ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

4. Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ, ԵՐԲ ՏԱՆ ՄԷՋ ՎԱՐԱԿԸ ԻՆԿԱԾ Է

Երբ տան մը մէջ խոլերա ինկած է, անհրաժեշտ է, ինչպէս արդէն ըսած էինք, հիւանդը հիւանդանոց կամ լազարէթ տեղափոխել: Եթէ այդ անկարելի է, պէտք է միւս բոլոր բնակիչները տունէն հեռացնել. իսկ եթէ այդ ալ հնարաւոր չէ, գոնէ պէտք է հիւանդը առանձին սենեակի մը մէջ պահել, ուր ո՛չ ոք պէտք է մտնէ բացի հիւանդապահէն: Ցաւակցաբար, մեր գիւղերուն մէջ տուները յաճախ մի միայն մէկ հացատունէ բաղացած է, որ թէ՛ խոհանոց է, թէ՛ ճաշարան, թէ՛ ննջարան եւ թէ՛ ախոռ: Այդպիսի բնակարաններու մէջ, անշուշտ, հնարաւոր չէ հիւանդը առանձնացնել եւ այդ պարագային կը մնայ միայն բաւարարուիլ, ինչքան կարելի է, մաքրութիւն ապահովելով. հեռացնել փսխածն ու դուրս գացածը եւ ախտահանել այն ամէնը, ինչի վրայ ինկած են այդ աղտոտութիւններէն: Հիւանդը խնամելու համար անոր մօտ պէտք է մէկը մնայ (ընդհանրապէս մայրը կամ կինը): Այս հիւանդապահը նոյնպէս կրնայ հիւանդանալ, եթէ ան խստօրէն չպահէ հետեւեալ բոլոր զգուշութիւնները: Ան հիւանդին մօտ մտնելէն առաջ պէտք է վերը յիշուած շապիկը հագուի եւ դուրս եկած ատեն՝ հանէ, պէտք չէ երբեք այդ սենեակին մէջ բան մը ուտէ կամ խմէ, իսկ ուրիշ սենեակի մը մէջ ճաշի նստելէ առաջ անպայման պէտք է լուայ եւ ախտահանէ իր ձեռքերն ու երեսը (տե՛ս ախտահանիչ միջոցներ), իսկ բերանը մի քանի անգամ բորային թթուուտի խառնուրդով ողողէ (թէյի բաժակի մը մէջ՝ տաք ջուրի մէջ հալեցուցած եւ ապա սառեցուցած): Հիւանդ պահողը իր անձին մասին պէտք է նոյնպէս ամենէն խիստ կերպով մաքրութիւն պահպանէ: Այդ զգուշութիւններով ան կրնայ հիւանդին մօտ ըլլալ եւ խնամել զինք՝ առանց ինքն ալ հիւանդանալու:

5. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՆԱՄԵԼ ՀԻՒԱՆԴԸ

1. Հիւանդը պէտք է ամենէն մեծ, ամենէն մաքուր եւ լուսաւոր սենեակին մէջ պառկեցնել: Այդ սենեակէն պէտք է դուրս հանուած ըլլամ այն բոլոր իրերը, որոնք անհրաժեշտ չեն. այն է՝ կահ-կարասիները (մանաւանդ փափուկները), գորգերը, վարագոյրները, նկարները, գիրքերը, եւ այլն, եւ ձգել մի միայն երկու մահճակալ (մէկը հիւանդին, միւսը՝ զինք խնամողին համար), սեղան մը, աթոռներ եւ ամենէն կարեւոր իրերը:

2. Հիւանդին սենեակը պէտք է օրական մի քանի անգամ օդափոխուի: Սենեակը պէտք է տաք ըլլայ (15-16 աստիճան րէօմիւրի ջերմաչափով):

3. Հիւանդին արտաթորածն ու փսխածը պէտք է առանձին ամանի մէջ հաւաքել (գարշօկ), կիրով կամ որեւէ մէկ ախտահանիչ դեղով ծածկել եւ դուրս տանիլ:

4. Յատակն ու կարասիքը, եթէ ասոնք արտաթորութիւններով կամ փսխուքով կեղտոտած են, պէտք է սպունգով կամ շորով մաքրել, որ պէտք է կարպոլեան թթուուտի կամ սուլեմայի լուծուածքներու մէջ մաքրել: Եթէ յատակը հողէ է, պէտք է կեղտոտած տեղին վրայ անմիջապէս նոր հանգցուած կիր ցանել:

5. Աղտոտած սպիտակեղէնը, լուացքի տալէ առաջ, պէտք է կաւէ կամ փայտէ ամանի մը մէջ հաւաքել, որու մէջ լեցուած պէտք է ըլլայ որեւէ ախտահանիչ դեղ: Այս սպիտակեղէնը պէտք չէ խառնել ուրիշներու հետ, այլ՝ ամբողջութեամբ առանձին լուալ եւ որքան կարելի է երկար ժամանակ եփ տալ սոտա կամ ուրիշ աղ մը պարունակող ջուրին մէջ:

Ծանօթութիւն. Լուացած սպիտակեղէնն ու հագուստներն ալ գիւղերուն մէջ կարելի է թոնիրին մէջ կախել ու չորցնել:

6. Երբ հիւանդը լաւնայ կամ մեռնի, անոր անկողինն ու սպիտակեղէնը լաւ կ՚ըլլայ այրել, այս պատճառով ալ աղքատ ընտանիքներուն մէջ կրնան անկողինները խոտով լեցնել:

7. Եթէ հիւանդը մեռնի, դիակը պէտք է սաւանի մը մէջ փաթթել, որ պէտք է թրջուած ըլլայ սուլեմայով կամ կարպոլեան թթուուտի խառնուրդով (կարպոլաջուրով): Դագաղը պէտք է գամել եւ ինչքան կարելի է խորունկ թաղել ու վրայէն հաստ շերտ մը հանգցուած կիր լեցնել:

6. Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ ՄԻՆՉԵՒ ԲԺԻՇԿԻՆ ԳԱԼԸ

Մենք ըսած ենք, որ խոլերայի ժամանակ ստամոքսի ամէն տեսակի խանգարումները պէտք է լուրջ կերպով բժշկել: Այս պատճառով իւրաքանչիւր կասկածելի դէպքի պարագային, անմիջապէս պէտք է բժիշկի դիմել:

Մեր կողմէն հետեւեալ խորհուրդները կու տանք.

1. Հիւանդը անմիջապէս անկողին պառկեցուցէ՛ք, փորին մանանեխ (sinapisme) դրէ՛ք, կամ դրէ՛ք կանեփի սերմէ ծրար, կամ թէ ոչ պարկ մը, որու մէջ լեցուած ըլլայ տաքցուած աւազ կամ թեփ (օր. փայտի մանրուք, որ սղոցելէն կը գոյանայ): Ժողովուդրը կը սիրէ տաքցուած ագուռ եւ խոտ. ատոնք ալ լաւ են: Կարելի է նաեւ հիւադին ոտքերուն արանքն ու կողքերը եռացած ջուր լեցուած շիշեր շարել, որոնք պէտք է փաթթուած ըլլան մաքուր շորով:

2. Եթէ հիւանդը կը փսխէ կամ լուծ ունի, խմելու համար շաքարաջուր տուէ՛ք՝ լեմոնի կամ նուռի հիւթով, իսկ աւելի լաւ կ՚ըլլայ, եթէ անոր բաժակ մը ջուր խմցնէք, մէջը 10-15 կաթիլ աղատթթուուտ (acidum muriaticum) կաթեցուած: Եթէ չի՛ դադրիր փսխելը, կտոր-կտոր սառոյց տուէք կլլելու, իսկ եթէ այդ ալ չօգնէր, եւ աւելի եւս, եթէ լուծ ալ սկսած է, պէտք է Բօտկինի կամ Ինզեմցեվի կաթիլներ տալ (մեծահասակին 20-25 կաթիլ ջուրով՝ երկու-երեք ժամը անգամ մը, իսկ եթէ փսխելը յաճախ կը կրկնուի, նոյնիսկ ժամը մի քանի անգամ):

3. Եթէ հիւանդին ոտքերն ու ձեռքերը կը ձգձգուին (որ մեծ ցաւեր կը պատճառէ անոր), պէտք է ցաւող անդամը մերսել կտոր մը ֆլանէլով կամ կոշտ մահուտով: Կարելի է նաեւ մերսել կտոր մը շորով, որ պէտք է մանանեխի կամ քաֆուրի սպիրտի մէջ թաթխել:

4. Շնչարգելութեան եւ սիրտի բաբախումի դէմ կը գործածեն Վալերիանի եւ Հօֆֆմանի կաթիլներ (15-20 կաթիլ, օրը մի քանի անգամ). իսկ նուաղութեան եւ ուշագնացութեան դէմ, բացի այդ, պէտք է նաշատրի ոգիով հոտ տալ քիթին:

5. Եթէ հիւանդին անդամները սառած են, պէտք է տաք ջուրի շիշերով տաքցնել, ինչպէս վերը ըսինք:

6. Երբեք պէտք չէ ականջ դնել հէքիմներուն եւ պառաւներուն, որոնք իրենց տգէտ խորհուրդներով եւ վնասակար միջոցներով կը շեղեն ժողովուրդը: Օրինակ, անոնք հիւանդէն արիւն կ՚առնեն, ինչ որ չափազանց վնասակար է, որովհետեւ աւելի եւս կը թուլացնէ հիւանդը եւ ուղղակի կրնայ սպաննել զինք, քանի որ առանց արիւն առնելու ալ հիւանդը շատ ջուր կը կորսնցնէ լոյծ եղած եւ փսխած ժամանակ եւ անոր արիւնը արդէն թանձրացած է: Պէտք է խոյս տալ նմանապէս եւ զանազան պառաւական բոյսերէն ու «քոլերէն», որոնցմէ միայն վնաս կայ եւ երբեք օգուտ: Օրինակ, անցեալ 1902-ի համաճարակին ժամանակ Ալեքսանդրապոլի մէջ մեծ վնաս հասցուց ժողովուրդին զինուորականի մը գոված «Կալգան» բոյսը, որ այդ պարոնին ըսելով, իբրեւ թէ «հաստատ դեղ» էր խոլերային դէմ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 6 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022