ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼԵՑՈՒՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ
Տիկ Անի Թորանեան
Եւ Թորանեան ընտանիքի հարազատներ,
Ցաւով իմացանք մեր բոլորին սիրելի տքթ. Թորոս Թորանեանի մահը։ Եթէ կ՚ըսեմ սիրելի, քանի ճանչցած էի զինք պատանեկան տարիներէս սկսեալ։ Տքթ. Թորանեան եղած է մօտիկ բարեկամ մը մեր ընտանիքին եւ Հալէպէն սկսած։ Յաճախ հանդիպած էի իրեն իմ Հալէպ այցելութիւններու ընթացքին, նաեւ պատանեկան-երիտասարդական տարիներէն՝ հօրեղբօրս տքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի հիւանդանոց-բնակարանը։ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն՝ երբ որոշ ժամանակ մը Պէյրութ հաստատուեցաւ, դարձեալ կը տեսնէի զինք։ Ու տակաւին մի քանի առիթներով հանդիպեցանք նաեւ Երեւան։
Բայց տոքթորը աւելիով ճանչցած եմ իր գրական-հասարակական եւ հանրային գործունէութիւններու եւ ներկայացումներու ընդմէջէն։ Ինչքան դիպուկ է եղեր, թէ մարդ մը կրնաս լաւապէս ճանչնալ իր ստեղծագործական աշխատանքին մէջէն եւ, յատկապէս, գրական ու հրապարակագրական մարզի մէջէն։ Գրողի մը էութիւնը դուրս կու գայ նոյնինքն իր գրական աշխատանքներուն եւ գրութիւններուն ոճին ու մտքին մէջէն։ Եւ կը սքանչանայի տոքթորին աշխատասիրութեանը եւ մտաւորական ու ազգային մտքի ամբարած հսկայ հարստութեանը համար։ Ան իր կեանքի տարիներուն մէջէն կուտակած այս «հարստութիւնը» չպահեց ինքն իրեն համար՝ այլ բաժնեց զայն իր ազգին, հայրենիքին, շրջապատին ու իր այդքան սիրած Հալէպին համար։ Եթէ մէկ կողմէ յօդուածներու իր տարափովը՝ նոյնքան նաեւ իր գրած, խմբագրած ու հրատարակած գիրքերու փաղանգով։ Փաղանգ՝ որովհետեւ անոնց թիւը եղաւ հսկայական։ Տքթ. Թորանեան մարդ մըն էր, որուն մէջ ամփոփուած էր հսկայական բանակի տարողութեամբ կեանք մը գիտակցութեան՝ որ առանց յոգնելու ստեղծագործեց եւ «տուաւ» զայն հայութեան։
Տքթ. Թորանեանի գիտակցութիւնը իր ազգային-հայկական ինքնութեանն էր։ Գիտակցութիւնը հայուն մշակութային եւ գրական հսկայական ժառանգին ու աւանդին։ Ու տակաւին գիտակցութիւնը, թէ մարդ պէտք է ապրի Արժէքի կեանք մը կերտելու գրաւականի հիման վրայ։ Արժէքի գիտակցութիւնը կը մղէ այն անձը, որպէսզի արժեւորէ ինք իր անձնական կեանքը՝ նոյնպէս բաժնեկցի զայն իր հաւաքականութեան հետ։ Ահա, այս տեսակի գիտակցական կեանք մըն էր տքթ. Թորանեանի կեանքը, ուր չսակարկեց ո՛չ համոզմունք եւ ոչ ալ սկզբունք ու անդադար տուաւ։ Տուաւ՝ կերտելու համար նոր եւ նորոգող-նորոգուող արժէքներ։
Կեանքը ունի իր սկիզբը-լոյսը եւ որուն պիտի յաջորդէ վերջաւորութիւնը՝ վերջալոյսը։ Բայց այս կեանքի սկիզբ-վերջ (լոյս-վերջալոյս) առանցքին պէտք է մտածել, թէ ինչ գիտակցութեամբ պէտք է ապրիլ Աստուծոյ շնորհած այս կեանքը։ Տքթ. Թորանեանի գիտակցութիւնը եղաւ հայուն համար ապրելու եւ զայն լեցնելու արժէքի կեանքի մը գրաւականովը։ Այս իմաստով՝ պէտք է արժեւորել տոքթորին կեանքը (սկիզբ-վերջ հասկացողութեան ընդմէջէն)՝ նոյնինքն Պօղոս առաքեալի խօսքին մէջէն. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի եւ հաւատքը պահեցի»։
Յարգանք տքթ. Թորանեանի ապրած այս կեանքին, որ եղաւ գիտակցութիւն մը հայուն կեանքին այժէքին համար։ Ան այս արժէքի գիտակցութեանը համար «պատերազմեցաւ» իր համակ կեանքի ընթացքին։ Ան մնաց հաւատարիմ այս գիտակցութեան, քանի «հաւատացած» էր անոր։ Եւ այս հաւատքի գիտակցութեան իրեն սահմանուած երկրային կեանքի «ընթացքը կատարեց»։ Եւ կատարեց զայն միշտ գիտակցելով հայուն արժէքի կեանքի հպարտութեամբ։
Աղօթքով կը միանամ ձեր բոլորին հետ հայցելով Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը։
Ցաւակցօրէն՝
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր քարտուղար՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան
Քուէյթ, 6 յունիս 2021