ՆՈՒՐԲ ԵՒ ԲԱՐԴ ՎԻՃԱԿ

Ի՞նչ են այսօր հայկական օրակարգի հիմնական նիւթերը եւ արդեօք ի՞նչ գործընթացներու պէտք է սպասել՝ ձեւով մը «աւազախրուած նաւը» տեղէն շարժելու համար։ Գաղտնիք չէ, որ Հայաստան այսօր ունի անվտանգութեան հիմնահարց մը, որուն կողքով ալ կարմիր թելի մը պէս կ՚անցնին Սիւնիքի խնդիրները, բանակի վերակազմութիւնն ու հզօրացումը, ինչպէս նաեւ Պաքուի ձեռքին մէջ յայտնուած հայ ռազմագերիներու հարցը։ Այս բոլորէն անդին կարեւոր եւ էական է Արցախի հիմնախնդրի վերջնական կարգաւորման հարցը, որ զանազան պատճառներով այսօր օրակարգէ դուրս մնացած է։ Ամէն պարագայի այս հարցերու լուծումները նոր փուլի մը կրնան մտնել միայն այն ժամանակ, երբ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակը վերադառնայ բնականոն հունը եւ ընտրութիւններով ստեղծուելիք նոր խորհրդարանը սկսի  լիարժէք աշխատանքի։ Ամէն պարագայի այս բոլորին վերաբերեալ ուշագրաւ տեսակէտներ յայտնած է Ռուսաստանէն վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասով՝ «www.tert.am» կայքին տուած մասնաւոր հարցազրոյցին մէջ։ Ան անկեղծութիւն համարած է հաշուի առնել՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի փոփոխութեան կամ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը կորսնցնելու հաւանականութիւնները։ Ուստի, ըստ իրեն, այս անբարենպաստ գործօններուն ազդեցութեամբ՝ այսօր լուրջ բանակցութիւններ չեն ընթանար։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Թարասովի յայտարարութիւնները, որոնք ո՛չ միայն այժմէական են, այլ նաեւ բոլոր առումներով ուսանելի։

-Վերջերս Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ժամանակ կարեւոր համարած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի շուրջ բանակցութիւններու վերսկսումը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներքեւ։ Ի՞նչ կը նշանակէ այս բանը, ինչո՞ւ Ռուսաստան կը ցանկայ, որ կարգաւորման ձեւաչափը վերակենդանանայ։

-Ռուսաստան երբեք դուրս չէ ելած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն, պարզապէս անցեալ նոյեմբերի հրադադարի եռակողմանի համաձայնագիրը պէտք էր շատ արագ եւ ուժգնօրէն կազմել։ Ֆրանսայի հետ այդ առումով խորհրդակցութիւններ եղած են, Փութին Մաքրոնի հետ կապուած է հեռախօսով։ Եւ որքան հետաքրքրական է, որ երեք ստորագրութիւն դրուած է՝ Թուրքիան այնտեղ չկայ։ Մոսկուա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ալ խորհրդակցութիւններ ըրած է։ Այնպէս որ, թէեւ մենք այդ համաձայնագիրը ստորագրած ենք, սակայն չենք յայտարարած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն դուրս գալու մասին։ Մեր ներկայացուցիչ Իկոր Փոփով կը շարունակէ այնտեղ աշխատիլ եւ Ռուսաստան միացած է Մինսքեան խմբակի 13 ապրիլի յայտարարութեան։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը հիմա ալ ունի օրակարգ մը, հիմնախնդրի կարգաւորման սկզբունքները մնացած են անփոփոխ, դեռ պէտք է որոշուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը։ Եւ այդ հարցերը հիմա համանախագահութեան շրջանակներէն ներս կը քննարկուին։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքին, ի հարկէ, Հայաստան կողմնակից է, Ռուսաստանն ալ դէմ չէ, որ այդ մէկը գործէ։ Իսկ Ատրպէյճան կ՚ըսէ, որ հիմնախնդիրը կարգաւորուած է եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անհրաժեշտութիւնը չկայ։ Այստեղ խնդիրը այն է, որ առանց հակամարտ բոլոր կողմերու համաձայնութեան՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխատանքները վերականգնել անհնար է։ Պէտք է մշակել թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի համար ընդունելի օրակարգ մը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի օրեր առաջ Երեւան կատարած այցելութեան ժամանակ ալ այդ հարցերը, ամենայն հաւանականութեամբ, քննարկուած ըլլան։ Այդ բոլորը քննարկման առարկայ կը դառնայ նաեւ իր Պաքու այցելութեան ժամանակ։ (Սերկէյ Լաւրովի Պաքուի շփումները կը սկսին այսօր)։ Ի հարկէ, Ռուսաստանի համար դժուար է համոզել Ատրպէյճանը, որպէսզի մասնակից դառնայ բանակցային գործընթացին։ Միացեալ Նահանգներն ալ կը փորձէ համոզել Ատրպէյճանը։ Բայց եւ այնպէս, այդ բոլորը Պաքուին պէտք չեն, որովհետեւ ան յաղթած է պատերազմի մէջ։ ԱՄՆ որոշած է թիւ 907 բանաձեւէն հրաժարիլ եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին։

-Իսկ ի՞նչ կը կարծէք, ինչպէ՞ս պիտի աշխատին հիմա իրարու հետ Ռուսաստանն ու ԱՄՆ-ը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ։

-Պաշտօնական մակարդակի վրայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը կ՚աշխատի համաձայնեցուած ձեւով։ Կան կասկածներ, թէ համանախագահներու միջեւ խնդիրներ գոյութիւն ունին, բայց, անոնք չեն բարձրաձայնուած։ Եռանախագահները կ՚աշխատին միասին եւ համատեղ յայտարարութիւններ կ՚ընեն, այսինքն՝ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու առկայ խնդիրները ազդեցութիւն չունին այս ձեւաչափին վրայ։ Սա եզակի իրավիճակ մըն է։ Թէ ի՞նչ զարգացումներ կրնան ըլլալ՝ դժուար է ըսել, որովհետեւ ԱՄՆ-ի մասնագիտական շրջանակները կը քննադատեն, որ երկիրը ազդեցութիւն մը չունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վրայ։ Անոնք համոզուած են, թէ հրադադարի եռակողմանի համաձայնագիրը, որ խաղաղապահներու ներկայութիւնը ապահովեց, հետեւաբար Ռուսաստանի ազդեցութիւնը աւելցուց՝ հակառակ, որ ի սկզբանէ կարգաւորումը կ՚ենթադրէր այնտեղ խաղաղապահներու տեղակայումը, բայց միջազգայի՛ն կարգավիճակով։

Այս գործընթացին մէջ կարեւոր հանգամանք մըն է նաեւ, որ երբ Երեւան հրաժարած է պաշտօնապէս ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը, ապա Ռուսաստանը ստիպուած Ատրպէյճանինը համարած է այն գօտիները, որոնք խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ անցան։ Բաց աստի,  խաղաղապահներու կարգավիճակն ալ միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ, այդ մէկը նախատեսուած է միայն հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրով։

Ատրպէյճանի տարածքին վրայ ռուսական ուժերու գոյութեան պարագային կը ստեղծուի լրիւ տարբեր իրավիճակ մը։ Հաւանական է, որ  ռուս խաղաղապահներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը որոշուին Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ երկկողմանի բանակցութիւններու միջոցաւ։ Ստեղծուած է բաւական բարդ կացութիւն մը։ Երեւան կը կարծէ, թէ հիմնախնդիրը լուծուած չէ, դեռ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը կայ, Ատրպէյճան կը համարէ, թէ հարցը լուծուած է, ի դէպ Թուրքիան ալ զայն լուծուած չի համարեր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակն ալ։ Միջազգային դիւանագիտութիւնը այս հարցով կը զբաղի։

Կայ նաեւ այլ կէտ մը։ Ռուսաստան կը կարծէ, թէ տակաւին վաղ է առաջնային համարել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։ Պէտք է աշխատին հաղորդակցութեան միջանցքները, աւարտի տեղեկատուական պատերազմը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որպէսզի հայերը իրենք իրենց անվտանգ զգան եւ թշնամանքի մթնոլորտը աստիճանաբար վերանայ։ Մենք կը հասկնանք, թէ այդ բանը արագ չ՚ըլլար եւ տեւական ժամանակ պէտք է, բայց, այդ բանին համար կողմերը պէտք է նստին բանակցային սեղանին շուրջ։ Յամենայնդէպս, այս ուղղութեամբ դեռ շատ ջանքեր չեն գործադրուիր, տակաւին կան միայն կոչեր եւ յորդորներ, որոնք լուրջ դեր մը չեն խաղար։

Պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ պատերազմէն յետոյ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ փոփոխութիւններ պէտք են։ Հայաստանի մէջ քաղաքական ճգնաժամ է, ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան եւ ոչինչ պարզ պիտի ըլլայ՝ մինչեւ նոր իշխանութեան ձեւաւորուիլը։ Իսկ Պաքուն կը գտնուի ոգեւորութեան մէջ եւ չի կարողանար բանական որոշումներ առնել։

-Օրեր առաջ երեք հայ ռազմագերի Պաքուէն վերադարձաւ Երեւան։ Ըսկ տեղեկութիւններու, սա ապահովուած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերով։ Ձեր կարծիքով, այլ քայլեր եւս կրնա՞ն առնուիլ անոնց կողմէ։ Ի՞նչ կրնայ տալ այս բոլորը կարգաւորման գործընթացին։

-Ես չեմ հասկնար, թէ Պաքուի ինչի՛ն պէտք են ռազմագերիները։ Պատերազմը աւարտած է, ուղարկեցէք զանոնք տուն։ Մեզի համար անհասկնալի է, թէ ի՛նչ առեւտուր տեղի կ՚ունենայ։ Կը կարծեմ, թէ այդ հարցը կը լուծուի դրական ձեւով։ Սա արհեստական բարձրացուած հարց մըն է եւ Ատրպէյճան բոլորին համար անհասկնալի բան մը հնարած է։ Բայց կը կարծեմ, թէ մնացած գերիներու վերադարձը ժամանակի խնդիր է։

Ես կը նախատեսեմ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ աշխոյժ դիւանագիտական քայլերը կը սկսին Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ, երբ ձեւաւորուի նոր իշխանութիւնը։ Երբ ամէն ինչ յստականայ, գուցէ սկսին աւելի լուրջ գործընթացներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021