ՄԱԼԱՐԻԱ ԿԱՄ ԴՈՂԷՐՈՑՔ
3. ՄՈԾԱԿ ՈՒ ԴՈՂԷՐՈՑՔ
Այսպիսով մենք իմացանք մալարիայի իսկական պատճառը, բայց ատիկա բաւարար չէ: Անհրաժեշտ էր փնտռել-տեսնել, թէ ուրկէ՞ եւ ի՞նչ կերպով մեր մէջ կը մտնեն այդ մակաբոյծները (փարազիտները):
Բազմաթիւ գիտնականներ բոլոր երկիրներուն մէջ որոնած են այդ մակաբոյծ մարմինիկները՝ ջուրերու, օդի, հողին մէջ եւ ո՛չ մէկ տեղ գտած են: Բայց բոլորս ալ գիտէինք, որ մալարիան այն երկիրներուն մէջ կը տարածուի, ուր մոծակ կայ: Ուրեմն, կապ մը պէտք է ըլլար մոծակներուն երեւալուն եւ դողէրոցքի տարածումին մէջ: Եւ բժիշկները սկսան մոծակներուն կեանքը ուսումնասիրել: Տեսան, որ անոնք երկու տեսակ կ՚ըլլան - մալարիաբեր (կամ վնասակար) եւ ոչ-մալարիաբեր (կամ անվնաս): Մալարիաբեր մոծակը կը ճանչցուի թեւիկներուն վրայ գտնուող մուգ բիծերով, եւ որ գլխաւորն է, անոր նստուածքով: Անվնաս մոծակը պատին թառած դրութեան մէջ կախ կը նետէ իր փորիկը պատին երկարութեամբ (զուգահեռաբար), իսկ մալարիաբեր մոծակը առջեւի մասով կը դպնայ պատին եւ ետեւի մասը (փորը) կը բարձրացնէ-կը հեռացնէ պատէն, այնպէս մը, որ փորը պատին հետ մեծ անկիւն մը (45%) կը կազմէ:
Վնասաբեր մոծակներէն միայն որձերը կը խածնեն, իսկ էգերը բոյսերու հիւթերով կը կերակրուին: Էգերը իրենց հաւկիթները կանգնած ջուրերու երեսին կը դնեն. այս հաւկիթներէն թրթուրներ դուրս կու գան, որոնք ջուրին մէջ կ՚ապրին մինչեւ հասունցած միջատ դառնալը: Հետեւաբար, ջուրը, այն ալ լճացած -կանգնած ջուրը-, անհրաժեշտ է մոծակներուն աճումին համար, մանաւանդ ծովեզերքի տիղմերը, ուր աղի ջուրը գետի ջուրին հետ կը խառնուին եւ ճահիճներ կը կազմեն: Հոսող ջուրերուն մէջ (գետերուն մէջ) այդ միջատներէն չկան:
Թրթուրները, ջուրին մէջ ապրելով, շուտ-շուտ ջուրին երեսը կը բարձրանան եւ իրենց շնչափողիկով օդ կը ներշնչեն: Այդ յատկութեան վրայ հիմնուած է զանոնք ոչնչացնելու ձեւը, ինչպէս պիտի տեսնենք քիչ ետք:
Թրթուրը անվնաս է, որովհետեւ չի խայթեր, բայց ան շուտով կը հասուննայ, մոծակ կը դառնայ եւ այն ատեն ան վտանգաւոր է: Մոծակը արդէն օդաբնակ է, բայց շատ դանդաղ է թռչելու մէջ եւ իր ծնած տեղէն հեռու չի՛ կրնար թռչիլ, սակայն կրնայ երկաթուղիներու եւ նաւերու հետ տեղափոխուիլ: Ան գլխաւորապէս մայիսին կ՚երեւայ եւ հոկտեմբերին կ՚անհետանայ: Ձմրան ծառերու ճեղքուածքներուն, փճակներուն եւ թուփերուն մէջ կը պահուըտի, նաեւ՝ տուներուն:
Քամին կը ցրէ մոծակները, այդ պատճառով ալ բարձր տեղերը մոծակ չկայ:
Վտանգաւոր ժամանակը երեկոյէն մինչեւ առաւօտն է, այսինքն՝ արեւուն մայր մտնելու ժամէն մինչեւ արեւուն ծագիլը, որովհետեւ մոծակները ճիշդ այդ ժամին դուրս կու գան իրենց թաքստոցներէն:
Քանի որ, ինչպէս տեսանք, դողէրոցքին թոյնը մի միայն մարդու եւ մոծակներու արեան մէջ կը գտնուի, հետեւաբար մոծակն ու մարդը զիրար կը վարակեն ու կը հիւանդացնեն:
Ինչպէ՞ս.
Մոծակը կը խածնէ հիւանդը եւ անոր արիւնը կը ծծէ, արիւնին հետ ալ մալարիայի մակաբոյծները, որոնք մոծակի արիւնին մէջ կը բազմանան: Յետոյ, այս հիւանդ մոծակը առողջ մարդը կը խածնէ, անոր արեան մէջ մալարիային թոյնը կը լեցնէ, այսինքն՝ ա՛յդ մակաբոյծները կը հիւանդացնեն զինք:
Ասկէ կը հետեւի այն, որ քանի որ մոծակը հիւանդը չէ՛ խածած եւ անոր արիւնը չէ վերցուցած, անոր մէջ մակաբոյծ չկայ:
Ասկէ պարզ կը դառնայ, որ մոծակին մէջ բնականէն մակաբոյծներ չկան, այլ՝ ասոնք այն ատեն կ՚երեւան միայն, երբ մոծակը կը խածնէ հիւանդը եւ կը ծծէ անոր արիւնը:
Գիտնական մը այսպիսի փորձ մը ըրաւ.
Ան մտածեց. «Եթէ առանց մոծակի խածնելուն մարդ դողէրոցք չստանայ, ուրեմն ինքզինքս մոծակներէն պաշտպանեմ եւ առողջ կը մնամ»: Ան ուրիշ չորս մարդ վերցուց իր հետ եւ չափազանց ջերմոտ երկիր մը գնաց եւ այնտեղ՝ երկու սենեակի մէջ բնակեցաւ, ասոնց պատուհաններն ու դռները փակեց շատ խիստ ցանցով (ինչպէս մաղը)-այդչափ խիտ, որպէսզի մոծակը չկարենայ անոնց մէջով անցնիլ ու սենեակ մտնել:
Բժիշկը երեսուներեք օր ապրեցաւ չորս ընկերներուն հետ այդ սենեակներուն մէջ. մոծակները ահագին խումբերով օդին մէջ կը վազվզէին: Անոնց չորս կողմը բոլորը մալարիայով կը հիւանդանային, բայց անոնց նոյնիսկ գլուխները չցաւեցաւ եւ բոլորովին առողջ իրենց քաղաքը վերադարձան:
Պարզ էր, որ հիւանդութեան պատճառը մոծակներուն խայթոցն էր:
Հակառակ փորձեր ալ կատարած են.
Հիւանդ մոծակները վանդակի մը մէջ կը նետէին եւ առողջ մարդ մը իր թեւը անոր մէջ կը մտցնէր. մոծակները կը խածնէին թեւը եւ այդ առողջ մարդը դողէրոցք կը ստանար:
Տակաւին, կը վերցնէին այդպիսի վանդակներ, (որոնց մէջ վարակուած մոծակներ կային), կ՚ուղարկէին շատ հեռու տեղ եւ այնտեղ նոյնպէս մէկը թեւը վանդակին մէջ կը մտցնէր եւ կը հիւանդանար:
4. ԴՈՂԷՐՈՑՔԻ ԱԽՏԱՆԻՇԵՐԸ
Դողէրոցքի ախտանիշերը այս երեքն են.
ա. Դող:
բ. Ջերմութիւն կամ էրոցք:
գ. Քրտինք:
Այս երրորդութիւնը ՆՈՊԱՅ մը կը կազմէ: Հետեւաբար, մալարիայի նոպան երեք շրջանէ բաղկացած է: Ան դողով կը սկսի եւ քրտինքով կը վերջանայ:
Քրտինքէն ետք հիւանդը ինքզինք առողջ կը զգայ: Նոպան կը կրկնուի կամ ամէն օր, կամ օրը մէջ, կամ երեք օրը անգամ մը: Միջանկեալ օրերը հիւանդը ինքզինք առողջ կը զգայ:
Նոպան օրուան միեւնոյն ժամերուն կը կրկնուի: Դողէրոցքի յիշած երեք շրջաններուն հետ ծանօթանանք.
Ա. ԴՈՂ
Երբ դողը կը մօտենայ, հիւանդը թուլութիւն կը զգայ մարմինին մէջ, յետոյ կը գունատուի, կը յօրանջէ եւ անոր անդամները (թեւերն ու ոտքերը) կը ջարդուին: Յետոյ սարսուռներ կ՚անցնին մէջքին վրայէն,- հիւանդը «կը սրսփայ»: Սրսփալը երթալով կը սաստկանայ եւ իսկական դող կը դառնայ: Հիւանդը ամբողջ մարմինով կը դողայ, յաճախ այն աստիճան՝ որ ակռաները կը չխչխկացնէ իրարու, վեր ու վար կ՚ելլէ-կ՚իջնէ անկողինին մէջ: Երբեմն այնպէս սաստիկ կ՚ըլլայ դողը, որ հիւանդին հետ մահճակալն ալ կը ցնցուի: Այս ընթացքին մաշկը սաստիկ կը սառչի, գոյնը կը կորսնցնէ եւ կը փշաքաղուի, կոպերուն տակը կապոյտցած է, բիբերը՝ լայնցած, շատերուն գլուխը կը դառնայ եւ կ՚ուշաթափի: Կը պատահի, որ հիւանդը կը փսխէ, իսկ շնչառութիւնը եւ զարկերակը շատ կ՚արագանան:
Դողը մի քանի վայրկեանէն մէկ-երկու ժամ կը տեւէ, երբեմն ալ մի քանի ժամ շարունակ:
Բ. ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՏԱՔՈՒԹԻՒՆ1
Դողին ժամանակ արիւնը դուրսէն քաշուած էր, ներս լեցուած, այս պատճառով ալ մաշկը սառած է, իսկ ներսի տաքութիւնը՝ բարձրացած: Ջերմութեան ընթացքին արիւնը դարձեալ մաշկին մէջ կը լեցուի եւ կը տաքցնէ զինք: Հիւանդը, ինք, կը զգայ որ կ՚այրուի, կարծես եռման ջուր կը լեցնեն վրան, եւ եթէ ձեռքդ հիւանդին վրայ դնես, կը տեսնեն, որ իրապէս, մաշկը կ՚այրի եւ թէ չոր կիզիչ տաքութիւն կու գայ ձեռքէն: Ջերմութենէն դէմքը կը կարմարի, աչքերուն արիւն կը լեցուի, գլուխը կը դառնայ եւ կը ցաւի, ականջները կը խշշան, բերանը կը չորնայ, շնչառութիւնն ու զարկերակը աւելի եւս կ՚արագանան եւ հիւանդը հեւոցի մէջ կ՚իյնայ:
Հիւանդը երեք-չորս ժամ ջերմութեան մէջ կը մնայ, երբեմն ալ աւելի: Յետոյ ջերմութիւնը կամաց-կամաց կ՚իջնէ եւ քրտինքը կը սկսի:
Գ. ՔՐՏԻՆՔ
Ամենէն առաջ կոնատակերուն տակ քրտինք կու գայ, յետոյ ճակատին եւ դէմքին վրայ ու ամբողջ մարմինը առատ քրտինքով կը ծածկուի, որ երբեմն այնքան շատ կ՚ըլլայ, որ շապիկը, վերմակը-տոշակն ու բարձը կը թրջէ, եւ կարիք կ՚ըլլայ հիւանդին շապիկը մի քանի անգամ փոխել: Այն ատեն սիրտն ու շնչառութիւնը կը հանդարտին, բերանին չորութիւնը կ՚անցնի, ցաւերը կը դադրին եւ հիւանդը կը հովանայ. չափազանց հաճելի թմրութիւն մը կու գայ վրան եւ խոր քունի մէջ կը մտնէ, որմէ զգաստացած կ՚արթննայ:
Քրտինքին շրջանը նոյնպէս երկու-երեք-չորս ժամ կը տեւէ. ատով նոպան կը վերջանայ ու հիւանդը ինքզինք առողջ կը զգայ, այնպէս որ կրնայ իր գործերով զբաղիլ՝ մինչեւ հետեւեալ նոպային հասնիլը:
Հետեւաբար, ամբողջ նոպան (դող, ջերմութիւն, քրտինք) 6-10 ժամ կը տեւէ:
Միեւնոյն կարգով դողէրոցքը յաջորդ օրը կը կրկնուի, կամ երեք օրը մէկ անգամ եւ միեւնոյն ժամին: Այս պատճառով մալարիան միօրեալ, եռօրեայ եւ քառօրեայ կը կոչուի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2
Վաղարշապատ
1 Տաքութիւնը առանձին գործիքով մը կը չափեն, որ ջերմաչափ կը կոչուի: