ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԻԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Անոնց գայթակղութեան երկրորդ պատճառը այն է, թէ Քրիստոս ըսաւ որ Իր մարմինը մարդոց կերակուր պիտի ըլլայ, իսկ արիւնը՝ ըմպելի, եւ ասիկա իմացան մարմնապէս ուտելու եւ ըմպելու, ըստ որում կերպի՝ կը հալի ու կը տարածուի եւ կ՚ապականի կերակուրը, սակայն Քրիստոսի խօսքը կրնային հասկնալ, [քանի որ] Ան երեք կերպով ըսաւ.

Նախ՝ որ Ինքզինք կենդանի է կ՚ըսէր Հօր հետ ու ուտողներուն կենդանութիւն կը խոստանար. «Եւ Ես յարութիւն պիտի տամ անոր» (Յհ 6.54), կ՚ըսէր, ապա ուրեմն Ինքզինք ապականելի չէ՛ր ըսեր:

Երկրորդ՝ դարձեալ ուտելը Իրեն հաւատալ եւ սիրով դէպի Անոր երթալ կ՚ըսէր:

Երրորդ՝ դարձեալ զԻնք ուտողներուն Քրիստոս կ՚ըսէր վերցնել ամբողջ անօթութիւնն ու ծարաւը, մահէն զերծ պահել ու յաւիտենական կեանք տալ, եւ այսպիսի բաներ մեռեալ մարմինին եւ ապականեալ կերակուրին չեն պատկանիր, սակայն անոնք ասիկա չիմացան, այդ պատճառով Քրիստոս այսպիսի թերի կարծիքը կը վերցնէ անոնցմէ՝ ըսելով.

Խօսք. «Հոգին է կենդանարար, մարմինը ոչինչով կ՚օգնէ» (Յհ 6.63):

Մեկնութիւն. Ասիկա վեց միտքով կը տես-նըւի, երեքը մեր Տիրոջ վրայ.

Նախ՝ Հոգին է կենդանարար, որպէս թէ ըսել՝ խօսքերը, որ ըսի, հոգեւոր միտք ունին եւ այնպէս կենդանարար են, բայց մարմին, այսինքն՝ մարմնապէս իմացումը խօսքերուն ոչինչ կ՚օգտէ:

Երկրորդ՝ Հոգին է կենդանարար, այսինքն՝ որ շնորհաց ու փառաց կեանք կու տայ Քրիստոսի մարմինը հոգիով ուտողներուն, իսկ մարմինը, այսինքն՝ մարմնապէս ընկալեալ եւ ծածկեալ, առանց Սուրբ Հոգիին օգտակար չէ:

Երրորդ՝ հոգիով ու հաւատքով տեսնել Քրիստոսի մարմինը Բանին միացած կենդանարար է տեսնողներուն, իսկ մարմինը, այսինքն՝ միայն մարմինը տեսնել Բանէն անջատ ու մարմնապէս խորհիլ անոր համար՝ ոչինչ օգուտ է, այլեւ՝ վնաս ու գայթակղութիւն, ինչպէս հրեաներունը ու հերձուածողներունը:

Այսպէս մեր Տիրոջ պարագային, իսկ մեզի համար.

Նախ՝ հոգին է կենդանարար եւ շարժող մարմինը, իսկ մարմինը առանց հոգիի ոչինչ կ՚օգնէ, ինչպէս յայտնի է մահուան պարագային, ապա պարտ է հոգիինը գործել եւ ո՛չ մարմինինը:

Երկրորդ՝ առ Աստուած խօսքը՝ միտք բանին հոգի է ու օգտակար, իսկ ձայնն ու բառը մարմին է եւ անօգուտ:

Երրորդ՝ գիրը խօսքին մարմինն է եւ ծածուկ միտքը՝ հոգին, պարտ է գիրին միտք ունենալը, որովհետեւ գիրը կը սպաննէ, իսկ Հոգին կ՚ապրեցնէ:

Եւ գիտելի է, որ մտաց ու աչքերուն տեսնելը չորսով կ՚որոշուի. նախ՝ որովհետեւ աչքը կը սխալի տեսնելուն, ինչպէս նաւին ղեկը բեկուած կը տեսնենք ջուրին մէջ, սակայն միտքը անսխալ կը տեսնէ: Երկրորդ՝ աչքը մօտիկն ու ներկան կը տեսնէ, իսկ միտքը՝ հեռուն, անցեալն ու ապագան: Երրորդ՝ աչքը մասնիկը կը տեսնէ, իսկ միտքը՝ ամբողջը: Չորրորդ՝ աչքը որակն ու քանակը կը տեսնէ, իսկ միտքը՝ իրին գոյացութիւնը:

Խօսք. «Այն խօսքերը, որ Ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան» (Յհ 6.63):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ հոգեւոր միտք ունին, որովհետեւ Սուրբ Հոգիէն են ու պարտ է ձեզի հոգիով իմանալ, եւ կեանք է, ապա մահկանացու մարմին չէ: Դարձեալ՝ Բանս հոգի է եւ կեանք, որ մարմինիս մէջ միաւորուած է, որ կենդանի է ու Սուրբ Հոգիով լեցուն եւ ընդունողներուն սրբութեան եւ յաւիտենական կեանքի պատճառ է:

Խօսք. «Բայց ձեզմէ ոմանք չեն հաւատար» (Յհ 6.64):

Մեկնութիւն. Որպէս թէ ըսել՝ այդ պատճառով չեն իմանար, որովհետեւ չեն հաւատար, եւ կամ թէ ըսել՝ անոնց գայթակղութիւնը անոնց անհաւատութենէն ելաւ եւ ոչ թէ Իմ խօսքերէս:

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Քանի սկիզբէն գիտէր» (Յհ 6.64):

Մեկնութիւն. Չորս կերպով է սկիզբէն.

Առաջին. ի նախասահմանեալ տեսութեան Աստուծոյ գիտէր հաւատացեալներն ու անհաւատները, ըստ այնմ. «Աշխարհի գոյութենէն առաջ ընտրեց մեզ» (տե՛ս Եփ 1.4):

Երկրորդ. Իր յաղացման սկիզբը ըստ մարդկութեան ամէն բանի գիտութիւնը ստացաւ, Բանն Աստուծոյ հետ միաւորութեան համար, քանի որ Հոգին Քրիստոսէն գիտէ անցեալն ու հանդերձեալը, իսկ մարմինը Աստուած է՝ Արարիչ երկնի եւ երկրի:

Երրորդ. առաջին մարդուն սկիզբէն մինչեւ աշխարհի կատարածը գիտէ իւրաքանչիւր մարդ՝ բարիներն ու չարերը:

Չորրորդ. իւրաքանչիւր մարդու ծնունդի սկիզբէն մինչեւ մահը գիտէ անոր բոլոր գործերը:

Խօսք. «Ոչ ոք կրնայ Ինծի գալ, եթէ Հայրս Իրեն շնորհք չտայ» (Յհ 6.65):

Մեկնութիւն. Հօրմէն քաշուիլ դէպի Որդին եւ Հօրմէն հաւատք ունենալ դէպի Որդին միեւնոյնն է, տակաւին գիտելի է, թէ ասով ո՛չ թէ մեր անձնիշխանութիւնը կը վերցնէ մարդէն, որովհետեւ այս ընտրութիւնը ազատ կամքով կ՚ըլլայ, ինչպէս նախապէս ցոյց տրուեցաւ, այլ՝ նախ կը ցուցնէ, թէ Աստուած միշտ պատրաստ է տալու, եթէ մարդիկ կը կամենան ընդունիլ:

Երկրորդ՝ որովհետեւ Աստուած մարդուն յօժարութիւնը կը տեսնէ հաւատքին ու կեանքին մէջ եւ այդպէս կ՚առաջնորդէ մեզ, ու այն յօժարութիւնը, որ այժմ մեր մէջ է, Աստուած նախապէս կը տեսնէ, ըստ այնմ. «Քու աչքերդ անկատար գործերս տեսան» (տե՛ս Սղ 139.16):

Խօսք. «Աշակերտներէն շատերը հեռացան» (Յհ 6.66):

Մեկնութիւն. Ո՛չ առաքեալներուն եւ ո՛չ ալ եօթանասուներկու աշակերտներուն համար է խօսքը, թէեւ ոմանք եօթանասունէն են կ՚ըսեն, այլ՝ կային շատեր, որոնք Իր ետեւէն կը շրջէին լսելու Անոր վարդապետութիւնը եւ ձեւով մը աշակերտելու Անոր, ատոնցմէ շատեր հեռացան Քրիստոսէ:

Խօսք. «Յիսուս հարցուց տասներկու աշակերտներուն.

-Միթէ դո՞ւք ալ կ՚ուզէք երթալ» (Յհ 6.67):

Մեկնութիւն. Քրիստոս վեց պատճառով կը հարցնէ անոնց. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ոչ ոքի ակամայ հաւատքի ու հնազանդութեան կը բերէ, այլ՝ կամաւորն է հաճելի Իրեն: Երկրորդ՝ կը զգուշացնէ զանոնք այն բաներէն, որոնք ուրիշներ գործեցին: Երրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ առաքեալները Իրեն պէտք չէին, ու անոնցմէ ոչինչ կ՚ընդունէր, քան թէ կը շնորհէր անոնց: Չորրորդ՝ ասով աւելի հաստատեց զանոնք, քան թէ ըսելով. «Ինծի մօտ մնացէք ու մի՛ երթաք», որովհետեւ կրնային իրենց սիրտերուն մէջ խստանալ, թէ առանց մեզի չի կրնար ըլլալ ու ապրիլ: Հինգերորդ՝ ասիկա հարցնելով, անոնք ամօթ կը զգային հեռանալէն: Վեցերորդ՝ հարցուց, քանի որ Պետրոսի պատասխանէն յայտնի կ՚ըլլար առաքելաներուն հաստատ հաւատքը, ինչպէս Պետրոս ըսաւ.

Խօսք. «Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք» (Յհ 6.68):

Մեկնութիւն. Նախ՝ եթէ Քեզ ձգենք, Քեզի նման ո՛չ ոք կրնանք գտնել: Երկրորդ՝ եթէ մեր ազգականները ձգեցին ու Քեզ սիրեցինք, հիմա որո՞ւն քով երթանք: Երրորդ՝ Քու պատուէրներդ կատարեցինք, հիմա ո՞ր պատուէրին երթանք ու թերին կատարենք:

Չորս պատճառով բարւոք պատասխան տուաւ. նախ՝ իր ընկեները բարի համարելով, այդ պատճառով յոգնակիով ըսաւ. երկրորդ՝ Քրիստոսը բոլորէն վեր համարելով. երրորդ՝ իրենց միաւորութիւնը Քրիստոսի հետ խոստվանելով. չորրորդ՝ պատշաճագոյն խօսքը կարգելով, որովհետեւ ըսաւ. «Մենք հաւատացինք ու գիտցանք» (Յհ 6.69), եւ այլն:

Խօսք. «Յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը Դո՛ւն ունիս» (Յհ 6.68):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ այն կեանքի հաւատքը, սրբութիւնը եւ սէրը կ՚ուսուցանէր: Երկրորդ՝ Քու մարմինդ կեանք է եւ խօսքդ ալ կեանք է կեանքի մարմինէդ: Երրորդ՝ ըստ ինքեան խօսքդ կեանք է, ինչպէս յայտնի է՝ մեռածներուն կը հասնէր ու կը կենդանացնէր եւ հիւանդը կը բժշկէր: Չորրորդ՝ յաւիտենական կեանք է, ինչպէս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 11.25), եւ այլն:

Խօսք. «Դո՛ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին» (տե՛ս Յհ 6.69):

Մեկնութիւն. Նախ՝ կ՚որոշէ աշակերտներէն, որոնք ուրացան, կ՚ըսէ. «Մենք հաւատացինք, թէ Դո՛ւն ես Քրիստոսը»: Երկրորդ՝ կ՚որոշէ հրեաներէն, որոնք Յովսէփի Որդի կ՚ըսէին: Երրորդ՝ Քու նշաններէդ ճանչցանք, թէ Դո՛ւն ես Քրիստոսը: Չորրորդ՝ մեծամեծ խոստումներէդ հաւատացինք, թէ Դո՛ւն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին:

Դարձեալ, Դո՛ւն ես Քրիստոսը, որովհետեւ մեր հաւատալը մեր հանճարի իմացումով չ՚ըլլար, այլ՝ աստուածայինները իմանալը հաւատքին կը հետեւի, այդ պատճառով հաւատքով գիտցանք, թէ Դո՛ւն ես Քրիստոսը, այսինքն՝ Յիսուսը, երեւցած մարմինդ, Աստուածութեամբդ օծուած ես եւ Որդի Աստուծոյ միաւորութեամբ: Դարձեալ, բազմաթիւ օծուածներէն, որոնք շնորհքով եւ իւղով օծուեցան, ինչպէս մարգարէները, թագաւորներն ու քահանաները, յատուկ Դո՛ւն միայն օծեալ ես՝ հոգեւոր եւ ընդհանուր, Թագաւոր եւ Քահանայ: Դարձեալ՝ Աստուծոյ Որդի, գեր ի վեր քան բոլոր արարածները Աստուած դաւանեցաւ զԻնք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 67

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020