«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԱՒԵԼԻ ԱՆԶԻՋՈՒՄ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՐԵԼ»
Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր դրութիւնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վերջին տարածաշրջանային այցելութիւնը, Իրանի թղթածրարի ամենավերջին իրադարձութիւնները առաջնահերթօրէն կը բնորոշեն օրակարգը։ Այս բոլորի լոյսին տակ արաբագէտ Արմէն Պետրոսեանի կարծիքը շօշափեցինք։ Ան ունի հետաքրքրական մօտեցումներ, ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւնները։
*
-Պայտըն ի՞նչ սպասումներով Մերձաւոր Արեւելք այցելեց։
-Եթէ կարճ ձեւակերպեմ՝ նաւթի, կազի մատակարարումներուն ծաւալի աճի, քաղաքական, տնտեսական խնդիրներ լուծելու, ԱՄՆ-ի տարածաշրջանային դաշնակիցները համախմբելու ակնկալիքներով։ Խնդիրը այն է, որ Ուքրայնայի հակամարտութեան պատճառով աշխարհ բախած է բազմաշերտ ճգնաժամի։ Գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով կը նկատուին քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթի, մարդասիրական, պարէնային եւ այլ բնոյթի լրջագոյն խնդիրներ։ Ստեղծուած իրավիճակը կրնայ վտանգաւոր դառնալ ո՛չ միայն առանձին երկիրներու յարաբերութիւններու մէջ, այլեւ ԱՄՆ-ի եւ անոր կարեւոր գործընկեր երկիրներէն ներս ստեղծելով ընկերային, տնտեսական հիմքով ներքին քաղաքական պայթումներ։ Նման վտանգաւոր իրադարձութիւններ կանխելու նպատակով կազմակերպուեցաւ Պայտընի ոչ այնքան միանշանակ այցը՝ դէպի ուժանիւթով եւ տնտեսական աղբիւրներով հարուստ Մերձաւոր Արեւելք՝ նախ դէպի Իսրայէլ ու Պաղեստին, ապա Սէուտական Արաբիա։ Ուաշինկթըն լուրջ դեր, ազդեցութիւն եւ ակնկալիքներ ունի ներկայ ծայր աստիճան լարուած աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն մէջ, հետեւաբար նաեւ պատասխանատու կը զգայ բազմաշերտ ճգնաժամը առնուազն մեղմացնելու եւ անոր վտանգաւոր հետեւանքները կանխելու տեսանկիւնէն։ Այդ նպատակները յառաջ մղելու համար կազմակերպուեցաւ տարածաշրջանային այցը՝ առաւելապէս նաւթի, կազի մատակարարումներու ծաւալները աւելցնելու, քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութիւնը խթանելու նպատակով, թէեւ առնուազն քարոզչական մակարդակի վրայ կը փորձուէր քօղարկել հիմնական նպատակները։
-ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները երեւութապէս բաւական լարուած էին։ Պայտըն նաեւ այս հարցի լուծման համար այցելեց Ռիատ։ Այդ տարակարծութիւնները լուծելի՞ են։
-Մասնակիօրէն համամիտ եմ, որ Պայտընի Ռիատ այցը նպատակ կը հետապնդէր նաեւ տարածաշրջանի այս կարեւորագոյն գործընկերոջ հետ՝ կարգաւորելու յարաբերութիւնները, որոնք սրուած էին յատկապէս գահաժառանգ, արքայազն Մուհամմէտ պին Սալմանի հետ՝ նաեւ անհատական հարթութեան վրայ։ Հիմնական պատճառն էր 2018 թուականին, Սէուտական Արաբիոյ Իսթանպուլի հիւպատոսարանին մէջ, այլախոհ լրագրող Ճեմալ Քաշըքճըի սպանութիւնը, որու կազմակերպման մէջ Թուրքիա եւ ԱՄՆ մեղադրեցին արքայազնը։ Այս խնդրին շուրջ՝ յատկապէս Պայտըն զգայուն վերաբերմունք դրսեւորած էր, խոստանալով լրջագոյնս պատժել միապետութիւնը։ Մինչդեռ, իրողութիւններու հետեւանքով, արժէքները՝ փաստօրէն այս պարագային ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները, կը ստորադասուին շահերու բաղդատմամբ։ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը չափազանց կարեւոր է ԱՄՆ-ի համար թէ՛ երկկողմանի եւ թէ միջազգային առումով՝ առնուազն Արաբական ծոցի միւս միապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն։ Ռիատ հանգուցային դեր մը ունի տարածաշրջանին մէջ։ Այսինքն, ԱՄՆ առկայ խնդիրներուն եւ նպատակներուն շուրջ չէր կրնար իրեն համար նպաստաւոր լուծումներ ապահովել՝ առանց Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման։
-Արաբական աշխարհի կարեւոր հարթակներէն «Ալ Ախպար» պարբերականը օրեր առաջ կը գրէր, որ Պայտընի թիւ մէկ խնդիրն է Իսրայէլի եւ արաբական աշխարհի յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Թէ ինչքանո՞վ ճիշդ է այս դիտարկումը։
-Մասնակիօրէն համաձայն եմ այս դիտարկման հետ։ Այո՛, Իսրայէլի եւ արաբական աշխարհի յարաբերութիւններու բարելաւումը կարեւոր է ԱՄՆ-ի՝ տարածաշրջանային դաշնակիցներուն միջեւ առաւել կուռ միաւորում մը ստեղծելու տեսանկիւնէն։ Կարեւոր է նաեւ ամբողջ տարածաշրջանը աւելի կառավարելի ու կանխատեսելի պահելու առումով։ Միւս կողմէ, հաշուի առնելով արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան անկանխատեսելիութիւնն ու լրջագոյն ազդեցութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի եւ միջազգային քաղաքականութեան վրայ՝ անոր մագլցման հաւանականութիւնը նուազեցնելու ուղղեալ ջանքերը չափազանց կարեւոր են։
Իմ գնահատմամբ, տարածաշրջանային այցի առանցքային նպատակը՝ ԱՄՆ-ի գործընկերներուն պատուհասած ուժանիւթի, ընկերատնտեսական ճգնաժամը մեղմելն էր։
-Ի վերջոյ կա՞յ, գոյութիւն ունի՞ «Աբրահամեան համաձայնութեան» մը գետինը, որու մասին այցելութենէն առաջ ալ կը խօսուէր։
-Անշուշտ կայ։ Ինչպէս արդէն նշեցի, ԱՄՆ-ի համար կարեւոր է բոլոր գործընկեր դերակատարներու միջեւ հնարաւորինս խնդիրներէ զերծ միջավայրի մը ձեւաւորումը։ Սա նաեւ կը դիւրացնէ եւ արդիւնաւէտ կը դարձնէ Ռուսաստանի դէմ ԱՄՆ-ի ուղեգծին ի նպաստ աւելի լայն միջազգային աջակցութիւն ապահովելու հաւանականութիւնը։ Այս տեսանկիւնէն, ի հարկէ, կարեւոր նշանակութիւն ունի շարք մը արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի միջեւ ստորագրուած «Աբրահամեան համաձայնագիր»ի գործընթացին ընդլայնումը։ Մինչդեռ, առայժմ այս ուղեգիծը դիւրին իրականանալի չէ՝ հաշուի առնելով պաղեստինեան հիմնախնդրին բերումով տարածաշրջանի խրթին յարաբերութիւններու համակարգը։ Սա աւելի բարդացաւ ԱՄՆ-ի նախկին վարչակազմի վարած՝ բացայայտ միակողմանի, իսրայէլամէտ քաղաքականութեան հետեւանքով։ Հակառակ ասոր, այնուամենայնիւ, ամերիկեան իշխանութիւնները կը փորձեն յառաջ մղել այդ օրակարգը՝ Մերձաւոր Արեւելքի գործընկերները միաւորելու ընդհանուր գաղափարախօսութեան եւ զանոնք շահերու շուրջ համախմբելու նպատակով։ Այս տեսանկիւնէն առաւել արդիական է Իրանի ազդեցութեան դէմ ջանքերու մէկտեղումը, որու համար անհրաժեշտ է Ուաշինկթընի՝ տարածաշրջանային գործընկերներու շրջանակին մէջ միանշանակ եւ կոշտ դիրքորոշում որդեգրելու պայմանը։
-ԱՄՆ-ի համար կը շարունակէ գերխնդիր մնալ Իրանի թղթածրարը։ Արդեօք այս այցը պէ՞տք է համարել ԱՄՆ-Իրան «սպասուած» համաձայնութեան վերջնական տապալման ազդանշանը։
-Կարելի է նման գնահատականներ տալ։ Պայտընի՝ Մերձաւոր Արեւելք այցի շրջանակին մէջ ընդգծուած՝ քաղաքական, քարոզչական գիծ էր հակաիրանականութիւնը։ Սա լուրջ հիմք մըն է Թեհրանին հակադիր ու մրցակից տարածաշրջանային դերակատարները համախմբելու առումով։ Այս տեսակէտէն կարելի է հետեւեալ շեշտադրումը ընել. նման մօտեցումով ԱՄՆ մարտավարական խնդիրներու լուծումը փաստացիօրէն կը գերադասէ ռազմավարական հնարաւորութիւններուն։ Ի՞նչ կ՚ուզեմ ըսել։ ԱՄՆ-ի ռազմավարական նպատակներէն մին է իր գործընկերներու՝ Ռուսաստանէն ուժանիւթի կախուածութիւնը հնարաւորինս թուլացնելը, ապա ամբողջովին դադրեցնելը։ Այս ուղեգիծը յառաջ մղելու համար Իրանի հետ համագործակցութիւնը այլընտրանք չունի։ Թեհրանն է այս տարածաշրջանի միակ դերակատարը, որ իր ուժանիւթի աղբիւրներով կրնայ կասեցնել ռուսական մատակարարումները։ Մինչդեռ, Իրանի հնարաւորութիւնները առաւելագոյնս օգտագործելու համար անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները ստեղծելը երկար ժամանակի կը կարօտի։ Բայց ԱՄՆ առայժմ ժամանակ չունի այս բանին համար։ Ուաշինկթընին անհրաժեշտ են արագ՝ մարտավարական լուծումներ, որոնք երկարաժամկէտ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ։ Իսկ զանոնք կարելի է ձեռք բերել աւանդական գործընկերներու հետ համագործակցելով։ Հետեւաբար, Թեհրանին մրցակից ու հակադիր՝ արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու, քաղաքական երկխօսութիւն ամրապնդելու նպատակով ԱՄՆ կարծես կը փորձէ աւելի կոշտ, անզիջում քաղաքականութեան մը հետեւիլ Իրանի միջուկային համաձայնագրի վերականգնման գործընթացին մէջ։ Սա փաստացիօրէն Իրանը կը մղէ իրեն համար անընդունելի, միակողմանի սկզբունքային զիջումներու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան