ՀԵԼԷՆ
Արեւելեան թխութեամբ, սակայն եւրոպական քիթ ու բերանով, գեղադէմ, վեց տարեկան աղջկան կլոր դէմքը յանկարծ կը գունաթափի, կը տժգունի, եւ կը սկսի կարմրիլ, կարմիրը կուլ կու տայ ամբողջ դէմքը մանկիկին ու պոռթկացող աչքերուն շուրջի գորշ կարմիրը կը խոնաւցնեն բիբերէն հոսող կաթիլները: Ոտքի է ան ու կը սկսի աջ բռունցքով հարուածել յետոյքը, թեթեւ հարուածները հետզհետէ կը սաստկանան եւ.
-Էէէէէէհհհհհհաաաաաա...
Բարձրաձայն ճչոց մը կ՚արձակէ, որ կարծես կոկորդը պատռելով, ձայնալարերը ճեղքելով դուրս կը գրոհէ եւ սոսկում կը պատճառէ այնտեղ գտնուողներուն. աս ձայնը լսելն անկարելի է, սատանայական, դիւային... հառաչանք մըն է կարծես, գանգատ մը, կամ ալ կուտակուած բարկութիւն մըն է, արտայայտութեան միջոց մը թէկուզ, կամ ալ, մեծ հաւանականութեամբ, մենութեան կանչ մը...:
Այս է Հելէնին վիճակը: Ամէն օր մի քանի անգամ կը կրկնուի այս արարողութիւնը: Միայն պուպրիկ մը ունի, որմէ վայրկեան մ՚իսկ չի բաժնուիր, ան է իր միակ նեցուկը, խաղընկերը, խօսակիցը... քնացած պահուն իսկ կը սթափի, եթէ զգայ պուպրիկին բացակայութիւնը: Երբ Հելէն խաղաղ ըլլայ, այնպէս մը հոգ կը տանի պուպրիկին՝ մազերը կը հիւսէ, հագուստները կը կոկէ, կը փոխէ, կը լուայ ու սիրով ալ կը համբուրէ պուպրիկը, կը խօսի ու կ՚երգէ անոր հետ, կը պարեն միասին: Կը պտտցնէ պուպրիկը շաբաթավերջին, երբ հօրը հետ կ՚երթայ տան անհրաժեշտ շաբաթական գնումները կատարելու։ Հելէն շա՜տ կը սիրէ այս պահերը ու անհամբեր կը սպասէ հօրը արձակուրդին․ հայրը մայր ալ է Հելէնին համար: Յաճախ ալ գզուած մազերով, պատառոտած հագուստներով ոտքն ու ձեռքը աջ ու ձախ շպրտուած, աղտոտ տեսք մը կ՚ունենայ պուպրիկը, այն պահերուն, երբ Հելէն կը զզուի անշունչ մարմնին հետ հաղորդակցելէ, կ՚ուզէ պատասխան մը ստանալ պուպրիկէն, հնչիւն մը լսել անկէ, հպում մը զգալ, բնական հաղորդակցութիւն մը ունենալ, որ կը վայելեն աշխարհի բոլոր մանուկները, ինչո՞ւ ինք զուրկ է անկէ, ինչո՞ւ մայրը հոգատար չէ բոլոր մանուկներուն մայրերուն պէս․ շաբաթավերջերուն հօրը հետ խաղավայր երթալով, ան տեսած է մանուկներ մայրերուն հետ ու զարմացած։ Խաղացած է ան, ակնթարթներու ապրումներ վայելած, հասակակիցներ տեսած, որոնք իր պուպրիկին նման անկենդան չեն՝ կը շարժին, կը խօսին, կը խաղան, կը խնդան, կու լան ալ երբեմն:
Հելէն կը բնակի Անգլիոյ գեղատեսիլ քաղաքներէն մէկուն մէջ: Հեռաւոր առանձնատուն մը: Ունի արաբ, յիսունը անց հայր մը ու տեղացի մայր մը: Վաթսունի մօտ մայրը ունի իր ապրելու յատուկ ոճը. դասաւորուած են անոր ժամերը եւ գործերը, եթէ կարելի է զանոնք «գործ» անուանել: Անգլիական պաղարիւնութեամբ մը կ՚արթննայ ամէն առաւօտ նոյն ժամուն, կը նախաճաշէ, դէմքը կը մաքրէ յատուկ օծանելիքներով, գաղջ սուրճ մըն ալ կը պատրաստէ ու կը բազմի, աւելի՝ կը փակի իր բազկաթոռին: Ո՞վ ունի զինք տեղէն շարժելու կարողութիւնը կամ ալ՝ համարձակութիւնը: Առձեռն հեռաձայնը ձեռքին՝ համացանցային կապերով կը հաղորդակցի, նորաձեւութիւններուն կը հետեւի, համաշխարհային ապրանքանիշերու գեղեցկութեան եւ օծանելիքներու նորութիւններով կը հետաքրքրուի, իր առողջութեան ու տարիքին վերաբերող հարցերով կը զբաղի, հրապուրիչ ու գունաւոր ներքնազգեստներն ալ կը շարժեն հետաքրքրութիւնը ու երբեմն ալ կը զրուցէ բարեկամներու հետ: Միայն երբ Հելէնին ճչոցը լսէ. «Be cool, Helen!», կ՚ըսէ իրեն յատուկ պաղարիւնութեամբ, այլապէս մանկան դէմքին իսկ չի նայիր: Այսպէս եղած է համաձայնութիւնը իր եւ ամուսնոյն միջեւ:
Ամուսինը, որ տարիներ առաջ իրականացուց իր վաղեմի երազանքը Եւրոպա հասնելով եւ ինչ-ինչ զարհուրելի միջոցներով ալ՝ Անգլիա, գաղթական մըն է, որ տեղացիութիւն ձեռք ձգելու համար ամուսնացաւ այս կնոջ հետ, բայց ամուսնութենէ աւելի համաձայնագրի մը ստորագրութեան կը նմանէր կարծես, իսկ համաձայնագրին բոլոր պայմանները յօգուտ կնոջ էին հարկաւ: Արեւելքցիի մը զոհողութեամբ ընդունեց պահել ընտանիքը, կրել ամբողջ ծախսին բեռը իր ուսերուն, կնոջ խոստացաւ թագուհիի մը նման պահել, անոր բոլոր փափաքները իրականացնելով եւ կամքին ենթարկուելով: Միաձուլուեցան Արեւելքն ու Արեւմուտքը ամուսնոյն՝ Ահմատին համար: Ան շատ մեծ սիրով կը կատարէ ամէն ինչ. բեռնակրութիւն կ՚ընէ ցերեկը, հազիւ գտած է այս աշխատանքը, շաբաթական հինգ օր կ՚աշխատի, երբեմն ալ յաւելեալ վճարումի համար յաւելեալ ժամեր կը վերցնէ: Յոգնած ու սպառած տուն կը վերադառնայ, ուր կը գտնէ առտուան իր իսկ կնոջ ու աղջկան համար պատրաստած նախաճաշի աղտոտ պնակները, կը լուայ ու ճաշի եւ ընթրիքի պատրաստութեան կը սկսի:
Ահմատ այսպէս դասաւորած է իր առօրեան, տուն գալուն պէս նախ կուշտ մը կը խօսի աղջկան հետ, որպիսութիւնը կը հարցնէ անոր, արաբերէնով կը խօսի, առանց իսկ գիտակցելու, որ կինը արգիլած է աղջկան արաբերէն խօսիլ. բայց մանկիկը կը խաղաղի երբ հայրը տեսնէ, գիտէ ան զինք սիրող ու իրեն գուրգուրացող հօրը արժէքը, բայց չի համարձակիր արաբերէն հնչիւն մ՚իսկ արտաբերել, տեսած է ան մօրը զայրացած հայեացքը, երբ կը փորձէր քանի մը հնչիւն արտասանել արաբերէնով, հակառակ անոր որ կը հասկնայ ամէն ինչ, ուստի գլխու շարժումներով կը հաղորդակցի հօրը հետ. Ահմատ կը նկատէ, կը սկսի անգլերէն խօսիլ, մանկիկը համարձակութիւն կ՚առնէ ու հնչիւն-հնչիւն զուարթ հաղորդակցութիւն մը կը սկսի:
Ահմատ ամուսնութենէն ետք փափաքած էր զաւակ մը ունենալ, որուն ընդդիմացած էր կինը, քանի որ զաւկին ծնունդով Ահմատի հետաքրքրութիւնը կրնար նուազիլ իրեն հանդէպ, ամէնօրեայ շոյանքն ու գիրկընդխառնումը կրնային պակսիլ․-բայց արեւելքցի Ահմատին համար անպտուղ ամուսնութիւնը իմաստ չունէր, ամուսնացողը պէտք է զաւակ ունենայ, աս է աշխարհի կարգը. ուստի խոստացաւ կնոջ, որ ոչ մէկ բան կրնայ փոխարինել զաւկին ծնունդը, եւ բժիշկներու դիմեց ու կինը յղացաւ: Նորածինին ծնունդով շատ ուրախ ու խանդավառ էր Ահմատ, շատ կը յոգնէր վազվզուքէն. մանկաբարձուհի մը բերած էր սկիզբը, առաջին երկու տարիները մանկիկին ցերեկուան խնամքը վստահած էր անոր: Երրորդ տարուընէ սկսեալ, մանկաբարձուհին հրաժարած էր ճամբորդութեան պատճառով, Ահմատին համար ալ ձեռնտու եղած էր այդ մէկը, քանի մեծ էր անոր վճարուած գումարը, բացի անկէ ինք նաեւ աշխատավարձին կէսը արդէն կնոջ կը յանձնէր ամէն ամիս, այսպէս էր համաձայնութիւնը անոնց միջեւ, ուստի որոշած էր ուրիշ մը չբերել եւ ինք հոգ տանիլ մանկիկին: Այսպիսով մանուկը ցերեկները անխնամ կը մնար մինչեւ հօրը գործէն վերադառնալը ու վերջին տարուան ընթացքին ալ հոգեկան պոռթկումներ կ՚ապրէր այս պատճառով:
Տարիներ ետք, Հելէն իր նմաններուն հետ, մանկական հոգեբուժարանի մը մէջ պուպրիկը գրկած կը շրջի, մինչ հայրը՝ Ահմատ կը մնայ կնոջ կողքին եւ մերթ ընդ մերթ ալ կ՚այցելէ մանկիկին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024