ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՏԻԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Մօտ էր հրեաներուն Զատիկը» (Յհ 11.49):

Մեկնութիւն. Զատիկը ազատութիւն կը լսուի, իսկ Պասքայն՝ անցում: Նախապէս երեք Զատիկներու մասին ըսուեցաւ, ասիկա չորրորդ Զատիկն է, որու ընթացքին Քրիստոս չարչարուեցաւ:

 Հին Զատիկը գառնուկով Նորը կ՚օրինակէր. նախ՝ ինչպէս գառնուկին զենումով Եգիպտոսէն ազատեցան, իսկ «մեր Զատիկը՝ Քրիստոս զենաւ» (Ա. Կր 5.7), որով ազատեցանք եգիպտական խաւարէն: Երկրորդ. ինչպէս գառնուկին արիւնով անոնց [դրան] սեմերը օծուեցան, որ՝ մեր զգայութիւնները կը խորհրդանշէր, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ, եւ որովհետեւ բոլոր հրեաները Զատիկին պարտաւոր էին Երուսաղէմ գալ, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Այդ գաւառէն շատեր Երուսաղէմ ելան» (Յհ 11.55):

Մեկնութիւն. նախ՝ Հրէաստանէն, եւ դարձեալ՝ Եփրայիմ գաւառէն, ուր Քրիստոս Իր աշակերտներով եկաւ:

Խօսք. «Որպէսզի Զատիկէն առաջ մաքրեն իրենց անձերը» (տե՛ս Յհ 11.55):

Մեկնութիւն. նախ՝ որպէսզի Զատիկին անհրաժեշտ բանը գնեն՝ ոչխար, գառնուկ, եւ այլն: Երկրորդ. որպէսզի մաքրուին, այսինքն՝ լուացումով, պահքով, մազերը կտրելով ու աղօթքով, որպէսզի արժանապէս ճաշակեն Զատկի գառը: Արդ, եթէ անոնք իրենք զիրենք կը մաքրեն օրինակին [խորհրդանիշին] համար, ինչքան աւելի պարտաւոր ենք մենք մեր անձերը մաքրել աղօթքով ու բարի գործերով, որպէսզի արժանապէս ընդունինք Աստուծոյ Ճշմարիտ Գառնուկը, այսինքն՝ Քրիստոսի մարմինը, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս. «Մարդ ինքզինք թող փորձէ» (Ա. Կր 11.28), եւ այլն: Այստեղէն յայտնի է, թէ մոլորուած են նեստորականները, Յակոբիք ասորիներն ու շատ ուրիշներ, որոնք չեն խոստովանիր ու ապա կը ճաշակեն Քրիստոսի մարմինը, քանի որ հրեաներէն ու [զՔրիստոս] խաչ հանողներէն շատ աւելի անահաւատ կ՚երեւին:

Խօսք. «Անոնք Յիսուսը կը փնտռէին, եւ երբ տաճարին մէջ հաւաքուած էին՝ իրարու կը հարցնէին.

-Ի՞նչ կը կարծէք. արդեօք տօնին առիթով հոս պիտի չգա՞յ» (Յհ 11.56):

Մեկնութիւն. կրկնակի է իմացումը. ոմանք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոսի բարեկամներէն էին ու փափաքով կը խնդրէին վարդապետութիւնը եւ Քրիստոսի հրաշքներուն լուրը, ու կը զարմանային, թէ ինչպէ՞ս չէր եկած ժողովուրդը ուսուցանելու համար. իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ հակառակորդներ էին, որոնք կ՚ուզէին սպաննել զԻնք, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ: Սակայն, առաջին տեսութիւնը աւելի պատշաճ կը թուի քան վերջինը, որովհետեւ կ՚ըսուի, թէ ատոնք գաւառէն եկած էին, ուրկէ կ՚երեւի, թէ զՔրիստոս դաւաճանողներ չէին, ինչպէս երուսաղիմացիները:

Խօսք. «Պատուիրուած էր անոնց, Անոր տեղը իմանալ» (տե՛ս Յհ 11.57):

Մեկնութիւն. Աւետարանիչը տարակուսողներուն պատասխան կու տայ, թէ հրեաներուն չարութեան պատճառով որոշ ժամանակ մը քաշուած էր, իսկ իմանալը, այսինքն՝ գիտնալ կամ մատնել, կամ ցուցնել, կամ չծուլանալ [անտարբեր չգտնուիլ] կը լսուի:

ԿԱՅԻԱՓԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Այստեղ կը հարցուի, թէ Կայիափան ինչպէ՞ս ճշմարիտ մարգար էր: Կ՚երեւի, թէ այո, երկու պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Բաղաամին ալ Թուոցին մէջ ճշմարիտ մարգարէ կ՚ըսուի (Թւ 22, 23), եւ ան ալ չար մարդ մըն էր, այդպէս ալ Կայիափան էր՝ չար մարդ ու ճշմարիտ մարգարէ, քանի որ երբեմն չարերուն Աստուծմէ մարգարէութիւնը կը պարգեւուի: Երկրորդ. որովհետեւ բնագիրը կ՚ըսէ, թէ մարգարէացաւ, որ Յիսուս պիտի մեռնէր (հմմտ. Յհ 11.51): Արդարեւ, եթէ մարգարէ չէ, ապա Աւետարանին խօսքերը ի դերեւ կ՚ելլեն: Ըստ այսմ կ՚առարկուի, թէ Կայիափան ստեց, ապա ուրեմն մարգարէ չէ, որովհետեւ ան Քրիստոսի թշնամիներուն ըսաւ, թէ լաւ է ձեզի համար, որպէսզի մէկ մարդ մեռնի, իսկ Քրիստոսի մահը զԻնք սպաննողներուն համար օգտակար չեղաւ, իսկ ճշմարիտ մարգարէն սուտ բան չ՚ըսեր, ապա ուրեմն Կայիափան մարգարէ չէր:

Նոյն վարդապետները կը պատասխանեն, թէ երկու բաներ կը պահանջուին ճշմարիտ մարգարէին համար. առաջին՝ որպէսզի ճշմարիտ ճանաչում ունենայ իրերուն նկատմամբ, որ այլ մարդոց համար անյայտ է, քանի որ եթէ մէկը որոշակի երեւում ունի, սակայն չի՛ ճանչնար ճշմարիտ նշանակութիւնը, մարգարէ չ՚ըսուիր, ինչպէս երազատեսները, ինչպէս փարաւոնը (հմմտ. Ծն 41), եւ Նաբուգոդոնոսորը (հմմտ. Դն 2) երազներ տեսան սակայն նշանակութիւնը չիմացան, մարգարէ չեն, իսկ Յովսէփն ու Դանիէլը, որոնք նոյն բաները [երազները] իմացան, մարգարէներ կ՚ըսուին: Երկրորդ. մարգարէին համար պէտք է անյայտ իրին ճանաչումը բարի հոգիին միջնորդութեամբ ըլլայ, որովհետեւ Առաքեալը Հոգիին պարգեւներէն մէկը կը թուէ մարգարէութիւնը, իսկ եթէ չար հոգիէ մը ըլլայ իրին ճանաչումը, որ սատանան կը յայտնէ այդ մարդուն, պարզապէս ճշմարիտ մարգարէ չ՚ըսուիր, այլ՝ նուաստական բաղադրեալ բառ մը, ինչպէս կ՚ըսուի. «Բահաղի մարգարէ» (հմմտ. Գ. Թգ 18.22), կամ բարձրունքներու, կամ անտառի, եւ այլ սոյնպիսի բաներ: Օրինակի համար, մեռած մարդուն պարզաբար մարդ չ՚ըսուիր, նոյնպէս ալ այստեղ, իսկ երբ կը հարցուի, թէ Կայիափան մարգարէ է, կ՚ըսենք, թէ ճշմարիտ մարգարէ չէ, որովհետեւ Տիրոջ չարչարանքներուն անյայտ ճանաչումը չունէր, որ պիտի պատահէր մարդկութեան փրկութեան համար, այլ՝ անոր դիտաւորութիւնը միայն այն էր՝ խորհուրդ տալ Քրիստոսի մահուան համար, որպէսզի սպաննեն զԻնք հռոմայեցիներու վախէն: Սակայն, ինչպէս վարդապետները կ՚ըսեն, թէ Սուրբ Հոգին, առանց Կայիափայի գիտութեան, շարժեց անոր լեզուն, որովհետեւ անոր խօսքը Քրիստոսի մահը կը խորհրդանշէր, որ մարդոց փրկութեան համար [ըլլար], սակայն իրեն ճշմարիտ մարգարէ չ՚ըսուիրր, քանի որ առանց իր գիտութեան ըսաւ այդ խօսքը, ինչպէս Բաղաամին էշին ալ բանական կենդանի չ՚ըսուիր, թէեւ խօսեցաւ, ինչպէս կ՚ըսէ Թուոցի քսաներկուքին մէջ (հմմտ. Թւ 22.21-35), որովհետեւ այդ խօսքերը ըստ էշի ներքին ճանաչումին չէին, այլ՝ աստուածային ներգործութենէն, նոյնպէս ալ այստեղ Կայիափան իր յատուկ մտածողութենէն խորհեցաւ եւ ըստ սատանայի ազդեցութեան՝ Քրիստոսի մահուան համար, սակայն անոր խօսքը, որ կը խորհրդանշէր Քրիստոսի չարչարանքները մարդոց փրկութեան համար, իր կողմէ չիմացուեցաւ, ապա յայտնի է, թէ ըստ նշանակութեան անոր խօսքը մարգարէական էր, սակայն իրեն մարգարէ չ՚ըսուիր, որովհետեւ իր մարգարէական խօսքը չէր ճանչնար, ինչպէս Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Մարգարէացաւ առանց գիտնալու թէ ի՞նչ կ՚ըսէր, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքը միայն անոր բերանին կը պատշաճէր», նոյն բանը այլ վարդապետներ եւս կ՚ըսեն:

Այստեղ կրնան առարկել, թէ միեւնոյն գործը չի՛ կրնար երկու հակառակներու պատճառ ըլլալ, իսկ Կայիափայի լեզուին շարժումն ու անոր խօսքին ձեւը ըստ այսմ երկու հակառակ պատճառներէ կ՚ըլլար, այսինքն՝ Աստուծոյ բարի դիտաւորութենէն եւ Կայիափայի չար դիտաւորութենէն:

Վարդապետները կը պատասխանեն, թէ միեւնոյն քարը կրնայ ըստ բնութեան իր բնական ծանրութենէն դէպի վարդ գլորուիլ, իսկ մարդուն կամաւոր շարժումէն, որ դէպի վեր կը նետէ քարը, նոյնպէս Կայիափայի լեզուն Աստուծմէ շարժուելով խօսեցաւ խօսքը եւ միաժամանակ իր չար դիտաւորութենէն եւ կամքէն: Եւ դարձեալ, օրինակ, ինչպէս բազմաթիւ շարժողներ կրնան միասին նոյն նաւը շարժել, այդպէս ալ բազմաթիւ ազդումներ կրնան իրի մը վրայ մէկ շարժում կատարել, թէեւ մէկը չար դիտաւորութեամբ, իսկ միւսը՝ բարի:

Երկրորդ. մէկը կրնայ առարկել, թէ բնագիրէն յայտնի չէ, թէ Կայիափան Սուրբ Հոգիով մարգարէացաւ, այլ կը թուի, թէ չար հոգիով, ինչպէս ոմանք կ՚ըսեն:

Վարդապետները կը պատասխանեն, թէ բնագիրը աւելին կը ցուցնէ, թէ Սուրբ Հոգիով մարգարէացաւ չորս պատճառի համար. նախ՝ քահանայական օծումին ու պատիւին համար: Երկրորդ. որովհետեւ Քրիստոսի մեծ փառքին համար է, որ Կայիափան Սուրբ հոգիով մարգարէացաւ [մարդոց] փրկութեան համար Քրիստոսի մահը, քան թէ սատանայով: Երրորդ. քանի որ սատանային յայտնութեան մարգարէանալ չ՚ըսուիր, ինչպէս այստեղ կ՚ըսէ: Չորրորդ. հաւատալի չէ, թէ սատանան իր կամքով կը յայտնէր մեր ազատութիւնը՝ Քրիստոսի մահուամբ, ապա յայտնի է, թէ Սուրբ Հոգիով մարգարէացաւ, թէեւ չէր գիտեր՝ թէ ի՞նչ կ՚ըսէր:

Արդ, պատասխանենք երկու առարկութիւններուն, որոնք սկիզբը եղան: Առաջինին համար այսպէս կ՚ըսենք. թէեւ Բաղաամը չար էր, սակայն ճշմարիտ ճանաչումը ունէր անյայտ բաներուն, ինչպէս Թուոցի քսաներեքին մէջ գրուած է: Իսկ Կայիափան այդպիսի ճանաչում չունէր, ատոր համար մարգարէ չէր, ճանաչման պակասութեան համար եւ ոչ թէ չարութեան համար: Երկրորդին մասին կ՚ըսենք, թէ Կայիափան մարգարէացաւ, ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ, այսինքն՝ մարգարէական խօսք ըսաւ, սակայն ո՛չ թէ ինքն իրմէ, այլ՝ Սուրբ Հոգիով առանց Կայիափայի գիտութեան, այդ պատճառով մարգարէ չէր ըսուէր: Ապա յայտնի է խօսքիդ լուծումը, ինչպէս համառօտաբար ցոյց տրուեցաւ:

Այսքանը այս մասին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 114

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021