ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ
ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ ԼՈՂԱԼ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ
Հետաքրքրասէր մանուկ ճնճղուկ մը, երբ իշուկի մը հառաչանքի նմանող զռոցը կը լսէ, կը զարմանայ եւ կ՚ուզէ հասկնալ, թէ իշուկը ի՞նչ կ՚ըսէ:
Օրին մէկը կը թառի հառաչող իշուկի մը գլխուն եւ հետաքրքրութեամբ կը հարցնէ.
-Ինչո՞ւ կը հառաչես անօթիի, հիւանդի, ցասկոտի կամ անիրաւուածի պէս:
Իշուկը իսկոյն կը պատասխանէ.
-Իրաւունքս է արշալոյսէն մինչեւ մայրամուտ հառաչել, քանի երբ ոեւէ մէկը կը խրատեմ, կը ծաղրէ խրատս, զայն կ՚անտեսէ եւ չ՚օգտագործեր, հակառակ անոր որ խրատներս միշտ օգտակար են եւ իմաստութեամբ լի:
Թռչնիկը կ՚ըսէ իշուկին.
-Ես, ինչպէս կը տեսնես, տարիքով եւ չափով փոքր թռչնիկ մըն եմ, բայց անխոհեմ չեմ եւ միշտ սիրով կ՚ընդունիմ ամէն խրատ. օ՛ն ուրեմն, խրատէ՛ թռչնիկ մը, որ կը փնտռէ իմաստուն խորհուրդներ:
Իշուկը մտածողի կերպարանք կը ստանայ եւ կ՚ըսէ.
-Խրատս է ամէն թռչունի, որ անմիջապէս լողալ սորվի եւ անոր մէջ հմտանայ, որպէսզի երբ, օրին մէկը, խորունկ ջուրի մէջ իյնայ, կարենայ մահէն եւ խեղդուելէն փրկուիլ:
Թռչնիկը զարմացած, ուրախ քմծիծաղ մը կ՚արձակէ եւ կ՚ըսէ իշուկին.
-Շարունակէ՛ հառաչանքդ, քանի խրատներդ անտեսողներուն թիւը հատ մըն ալ աւելցաւ:
Եւ ճնճղուկը աճապարանքով կը թռչկոտի, որպէսզի իսկոյն հեռանայ եւ աւանակին գանգատը չլսէ, թէ՝ բոլորը կ՚անտեսեն իր խրատները:
ԹՌՉՈՒՆԻՆ ԾՈՎԸ
Թռչունները կը գովերգէին կապոյտ երկինքը, լուսատու արշալոյսն ու մայրամուտը, սակայն անոնցմէ մէկը որոշեց գովերգել իր կեանքին ընթացքին չտեսած եւ չճանչցած ծովը:
Ծովը տեսնող բարեկամները յորդորեցին, որ կանգ առնէ ծովը սիրելէն, վստահեցնելով որ երբ թռչունները յոգնին, ծովուն վրայ թառելու տեղ չեն գտներ, կը սայթաքին ջուրին մէջ եւ կը խեղդուին:
Թռչունը չլսեց բարեկամները, ան համոզուած էր, որ յոգնած թռչունը կրնայ թառիլ դլփիններուն եւ կէտերուն թիկունքին:
Եւ մնաց ծովը իր երեւակայութեան մէջ որպէս կապոյտ դաշտ՝ լի համեղ ձուկերով:
Թռչունը մեղադրեց քաղաքի բնակիչները, որոնք ագահ եւ ծոյլ են, քանի իրենց քաղաքին ծով մը չեն գներ:
Ան շարունակեց ծովը գովաբանող կարօտալի երգեր յօրինել, բայց երբ քաղաքացի մը բռնեց զայն եւ բանտարկեց վանդակի մը մէջ, ան վերջնականապէս մոռցաւ ծովը եւ իր բոլոր երգերը ուղղուեցան վանդակին դուռին, բայց դուռը անտեսեց զայն եւ մնաց փակ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան