ԱԿՆԱՐԿ - 77 - ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ
Ակնարկի անցնող մեր չորս սիւնակներով, մեր ձեռքին տակ ունենալով Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանի «Վաղուան հոգին» գրքոյկը, յաջորդաբար անդրադարձանք հոգեւորականութեան, դաստիարակութեան, դաստիարակի ու դպրոցի, ընտանիքի եւ պետութեան մասին: Սերոբեան այս չորս արժէքներու մասին խօսելէ ետք, իր գրքոյկին վերջին գլուխը տրամադրած է այս չորսին բաղկացուցիչ տարրին՝ ժողովուրդին: Այդ գլուխը այսօր ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն: Այսպէս.
* Քահանայէն, դաստիարակէն, ընտանիքէն ու պետութենէն վերջ կը մնար մեզի ժողովուրդը, իր զանազան խաւերով, գերի ու ազատ, պարտեալ, պարկեշտ կամ անբարեխիղճ քաղաքացին. ու աւա՜ղ, ա՛ն ալ մեզի չի տար հաստատուն երաշխաւորութիւնը վաղուան լաւագոյն կեանքի մը համար: Երբ քահանան իր ձեւազեղծ կրօնին, դաստիարակը իր ամուլ կրթութեան, ընտանիքը՝ իր ինկած բարոյականին եւ պետութիւնը իր ամբարիշտ եւ սուտակասպաս արդարութեան մէջ կը դատապարտենք, արդէն իսկ ներկայացուցած կ՚ըլլանք ժողովուրդը իր հաւաքականութեանը, իր ամբողջութեանը մէջ: Ժողովուրդ մը, իր կրօնին, իր դպրոցին, իր ընտանիքին, իր պետութեան հարազատ զաւակն է: Երբ պետութիւնը արդարութիւն չունի, ժողովուրդը կը դադրի արդարասէր ըլլալէ. երբ ընտանիքը իր բարոյականութիւնը կը կորսնցնէ, ժողովուրդը կը դադրի պարկեշտ կեանք մը ցուցադրելէ. երբ դպրոցը կը թերանայ իր դաստիարակիչ դերին մէջ, ժողովուրդը կը դադրի կրթութեան մարմնացումը ըլլալէ. երբ Եկեղեցին, ծէսի ու արարողութեան հանդիսավայր, կը դադրի անհատներու հոգիին խօսելէ, ժողովուրդը կրօնին հետ խզուելու կը հարկադրուի: Մեր այսօրուան ժողովուրդը այդ թերութիւններուն դժբախտ խառնուրդն է եղած: Չշողոքորթենք ինքզինքնիս: Ու այս ամէնը տեսնելու, զգալու, շօշափելու համար պէտք էր որ լրջօրէն ախտորոշանքի (diagnostique) մը ենթարկէինք ինքզինքնիս: Բայց թերացանք մեր այդ պարտականութեանը մէջ ալ: Դեռ քանի մը օր առաջ ֆրանսացի հեղինակ մը կը գրէր մեզի համար. «Եթէ հայը ունի լուրջի, պարկեշտի, աշխատողի յատկութիւններ, ընդհանրապէս շա՛տ քիչ համակրելի է անիկա: Կոշտ նկարագրով ցեղ մը, նոյնիսկ իր եղբայրներուն համար, վեհանձնութիւն չունի, ծակաչք, ագահ, ոսկին իր ամբողջ իտէալը կը կազմէ» (Jean d'Annezay.- Au pays des Massacres. P. 31): Հեղինակին այս տողերուն մէջ չափազանցութիւնը իրականութեան հետ զոյգ կը քալէ: Մեր մէջ հարուստը ժլատ է ու անկարեկիր, աղքատը ծոյլ ու խարդախ. մէկը արհամարհող, միւսը վրէժխնդիր. դեռ ընկերական համերաշխութեան մը, հարուստի ու աղքատի համագործակցութեան մը գաղափարն անգամ չէ՛ դարպասած մեզի: Ու ցաւալի է ըսել, ժողովուրդը, հարուստն ու աղքատը, միջակորեարն ու բանուորը, դեռ պէտք եղածին պէս չեն զուգորդուած ազգային կեանքին ու ազգային գաղափարին հետ: Զոհողութիւննիս անգամ,- եթէ երբեք զոհողութիւն մը յանձն առնենք- իբրեւ պերճանքի, լիւքսի գործ կը ստանձնենք, քան իբրեւ քաղաքացիի անհրաժետ պարտականութիւն մը: Այս պայմաններուն տակ ու այսօրինակ ոգիով ապրող ժողովուրդ մը, ինչպէ՞ս պիտի կրնայինք սպասել լաւագոյն արդիւնք մը, քան ինչ որ կը վայելենք հիմա:
Ահա, բարեկամներս, մեր իրական կացութիւնը. ահա ՎԱՂՈՒԱՆ ՀՈԳԻՆ ստեղծելու համար մեր ձեռք գտնուած միջոցները, նիւթերը եւ գործիչները: Ասոնց վրայ աւելցուցէք կուսակցական յոռի միտումները եւ պայքարները, եւ ազգային տմոյն իրականութեան ամբողջութիւնը ունեցած պիտի ըլլաք: Ու դուք որ այսօր կ՚ունկնդրէք ինծի, թերեւս դուք ալ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸի (La psycbologie du peuple Français) հեղինակին, Ա. Ֆույէի պէս պիտի ըսէք ինծի, թէ ժողովուրդի մը համար իր անկումին ինքնաթելադրութենէն (autosuggestion) աւելի վատ բան չկայ. ո՛րքան յեղյեղէ մարդ թէ պիտի իյնայ, ինքզինքին կու տայ խելացնորութիւնը, եւ կ՚իյնայ: Ինչպէս պատերազմի դաշտին վրայ պարտութեան համոզումը ստոյգ պարտութիւն մը յառաջ կը բերէ, նոյնպէս ալ ազգային վհատութիւնը նկարագիրներէն կը գողնայ իրենց թռիչքը, եւ կը նմանի անձնասպանութեան ժտութեան: Այդ ստգտանքին պատսխանելու համար նախ ըսենք, թէ մեր ազգային կեանքին մէջ իրականացած յոռութիւնները մատնանշելով, մեը նպատակը չէ՛ բնաւ վհատութիւն մը ստեղծել հոգիներուն խորը, եւ ո՛չ ալ յագուրդ տալ այն սկեպտիկութեան, որ մեր ցաւատանջ սրտերէն բուսած է. բնաւ: Բայց գնահատելով հանդերձ իմաստասէրին տողերուն արժէքը, չեմ կրնար ինքզինքս հաշտեցնել ազգի մը, որպիսին է մերը, միայն քանի մը աննշան յատկութիւններով սոնքալու ինքնախաբութեանը հետ: Որովհետեւ ակնարկուած «անձնասպանութեան ժտութիւնը» բուն իսկ ինքնախաբութեան մէջ կը պտղաբերի: Եթէ կեանքը կռիւ մըն է, պատերազմ մըն է, անհատներու ինչպէս ազգերու համար, այդ կռիւը ունի իր ընդհատները, իր զինադուլները, որոնց միջոցին պատնէշներու ռմբակոծուած խրամատերու նորոգութիւնը պէտք է կատարեն մարտիկները, գաղտնի ու լռին: Այդ դադարի վայրկեաններուն թանկագին րոպէներուն մէջն ենք հիմա, եւ անհրաժեշտ է, որ մենք աւելի ու աւելի այդ թերութիւնները մատնանշենք, քանի որ անոնց լուրջ, գիտակցօրէն գործադրուած սրբագրութիւններէն պիտի ծնի մեր ազգին ալ ապագան։ Առանց ասոր կարծես պէտք եղածին չափ ճշմարիտ եղած պիտի չըլլար խօսքը, թէ ԱԶԳԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ ԿԱՄ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՁԵՌՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ:
Այս տողը արդէն իսկ իր մէջ կը խտացնէ ազգերու գոյութեան կամ չգոյութեան, անոնց կորանքին ու փառքին, պարտութեան կամ յաղթանակին գաղտնիքը. անոնց ներկային ու ապագային կենսական հարցը:
Միայն գիտնանք, թէ մեր ձեռք գտնուած անկատար գործիները, թերի միջոցները եւ տկար նիւթերը խորտակելով չէր որ պիտի յաջողէինք վերանորոգութեան ճամբուն մէջ, այլ սրբագրելով, բարեկարգելով ու դասաւորելով: Եթէ չզգանք այդ բարեկարգելու, բարեկարգուելու պէտքը, եւ յամառինք տակաւին, մեր երեսուն տարուան այլասերած կեանքովը քաշկռտուիլ, սողալ քաղաքակրթութիւններու եւ յառաջդիմութիւններու ճամբուն վրայ, վաղուան ու ապագայի համար յոյս չունենանք բնաւ: Ի զո՜ւր պիտի ջանանք մեր ոչնչութիւններէն երջանկութիւն, մեր թերութիւններէն՝ նկարագիր ու մեր միսէն հոգի մը շինել: Ապագան պիտի չժպտի մեզի, քանի որ ներկան վաղուան համար մեզի պատանք շինելով զբաղած է մեր շունչին տակ: Ապրիլ կամ մեռնիլ մեր կամքէն կախումն ունի: Ու, աւա՜ղ, մենք հիմա մեր գոյութիւնը, մեր կեանքը ծծելով կ՚ապրինք: Վաղուան համար դժոխային կտակ մը ունինք.- մեր ԴԻԱԿը…: Եւ ապագային կը յանձնենք մեր ձեռքով փորուած մեր գերեզմաններուն հսկելու պաշտօնը:
Եթէ չենք կրնար անմիջական հեղինակութիւն մը ունենալ պետութեան արտադրած տգեղութիւնները, հրէշութիւնները, անարդար արիւնները մաքրագործելու ստիպողականութեանը մէջ, հարկ չկայ գերագրգռուելու: Ազգերու կեանքը իր պահպանութեանը համար անհրաժեշտօրէն պէտք չունի պետութիւններու օժանդակութեան: Ազգային կեանքին ամենազօր ազդակները, հաւատարիմ պահապաններն են կրօնը, լաւ հասկցուած կրօնը, որ մեր հոգիին կը թափանցէ. դաստիարակութիւնը, որ կը սրբագրէ մեր ցեղային, ժառանգական յոռութիւնները. եւ ընտանիքը, որ մեր նկարագիրը կը շինէ պարկեշտութեան եւ մաքուր բարոյականի ներշնչումով մը: Մենք ասոնց վրայ տիրական իշխանութիւն մը ունինք. անոնց բարեկարգութիւնն ու ազնուացումը մեր կամքէն, մեր բարեյօժարութենէն, մեր ողջմտութենէն կախում ունին, ուղղակի եւ անընդմիջական կերպով: Հետեւաբար մեր ազգային քայքայումը, մեր զգետնումը մեր ձեռքով, լաւագոյն կեանքի մեր անյօժարութեամբը միայն պատրաստած պիտի ըլլանք:
Այսօր մեր վրայ դրուած են երկու հրամայական պարտականութիւններ: Այդ պարտականութիւններէն մին ժխտական է եւ միւսը դրական. մին քանդումի պարտականութիւնն է եւ միւսը շինարարութեան. մին զինուորի պարտականութիւնն է ու միւսը գործաւորի: Առաջինը մեզ կը մղէ կռուելու՝ յանուն գաղափարի եւ իտէալի, ամէնուս վրայ կապարի պէս ծանրացող յուսահատ, լքուցիչ սկեպտիկութեան, անհատական օգտապաշտ նախասիրութիւններու, «կուսակցականութիւններու եւ շահերու նեղմիտ քաղաքականութեան, դասակարգերու անձնապաշտ կռիւներուն» խորհրդարանական բռնապետութեան, եւ սահմանադրութեան անունով մեզի հրամցուած վիթխարի անարդարութիւններու դէմ, սա ազգայնապէս քրիթիք, ճգնաժամային վայրկեաններուն: Եւ զինուորին պէս, որ իր կռիւին մէջ, հրացանին հետ, բրիչն ալ կը գործածէ խրամները նորոգելու համար, միեւնոյն ժամանակ մեր գործաւորի պաշտօնն ալ պիտի կատարենք ազգաշինութեան տեսակէտով: Եւ այդ պահուն նորէն ինքզինքնիս դէմ յանդիման պիտի գտնենք ԵԿԵՂԵՑԻին, ԴՊՐՈՑին եւ ՏՈՒՆին, որոնք գործաւորները, նիւթերն ու միջոցները պիտի ըլլան մեզի համար անհրաժեշտ, զօրաւոր, ներուժ ՎԱՂՈՒԱՆ ՀՈԳԻին: Եթէ անոնք զոյութիւն չունենային, պէտք էր ստեղծէինք. որովհետեւ անոնք, իրենց ընկեր-բարոյական ուժերով պէտք եղածին չափ եւ աւելի կ՚օժանդակեն երեւան բերելու համերաշխութիւնը, համանմանութիւնը, արենակցութիւնը համոզումի, գաղափարներու, նակարագրի, զգացումի եւ սէրերու, թոյլ, տկար եւ վարանոտ հոգիներէն հուժկու ամբողջութիւն մը, հաւաքական մարմին մը կազմելով, մէկը՝ յանուն երկինքի, միւսը յանուն մարդկային եղբայրութեան, եւ ընտանիքը յանուն բարոյականի զիրար ամբողջացնելով, զիրար լրացնելով: Անհատներուն պէս ազգերն ալ հոգի մը, ես մը ունին, ըսած են Նովիքով եւ Վորմս (Worms), եւ այլ հոգին «ցեղին հաւաքականութենէն կը կազմուի։ Հոն, ուր այդ հաւաքականութիւնը կ՚իյնայ իր պատմական արժանիքներու բարձրութենէն, ԱԶԳը կը գտնուի անկումի շրջանի մը մէջ, եւ անոր Հոգին խանգարուած է բարոյական հիւանդութեամբ», չըսելու համար մեռած: Անհատին, ինչպէս ազգերու եւ համայնքներու համար մարմինը դիակ մըն է, եթէ ան կենդանացած չըլլայ հոգիով: «Այդ հոգին է, որ կ՚արտաբերէ ազգի մը կենսունակութիւնը, անոր հանրային գիտակցութիւնը (conscience) եւ անոր կամքը»: ՎԱՂՈՒԱՆ ՀՈԳԻին պէտքը միայն եւ միայն այդ պատճառով է, որ կ՚ուզենք, կը շեշտենք: Գիտնանք, թէ այդ հոգիին կազմողները պիտի ըլլան մեզմով ու մեր ձեռքով բարեկարգուած Եկեղեցիին մաքուր, անսեթեւեթ, պարզ կրօնը, մեզմով անձնաւորուած հաւատքով, յոյսով եւ սիրով. բարեկարգուած դպրոցը, իր դաստիարակիչի մաքուր հանգամանքովը, եւ բարեկարգուած ընտանիքը իր աւանդական, հուժկու բարոյականովն ու պարկեշտութիւնովը:
Աշխատինք այդ կռիւին ու այդ բարեկարգութեան, ու մենք ատով իսկ ստեղծողները, հրաշագործները եղած պիտի ըլլանք մեր ազգային գոյութեան անհրաժեշտ ՎԱՂՈՒԱՆ ՀՈԳԻին («Վաղուան հոգին», Մուշեղ Եպիսկոպոս [Սերոբեան], Աղեքսանդրիա 1910, էջ 16-18-24):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 21 յուլիս 2024