ԼԻԲԱՆԱՆ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽԱՌՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿ ԵՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ
Պէյրութի լուրերը դարձեալ կիզակէտային են։ Պայթումի, մահուան եւ աւերակներու մէջէն իր գլուխը թեթեւ մը վեր բարձրացուցած մայրաքաղաքը անցեալ երկու օրերուն թատերաբեմը դարձաւ մեծ բախումներու։ Քաղաքացիներ հազարներով կը խուժէին մայրաքաղաքի կեդրոնական շրջաններ, մուտք կը գործէին նախարարութեան շէնքեր եւ կը պահանջէին երկրի քաղաքական վերնախաւի բոլոր ներկայացուցիչներուն արագ հրաժարականը։ Բազմաթիւ վիրաւորներու առընթեր, զոհուեցաւ երկրի ներքին անվտանգութեան պաշտօնեան։ Անշուշտ, ցոյցերը, որոնց սկիզբը տրուած էր անցեալ տարուայ հոկտեմբերին, նոր թափ կը հաւաքէին՝ Պէյրութը եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի օրակարգը տակնուվրայ ըրած պայթումէն ետք։
Պայթումի օրակարգը կարծես թէ ձեւով մը ետ կը քաշուէր եւ, ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ զարգացումները պիտի ըլլան բաւական ծանրակշիռ՝ տարողութեամբ եւ բովանդակութեամբ։
Ամէն պարագայի տակ, քաղաքական պարզ վերլուծում մը կատարելէ անդին՝ յստակ է նաեւ, որ Լիբանանը ունի տնտեսական մեծ խնդիրներ եւ առկայ այդ բեռը այսօրուան իշխանութիւններուն կամ վարչապետ Տիապի կառավարութեան համար կրնայ դառնալ «խեղդող օղակ»։
Պէյրութի վերջին ժամերու իրադարձութիւններէն անդին (որոնց մասին տեսնել նաեւ կողքի սիւնակով) զրուցեցինք լիբանանահայ երիտասարդ վերլուծաբան Եղիա Թաշճեանին հետ։ Փորձեցինք լոյսին բերել ո՛չ միայն մեծ պայթումի հանգամանքները, այլ նաեւ՝ անոր հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու հաւանական զարգացումները։
-Մինչեւ հիմա մենք գիտէինք, թէ Լիբանանը կ՚անցնէր տնտեսական տագնապի մը փուլէն։ Ճիշդ է՝ կային քաղաքական մեծ տարակարծութիւններ, բայց խնդիրը կը մնար տնտեսականը։ Այս պայթումը ի՞նչ փոխեց Լիբանանի առօրեային մէջ:
-Տնտեսական ճգնաժամը, որ սկիզբ առաւ հոկտեմբեր 2019-ին, աւելի սաստկացաւ՝ մանաւանդ, վերջին երկու ամիսներուն։ Յունիսի սկիզբին Լիբանանի թղթոսկին գրեթէ արժէք չունէր։ Մէկ ամերիկեան տոլարը 1500 ոսկի էր, բայց սեւ շուկայի մէջ մինչեւ 13.000-15.000-ի հասաւ: Այսօր Պէյրութի մէջ ամերիկեան տոլար կարելի է գնել շուրջ 8.500 լիբանանեանով, բայց կը կարծեմ՝ թէ այս սակը շատ աւելի պիտի բարձրանայ՝ մանաւանդ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աղէտէն ետք: Տնտեսական տագնապէն անդին, պէտք չէ մոռնանք, որ վերջին շաբաթներուն Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ, կարելի է ըսել՝ գրեթէ ամբողջ Լիբանանը մութի մէջ էր։ Իմ բնակած շրջանին մէջ, օրինակ, մօտաւորապէս 18 ժամ ելեկտրականութիւն չկայ: Շատ ցաւալի է՝ նա՛խ գործարանները չեն կրնար աշխատիլ, յետոյ կայ հոգեկան ճնշումը (psychology stress)։ Ո՛չ կրնաս տունէն դուրս գալ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով, ոչ ալ կրնաս գործ մը ձեռնարկել։ Պիտի չխօսիմ քաղաքական վերնախաւի, ընդդիմութեան կամ պետական ուժերու մասին։ Այսօր քաղաքական ամբողջ վերնախաւը նոյնացած է ժողովուրդի աչքին, մարդիկ նոյնիսկ կ՚ըսեն, որ այս բոլոր վերնախաւը կախաղան պէտք է հանել: Այսպէս է այսօր մթնոլորտը։ Չեմ գիտեր՝ ցոյցերը աւելի պիտի սաստկանա՞ն ապագային, բայց իսկապէս ժողովուրդին մէջ վրէժխնդրութեան միտում մը կայ։ Մարդոց տուները քանդուած են, անոնք փողոց ելլելով թիրախ կը դարձնեն նախագահն ու վարչապետը, նախարարները եւ պետական աւագանին։ Թիրախ են նոյնիսկ զինուորական պատասխանտուները, որովհետեւ Պէյրութի նաւահանգիստի այս պայթումին մէջ որոշ չափով նաեւ բանակը պատասխանատուութիւն մը ունի։ Բանակը պատասխանատու է երկրի անվտանգութեան, նաւահանգիստի ապահովման համար: Այդ պայթուցիկ նիւթերու գոյութեան մասին չէինք գիտեր, մեզի համար գաղտնիք էր եւ պետութիւնը պարտաւոր էր ժողովուրդին ըսելու, որ այսպիսի բան մը կայ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ:
Վերադառնալով պայթումի խնդրին, ըսեմ նաեւ, որ մինչեւ հիմա ոչ ոք ճշգրիտ տուեալ կամ տեղեկութիւն ունի դէպքին վերաբերեալ։ Սա արդեօք Իսրայէլէ՞ն հարուած մըն էր։ Այս է գլխաւոր հարցումը՝ մանաւանդ, որ Լիբանանի պետութիւնն ալ պաշտօնական տեսակէտ մը չյայտնեց։ Քաղաքական ճգնաժամը շատ վատ է եւ եթէ պետութիւնը համոզիչ պատասխան մը չտայ ժողովուրդին՝ ես կը կարծեմ, թէ իրավիճակը շատ աւելի պիտի բարդանայ:
-Անկախ պայթումի հետեւանքով յառաջացած աւերուածութենէն, պիտի ըլլան նաեւ տնտեսական շատ ծանր հետեւանքներ։ Ձեր կարծիքով ի՞նչ պիտի ըլլան կարճաժամկէտ հետեւանքները եւ անոնք որքա՞ն լուրջ սպառնալիքի մը պիտի վերածուին Լիբանանի համար:
-Եթէ նայինք մօտաւոր ապագայի տնտեսական ազդեցութեան՝ ես չեմ կարծեր, թէ ամսուան մը ընթացքին հսկայ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Բայց օգոստոսէն ետք՝ շատ հաւանաբար, որովհետեւ Լիբանանի տնտեսութեան մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը Պէյրութի նաւահանգիստի միջոցաւ կ՚իրացուի։ Պիտի տեսնենք, որ շատ դժուար պիտի ըլլայ դեղերու մուտքը Լիբանան, նաեւ ցորենի մուտքը, երկաթեղէնի, նոյնիսկ նաւթի։ Չմոռնանք նաեւ նաւթի նաւերը, որոնք կը մօտենան նաւահանգիստը՝ երկրին ելեկտրականութիւն հայթայթելու համար։ Շատ դժուար կացութեան պիտի մատնուի երկիրը։ Չեմ կրնար ըսել, թէ Թրիփոլիի նաւահանգիստը, ինչպէս այսօր կը խօսուի, պիտի կարենայ Պէյրութի նաւահանգիստի դերը փոխարինել։
Կը խօսուի 5 միլիառ տոլար վնասի մասին, պետութիւնը այդ գումարը չունի նաւահանգիստը վերակառուցելու համար։ Հսկայ նեցուկներու պէտք ունի։ Արդեօք արաբական աշխարհը պատրա՞ստ է այդ մէկը ընելու։ Կարգ մը երկիրներու շահերէն չի բխիր, որ Պէյրութի նաւահանգիստը ունենայ իր նախկին դերն ու ազդեցութիւնը: Իսկ Իսրայէլի գործին երբեք չի գար՝ մանաւանդ, որ Հայֆայի նաւահանգիստը միշտ մրցակցութեան մէջ էր Պէյրութի նաւահանգիստին հետ: Յաջորդ ամիս, վստահ եմ, թէ Լիբանանի թղթոսկին արժէքը շատ աւելի պիտի կորսնցնէ, թերեւս քաղաքական որոշ բարդ իրավիճակներ կրնան ստեղծուիլ, նախարարներ կամ պատգամաւորներ կրնան հրաժարիլ եւ այլն։ Այս բոլորը ազդեցութիւն կրնան ունենալ երկրի տնտեսութեան վրայ։ Կարեւոր է նաեւ կառավարութեան պարագան։ Արդարեւ, կառավարութիւնը մինչեւ հիմա գետնի վրայ հեռու է քաղաքական իրականութենէն։ Ան շատ արագ միջոցներու պէտք է դիմէ, որպէսզի մեծ պետութիւններու տնտեսական ներդրումը ապահովէ եւ եթէ այս մէկը չկատարուի գալիք ժամերուն (չեմ ըսեր ամիսներուն, որովհետեւ այնքան խոր է ճգնաժամը), ապա անկարելի պիտի ըլլայ՝ գալիք տարիներուն երկրի ոտքի կանգնիլը… Երկրի մը տնտեսութիւնը քանդելը շատ դիւրին է, բայց այդ տնտեսութեան վերականգնումը շատ աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի. բարդ ու դժուար գործ է։
-Այս պայթումը որեւէ կերպով առընչութիւն ունի՞ Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործի դատավճռի յայտարարութեան հետ։ Որեւէ կապ կը տեսնէ՞ք այս պայթումի եւ այդ վճիռի արձակման միջեւ՝ մէկ կողմ թողլով անշուշտ դաւադրական վարկածները։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը:
-Ես մինչեւ հիմա որեւէ կապ չեմ տեսներ: «Հիզպուլլահ»ն ալ քանի անգամ յայտարարած է, որ որեւէ կապ չունի դատավճռին հետ՝ նոյնիսկ եթէ այդ դատավճիռը զինքը ամբաստանէ: Ես չեմ նկատեր այդ կապը նաեւ մինչեւ հիմա խօսուածներուն բերումով, թէ պատահածին հիմնական պատճառը փտածութիւնն է։ Անշուշտ, կայ այլ տեսակէտ մըն ալ, ըստ որու պատահածը Իսրայէլի ռմբակոծում մըն էր։ Ես կրնամ ըսել երկուքը միասին են։ Չենք կրնար յստակ պատասխան մը տալ այս հարցումին, որ իսկապէս դժուար է: Դատավճիռը ինչ որ ալ ըլլար, չեմ կարծեր, թէ հսկայ ցնցում մը պիտի պատճառէր երկրին, որովհետեւ արդէն իսկ ժողովուրդը ընկղմած է իր տնտեսական եւ առօրեայ մեծ հոգերուն մէջ։
ԴԷՊԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈ՞ՒՄ
Անկասկած, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի օրեր առաջ Պէյրութ տուած այցելութիւնը մի քանի առումով կարեւոր «պատգամներ» կը կրէր։ Ընկերային ցանցերու վրայ մեծ ուշադրութեան արժանացած Մաքրոնի այցելութեան մասին կ՚ըսուէր, որ ան, մեղմ խօսքով, ֆրանսական նոր նախաձեռնութեան մը սկիզբն էր։ Ուրիշներ, որոնք կը հաւատային, թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Ֆրանսա վաղուց կորսնցուցած էր իր ազդեցութիւնն ու ներկայութիւնը, կ՚ուզէին բացատրել, որ Մաքրոն միջնորդ էր Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի իշխանութիւններուն միջեւ։ Աւելի՛ն, Ֆրանսայի թիւ մէկ դէմքը մեկնած էր իր ձեռքին ունենալով «վերջնագիր-բեմագրութիւն» մը, որու հիմնական կէտը Պէյրութի «ապազինում»ն է։ Այս մէկուն ալ կրնան յաջորդել միջազգային ուժերու վերահսկողութեամբ գործընթացներ։ Տակաւին կը խօսուի նաեւ, որ եթէ «Հիզպուլլահ»ը չընդունի այս պայմանները, ապա նախագահ Մաքրոն յառաջիկայ սեպտեմբերին անգամ մը եւս պիտի այցելէ Պէյրութ եւ ստանալէ ետք իր ներկայացուցած «վերջնագրին» պատասխանը՝ պիտի մեկնի ու մեկնարկը պիտի տրուի բաւական լուրջ գործընթացներու։
Այս ցնցիչ որակուած առաջարկին առընթեր կայ նաեւ արտահերթ խոր-հըրդարանական ընտրութիւններ կատարելու առաջադրանքը, ինչ որ երկրին պիտի տայ նոր եւ համերաշխ քաղաքական կեանք մը ունենալու մեծ առիթը։ Անշուշտ, այս առաջարկները կ՚ընդգրկեն բաւական կարեւոր մանրամասնութիւններ, որոնք նոյնիսկ պարզ աչքով դիտողի համար՝ այդպիսի գործընթացներու իրականանալը բաւական դժուար կը դարձնեն։
Վերադառնալով գետնի վրայի զարգացումներուն, ապա ակներեւ է, որ Լիբանանի ցոյցերը առաջին անգամ կ՚ուղեկցուին հրաժարականներով։
Այսպէս, մինչեւ այս նիւթին գրի առնուիլը, վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութենէն՝ Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտըլ Սամատ եւ Բնապահպանութեան նախարար Տըմեանոս Քաթթար հրաժարած են։ Հրաժարած են նաեւ ութ պատգամաւորներ։ Հրաժարականներու այս «տոմինոյանման» փուլը կարծես թէ պիտի շարունակուի։ Այս պատճառով Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապ յայտնուած է բաւական բարդ վիճակի մը մէջ։ Ան առաջին անգամ «կտրուած սիրտ»ով կ՚արտայայտուէր իր «երթալու» հաւանականութեան մասին։ Կ՚ըսէր, որ ինք պատրաստ է երկիրը կառավարել երկու ամսուան շրջանի մը համար, եւ աւելի վերջ պիտի կատարուին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ, որով ալ պիտի կազմուի նոր կառավարութիւն մը։ Սա կը նշանակէ, անշուշտ, որ վարչապետ Տիապի «թեքնոքրաթ» շղարշով հանրութեան ներկայանալու բոլոր փորձերը ձախողած են։
Տնտեսական փլուզում, ելմտական անկայունութիւն, արժոյթի անկում ու քորոնաժահրի տագնապ… Տիապ կարողացաւ դիմադրել այս բոլորին։ Իր մասին կ՚ըսեն նաեւ, որ ամերիկեան շահերու ներկայացուցիչն է։ Ան այսօր ամուլ վիճակի մը մատնուած է եւ սա հարկաւ թէ կապ ունի Պէյրութի մեծ պայթումին հետ։ Աւելի քան 150 զոհերու առընթեր, կան 5 հազարէ աւելի վիրաւորներ եւ շուրջ 300 հազար քաղաքացիներ անպատսպար դարձան։ Այս համայնապատկերին վրայ ո՛չ միայն Տիապի քաղաքական գոյութիւնը վտանգուած է, այլեւ՝ անկումի եզրին հասած են այն բոլոր հիմնական դերակատարները, որոնք երկրի քաղաքական խաղը իրենց ձեռքերուն մէջ կը պահեն։
Առկայ մեծ հարցականներու պայմաններով, նախագահ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ բացաւ Լիբանանին օժանդակելիք երկիրներու առաջին խորհրդաժողովը, որու կազմակերպումը յոյսի նշան մըն է երկրին համար։ Ժողովի աւարտին Մաքրոն յայտարարեց, որ արդէն իսկ 250 միլիոն ամերիկեան տոլար հանգանակուած է։ Ան նշեց, որ այդ գումարները կրնան տրամադրուիլ միմիայն բարեփոխումներու պայմանով։ Սա, անշուշտ, կը նշանակէ, որ միջազգային դերակատարները պատրաստ են դարձեալ ոտքի հանել Լիբանանը՝ պայմանաւ, որ բոլոր կողմերը հասկնան եւ ընկալեն պահու լրջութիւնը։
Աւարտին հարկ է անպայման նշել, որ Լիբանանը ցնցած այս մեծ պայթումը կրնայ յարմար առիթի մը վերածուիլ՝ միայն այն պարագային, եթէ քաղաքական բոլոր կողմերը հասկնան պահու լրջութիւնը ու տեսնեն նաեւ, որ ժողովուրդի աչքերուն արիւն կայ։ Պէտք չէ անտեսել, որ փողոց դուրս եկած ժողովուրդը պատրաստ է ամէն տեսակ արկածախնդրութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան