«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ԵՐԱԶՆԵՐՈՒ ԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆԸ
-Եառոնտա. որոշ վատ երազներ կը չարչարեն զիս…
-Երբ նեղացնող երազ մը կը տեսնես, երբեք մի՛ քննէր, թէ ի՛նչ տեսար, կամ ինչպէ՛ս տեսար, եթէ յանցաւոր ես, կամ ինչքա՞ն է յանցանքիդ չափը: Սատանան ցերեկոց չյաջողեցաւ պատերազմիլ քեզի դէմ, ապա խաւարին մէջ փորձեց: Աստուած կ՚արտօնէ քունի ժամանակ մեր փորձութիւնը, որպէսզի վերահասու ըլլանք, թէ մեր հին մարդը տակաւին չէ մեռած: Կրնայ պատահիլ, որ թշնամին տարբեր երազներ բերէ, որպէսզի մարդ անտրամադիր կերպով արթննայ քունէն: Այդ բանին ուշադրութիւն մի՛ դարձներ: Խաչակնքուէ՛ դուն եւ խաչին նշանը պատկերէ բարձիդ վրայ եւս: Խաչ մը եւ մի քանի սրբապատկերներ դիր բարձիդ վրայ եւ աղօթէ, մինչեւ քնանաս:
Ինչքան թշնամիին կարեւորութիւն տաս, ապա կրկին անգամ կը փորձէ քեզ: Այս բանը կը վերաբերի թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ փոքրերուն, նոյնիսկ մանուկներուն -որոնք փոքրիկ հրեշտակներ են- քունի ժամանակ թշնամին կը վախցնէ զիրենք, որով իրար անցած կ՚արթննան լալով ու դողալով եւ իրենց մայրերուն գիրկը կը նետուին: Կրնայ հակառակն ալ պատահիլ, այսինքն՝ անոնց քնացած ժամանակ իրենց կը մօտենան հրեշտակներ եւ սուրբեր, որով կը նկատես, թէ իրենց քունին մէջ կը սկսին ծիծաղիլ, կամ ալ կ՚արթննան բարձր եւ ուրախ տրամադրութեամբ: Այս բոլորով հանդերձ, քունի ընթացքին երազները միայն արտաքին ազդեցութիւն ունին մարդուն վրայ:
-Եառոնտա, իսկ քունի ժամանակ երբ ճնշուածութիւն կը զգաս:
-Երբեմն այդ մէկը կը բացատրուի վախերով, կասկածներով կամ ջղային պահերով որ ունեցած ես ցերեկը, եւ սատանան կրնայ այդ բոլորը օգտագործել՝ մարդուն նեղութիւն պատճառելու համար: Իսկ երբեմն ալ սատանան մարդու կամ հրեշտակի կերպարանք կը ստանայ եւ ոեւէ մէկու երազին մէջ կ՚երեւայ:
Անգամ մը սատանան Սուրբ Արսանիոսի կերպարանքը առնելով երազի մէջ հիւանդի մը երեւցած է, ու ըսած է անոր.
-Ես Սուրբ Արսանիոսն եմ: Եկայ որպէսզի ըսեմ քեզի, թէ պիտի մեռնիս: Կը լսե՞ս զիս, պիտի մեռնիս:
Այդ մարդուն մարմինը ամբողջութեամբ սարսռաց: Սուրբը երբեք հիւանդ մարդու մը այս կերպով չի դիմեր: Իսկ եթէ հիւանդը մահամերձ է ու սուրբ երեւայ անոր, ապա կը նախայայտնէ իրեն պատահելիքը, ճիշդ կերպով կը փոխանցէ անոր լուրը, կարծէք թէ ըսէ անոր.
-Քանի որ Աստուած կը տեսնէ չարչարանքդ, ապա քեզ այս աշխարհէն պիտի փոխադրէ. Պատրաստուէ՛:
-Եառոնտա. իսկ ինչո՞ւ մարդ իր քունին մէջ կը պոռայ:
-Այդպէս աւելի լաւ է, պիտի արթննայ քունէն: Բազմաթիւ երազներու պատճառը խռովութիւնն է: Մարդ երբ կը խռովի ու կը յոգնի, տարբեր բաներ կը սկսին պատերզամիլ իր ներսիդին, որով զանոնք իր երազին մէջ կը տեսնէ: Պատահած է ինծի ալ, որ հակառակած ուրիշներուն անիրաւող մարդոց հետ, եւ քունիս ընթացքին կը յանդիմանէի զանոնք ըսելով.
-Անզգա՞մ էք դուք: Այս աստիճանի՞ հասած է ձեր ապերախտութիւնը… եւ քունէս կ՚արթննամ:
-Եառոնտա. մարդ երազի միջոցով կրնա՞յ նախատեսել բան մը, որ իր հետ պիտի պատահի:
-Ո՛չ: Երազներուն կարեւութիւն մի՛ տար: Ուրախութիւն կամ տխրութիւն եթէ պատճառէ քեզի, անտեսէ, վախնալով մոլորութեան մէջ իյնալէ: Երազներուն իննիսունհինգ տոկոսը խաբող երազներ են, այդ պատճառով սուրբ հայրերը հրամայած են ո՛չ մէկ կարեւորութիւն տալ անոնց: Երազները, որոնք Աստուծմէ են, շատ քիչ են, եւ մարդ պէտք է մաքուր ըլլայ եւ պատշաճ որակները ունենայ զանոնք բացատրելու, ինչպէս օրինակ, Յովսէփը (Ծն 37.5-11), եւ Դանիէլը (Դն 2.25-46), որոնք պարգեւները Աստուծմէ ստացած էին: Ո՞ւր էր Դանիէլը, երբ գնաց երազը մեկնելու: Պահքի մէջ էր ու կը պայքարէր գուբին մէջ առիւծներու հետ, որոնք չվնասեցին իրեն՝ հակառակ անօթի ըլլալնուն (Դն 6.16…), եւ Նաբուգոդոնոսորին երազը մեկնեց: Իսկ երբ Ամբակում իրեն ուտելիք բերաւ՝ ըսաւ. «Յիշեցի՛ր զիս, Աստուա՛ծ իմ, եւ Քեզ սիրողները ամօթով չձգեցիր» (Դն 14.37), որովհետեւ ինքզինք արժանի չհամարեց, որ Աստուած յիշէ իրեն, իսկ եթէ Աստուած Դանիէլը չյիշէ, ապա զո՞վ պիտի յիշէ:
-Եառոնտա. կարգ մը մարդիկ երազներ չեն տեսներ:
-Աւելի լաւ: Մուտքի քարտ չեն վճառեր եւ պենզին չեն սպառեր: Երազին մէջ մէկ վայրկեան բան մը կը տեսնես, որ իրական կեանքին մէջ ժամեր ու օրեր կը տեւէ, որով ժամանակը կը վերանայ: Ասկէ կարելի է հասկնալ Սաղմոսին հետեւեալ տողը. «Որովհետեւ հազար տարին, ո՜վ Տէր, Քեզի համար երէկուայ օրուան նման է, որ անցաւ, կամ գիշերուան պահի մը պէս» (Սղ 89.4):
ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ԵՐԱԶՆԵՐԷՆ
-Եառոնտա. մարդիկ երբ պատմեն մեզի, թէ իրենց երազին մէջ սուրբերէն մէկը տեսած են, ի՞նչ ըսենք անոնց:
-Այս պարագային աւելի լաւ է ուշադիր ըլլալ, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ զանազանել, թէ այդ երազը Աստուծմէ՞ էր, թէ՞ սատանայէն: Նոյնիսկ եթէ երազը Աստուծմէ ալ ըլլայ, մարդ սկիզբը պէտք չէ ընդունի զայն: Երազ մը ընդունելը մերժելը նշան է մարդուն խոնարհութեան: Եթէ սուրբը իրապէս երեւցած է երազին մէջ, ապա Աստ-ւած գիտէ սորվեցնել հոգիին ու առաջնորդել զինք ուր որ կ՚ուզէ: Պէտք է զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ կրնայ սատանան գալ եւ իր գործին անցնիլ:
Մարդ կայ, որ ո՛չ մէկ օգնութիւն ստացած է մարդոցմէ, որով արժանացած է աստուածային օգնականութեան, սակայն սատանան որոշ միտքեր կը դնէ անոր մէջ.
-Թերեւս Աստուած որպէսզի քեզի այս երազը տեսնելու արժանի ընէ -ո՞վ գիտէ-, կրնայ ըլլալ որ քեզ աւելի վսեմ բանի մը կը պատրաստէ: Այն վայրկեանին, որ հաւատաս այս խօսքին, ապա սատանան կը սկսի իր գործին եւ իր իշխանութիւնը կը տարածէ այդ երազին վրայ: Սակայն, վերջաւորութեան, Աստուծոյ գութին արժանացաւ, երազ մը տեսաւ ու լսեց ձայն մը, որ կ՚ըսէր.
-Բոլոր երազներդ գրէ՛ եւ Հայր Պաիսիոսին ղրկէ:
Այսպիսով, ինծի նամակ մը ղրկեց, որ իր բոլոր տեսած երազները կը պարունակէր: Սատանան լաւ ձեւով սորվեցուցած էր անոր: Իրական երազներ էին, սակայն բոլորն ալ սատանայէն էին, բացի երկու երազներէ՝ առաջինն ու վերջինը: Աստուած արտօնած էր վերջին երազին, որպէսզի ազատէր զինք մոլորութենէն եւ գիտակցութեան գար: Այդ խեղճը հնազանդեցաւ բոլոր ըսածներուս, որով եւ ազատագրուեցաւ թշնամիին կապանքներէն:
ՄՈԼՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾԻՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ մարդ մը մոլորութեան մէջ ինկած է:
-Կարելի է այդ բանը գիտնալ անոր արտաքին կերպարանքէն: Մոլորութեան մէջ ինկածը արտաքին կեղծ հանգստութիւն կը ձեւացնէ, եւ խոնարհ ու նուրբ կ՚երեւի, մինչ իր ներսիդին բազմաթիւ տարօրինակութիւններ կը պահէ: Եթէ ուշադրութեամբ զննես աչքերը, ապա պիտի նկատես, որ չարչարուած մարդոց կը նայի ինչպէս մրջիւններու: Ապա, խօսքերը որ կ՚արտաբերէ, կը յայտնեն իր իրականութիւնը:
Մարդ մը կայ, որ մոլորութեան մէջ ինկած է, մինչ շատեր զինք սուրբ կը կարծեն. ըսած էր թէ Յիսուս երեւցած է իրեն ձիու մը վրայ նստած եւ ձեռքին շիշ մը գինի, որմէ տուած է իրեն, որպէսզի խմէ, որով այդ ատենէն սկսած տեսիլքներ տեսնելու պարգեւ ստացած է: Անգամ մը, երբ բազմութեան դիմաց կը խօսէր, մէկը հարցուցած է անոր.
-Ինչո՞ւ չեմ կրնար հրաշքներ գործել:
Պատասխանած է.
-Որովհետեւ մեղքեր գործած ես:
Խեղճ հարցնողը սարսափած էր ու շտապած էր մօտս, պատմելու ինծի պատահածին մասին:
Անոր հարցում մը հարցուցի.
-Սուրբերը կը ծաղրե՞ն մարդոց: Սատանան է, որ այդ բանը կ՚ընէ: Չհասկցար, թէ սատանան է խօսողը: Իսկ եթէ մոլորածին ըսածը ճիշդ է, ապա սատանան է, որ կ՚արտաբերէ զայն:
Անգամ մը կին մը պատմեց ինծի, թէ կին մը, որուն մէջ սատանայ կար, անոր ծնողները զինք տարած են մարդու մը մօտ, որ կը պնդէր, թէ ինք սատանաներ կը հանէ: Վերջինս զանոնք հին եկեղեցի մը տարած է, երբ եկեղեցի մտած են, վրան քահանայական զգեստի կտոր մը առած ու հագած է: Ներկաները զարմացած են, թէ ինչպէս աշխարհիկ մը քահանայական զգեստ կը հագնի: Հարցուցած են անոր.
-Դուն քահանա՞յ ես:
Պատասխանած է հարցնելով.
-Ինչո՞ւ, ո՞վ են քահանաները:
Այն ատեն հասկցած են անոր մոլորուածութիւնը ու հեռացած են անկէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 37
8 մայիս 2021, Վաղարշապատ