ԼՈՊԻԻՆԿ ԵՒ ԼՈՊԻՍՏՆԵՐ
Միշտ շրջանառուած նիւթ է լոպիինկը եւ անոր դրսեւորմներով կայացած կամ վարուող քաղաքականութիւնները: Յարաբերաբար արդի հասկացողութիւն համարուած լոպիինկը կրնանք ներկայ աշխարհի պրիսմակով ու ընթացքով կապել՝ շուկայական մեծ գովազդային ու քարոզչական մեքենային եւ անոր փոքր ու մեծ ճիւղաւորումներուն հետ:
Մեզի ցայտուն կը թուի միայն երկիրներու քաղաքական լոպիինկը եւ հիմնական պատկերացումը անոր մասին կու գայ քաղաքականէն, բայց լոպիինկը նաեւ տնտեսութենէն կու գայ ու շատ յաճախ այն է, որ կը շարժէ նոյն քաղաքական կողմէն աշխարհը: Տնտեսութիւնները երկիրներու կողմէ վարուած ըլլալու կողքին, միաժամանակ այդ կը կատարեն մեծ կազմակերպութիւններն ու ընկերութիւնները, նաեւ հիմակուան հսկայական ու համաշխարհային, արտապետական ընկերութիւնները, իրենց միջազգային ցանցերով, տեղ մըն ալ աւելի գործունեայ են ու հասու (իրենց շահերն ու կամքը պարտադրելու առումով), քան պզտիկ պետութիւնները:
Լոպիինկը իբրեւ ընդունոած օրինական կարգ ամերիկեան հասկացողութիւն է եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները առաջինն էր որ անոր տուաւ իրաւական հիմք: Նախկին ժամանակներուն մէջ լոպիինկը ակամայ սերտ կապակցուած էր կաշառք տալու հետ, եւ ինքնին փակ ու անտեսանելի աշխարհին մէջ շատ մը գործարքներ, համաձայնութիւններ, պայմանաւորուածութիւններ, եւ այլն կը կատարուէին պարզապէս դրամի եւ առեւտուրի «մաքուր» սկզբունքի գործադրմամբ: Մեծ տարածքներ ծախուած են դրամներով, վառ օրինակներէն մէկն է Ալասքայի վաճառքը ԱՄՆ-ին՝ Ռուսաստանի կողմէ 1867 թուականին 7 միլիոն տոլարի:
Դժուար է ըսել, որ ներկայ ժամանակները արդար են ու թափանցիկ, բայց յարաբերաբար բաց աշխարհի կայացմամբ ու մարդկային իրաւունքներու մասնակի կիրառման հետ յառաջընթաց արձանագրեց մարդկութիւնը: Գալով ԱՄՆ-ի մէջ որդեգրուած օրինական լոպիինկին, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին ընդունուած օրէնքով (որ վերահաստատուեցաւ 1995-ին) այդ մէկը օրինական կը համարուի։ Նախապէս սկսած ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի միջանցքներուն մէջ կատարուած խնդրաքներու ընդառաջումները դրամի կամ նուէրի փոխարէն, կատարել օրինական լոպիինկի տեսքով եւ նոյն լոպիիստները իրաւունք ունին Քոնկրէսի անդամներուն հետ հանդիպելու եւ իրենց «հարցերն ու դատերը» արծարծելու ու ձեւով մը հետապնդում ապահովելու Քոնկրէսի միջոցաւ:
Ուրեմն ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի բաւիղներուն մէջ առաջին անգամ ծնունդ առաւ լոպիինկ հասկացողութիւնը, որ նախ եւ առաջ կը վերաբերէր ներքին գործերուն։ Իսկ ժամանակի ընթացքին իր զանազան մակերեսներով այդ լոպիինկը ստացաւ միջազգային տարողութիւն: Լոպիինկը ունի երեք կողմ. առաջինը՝ լոպիինկ ընող կողմն է, որ ունի հետապնդելիք դատ կամ պահանջք եւ կ՚ուզէ լուծում գտնել իր այդ դատին: Երկրորդը՝ լոպիինկի ենթարկուող կողմն է, որ ըստ կարգին կ՚ըլլայ զօրաւոր ու որոշում կայացնող, որեւէ քաղաքականութիւն իրագործելու եւ լուծումներ ու որոշումներ ընդունելու առումնով, հետեւաբար այն ունի իշխանութիւն եւ ուժ: Իսկ երրորդ կողմը այն մարմինն ու միջավայրն է, որուն վրայ կը տարածուի երկրորդ կողմին ընդունած որոշումները՝ ի նպաստ առաջին կողմին: Այսինքն եթէ նշեալ երկրորդ կողմը ընդունեց որոշում մը պատժելու համար որեւէ շրջանակ-պետութիւն, եւ այլն… կամ որոշում ընդունեց, որ հատուցէ առաջին կողմը կամ իրագործէ անոր պահանջները, գործադիր կազմ մը (որ կրնայ ըլլալ կառավարութիւն, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ, մարդիկ, եւ այլն) հարկաւոր է ենթարկուիլ եւ իրագործել որոշումները: Այս կէտին ժամանակի հարցը լայնապէս կ՚երեւի, քանի լոպիիստին եւ լոպիինկի ենթարկուող կողմին շահերը շատ անգամ հեզասահ կը քալեն, բայց անոնց փափաքելի լուծումներն ու ծրագրիրներու իրագործումները յաճախ կ՚ուշանանան, երրորդ կողմի պատահական կամայականութիւններուն կամ նոյնիքն ժամանակի հետ թաւալող քաղաքականութիւններու փոփոխութիւններու պատճառով:
Կեդրոնանալով քաղաքական լոպիինկի վրայ կ՚արժէ յիշել, որ ԱՄՆ ամենաշատ լոպիինկ ընդունող երկիրն է, որովհետեւ իր օրէնսդութեան յարիր է այդ մէկը։ ԱՄՆ աշխարհի ամենազարգացած ու զօրաւոր երկիրն է եւ առաւելաբար իր քաղաքականութենէն կախեալ են միջազգային յարաբերութիւններու զարգացումները: Եւ որովհետեւ միշտ լոպիինկ կատարող կողմը աւելի տկար եւ ըստ իր չափանիշներուն «անիրաւուած» է, ուստի պէտք ունի իր դատի յառաջ տարման համար աջակցութիւններու:
Այստեղ լոպիինկի նիւթով կայ միջազգային յարաբերութիւններու շուրջ կարեւոր կէտ մը, որ ինքզիքն կը պարզէ՝ այն կը վերաբերի դաշնակցային յարաբերութիւններ ունեցող երկիրներուն։ Արդեօք կարիքը կա՞յ լոպիինկի նոյն դաշնակից համարուող մեծ ու փոքր երկիրներու միջեւ: Ի հեճուկս այն տրամաբանութենէն, որ լոպիինկը կը կատարուի հակառակ կողմի պատկանող պետութեան մը մէջ միջպետական յարաբերութիւններով (քանի նոյն ճամբարին-դաշինքին մէջ գտնուողները արդէն իրարու նեցուկ են), նոյն միջազգային օրինակները ցոյց կու տան, որ այդպէս չէ միշտ: Վառ օրինակը՝ Իսրայէլի կատարած աշխարհի ամենամեծ լոպիինկն է, իր թիւ մէկ դաշնակից ԱՄՆ-ի մէջ:
Հոս կը ծագի հարց մը եւս, ինչ որ լոպիինկի արդիւնաւէտութեան մասին է։ Ինչքանո՞վ արդարացուած են լոպիինկով ծախսուած գումարները կամ ի վերջոյ քանի՞ դատ ու հարցեր ունեցող ժողովուրդներ, երկիրներ, եւ նոյնիսկ կազմակերպութիւններ շահաւոր դուրս կու գան այդ գործողութիւններէն: Դժուար է ճշգրիտ պատասխան մը տալ այս հարցին, բայց նոյնինքն լոպիինկի առկայութիւնը իբրեւ քաղաքական եւ տնտեսական միջոց երբ երեւելի է եւ միեւնոյն ատեն երբ բաց ու գերծանուցողական մեր ներկայ աշխարհը կը բանի ազդեցութիւններու, ալիքներու, դատերու, նորաձեւութիւններու եւ շատ մը լծակներու բանեցմամբ, տեղ մը լոպիինկը արդիւնաւէտ է ու արդի գործիք կը դառնայ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
30 հոկտեմբեր 2022