ՅԻՄԱՐ ՁՈՒԿԸ

Որսորդ չկար գետին քով:

Ձուկերը զուարթ ու հանգիստ կը լողային արեւոտ ջուրին մէջ:

Կրտսեր ձկնիկներէն մէկը մօտեցաւ երէց ձուկի մը եւ ըսաւ անոր.

-Ես չեմ կրնար բացատրել ձուկերուն ատելութեան եւ վախին պատճառը՝ որսորդներէն:

Երէց ձուկը զարմացած պատասխանեց կրտսերին.

-Այս խօսքը կ՚ըսէ միայն ան, որ չի սոսկար որսորդներէն եւ չ՚ատեր զանոնք:

Կրտսերը ըսաւ.

-Եւ ինչո՞ւ սոսկամ որսորդներէն եւ ատեմ զանոնք: Օրին մէկը, երբ անոնց ուռկանին մէջ ինկայ, հետաքրքրութեամբ եւ սիրողաբար քննեցին զիս, ապա վերադարձուցին ջուրին մէջ:

Երէցը ըսաւ.

Քեզ վերադարձուցին, քանի փոքր ես տարիքով եւ չափով  եւ չունիս միս, որ եփուի ու ուտուի:

Կրտսերը ըսաւ.

-Երբ մեծնամ՝ ամբողջ կարողութիւնս պիտի տրամադրեմ որսորդներուն եւ ձուկերուն միջեւ ատելութիւնը նուազեցնելու:

Երէց ցուկը յորդորելով ըսաւ կրտսերին.

-Ուշադի՛ր եղիր, քանի երբ մեծնաս՝ որսորդները պիտի որսան քեզ, ծախեն ճաշարաններուն եւ անունդ արձանագրեն իրենց ամէնօրեայ ճաշացանկերուն մէջ:

Կրտսեր ձուկը մեղադրեց երէցին, քանի ան այպանեց ձուկերը սիրող որսորդները:

Երէցը ըսաւ.

-Տարբերութիւնները մեծ են ձուկերը սիրողներուն եւ զանոնք ուտելը սիրողներուն: Կը ցաւիմ, որ ժամանակը անցնելէն առաջ՝ ուշադրութիւն չես դարձներ այս տարբերութիւններուն:

Կրտսեր ձուկը չփոխեց իր կարծիքը եւ ոգեւորութեամբ շարունակեց պաշտպանել որսորդները:

Երէց ձուկը զայրացած հեռացաւ ձկնիկէ մը, որ կը սիրէ զինք որսացողներն ու ուտողները:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021