«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՈՐ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՎՐԱՅ ՎԵՐՑՆԵՆՔ

-Ո՜վ Ռոնտա. երբեմն չեմ կրնար անիրաւութիւնը ընդունիլ, աւելին՝ անկումիս պատասխանատուութիւնը ուրիշին վրայ կը նետեմ:

-Դուն ուրիշներուն բեռները չե՛ս վերցներ վրադ սէրէն մղուած, այլ՝ կ՚ուզես որ քու ծանր բեռներդ նետես հիւանդ՝ ոչ առողջ մարդուն վրայ: Դուն կարիք ունիս հոգեւոր զօրութիւն ձեռք ձգելու, որպէսզի մեղքիդ պատասխանատուութիւնը կրես:

Այնքան ինչքան մեր վրայ կը կրենք ուրիշներուն յանցանքները եւ յաւելեալ ծանրութիւն կը դնենք մեր վրայ, այդքանով Արդար Աստուածը կ՚ազատագրէ մեզ այդ ծանրութենէն եւ մեր մէջ կը դնէ աստուածային մխիթարութիւնը:

Ան որ յաղթանդամ մարդ մը, երկու պարկ թրծաշաղախ վերցնէ որպէսզի հանգստացնէ տկարակազմ մարդ մը, չի՛ հաւասարիր ուրիշի մը յանցանքը վերցնելուն ու զայն իրը ընելուն, կարծէք թէ ի՛նքն է յանցաւորը: Այստեղ կը կայանայ առաքինութիւնն ու խոնարհութիւնը:

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ է աստուածային արդարութիւնը:

-Աստուածային արդարութիւնը այն է, որ ընես այն՝ ինչ որ ուրիշը կը հանգստացնէ: Այն է, որ ուրիշին տաս, ո՛չ թէ ունեցածիդ կէսը, այլ՝ ինչքան որ կ՚ուզէ, այն է, որ լաւը տաս եւ վատը պահես քեզի: Այն է, որ շատը տաս ու քիչը քեզի պահես, տաս առանց հաշիւի: Ենթադրենք, որ քոյրերէն մէկը մեզի տասն հատ սալոր բերաւ. եթէ այդ սալորները մեր մէջ բաժնեցինք կէսով, այդ պարագային մարդկային արդարութեան սահմաններուն մէջ կ՚ըլլանք. սակայն, եթէ տեսայ, որ սալոր կը սիրես ու մէկ հատով բաւարարուիմ ու միւսները քեզի ձգեմ, պնդելով, որ սալոր չեմ սիրեր ու ցոյց տալով, թէ սալորը փորս կը ցաւցնէ ու աղիքներուս կը վնասէ, այդ պարագային աստուածային արդարութեան սահմաններուն մէջ կ՚ըլլամ:

-Հետեւաբար ի՞նչ է մարդկային արդարութիւնը:

-Այն է որ ոեւէ մէկուն հետ բան մը բաժնեկցիս, կէսը անոր տաս ու միւս կէսը քեզի պահես:

-Ո՜վ Ռոնտա. հոգեւոր կեանքին մէջ ո՞րն է մարդկային արդարութեան տեղը:

-Մարդկային արդարութիւնը հոգեւոր մարդոց համար չէ, այլ՝ արգելակ մըն է աշխարհիկ մարդոց համար: Հոգեւոր մարդը չի՛ կամենար զայն, որովհետեւ -աստուածային արդարութեան հետ համեմատելով-, ոչինչ է: Իսկ աշխարհիկ մարդը, որ մարդկային արդարութիւնը կը գործադրէ այս կեանքին մէջ, հանգստութեան համը չ՚ունենար եւ ճշմարիտ ուրախութիւնը չի զգար: Ենթադրենք, որ երկու եղբայրներ ունին հողակտոր մը, որ տասը հազար քառակուսի մեթր է: Մարդկային արդարութիւնը կը թելադրէ, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը այդ հողակտորէն հինգ հազար մեթր առնէ, մինչ աստուածային արդարութիւնը կը թելադրէ, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը այդ հողակտորէն առնէ այնքան՝ ինչքանին պէտք ունի: Եթէ եղբայրներէն մէկը իր եղբօրմէն աւելի պարզ պաշտօն մը կը վարէ եւ թէ իր ընտանիքի անդամներուն թիւը շատ աւելի է քան իր եղբօր ընտանիքինը, այն ատեն պէտք է մեծ բաժինը առնէ: Անարդարացի է, որ երկուքը այդ հողակտորը կէսով բաժնեկցին:

Սակայն, աշխարհիկ մարդը, չի՛ մտածեր իր եղբօր մասին, որ ապրուստի դժուարութիւններ կը կրէ: Չի՛ հասկնար, թէ բաժանումը որ պիտի կատարէ՝ արդարացի չէ, ինք հոգեւոր կերպով չի՛ մտածեր: Իսկ եթէ նկատողութիւն ընես անոր՝ ըսելով, որ պէտք է իր կարօտ եղող եղբօր աւելի մեծ բաժին տայ, կը պատասխանէ քեզի, թէ չե՛մ անիրաւեր զինք: Եթէ հոգեւոր մարդ է, պէտք է ընդունի իր եղբօր կատարած բաժանումը, նոյնիսկ եթէ իր բաժինը հազար մեթր մնայ (տասը բաժիններէն մէ՛կ բաժին միայն), ու պէտք է համոզէ իր կինն ու զաւակները՝ եթէ անոնք առարկեն: Աւելի՛ն, պէտք է լուռ մնայ, որպէսզի իր եղբայրը հանգիստ զգայ:

Ուշադրութիւնս գրաւած է Աբրահամի մեծահոգութիւնը: Երբ Աբրահամի ու Ղովտի հովիւներուն միջեւ հողին համար եղող վիճաբանութիւնը սկսաւ աճիլ, Աբրահամ Ղովտին մօտ գնաց ու ըսաւ. «Մենք եղբայրներ ենք եւ պէտք չէ վիճաբանինք: Ո՞ւր կ՚ուզես երթալ»: Ղովտը մարդկայնօրէն շարժեցաւ եւ Սոդոմի ու Գոմորի երկիրը ընտրեց, նկատի ունենալով որ կանաչ է եւ խաշնարածութեան համար յարմար: Իսկ Աբրահամ աստուածային արդարութեամբ շարժեցաւ ու ուրախացաւ, որ Ղովտ բերրի երկիրը ընտրեց եւ փափաքեցաւ իր եղբօր՝ Ղովտին հանգստութիւն պարգաւել: Սակայն…, վերջաւորութեան ի՞նչ պատահեցաւ Ղովտին (Ծն 13.1-13):

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ է Աստուծոյ արդար դատաստանը:

-Աստուծոյ արդար դատաստանը համբերատարութիւնն է, խոնարհութիւնը եւ սէրը: Աստուած շա՜տ արդար է, սակայն շա՜տ ալ գթած է եւ Իր գթութիւնը աւելին է քան Իր արդարութիւնը: Օրինակ մը տամ քեզի, որպէսզի հասկնաս. եթէ մէկը առիթ ունեցած չըլլայ զԱստուած ճանչնալու կամ Անոր մասին լսելու, ապա այդպիսին չի՛ դատուիր այն վիճակով՝ որուն մէջ է, այլ՝ այն վիճակով՝ եթէ զԱստուած ճանչցած ըլլար: Ապա, Աստուած արդար պիտի չըլլար: Աստուածային արդարութեան հաշուեչափերը կը տարբերին այլ հաշուեչափերէ. արդարեւ մէկ առաւել մէկ անպայմանօրէն երկու կրնայ չըլլալ:

-Ո՜վ Ռոնտա. աստուածային արդարութիւնը ինչպէ՞ս կը գործադրուի սխալած մարդու մը համար:

-Մարդկային արդարութիւնը պատիժ կը սահմանէ կատարուած յանցանքի մը համար: Իսկ աստուածային արդարութիւնը կ՚ըսէ. եթէ սխալդ գիտակցեցար ու զղջացիր, ուրեմն թողութիւն կը ստանաս:

Մարդկային օրէնքը մեղմութեամբ կը դատէ մարդ մը, որ յանցանք մը գործեց եւ անկեղծօրէն զղջաց ու փութաց ինքզինք յանձնելու կամաւոր կերպով: Ապա եթէ մարդիկ մեղմութեամբ կը դատեն, հապա ի՜նչքան աւելիով Արդար ու Բազումողորմ Դատաւորը:

Մենք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ենք: Ան կը հետեւի մեզի եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին սիրտը կը ճանչնայ: Այնքան ատեն որ աստուածային արդարութիւնն ու վարձատրութիւնը կան եւ Աստուած կը սիրէ մեզ -եւ ա՛յս է կարեւորը-, ապա իւրաքանչիւր բարի գործ՝ որ մարդը կը գործէ, ապարդիւն չ՚անցնիր: Այս պատճառով, ով որ մարդոցէ արդարացում կը փնտռէ, այդպիսին կորսուած ու տկար է:

Այն ինչ ուշադրութիւնս գրաւած է, թէ երբ մարդ կ՚անիրաւուի ու աստուածային արդարութիւնը կ՚իրագործուի, ապա Աստուած այս աշխարհին մէջ ալ կ՚արդարացնէ զինք: Երբ բանակին մէջ կը ծառայէինք, հրամանատարը եկաւ եւ որոշ զինուորներու մետայլներ տուաւ: Այդ օր բացակայ էի, երբ կարգս եկած է, Թսալիայէն զինուոր մը յառաջացած ու մետայլս առած է: Միւս զինուորները լուռ մնացած են, վախնալով որ այդ զինուորը կը բանտարկուի՝ որովհետեւ խաբեց: Հրամանատարին երթալէն ետք այդ զինուորը պահուըտած է, վախնալով որ յանկարծ միւս զինուորները կը ծեծեն զինք: Երբ վերադարձայ, ա՛լ աւելի սկսաւ վախնալ ու մօտենալով ինծի, ըսաւ. «Ներէ՛ ինծի: Այսպէս-այսպէս բան մը ըրի»: Պատասխանեցի անոր. «Շատ ալ լաւ ըրիր ու մետայլը առիր, ես ի՞նչ պիտի ընեմ զայն»: Հանգստացաւ ու զինուորական շքերթներու ժամանակ սկսաւ կրել զայն: Քառասուն տարի ետք, Թսալիայէն հրամանատար մը Վանք (Ալ Սորոթի վանք) եկաւ, որպէսզի ինծի Մեծն Աղեքսանդրի մետայլը յանձնէ: Երբ տեսայ զինք, շրթներուս վրայ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ: Ի՞նչ. քառասուն տարի ետք: Ուշադրութիւն դարձուր, զինուորը որ մետայլը առաւ՝ թսալիացի էր, եւ բանակի հրամանատարը Թսալիայէն եկաւ:

Տեսա՞ր, թէ իրողութիւնները ինչպէս կը պատահին: Եթէ արդարացում փնտռեցինք՝ այստեղ կը կորսնցնենք ամէն բան, ինչպէս նաեւ կը կորսնցնենք այն բաները, զորս Յիսուս հանդերձեալ կեանքին համար կը պատրաստէ մեզի համար: Աշխարհիկ փուճ բաներու պատճառով կրնայ ըլլալ որ յաւիտենական շատ աւելի կարեւոր բաներ կորսնցնենք: Աշխարհի վրայի անցողիկ բաները երկինքին մէջ արժէք պիտի չունենան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

•շար. 14

3 դեկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020