտքերը՝ մանկական շարժապատկերներուն նմանողութեամբ, որով կարգ մը յիմարներ կը ծափահարեն զանոնք՝ իսկ տհաճ սատանաները կը ծիծաղին անոնց վրայ: Մէկ ոտքը մէկ ուսին վրայ կը դնեն, միւս ոտքը՝ միւս ուսին վրայ, եւ այսպիսով կ՚աղօթեն:

Որոշ մարզատեսակ մը կը գործածեն. տոպրակ մը խճաքարով ժամերով իրենց ձեռքին կը հարուածեն, մինչեւ որ խճաքարերը մանրանան ու յարդի նման նուրբ դառնան: Կրնայ ըլլալ քարեր ու փայտեր ալ ջարդեն: Իրենց իւրաքանչիւր գործողութեան բացատրութիւններ ալ ունին: Օրինակ, կը քաշեն իրենց լեզուն՝ որպէսզի իրենց քթին դպնայ, կամ ալ ետ կը քաշեն մինչեւ կոկրոդին գլուխը, որով հաճոյք եւ քաղցրութիւն կը ստանան ու կը պոռան.

-Ասիկա աստուածային շնչառութիւնն է:

Կամ ալ ականջին մօտիկ եղող մկաններուն կը հարուածեն, որով երաժշտութեան ձայն կու տայ: Իրենց աչքերուն կը հարուածեն՝ որով աստղեր կը տեսնեն: Արեւին տակ բաց աչքերով կը նստին, ապա կը փակեն զանոնք ու լոյս տեսնելով կը բացագանչեն.

-Անտեսանելի լոյսը տեսանք:

Սակայն, սատանան անոնց լոյսեր կու տայ ու անոնց մէջ երեւակայութիւնը կ՚աճեցնէ առանց աչքերուն հարուածելու կամ արեւին տակ բաց ձգելու: Սատանան, արդարեւ, մնայուն կերպով կը փորձէ -առանց հրաւէրի-, որպէսզի մոլորեցնէ մեզ ու մեզի լոյսեր տեսնել տայ: Ինչպէ՞ս հրաւիրեցինք զինք ուրեմն: Ան այս առիթին կը սպասէ:

-Սատանան անոնց տարբեր բանե՞ր կը յայտնէ:

-Այո՛, ան անոնց մէջ խոր կերպով կ՚աճեցնէ երեւակայութիւնը եւ ապա կը մոլորեցնէ զանոնք:

Մեր զաւակներէն ոմանք Հնդկաստան կ՚երթան. հնդիկները անոնց կը սորվեցնեն հնդկերէնով կարգ մը հայհոյանքներ՝ որոնք ուղղուած են Յիսուսին, Աստուածամօր եւ սուրբերուն: Ոմանք կը գիտակցին, որ ատոնք հայհոյանքներ են, իսկ ոմանք ալ կ՚անգիտանան: Ատկէ ետք սատանայական ազդեցութեամբ կը հարուածուին, որով կը սկսին արտաբերել բառեր՝ զորս կարելի չէ ըսել կամ նկարագրել, հունէ դուրս կու գան, որով զիրենք տեսնողները կը կարծեն, թէ հոգեւոր ապրումներու մէջ են, մինչ անոնց վիճակը՝ սատանայական է:

ՀԻՆՏՈՒԻԶՄԸ ՄԵԾ ՎՆԱՍ ՊԱՏՃԱՌԵՑ

Հնդիկ ժողովուրդը խելացի ժողովուրդ մըն է, մեծ սիրտի տէր, անհանգստութեամբ կը տառապի, սուտ փիլիսոփայութեամբ կը զբաղի, ինչպէս նաեւ կախարդութեամբ եւ մոլորուածութեամբ: Անոնց առաջնորդները մեծ եզերու նման են, ու շատերը անօթութենէ կը մեռնին: Յունաստան կու գան եւ մարդիկը կը խաբեն Նիրվանայով, վերածնունդով եւ ճգնութեամբ: Իրենց գիրքերուն մէջ կը դնեն Սուրբ Գիրքէն եւ Հայրերու խօսքերէն հատուածներ, որոնցմով մարդիկը դէպի իրենց կը քաշեն: Անցեալին ո՞ւր էին ուղղափառները հինտուզներու այս հաւատալիքներէն: Այսօր, դժբախտաբար, որոշ ուղղամիտներ այսպիսի փուճ բաներ կ՚ուզեն եւ այդ բաներուն համար հսկայ գումարներ կը ծախսեն: Հինտուիզմը մեծ վնաս պատճառեց…

-Եառոնտա. Հնդկաստանի մէջ ուղղափառ քրիստոնեաներ կա՞ն:

-Շատ քիչ: Անոնց մէկ մասը կաթոլիկութիւնը ընդունած է, իսկ միւս մասը՝ բողոքականութիւն: Միւս կրօնքներուն եւ հաւատալիքներուն ցոյց տուած հրաշքները ո՛չ մէկ առընչութիւն ունին մեր կրօնքի հրաշքներուն հետ: Յիսուս մեզմէ ինքնանուիրում կ՚ուզէ: Չ՚ուզեր, որ սիրենք զԻնք՝ որովհետեւ Ամենազօր է: Եթէ կամենայ՝ կը գործէ այնպիսի հրաշք մը, որով ամբողջ աշխարհը անմիջապէս կը հաւատայ Իրեն: Սակայն, այսպիսով, մարդուն ազատութիւնը կը շղթայէ, այդ պատճառով ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան» (Յհ 20.29):

Ուղղափառութիւնը հրաշքն ու աստուածային շնորհքը ունի. Հինտուիզմը՝ կախարդութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը: Հրաշքը կախարդութեամբ փոխարինուած է, իսկ աստուածային շնորհքը՝ փիլիսոփայութեամբ: Սատանան կախարդներուն ուժ կու տայ՝ որովհետեւ անոնք իրեն տուած են իրաւունքներ, որոնցմով կարգ մը կեղծ հրաշքներ կը գործեն, կը խաբեն մարդիկը՝ որոնք [ի տես այդ կեղծ հրաշքներուն] կը զարմանան: Ան որ այսպիսի կեղծ հրաշքներ կը գործէ, ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի Յիսուսի հետ, այլ՝ սատանայական սուտ ու կեղծ գործեր կ՚ընէ: Սատանային միակ մտադրութիւնը խաբելն ու մոլորեցնելն է եւ ան չի՛ գիտեր ճշմարտութիւնը ըսել:

Ով որ Ուղղափառութեան մասին քիչ մը գիտելիք ունի՝ ապա կը յայտնաբերէ կախարդներուն մշուշոտ կեանքը, համեմատելով զայն ուղղափառներու ջինջ կեանքին հետ՝ որուն նպատակն է աւելի բարձրանալ: Այդպիսին կը տեսնէ, թէ ինչպէս կարգ մը մարդիկ որոնք սրբութեամբ լեցուն են՝ իրական հրաշքներ կը գործեն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 40

27 մայիս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 1, 2021