ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Է.
ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԱՐԳԱՐԷ ՉԷ
Հարցում. Պէ՞տք է Քրիստոսին մարգարէ ըսել, թէ ոչ:
Պատասխան. Պարզաբար մարգարէ չենք ըսեր Քրիստոսին, այլ՝ բաղդատաբար, ուստի յայտնի է, անոնք որոնք հաւատքը կատարեալ կերպով ունէին, կ՚ըսէին՝ սա՛ է Քրիստոսը, իսկ անկատար հաւատք ունեցողները կ՚ըսէին՝ ճշմարիտ մարգարէն է: Նախ՝ մարգարէութիւնը շնորհներու մասնաւոր գիտութիւն է, իսկ գիտութիւնը Քրիստոսի մէջ՝ շնորհքներուն լրումն է արգանդին մէջ Բանին միութեամբ: Երկրորդ՝ նսեմաբար հանճարին գիտութիւնը, ուստի յայտնի է, որ երանելիները ըստ Պօղոսի կը փոխուին մարգարէութեան, իսկ գիտութիւնը Քրիստոսի մէջ՝ պայծառ լուսաւորութիւն էր քան երանելիներունն ու հրեշտակներունը, ապա ուրեմն Քրիստոս մարգարէ չէ, այլ՝ բաղդատութեամբ մարգարէ կը կոչուի: Նախ, որովհետեւ մարգարէութիւն է ծածուկ բաներուն գիտութիւնը, այսինքն՝ ներկայի, անցեալին եւ հանդերձեալին, իսկ այս գիտութիւնը Քրիստոս ունէր: Երկրորդ, որովհետեւ մարգարէն Աստուծոյ պատգամները կը բերէ, եւ այդպէս կը կոչուի Քրիստոս, ըստ այնմ. «Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած, բացի Միածինէն, Ան պատմեց [ճանցուց մեզի Հայրը]» (Յհ 1.18):
Իսկ անոնք որոնք մինչեւ խաչելութիւնը մարգարէ եւ ուղեւոր կ՚ըսեն Քրիստոսի, այսինքն՝ ճանապարհորդ, իսկ խաչելութենէն ետք՝ ըմբռնող, ատոնք կատարեալ ուրացողներ են եւ նեստորականներ՝ չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ մեզի հաւասար կը ցուցնեն Քրիստոսը՝ ոչինչով առաւել, քանի որ մենք ալ հասարակ յարութեան ժամանակ կը փոխուինք: Երկրորդ՝ արգանդէն Աստուած չեն ըսեր ու անապական մարմինով ծնած: Երրորդ՝ Վերնատան մէջ չեն ըսեր, որ անապական մարմինը բաշխեց, այլ՝ ապականացու, որ չի՛ փրկեր ճաշակողները: Չորրորդ՝ որովհետեւ անոնց Ալպէրթ Վարդապետ կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս միաժամանակ ճանապարհորդ էր եւ ըմբռնող՝ իր յղացման պահէն սկսեալ:
Արդ, ճանապարհորդ էր ըստ մարմինի տնօրէնութեան մահուամբ եւ յարութեամբ փառքի մէջ մտնելուն, իսկ ըմբռնող, որովհետեւ բանական իմացմամբ զմայլեալ էր աստուածային փառաց միաւորութեամբ, եւ այս փառքով կը կ՚ըմբռնէր Քրիստոս բոլոր հունաւորները ներգործութեամբ, եւ կը ճանչնար բոլոր անհունները գերազնաց տեսութեամբ:
Այսքանը այս մասին:
ԳԼՈՒԽ Ը.
Եւ այստեղ է աւելորդ աւետարանը, որ շնացող կնոջ մասին է, որ մենք Աւետարանին վերջաւորութեան դրինք անոր մեկնութիւնը1:
Եւ այստեղ դարձեալ Քրիստոսի լուսաւոր վարդապետութեան մասին կը ճառէ ու կ՚ըսէ.
Խօսք. «Յիսուս դարձեալ խօսեցաւ» (Յհ 8.12):
Մեկնութիւն. Այս թիւը ըստ կարգին ութերորդ գլուխն է եւ չորրորդ՝ ըստ հատորին:
Նոյնպէս, ան որ Աստուծոյ կը զուգուի տեւողութեամբ եւ յաւիտենականութեամբ, Աստուած է, իսկ Քրիստոս նոյնպէս Աստուծոյ կը հաւասարի, ապա ուրեմն Քրիստոս Աստուած է:
Քրիստոսի յաւիտենականութիւնը այստեղ չորս կերպով կը ցուցնէ. նախ՝ որովհետեւ շնացող կինը արձակելէն ետք երկխօսութիւն եղաւ Քրիստոսի, դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն միջեւ, ու Քրիստոս պատասխան տուաւ. «Ես վերէն կու գամ եւ այս աշխարհէն չեմ» (տե՛ս Յհ 8.23): Երկրորդ՝ ամէն ինչի արարչութեամբ, որովհետեւ ով որ ամէն բան կ՚արարէ, յաւիտենական է՝ ըսելովը. «Ես եմ Ան՝ որ սկիզբէն իսկ կը խօսէր ձեզի հետ» (տե՛ս Յհ 8.25): Երրորդ՝ մշտնջենաւորութիւն պարգեւելէն՝ ըսելով. «Ով որ Իմ խօսքերս գործադրէ՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յհ 8.51), եւ այլն: Չորրորդ՝ Քրիստոսի Աբրահամէն առաջ [նախքան] ըլլալը:
«Յիսուս դարձեալ խօսեցաւ». երեք բան կ՚ուզէ ուսուցանել. նախ՝ «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը» (Յհ 8.12): Երկրորդ՝ «ով որ Ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ» (Յհ 8.12): Երրորդ՝ «այլ՝ պիտի ունենայ կեանքին լոյսը» (տե՛ս Յհ 8.12):
Առաջինին մասին այստեղ կը ճառէ, երբ փարիսեցիները կ՚ըսեն Անոր: Երկրորդը այնտեղ, երբ Յիսուս դարձեալ կ՚ըսէ անոնց. «Ահա Ես կ՚երթամ եւ պիտի փնտռէք զիս» (տե՛ս Յհ 8.21): Երրորդը այնտեղ, ուր կ՚ըսէ. «Լաւ գիտցէք, թէ ով որ Իմ խօսքերս գործադրէ՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յհ 8.51):
ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ԼՈՅՍ Է
Իսկ այստեղ ցոյց կու տայ նախ Քրիստոսի լուսաւոր եւ մեծ վարդապետութեան մասին, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Յիսուս դարձալ խօսեցաւ ժողովուրդին, ըսելով.
-Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը» (Յհ 8.12):
Մեկնութիւն. Քրիստոսի վարդապետութիւնը մեծ է երեք պատճառով.
Նախ՝ Քրիստոսի յատուկ մեծութեան համար, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը», որովհետեւ միւս սուրբերը լոյս չեն, այլ՝ ա՛յս Լոյսէն լուսաւորուածներ, ըստ այնմ. «[Բանն] էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը» (Յհ 1.9):
Երկրորդ. այս լոյսին բարութեան մասին կ՚ըսէ.
Խօսք. «Ով որ Ինծի կը հետեւի՝ խաւարին մէջ պիտի չմնայ» (տե՛ս Յհ 8.12):
Մեկնութիւն. Քրիստոսի հետեւիլը երթալը հաւատքով եւ սիրով հետեւիլն է Անոր, եւ Ան որ այդպէս Քրիստոսի ետեւէն կ՚երթայ, մեղքերու եւ անգիտութեան խաւարին մէջէն չի քալեր, եւ դժոխքի խաւարին չի՛ հասնիր:
Երրորդ. այս լոյսի պտուղին մասին կ՚ըսէ.
Խօսք. «Այլ՝ կեանքի լոյսը պիտի ունենայ» (տե՛ս Յհ 8.12):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ այստեղ մեր հանճարը կը լուսաւորուի զԱստուած տեսնելով, իսկ մեր կամքը կը վերանայ՝ զԱստուած կատարելապէս ընդունելով, իսկ այնտեղ՝ յաւիտենական կեանքը, որ անստուեր լոյսն է եւ անմահութիւն:
Դարձեալ՝ ինչպէս Եսային կ՚ըսէ. «Զաբուղոնի երկրին մէջ մեծ լոյս ծագեցաւ» (հմմտ. Ես 9.1-2), այսինքն՝ ոչ թէ մարգարէ, այլ՝ Լոյսէն Լոյս, ո՛չ թէ Գալիլիայէն, այլ՝ երկինքէն, ո՛չ թէ միայն Իսրայէլի, այլ՝ բոլոր հաւատացեալներուն:
Դարձեալ, չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ Ես ըսելը, կը ցուցնէ Բանին եւ մարմինին միաւորութիւնը: Երկրորդը՝ եմ, քանի որ մշտնջենաւոր է: Երրորդ՝ լոյս բնութեամբ: Չորրորդ՝ աշխարհի, մեծութիւնը, ինչպէս արեգակին լոյսը:
ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Փարիսեցիները ըսին.
-Դուն ես Քու անձիդ մասին վկայութիւն տուողը, հետեւաբար այդ վկայութիւնը ընդունելի չէ» (Յհ 8.13):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ հաստատ կամ ընդունելի չէ: Եւ գիտելի է, թէ վկայութիւնը կը հաստատուի ու կը ճշմարտուի ստոյգ ճանաչումին համար, ու այդ պատճառով մարդուն ինքն իր մասին տուած վկայութիւնը հաստատ չէ, որովհետեւ թէեւ մարդը ստուգապէս ինքզինք կը ճանչնայ, սակայն մարդը միշտ ինքզինք անկարգաբար աւելի կը սիրէ եւ անչափ սիրելուն պատճառով իր ճանաչումը կը կուրնայ, եւ այդ պատճառով իր վկայութիւնը անհաստատ կ՚ըլլայ, իսկ Աստուած Ինքզինք եւ բոլորը ստուգապէս կը ճանչնայ, ու Անոր սիրոյն մէջ թերութիւն չկայ, ու այդ պատճառով Ինքի Իր մասին տուած վկայութիւնը ճշմարիտ է: Իսկ մարդուն Աստուծոյ մասին տուած վկայութիւնը անհաստատ է՝ ճանաչումի պակասութեան պատճառով, հետեւաբար [Քրիստոսի տուած] վկայութիւնը ճշմարիտ է, թէեւ Ինքն Իր մասին կը վկայէ, որովհետեւ ճանաչումի պակասութիւն չունէր եւ ո՛չ ալ սիրոյ անկարգութիւն, ո՛չ Իր Աստուածութեան եւ ո՛չ ալ մարդկութեան մէջ, ինչպէս կ՚ըսէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 77
Վաղարշապատ
1 {Քանի որ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին չի աւարտել այս Աւետարանի մեկնութիւնը, հետեւեաբար այս հատուածը չի մեկնուել: Մատթէոս Ջուղայեցին աւարտին հասցնելով այս գործը եւս չի անդրադարձել այս հատուածին} (Մեկնութիւն Յովհաննու Աւետարանի, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, Ծանօթագրութիւններ, էջ 623, Տպ. Ս. Էջմիածին, 2002):