ԱԿՆԱՐԿ - 27 - ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵ՞Ր ԹԷ՞ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Միշտ կողմնակից եղած եմ համահայկականութեան, այլ խօսքով՝ միասնականութեան: Միշտ ջատագովը եղած եմ եւ եմ տակաւին, որ պահելով հանդերձ մեր իւրայատկութիւնները, անձնական, ընկերային, հասարակական, կուսակցական, եկեղեցական, մշակութային եւ այլ իւրայատկութիւնները, միասնականութիւն կարենանք դրսեւորել առաջնային հարցերուն մէջ, ինչպիսին են Ազգը, Հայրենիքը, Եկեղեցին, Լեզուն, Մշակոյթը:
Չեմ գիտեր, եթէ նկատած էք, դժբախտաբար մենք վերածուած ենք ժողովուրդի մը, որու համար արժէքները կենացներէ անդին չեն անցնիր, որու համար արժէքները պատին կախուած գեղեցիկ պատկերներու նման են, որու համար արժէքները յատուկ ուշադրութեամբ ապահով տուփի մը մէջ պահուած են:
Արդարեւ, կենացներու ժամանակ մեզմէ աւելի հայրենասէր, եկեղեցասէր, ազգասէր ու մշակութասէրը չկայ:
Մեր արժէքներու մասին խօսելու անհրաժեշտութիւն երբ ըլլայ, մենք կրնանք ժամերով խօսիլ, ներկայացնել ամենէն վառ եւ պսպղուն գոյներով ու երանգներով:
Մեր արժէքները պահելու հրամայականին դիմաց երբ կանգնինք, այնպէս մը կը պահենք, այնպէս մը կը պահպանենք զանոնք, որ ճանճն իսկ չի՛ կրնար մեր գծած սահմաններէն ներս ներթափանցել:
Իրականութեան մէջ սակայն՝
Կենացները կ՚անցնին իրենց հետ տանելով հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնը:
Արժէքներու մասին խօսելու մեր պատրաստակամութիւնն ու վարպետութիւնը կը փոշիանան, երբ առաջին իսկ առիթին այդ արժէքները կեանքի կոչելու հրամայականին դիմաց յայտնուինք:
Արժէքները պահելու պահպանելու խաբկանքն ալ ի դերեւ կ՚ելլէ, երբ առաջին իսկ խելամիտ հարցումին ականջալուր ըլլալով, կը կարկամինք ու չե՛նք կրնար համոզիչ պատասխան մը տալ, որովհետեւ իրականութիւնը այն է, որ չե՛նք գիտեր, թէ ի՛նչ կը պահենք ու կը պահպանենք, մեր պահած ու պահպանած արժէքներուն գիտութիւնը չունինք, զանոնք արտաքնապէս կը պահենք, կը մաքրենք, փոշիները կ՚առնենք, կը փայլեցնենք, բայց տուփին մէջ ի՞նչ կայ՝ չե՛նք գիտեր եւ ո՛չ ալ երբեք հետաքրքրուած ենք տուփի պարունակութեամբ, մեզի համար կարեւորը արտաքինն է…
Դժբախտաբար մեր այսօրուան որդեգրած ապրելակերպը այս է, եւ այս ապրելակերպով մենք մեզ կը խաբենք թէ հայ ենք, կը սիրենք մեր հայրենիքը, կը պաշտենք մեր մայրենին, կը յարգենք մեր եկեղեցին, լիիրաւ ժառանգորդն ենք մեր մշակութային հարստութեան, եւ այլն, եւ այլն:
Օրեր առաջ Կիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Համահայկական ամառնային ութերորդ խաղերուն: Ընթերցողը պիտի ըսէ, գիտենք, տեղեկացանք, կը հետեւինք, ի՞նչ սխալ կայ ասոր մէջ: Ո՛չ մէկ սխալ: Պարզապէս, անդին, Արցախ անունով հայկական հողակտոր մը կայ, որ այսօր աւելի քան երկու հարիւր օրեր շրջափակման մէջ է, ուր մեր ազգակիցներէն հարիւր քսան հազար հայորդիներ օրհասական պահեր կ՚ապրին, ամէն օր մահուան ու կեանքի պայքար մղելով:
Աշխարհով մէկ՝ Հայաստան եւ սփիւռք ձայն կը բարձրացնէ յանուն արցախահայութեան, բողոքներ, ցոյցեր եւ դիմումներ կը կատարուին, աշխարհին լսելի դարձնելու համար մեր ձայնը եւ կանխելու համար մարդկային մեծ ողբերգութիւն մը՝ որու հաւանականութիւնը օր-օրի կ՚աճի ու կը սաստկանայ: Ականատես կը դառնանք բազմաթիւ նկարներու ու տեսաերիզներու, որոնք կը ներկայացնեն արցախահայութեան ապրած տագնապալից վիճակը: Հարիւր-հազարաւոր մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ, տարեցներ ձգուած են անորոշութեան, հակառակ կատարուող բոլոր փորձերուն:
Այս բոլորին լոյսին տակ եւ նկատի ունենալով արցախահայութեան դիմագրաւած օրհասական օրերը, այս տարուան Համահայկական ամառնային խաղերը պարզապէս անտարբերութեան պիտակը փակցուցին մեզի եւ մեր ճակատներուն ամօթի ու խայտառակութեան խարանը դրոշմեցին:
Ինչպէ՞ս կարելի է ուրախանալ, մեծաշռինդ հանդիսութիւն/ներ կատարել, խաղային մրցումներ կազմակերպել, երբ անդին, ընդամէնը մի քանի հարիւր քիլօմեթր անդին թշնամին շրջափակած է մեր քոյրերն ու եղբայրները, մահուան սարսուռով սնուցելով զանոնք:
Ինչպէ՞ս կարելի է մասնակից դառնալ խաղերու, երբ անդին հազարաւոր հայ երեխաներ զրկուած են բնականոն սնունդէ, բնականոն պայմաններէ:
Ի՞նչ հոգեբանութեամբ կարելի է նման ձեռնարկի մը մասնակից դառնալ ու ուրախանալ, երբ անդին հազարաւոր հայորդիներ անորոշութեան մէջ են:
Ի՞նչ հոգեբանութեամբ կարելի է նման ձեռնարկի մը մասնակից դառնալ ու ուրախանալ, երբ անդին հազարաւոր հայորդիներ անորոշութեան մէջ են:
Ի՞նչ հոգեբանութեամբ կարելի է նման խաղեր կազմակերպել, երբ Արցախը այսօր կանգնած է գոյութենական պայքարի դիմաց:
Կարելի՞ չէր արդեօք այս տարի գոնէ յանուն մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն չկազմակերպել այս խաղերը, կարելի՞ չէր արդեօք այս խաղերուն վրայ ծախսուած հսկայ գումարները ուղղորդել դիւանագիտական հզօր քարոզչութիւն տանելու ի շահ Արցախի ներկայ դրութեան: (…)
Փաստօրէն կարելի չէր, որովհետեւ մեր սին ու փուճ նախասիրութիւնները շատ աւելի կարեւոր էին եւ են քան արցախահայութիւնը… ցաւ ի սիրտ:
Ի՞նչ կը կարծէք աշխարհը չի՞ տեսներ այստեղ կատարուած իրադարձութիւնները, եւ ի տես ու ի լուր այս բոլորին, ի՞նչ կը կարծէք յանուն արցախահայութեան բարձրացուցած ձայնն ու բողոքները՝ իրենց լո՞ւրջ պիտի ընկալեն, թէ պիտի ծիծաղին, ծաղրեն ու անտեսեն մեզ, ըսելով, չենք հասկնար, մէկ կողմէ Արցախի կարգավիճակին մասին կը խօսիք, անդին սակայն, քէֆերու մէջ էք, հազարաւոր մարդիկ եկած են Հայաստան ու խաղերու կը մասնակցին…
Ընթերցողներուն ներողամտութիւնը կը խնդրեմ այս յօդուածիս համար, բայց ամօ՛թ է մեզի, պարզապէս ամօթ: Եւ այդ ամօթը՝ որ այս տարուան Համահայկական խաղերուն խարանն է, մէկ անուն կրնայ ունենալ՝
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
8 օգոստոս 2023, Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024