«ԱՐՑԱԽԸ ՌՈՒՍԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՎԵՐՋԻՆ ԽՐԱՄԱՏՆ Է»

Արցախի լրատուական դաշտի յայտնի անուններէն մին է լրագրող Քիմ Գաբրիէլեան, որ կը բնակի Ստեփանակերտի մէջ։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ շօշափեցինք իր տեսակէտները, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Ինչպիսի՞ն է իրադրութիւնը Արցախի եւ յատկապէս՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ։ Ի՞նչ են հիմնական դժուարութիւնները։

-Արցախի մէջ կեանքը այսօր բազմաշերտ է: Ստեփանակերտի եւ խաղաղարար առաքելութեան միւս բնակավայրերու տեղացիներուն հետ միասին կը բնակին մեծ թիւով տեղահանուածներ, որոնք չեն յարմարիր իրենց նոր կարգավիճակին հետ: Որոշ առումով իրավիճակը կը յիշեցնէ նախորդ դարու 90-ականներու սկիզբները, երբ հակառակորդի վերահսկողութեան տակ առնուած էին Շահումեանի շրջանը ամբողջութեամբ, Մարտակերտի, Հադրութի եւ Ասկերանի շրջաններու մեծ մասը: Կան լուրջ մտահոգութիւններ, որոնց մէջ առաջնայինը գոյութեան հարցն է: Երբ զինուած հակառակորդը դիրքաւորուած է շօշափելի տեսադաշտ, բնական է, որ չես կրնար հանգիստ զգալ: Իսկ համակեցութեան մասին խօսիլը անմտութիւն է, որովհետեւ չի կրնար արցախցիին եւ ատրպէյճանցիին միջեւ խաղաղ գոյակցութիւն ըլլալ այն պահանջադրութիւններով, զորս այսօր Ատրպէյճան կը թելադրէ: Արտակարգութեան պարտադրանքը միշտ ալ անվստահութեան միջավայր կը ստեղծէ:

-Քաղաքական առումով ի՞նչ խմորումներ տեղի կ՚ունենան Արցախի մէջ, կամ արդեօք համընդհանուր սպասողական իրավիճա՞կ է ձեր մօտ։

-Սպասողական իրավիճակ, բնականաբար կայ, եւ այդ կ՚երեւի խուճապին փոխարինող լաւագոյն տարբերակն է: Այն փաստը, որ տնաւեր եղած մարդիկ աստիճանաբար կը վերադառնան Արցախ, կը վկայէ անոնց զգոյշ վստահութեան մասին: Հարկաւոր է, սակայն, հնարաւորինս կարճ ժամկէտով լուծել տեղահանուածներու բնակարանային խնդիրը: Անցեալ տարուայ աշնանային աղէտաբեր պատերազէն յետոյ համարեա մէկ տարի անցած է, սակայն քիչ թիւով տնակորոյս եղած ընտանիքներ բնակարան ստացած են: Վարձակալութեամբ ապրիլը բնաւ սփոփանքի միջոց չէ, աւելին՝ տեղահանուածներու մէկ մասը այսօր դեռ վարձակալական հիմունքներով կացարանի փնտռտուքի մէջ է:

Քանի դեռ ռուս խաղաղապահները այստեղ են, պէտք է ձգտինք ռազմատնտեսական ու հոգեբանական լիարժէք վերականգնման հասնելու: Չմոռնանք, որ անցեալ տարուայ նոյեմբերին ընդամէնը զինադադար ստորագրուած է, ոչ թէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուած, ուստի հերթական ռազմական մագլցումը յառաջիկային բացառուած չէ: Իսկ նոր պատերազմը, կը կարծեմ, վճռորոշ է այն առումով, որ պիտի ազատագրենք մեր գերեվարուած տարածքները, ինչ որ երկարատեւ խաղաղութեան երաշխիք կը հանդիսանայ, կամ ալ վերջնականապէս պիտի կորսցնենք Արցախը:

Ատրպէյճանը հետեւողականօրէն կ՚ոչնչացնէ Արցախի պատմական խորհրդանիշները, որոնք երբեմնի հինգ մելիքութիւններն են: Երեսուն տարի առաջ Շահումեանի շրջանի գրաւումով խորհրդանշօրէն վերացաւ Գիւլիստանի մելիքութիւնը, երեք տասնամեակ անց՝ Վարանդայի ու Դիզակի մելիքութիւնները: Եթէ այսօր կը խօսինք Արցախի ենթակայութեան մասին, ելակէտը պէտք է ըլլայ մելիքական տիտղոսը, որ առկայ էր դարեր շարունակ: Մինչդեռ մենք սեւեռուած ենք միայն հոգեւոր-մշակութային արժէքներու կորուստին վրայ: Անոնք յետագային կարելի է վերականգնել, իսկ այս տիտղոսները կը կորսնցնենք առյաւէտ:

-Համեստ կարծիքովս՝ Արցախի համար այսօր ամենակարեւոր հարցը հայաթափման խնդրի առկայութեան վտանգն է: Իրապէս կա՞յ այդպիսի վտանգ։

-Այդ վտանգը կար նաեւ պատերազմէն առաջ: Ես յստակ չեմ տիրապետեր ժողովրդագրական տուեալներուն, յատկապէս որ պաշտօնական տեղեկագիրները միշտ չեն արտացոլեր ժողովրդագրութեան իրական պատկերը, բայց դատելով վիճակագրական հաշուետուութիւններէն՝ անցեալ ժամանակամիջոցին Արցախի բնակչութիւնը մնացած է նոյն թուային սանդղակին վրայ՝ միջինը 150 հազար բնակիչի հաշուարկով: Պատերազմէն յետոյ այդ խնդիրը աւելի սրած է, քանի որ ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն, որոնք արտագաղթման պատճառ դարձած էին, աւելցած է նաեւ ֆիզիքական ոչնչացման իրական վտանգը:

Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան գաղափարը մենք միշտ սուրբ նշանակութեամբ փայփայած ենք, սակայն կեանքը ցոյց տուաւ, որ այդ բոլորը ընդամէնը քարոզչական պաստառ էր, իսկ ոմանց համար` հարստացման միջոց: Սփիւռքի ներուժը հիմա դարձեալ ամբողջական չ'օգտագործուիր, եւ այդ այն պարագային, երբ միջազգային համապատասխան կառոյցները Արցախին համար մարդասիրական օգնութեան կոչեր կ՚ընեն: Տարիներ առաջ մեր մօտ պարզունակ թուաբանական հաշուարկ մը կը շրջանառուէր, ըստ որու` եթէ արտերկիր ապրող ամէն մէկ հայ ամսական մէկ տոլար յատկացնէ Արցախի զարգացման, հաւաքուած գումարը մէկ տարուայ ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի համար երկրորդ պետական պիւտճէ կը ձեւաւորէ: Ինչո՞ւ այդ մէկը չի կատարուիր հիմա, արդեօք հանգանակութիւններուն մասնակցող չկա՞յ, թէ գործընթացի կազմակերպիչները կը թերանան…

Տարբեր առիթներով ըսած եմ ու կը կրկնեմ, որ եթէ Արցախը կորսնցնենք, ատիկա նաեւ սփիւռքի մեղքով պիտի ըլլայ: Իսկ Արցախը հայութեան միաւորող խէժն է, յուսով եմ, որ ազգովին կը գիտակցինք այդ:

-Պատերազմէն ետք եւ մինչեւ այսօր շատ կը խօսուի Արցախը Ռուսաստանի կազմին մէջ ներգրաւելու մասին։ Իրատեսակա՞ն է այդ մէկը: Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։

-Տարածաշրջանի վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ մերձարաքսեան տարածքներու նկատմամբ յաւակնութիւնները շատցած են: Եւ այդ չեն թաքցներ թէ՛ Ռուսաստանը, թէ՛ Իրանը եւ թէ Թուրքիան: Ռուսական զինեալ ուժի ներկայութիւնը Արցախի ու Սիւնիքի մէջ՝ նախապէս գրուած բեմագրութեան բովանդակային մասը կը կազմէ:

Արցախը իրաւականօրէն Ռուսաստանի կազմին մէջ դժուար է պատկերացնել: Այդ կրնայ տեղի ունենալ, գուցէ, Հայաստանի հետ միասին կլանման միջոցով, ինչ որ ներկայ փուլին ենթադրութիւններու շերտերուն մէջ կը գտնուի: Քիչ մը կոշտ արտայայտուիմ՝ այս կանխամտածուած սխալը կը դրսեւորուի առաւելապէս ընդդիմադիր-շահասիրական հատուածին մօտ:

-Արցախը ռուսերէն ետք, այս մեծ խորագրին վերաբերեալ ի՞նչ կը խորհի Արցախ ապրող Քիմ Գաբրիէլեանը։

-Իմ տպաւորութիւնը այն է, որ ռուսերը տեսանելի ապագային Արցախէն չեն հեռանար: Սա անոնց վերջին առաջադիրքն է Հարաւային Կովկասի մէջ: Հայաստանը աշխարհաքաղաքական հնարաւոր վերափոխումներով թերեւս կրնայ ինչ-որ պահ մը ռուսական ռազմակայանի վտարման հարց առաջադրել, այդ իր ինքնիշխան իրաւունքն է, բայց Արցախի կարգավիճակը, դարձեալ ռուսերու ազդեցութեամբ, կը մնայ անորոշ, այս հիմքով ալ Ռուսաստան կը պնդէ իր ներկայութեան կարեւորութիւնը:

Իսկ եթէ ռուսերու դիրքերը այնքան թուլնան, որ ստիպուած ըլլան «ճամպրուկները հաւաքել», ուրեմն պատերազմը Արցախի մէջ անխուսափելի կ՚ըլլայ «ով՝ որու» դուրս մղելու սկզբունքով: Այս պարագային հարկ կ՚ըլլայ արագօրէն գործադրել եռամիասնութեան ամբողջական ներուժը, նոյնիսկ աւելի մեծ ուժգնութեամբ, քան Արցախի առաջին պատերազմի ժամանակը:

-Քիչ չեն անոնք, որոնք կը մեղադրեն Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները, որոնց ոչ յայտարարուած կարծիքով «Արցախը բեռ էր Հայաստանի համար»։ Այդ մասին ի՞նչ կը մտածէք։

-Այդ կերպով մտածողները գոնէ հիմա հասկցա՞ծ են, որ Արցախը ամենեւին բեռ չէ Հայաստանի համար: Նկատի ունիմ վերջին ամիսներուն Սոթք-Խոզնավար հատուածին մէջ ծաւալուող իրադարձութիւնները: Արցախը միանշանակ անվտանգութեան դարպասն է Հայաստանի համար։ Երբ ան կիսաբացուի, ամէն տեսակ «պաշիպոզուկ» կը սողոսկէ այդ բացուածքէն:

Սխալ է այն մտայնութիւնը, թէ առանց Արցախի Հայաստանը կրնայ գոյատեւել: Ի՜նչ կ՚ըլլար Հայաստանի վիճակը, եթէ, ըսենք, Արցախի շարժումը չսկսէր: Պարզ վիճակագրութիւն է. մինչեւ 1988 թուականը ՀԽՍՀ կը բնակէր, տարբեր տուեալներով, մինչեւ քառորդ միլիոն այլազգի, հիմնականօրէն՝ ատրպէյճանցի: Անցեալ երեսուն տարուայ մէջ այդ թիւը առնուազն կը կրկնապատկուէր, եւ անոր հակառակ՝ մեծ թիւով հայեր կ՚արտագաղթէին: Տեղի կ՚ունենար Հայաստանի աստիճանական գրաւում խաղաղ ձեւով: Նոյն տեսլականը, ի դէպ, կարելի է դիտարկել հայ-թրքական մերձեցման պարագային, որու մասին վերջերս յաճախակի կը խօսուի: «Խաղաղութեան պայմանագիր» կոչուածը կը նշանակէ մեր հայակերտ տարածքներէն՝ Տրապիզոնէն-Ստեփանակերտ, պաշտօնապէս հրաժարում: Սա Հայաստանի համար կործանարար կ՚ըլլայ բոլոր առումներով: Անտարակոյս, հայոց ճակատագիրը ինքնակամ որոշելու իրաւունքը վերապահուած չէ գործող իշխանութեան, անկախ անկէ, թէ ով է տուեալ պահուն իշխանութեան ղեկին: Այդ ողջ հայութեան մենաշնորհն է, եւ այս փաստի անտեսումը ուղիղ իմաստով համագործակցութիւն է թշնամիին հետ:

Վերջին՝ 44-օրեայ պատերազմին, հայ ժողովուրդը իր ըսելիքը չէ հասցուցած ըսել, անոր պարզապէս հնարաւորութիւն չէ տրուած: Բայց անոր ժամանակը կու գայ եւ ես կը հաւատամ հայոց անխորտակելի ուժին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2021