«ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՍՕՐ ՆՄԱՆ Է ԹԻԹԱՆԻՔ ՆԱՒՈՒՆ, ՈՐ ԿՐՆԱՅ ԸՆԿՂՄԻԼ ՈՒ ՄԵԶ ԱԼ ԻՐ ՀԵՏ ՏԱՆԻԼ»
Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական-քաղաքական ճգնաժամը կը շարունակուի, մինչ զանազան քաղաքական շփումներ տեղի կ՚ունենան։ Լիբանանցի քաղաքական գործիչներ կը շարունակեն մեծ ունակութիւններով վիժեցնել նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը. կառավարութիւն մը, որ պիտի կարողանայ Լիբանանը ինչ-որ կերպ դուրս հանել ծանր ու տագնապալի դրութենէն։
Անշուշտ արտաքին ազդակներով փոխկապակցուած այս տագնապը ունի նաեւ շրջանային մեծ բաղադրիչներ։ Առհասարակ տագնապին մասին յաւելեալ ու յստակ պատկեր մը ունենալու համար վերջերս հեռավար հարցազրոյց մը իրականացուցինք լիբանանահայ ազգային գործիչ, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանին հետ։ Ստորեւ հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Պրն. Քէօշկէրեան, կարծէք «գողգոթայի ճանապարհ» դարձաւ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան մը կազմութեան հարցը։ Ինչո՞ւ այս յապաղումը եւ ի՞նչ են իսկական պատճառները։
-«Գողգոթայի ճանապարհ» նմանեցումը իրականութեան մէջ ոչ թէ կառավարութեան կազմութեան կը վերաբերի, այլ Լիբանանի ժողովուրդի կեանքին, որ արդէն մէկուկէս տարիէ ի վեր ամէն օր այդ ճանապարհով կը քալէ: Նազովրեցին այդ ճամբով մէկ անգամ գնաց, ապա Յարութիւն առաւ, իսկ Լիբանանի ժողովուրդին համար՝ դեռ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ է այդ յարութիւնը:
Գալով կառավարութեան ուշանալու իսկական պատճառներուն. անոնք պէտք է փնտռել Լիբանանէն դուրս, Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հակամարտութեան մէջ. պէտք է փնտռել տարածքաշրջանային ուժերու շահերու առեւտուրի բանակցային սեղաններուն վրայ: Լիբանանի քաղաքական կեանքին հետեւողները քաջ գիտեն, որ այդ երկրի քաղաքական ուժերը միշտ ունեցած են արտաքին հովանաւորներ, որոնք իրենց ազդեցութեան տակ կը պահեն Լիբանանի քաղաքական դաշտը: Արտաքին հրահանգիչներու բարդութիւններուն վրայ կու գան աւելնալու ներքին համայնքային նեղ շահերը, որոնք աւելիով կը խառնեն թնճուկը: Սակայն ներքին տարակարծութիւնները կը շրջանցուին, երբ այս կամ այն դեսպանատան հրահանգով կը լուծուին շատ բարդ թուացող հարցերը: Երեւութապէս կառավարութեան կազմութիւնը խանգարողը երկրի նախագահ Միշել Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ՝ կառավարութեան անձնակազմի թիւի, պաշտօններու եւ անուններու շուրջ տարակարծութիւններն են, սակայն իմ կարծիքով՝ հանգուցալուծման բանալիները կը գտնուին Թեհրանի, Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի մէջ անցնելով Պերլինէն:
-Վերջին օրերուն մէկէ աւելի լիբանանցի պատասխանատուներ կը զգուշացնեն, որ երկիրը կրնայ ներքին բախումներու փուլ մը մտնել։ Նման վտանգ մը կա՞յ, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք։
-Այո՛, այդ մտավախութիւնը կայ եւ գաղտնիք մը չէ, որ Լիբանան պարարտ հող ունի ապահովական անկայունութեան մէջ մտնելու, որովհետեւ բոլոր նախադրեալները առկայ են երկրին մէջ: Աղքատութիւնը Լիբանանի մէջ հասած է 70 առ հարիւրի, քորոնաժահրի տարածումը, անգործութեան ծաւալներու աճը եւ միջհամայնքային անհանդուրժողականութիւնը ամէն վայրկեան կրնան հրահրուիլ եւ երկիրը տանիլ նոյնիսկ դժոխքէն անդին։ Այս բոլորին դիմաց Լիբանանի հրաժարեալ կառավարութիւնը անկարող դիտորդի վիճակի մէջ է:
-Կայ կարծիք, որ Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական տագնապալի դրութիւնը ինչ-որ տեղ շինծու է եւ այն կապուած է երկրին մէջ «Իրանի թեւը» կոտրելու հեռաւոր նպատակներուն հետ։ Այդպէ՞ս է, դուք ի՞նչ կը մտածէք։
-Այս հարցին մօտաւոր պատասխանը վերը արդէն նշեցի: Սակայն եթէ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամին զուտ տնտեսագիտական ակնոցով նայինք՝ կը տեսնենք, որ ան անխուսափելի էր։ Լիբանան երկիր մըն է, որուն ծախսերը մի քանի անգամ կը գերազանցեն եկամուտները, այս հանգամանքը արդէն բաւարար է ելմտական կշիռի անհաւասարութեան եւ երկրի ահաւոր պարտքերու տակ մտնելուն: Լիբանանի համայնքային դրութիւնը եւ լիբանանցի իշխանաւորներու ծայր աստիճան փտածութեան մէջ ըլլալը, երկիրը թալանելու բաժնեկցութիւնը, կողոպուտին բոլորին մասնակից ըլլալը, արգելք կը հանդիսանան երկար տարիներու վրայ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնելուն: Քաղաքական առաջնորդները իշխանութեան գլուխ մնալու համար շահագործեցին երկրի կրօնահամայնքային դրութիւնը՝ ստեղծելով արհեստական միջհամայնքային հակամարտութիւններ եւ իրենք զիրենք յայտարարեցին «համայնքի փրկիչներ»: Իրականութեան մէջ այս «փրկիչ»ներու ապիկար ձախող տնտեսական եւ ելմտական քաղաքականութիւնը երկիրը հասցուց այս կէտին:
Գալով ձեր հարցումին՝ «Իրանի թեւը» կոտրելու նպատակ ըլլալուն։ Իմ կարծիքով՝ այդ իրանեան թեւը եւս գլխաւոր մեղսակից եւ մասնակից է երկիրը «դժոխքի» հասցնելուն եւ նոյնիսկ պատճառ է, որ Լիբանանը զրկուի Արեւմուտքի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու գանձատրական օժանդակութիւններէն, որպէսզի Լիբանան երթայ ամբողջական փլուզման:
-Աւելի մեծ պրիսմակով դիտելով խնդիրները եւ ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու կողմէ հնչած միտքերուն՝ չէ բացառուած, որ Ուաշինկթըն-Թեհրան նոր գործարքի մը պարագային Թեհրան «հանգիստ» խղճով զոհէ «Հիզպուլլահ»ը։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։
-Ո՛չ, չեմ կարծեր, որ Իրան «հանգիստ» խղճով զոհէ «Հիզպուլլահ»ը։ Իրանի կապը «Հիզպուլլահ»ին հետ դաշնակցային կամ փոխշահաւէտ գործակցութիւն մը չէ, այլ օրկանական կապ, որ հիմնուած է կրօնական եւ գաղափարական ամուր հիմքերու վրայ։ Խորքին մէջ «Հիզպուլլահ» լիբանանցիներէ կազմուած իրանեան միաւոր մըն է. վատագոյն պարագային Իրան կրնայ «Հիզպուլլահ»ի զինուորական թեւը լուծարել եւ Սուրիայէն դուրս բերել, ոչ միայն Ուաշինկթընի հետ գործարքի մը պարագային, այլեւ Ռուսաստան-Թուրքիա-Իսրայէլ առանցքի ճնշման տակ, որուն անուղղակի կրնայ միանալ նաեւ ԱՄՆ: Եզրակացնելով, քանի դեռ Իրանը Իսլամական Հանրապետութիւն է եւ «Վիլայէթ Ալ-Ֆաքիհ»ի (Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գաղափարախօսութիւնն է) վարչակարգը առկայ է, «Հիզպուլլահ» կը մնայ որպէս «Իրանի թեւ»ի ներկայացուցիչ Լիբանանի մէջ, ինչպէս՝ «Անսար Ալլահ»ը Եմէնի եւ «Հաշտ ալ-շաահպի»ն Իրաքի մէջ:
-Լիբանանի քաղաքական կեանքի հիմնական առանցքը ինչ-որ մեծ առումով կը դառնայ երկրի նախագահին ու նախագահական ընտրութիւններուն շուրջ։ Իբր այդ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը յառաջիկայ տարի՝ 2022-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեանց վերաբերեալ։
-Լիբանանի նախագահը առերեւոյթ կ՚ընտրուի խորհրդարանին մէջ, բայց իրականութեան մէջ նախագահի անձին շուրջ համախոհութիւնը նախ կը գոյանայ օրուայ քաղաքական ազդեցիկ մայրաքաղաքներու մէջ: Իմ կարծիքով՝ յաջորդ նախագահական ընտրութիւնը բաւականին բարդ եւ դժուար գործընթացի մը արդիւնք պիտի ըլլայ, Լիբանան ասոր փորձառութիւնը ունի վերջին տասնմէկ տարուայ ընթացքին, երբ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկու առիթներով երկարաձգուեցաւ եւ երկիրը առանց նախագահի մնաց երկուքուկէս տարի։ Վերջին չորս տարուայ ընթացքին Լիբանան մնաց առանց կառավարութեան (աւելի քան քսան ամիս), այսինքն լիբանանցիին մաշկը կոշտացած է եւ այլ երկիրներէ ներս գործող օրինաչափութիւնները ի զօրու չեն ըլլար Լիբանանի մէջ:
-Եթէ խօսինք լիբանանահայութեան մասին, ապա այսօրուան ընդհանուր պատկերով, ինչպիսի՞ն են հայկական քաղաքական-աւանդական կուսակցութեանց ընդհանուր մօտեցումները եւ այդ առումով ներհայկական շահերու կամ դիրքաւորումներու հակասութիւններ կա՞ն։
-Լիբանանահայութիւնը այս երկրի մէկ բաղկացուցիչ մասն է։ Մենք եւս կ՚ազդուինք տեղի ունեցող քաղաքական եւ տնտեսական գործընթացներով։ Այսինքն երբ լիբանանեան թղթոսկին (լիրան) տասն անգամով արժեզրկուեցաւ, եղած անկումը բոլոր քաղաքացիներուն վրայ ազդեց եւ բոլորը աղքատացան: Երբ դրամատուներու մէջ դրուած աւանդները անհասանելի դարձան քաղաքացիներուն, ասոր մէջ աւանդատէր ինքնութեան մասին չհարցուցին։ Հետեւաբար տնտեսական ճգնաժամը եւ քաղաքական անկումը ընդհանուրին վրայ ազդեցին: Բոլորս համոզուած ենք, որ պէտք է այս վիճակէն դուրս գալ, ծառացած հարցերուն լուծումներ գտնել, որպէսզի Լիբանան վերադառնայ իր առողջութեան, եւ ասոր առաջին պայմանը՝ անկախ մասնագէտներէ կազմուած կառավարութեան մը կազմութիւնն է: Եւրոպան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ գլխաւորութեամբ պատրաստ են օգնելու Լիբանանին այն պայմանով, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որ յանձնառու կ՚ըլլայ տնտեսական արմատական բարեփոխութիւններ ընելու: Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ Լիբանանի օգնութեան համար համախմբուած երկիրները պատրաստ են 10 միլիառ տոլար տրամադրել։ Գերմանիան երկու օր առաջ յայտարարեց, որ օգոստոսի 4-ի պայթումէն ետք Պէյրութի կործանուած նաւահանգիստը պատրաստ է նորոգելու եւ 5-10 միլիառ տոլար ներդնելու նաւահանգիստի վերականգնումին համար:
Եզրակացնելով ես հարց կու տամ. արդեօք կա՞յ այնպիսի հայկական քաղաքական կուսակցութիւն մը կամ որեւէ լիբանանցի մը, որ դէմ ըլլայ այս բոլոր առաջարկներուն, վստահաբար ոչ:
Ուրեմն կարելի է եզրակացնել, որ Լիբանանի մէջ գործող հայկական աւանդական կուսակցութիւնները չեն կրնար տարակարծիք ըլլալ ճգնաժամէն դուրս գալու մասին առաջարկուած լուծումներուն։ Այս մէկը այն իրավիճակն է, որ շահերու եւ դիրքորոշումներու հակասութիւններ գոյութիւն չունին: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խօսքերով՝ «Լիբանան կը նմանի Թիթանիք նաւուն, որ արդէն կ՚ընկղմի եւ մենք ալ հետը կ՚ընկղմինք»։
-Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ տարրը ապագայ ունի՞ եւ այդ օրակարգի շրջանակներուն մէջ ի՞նչ են հայութեան դիմագրաւած հարցերն ու անոր սպասող ապագային մասին ի՞նչ կ՚ըսէք։
-Լիբանանի մէջ կրօնական համայնքային դրուածքը, ղեկավար պաշտօններու բաժանումը, երեսփոխաններու թիւի համայնքային բաժանումները՝ բոլորը ամրագրուած են սահմանադրութեամբ եւ չգրուած օրէնքի ուժ ստացած աւանդոյթներով, քանի դեռ սահմանադրական փոփոխութիւններ չեն եղած, քրիստոնեաներու վիճակը չէ վտանգուած:
Սակայն իրատես ըլլալու համար ըսեմ. քրիստոնեաներու թիւը Լիբանանի մէջ այսօր կը կազմէ երկրի բնակչութեան մէկ երրորդը, իսկ քրիստոնեաներուն իրաւունքը ըստ սահմանադրութեան հանրային ոլորտի անձնակազմի յիսուն տոկոսն է, երկրի նախագահը եւ բանակի հրամանատարը քրիստոնեայ են: Աւանդական չափաւոր իսլամական շրջանակները համոզուած են այս իրավիճակին որպէս ժառանգութիւն, սակայն ես համոզուած չեմ, որ այսպէս շատ երկար կը շարունակուի, պիտի գայ օր մը, երբ իսլամ շրջանակներ նոր դերաբաշխում պիտի պահանջեն: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ «Հիզպուլլահ»ի գլխաւոր քարտուղարին՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ մի քանի առիթներով հնչեցուած էին յայտարարութիւններ, որոնք ճգնաժամէն դուրս գալու համար նոր հիմնադիր համագումարի մը երթալու մասին էին։
Ուստի եթէ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան թիւը շարունակէ նուազիլ, վստահաբար պիտի գայ այն օրը, որ բոլոր պաշտօններու մէջ յիսուն տոկոսի դրութիւնը պիտի խախտուի:
Բնականաբար հայութեան բաժինն ալ պիտի պակսի քրիստոնեաներու բաժնի կրճատման հետ միասին: Սակայն հարկ է նշել, որ վերոնշեալ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը այդքան ալ դիւրին եւ հեզասահ գործընթաց մը չէ, եւ շատ վտանգաւոր է։ Այն կախուած է ներքին եւ արտաքին ազդակներէ եւ կրնայ մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի հասցնել եւ վերջ դնել Լիբանանի իւրայատուկ երկիր մը ըլլալու կարգավիճակին։ Հիմակուհիմա այս օրակարգը լուրջ քննարկման դրուած չէ եւ չեմ կարծեր, որ մօտիկ ապագային այն դրուի շրջանառութեան մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան