ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Եթէ քալեցիր անդունդ չհասնող փողոցի մը վրայ,
Ըսէ՛ աղբը հաւաքողներուն.
-Շնորհակալութիւն:
Եթէ առողջ, կենդանի տուն վերադարձար,
Ինչպէս կը վերականգնի բանաստեղծութեան
Յանգը առանց խախտումի,
Ըսէ՛ դուն քեզի.
-Շնորհակալութիւն:
Եթէ բան մը ակնկալեցիր եւ
Նախազգացումդ դաւաճանեց քեզ,
Գնա՛ վաղը, որ տեսնես ո՞ւր էիր,
Ապա ըսէ՛ թիթեռին.
-Շնրհակալութիւն:
Եթէ ամբողջ զօրութեամբդ պոռացիր,
Եւ արձագանգը պատասխանեց.
-Ո՞վ կայ հոն:
Ըսէ՛ ինքնութեանդ.
-Շնորհակալութիւն:
Եթէ վարդի մը նայեցար առանց ցաւելու,
Ապա ուրախացար իրմով,
Ըսէ՛ սրտիդ.
-Շնորհակալութիւն:
Եթէ առտու սթափեցար եւ չգտար
Կոպերդ շոյողներ,
Ըսէ՛ կանխազգացումիդ.
-Շնորհակալութիւն:
Եթէ յիշեցիր անունէդ կամ երկրիդ անունէն բառ մը,
Եղիր բարի զաւակ մը,
Որ Տէրը քեզի ըսէ.
-Շնորհակալութիւն:
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ
Երուսաղէմի մէջ,
Նկատի ունիմ հին պարիսպին մէջ,
Կը քալեմ ժամանակէ ժամանակ,
Առանց զիս հարուածող յիշողութեան:
Հոն, մարգարէները կը բաժնեկցին սուրբ անցեալը...
Երկինք կը համբառնան եւ կը վերադառնան
Նուազ յուզումով եւ հիասթափութեան,
Քանի սէրն ու խաղաղութիւնը սուրբ են, կու գան քաղաք:
Կը քալէի շեղ ճամբու մը վրայ եւ կը շշնջայի.
-Ինչպէ՞ս կը տարբերին պատմիչներուն
Խօսքերը քարին ընդերքի լոյսին մասին:
Արդեօք նօսրալոյս քարէ մը պատերազմներ կը հրդեհի՞ն:
Կը քալեմ քունիս մէջ:
Նայուածքս կը սեւեռեմ երազիս:
Ոչ ոք կը տեսնեմ ետեւս:
Ոչ ոք կը տեսնեմ դէմս:
Այս ամբողջ լոյսը իմս է:
Կը քալեմ,
Կը թեթեւնամ,
Կը թռչիմ,
Ապա ուրիշ մը կ՚ըլլամ, կ՚այլակերպիմ:
Բառերը խոտերու պէս կ՚աճին Եսայի մարգարէին բերնէն.
-Եթէ չհաւատաք, ապահով չէք ըլլար:
Կը քալեմ որպէս ուրիշ մը,
Իսկ վէրքս՝ ճերմակ՝ աւետարանական վարդ մը,
Եւ ձեռքերս, խաչին վրայ, զոյգ տատրակներու պէս
Կը սաւառնին եւ երկիրը կը գրկեն:
Չեմ քալեր, կը թռչիմ, ուրիշ մը կ՚ըլլամ խոկումով:
Ոչ վայր եւ ոչ ժամանակ...
Ո՞վ եմ ես:
Ես ես չեմ մարգարէին երկինք բարձրացած օրը,
Բայց կը մտածեմ՝
Մարգարէ՞ն միայն դասական արաբերէն կը խօսէր,
Ե՞տքը,
-Ի՞նչ ետքը:
Պոռաց յանկարծ ոստիկանուհի մը.
-Դո՞ւն ես նորէն,
Չսպաննեցի՞ քեզ:
Ըսի.
-Սպաննեցիր զիս...,
Իսկ ես մոռցայ, քեզի պէս, մեռնիլ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան