ՄԻՋՆԱԴԱՐՈՒ ԾԱՂԿՈՂՆԵՐՈՒՆ ՊԷՍ. ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ԱՐԹԻՆ ԵՒ ԿԱՊԻ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Ի զուր չէ, որ Երուսաղէմի սրտին վրայ գոյացած է «Հայկական թաղամաս» անունով մկրտուած եւ մեծ մասամբ հայերով բնակուած պատմական հատուածը։

Երկար դարերու պատմութիւն եւ մեծ անցեալ ունին սաղիմահայերը ու արհեստի եւ արուեստի կերտիչներ են։ Ճիշդ է, որ անոնց թիւը նօսրացած է այսօր, բայց եւ այնպէս, պատմական ժառանգութեան ներուժով մինչեւ այդ ափերը նաւարկած եւ կայք հաստատած հայերը կարողացած են ոտքի մնալ՝ շնորհիւ իրենց «ոսկեայ ձեռքեր»ուն։ Միջնադարու ծաղկողներու, փորագրողներու, նկարողներու նման անոնք իրենց մէջ ծուարած եւ պահուած արհեստները կամաց-կամաց կեանքի կոչելով՝ ստեղծած ու կերտած են պատուաբեր գործեր։ Յախճապակիի վրայ գործեր, փորագրումներ, պատկերներ, սրբապատկերներու վրայ նախշել, նաեւ անցեալէն մեզի աւանդ մնացած գործերու վրայ նորոգութիւններ... Ահա այն բոլորը, որուն շուրջ մինչեւ մեր օրերը կը շարունակեն «ապրիլ ու ապրեցնել» մեր հայրենակիցները, յաճախ դառնալով տեղական թէ միջազգային մամուլի ուշադրութեան կեդրոն։

Պատկերը աւելի ամբողջական դարձնելու համար ստորեւ կը ներկայացնեմ սաղիմահայ Արթին Նալպանտեանի եւ անոր որդւոյն՝ Կապիին մասին արաբերէն լեզուով պատրաստուած յօդուածը, որ վերջերս լոյս տեսած էր «Ալհայա» թերթին մէջ եւ կը կրէ պաղեստինցի լրագրող Ուսամա Ալ-Իսայի ստորագրութիւնը։

Արթին Նալպանտեան (Ապու Կապի) եւ անոր որդին՝ Կապին, կը պահպանեն Երուսաղէմի տեղական սրբապատկերներու արուեստը, որ վերջին տասնամեակներուն եւ տարբեր պատճառներով կ՚ապրի խորքային անկում մը։

Հայկական թաղամասի սրտին՝ Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ կը գտնուի Ապու Կապիին արուեստանոցը, ուր ան արդէն յիսուն տարիէ ի վեր կ՚աշխատի Երուսաղէմի սրբապատկերներու արուեստով, իսկ անոր որդին՝ Կապին, այնտեղ կ՚աշխատի 1987 թուականէն ի վեր։

Արթինը փոքր տարիքէն սկսեալ նկարած է խեցեղէնի վրայ, որմէ ետք զբաղած է ատաղձագործութեամբ, մինչեւ որ սկսած է աշխատիլ սրբապատկերները վերանորոգելու արուեստով։ Ան իր տաղանդը փոխանցած է որդւոյն՝ Կապիին, որ դարձաւ պատկերագրող եւ հնագոյն սրբապատկերներ վերականգնող։ Այս աշխատանքը ընտանիքին եկամուտի հիմնական աղբիւրն է։

Վերջերս «Պաղեստինի ժառանգութեան պատմութիւն»ը կազմակերպած է Երուսաղէմի սրբապատկերներու մասին ծանօթացման ծրագիր մը՝ ՄԱԿ-ի հիմնադրամի կողմէ գանձատրուող «Ֆորսա» նախագիծի որպէս մաս:

Երուսաղէմը «ընդգրկեց» սրբապատկերներու արուեստը եւ ծառայեց որպէս նաւամատոյց այս տեսողական արուեստին համար, ինչպէս նաեւ դարձաւ անոր արտադրութեան եւ նորարարութեան կեդրոնը: Քրիստոնեայ, արաբ 17-րդ դարուն, սրբապատկերներուն վրայ ստեղծեցին առաջին արաբական արձանագրութիւնները։ Եուսըֆ Ալ-Հալապին կը նկատուէր պատկերագրութեան ռահվիրաներէն մին։ Կային նաեւ Հալէպէն եկած այլ ընտանիքներ, ինչպէս՝ Թատրոս ընտանիքը, որոնք տեղափոխուած էին Երուսաղէմ եւ կը զբաղէին այս արուեստով: Արաբական պատկերագրութեան ռահվիրաները նպաստած են աստուածաշնչեան գրութիւններու կամ պատմութիւններու տարածման։

Երուսաղէմցի այս նկարիչներէն ոմանք նկարչութիւն սորված են տեղի պատկերագրութեան դպրոցին մէջ, եւ անոնք իրենց սրբապատկերներուն վրայ կը ստորագրէին իրենց անունները արաբերէն լեզուով, որուն կը յաջորդէր «Երուսաղէմցի» բառը, ինչպէս որ նշուած է Աստուածաշունչին մէջ: Շատեր, իրենց գեղարուեստական աշխատանքէն ոգեշնչուելով սկսան նկարել նաեւ գեղարուեստական ​​նկարներ, որոնք կը ներկայացնէին քաղաքական կամ հասարակական իրադարձութիւններ, ինչպէս նաեւ յայտնի անձնաւորութիւններու պատկերներ։ Շատեր հետաքրքրուած էին բնութեան նկարչութեամբ: Երուսաղէմցի այս արուեստագէտներէն էին՝ Ժըրեոս Ժաուհարիա (1910), Խալիլ Հալապի (1889-1964), Նիքոլա Ալ-Սայէղ (1863-1942), Մուպարաք Սաատ (1964-1880), Նահիլ Պշարա (1919-1997), Սուֆի Հալաբի (1906-1998), Զուլֆա Ալ-Սաատի (1905-1988) եւ ուրիշներ։

Պատմելով սրբապատկերներուն մասին՝ Կապին ըսաւ, թէ այս արուեստը սկսած է Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներէն՝ Ղուկաս աւետարանիչի ժամանակ, երբ ան պատկերեց Սուրբ Կոյս Մարիամը։ Իւրաքանչիւր արուեստագէտ դարերու ընթացքին դրած է իր դրոշմը, սակայն գերակայողը եղաւ Բիւզանդական պատկերագրութիւնը։ Այս արուեստը սկիզբ առաւ 1759 թուականին, երբ սրբապատկերներու դպրոց հիմնուեցաւ Երուսաղէմի Սուրբ Խաչ վանքի մէջ, ուր տեղացիները ուսանեցան եւ սկսան նկարել իւրայատուկ ոճով մը, որ կոչուեցաւ «Երուսաղէմեան ոճ»: Այնուհետեւ մուտք գործեցին այլ ոճեր՝ փոխարինելով Երուսաղէմի դպրոցը, իսկ բիւզանդական դպրոցները վերադարձան գերիշխելու սրբապատկերներու արուեստին մէջ: Կապին կը շարունակէ. «Ես վերադարձայ՝ շարունակելու համար հօրս արուեստը եւ վերակենդանացնելու տեղական այս կարեւոր դպրոցը։ Ես Բեթղեհէմի մէջ դասընթացքներ տուած եմ, բայց դժուարութիւններու հանդիպեցայ աշխատանքային սրահ մը ապահովելու կապակցութեամբ։ Անհրաժեշտ է գտնէք մէկը, որ հետաքրքրուած է այս արուեստով։ Գործը դիւրին չէ»։

Ի դէպ, սրբապատկերներու արուեստը ժառանգած է, օրինակ, Թայատըրս ընտանիքը: Անոնց հինգ սերունդները սորված են այս արուեստը, որուն համար ալ անոնք հպարտութեամբ կ՚արտայայտուին։ Անոնք չեն փափաքիր հրապարակել այդ արուեստի գաղտնիքները: Երուսաղէմի մէջ սրբապատկերներ նորոգելու արուեստը կերպով մը կը մնայ «փակ» եւ «գաղտնի» ու այդ արուեստին նուիրեալները, կարծէք լռելեայն ուխտ մը կատարած են իրենց ունեցած հմտութիւնները միայն ընտանեկան սեղմ օղակի մը մէջ պահելու։

Այս առումով ալ հայազգի Կապի կ՚ըսէ. «Այս արուեստը ես սորված եմ Ռուսաստանի մէջ, ապա փորձած եմ ինքնաշխատութեամբ յառաջ երթալ այս գործին մէջ եւ այսօր վստահ եմ, որ փորձառութիւնը մեծ դեր ունի այս արուեստի զարգացման մէջ»։

Երուսաղէմեան եւ բիւզանդական դպրոցներու միջեւ եղած տարբերութիւններու մասին խօսելով՝ Կապի կ՚ըսէ. «Բիւզանդականը, ընդհանրապէս բնութիւն չի պատկերեր, ան աւելի կը կեդրոնանայ ոգեղէնի վրայ։ Արուեստագէտները կ՚օգտագործեն մուգ գոյներ դէմքեր պատկերելու ժամանակ, ոչ բաց՝ բնական գոյներ։ Իսկ մենք՝ Երուսաղէմեան արուեստին հետեւողներս, կը միաւորենք բիւզանդականն ու դասականը մէկ կշռոյթի տակ։ Մեր նկարած դէմքերը աւելի յստակ են եւ լայն, աչքերը՝ աւելի մեծ։ Մեր գոյները աւելի բազմազան են եւ զարդարանքները՝ շատ աւելի յստակ»։

Իսկ հիմա ո՞վ հետաքրքրուած է Երուսաղէմի պատկերագրութեամբ՝ հարցումին Կապի կը պատասխանէ. «Մենք հիմա աւելի շատ կ՚աշխատինք յոյներու հետ։ Մեր աշխատանքներէն ամենաշատը կը գնեն Ուղղափառ եկեղեցիները Յունաստանէն եւ Ռուսաստանէն»:

Սրբապատկերներու արուեստին մէջ օգտագործուող հումքի մասին Ապու Կապին կ՚ըսէ. «Մենք կ՚օգտագործենք գունաւոր հող՝ հաւկիթի դեղնուցով, քացախով եւ ջուրով։ Հողը պատրաստուած է բնական քարերէ, որոնք մանրացուելով կը խառնուին հաւկիթի դեղնուցին մէջ»։

Իսկ Կապին կը շարունակէ ըսելով. «Իւրաքանչիւր հաւկիթի դեղնուցի հետ մէկ ճաշի դգալ հող կ՚աւելցնենք եւ կը խառնենք քացախջուրին հետ»։

Ան նաեւ կ՚ըսէ, թէ իւրաքանչիւր նկարիչ ունի իր դրոշմը. «Հնարաւոր չէ, որ նկարիչի մը աշխատանքը նմանի ուրիշ նկարիչի մը գործին։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր շունչն ու ստորագրութիւնը»։

Կապի իր արուեստանոցին մէջ տեղադրած էր Բեթղեհէմի Կոյսին պատկերը, որ փորագրուած էր զարդարանքով հարուստ մետաղի մը վրայ։ «Երուսաղէմի սրբապատկերը կ՚առանձնանայ իր ոսկեզօծ հիմքով, հարուստ նախշերով եւ լայն երեսներով», կ՚ըսէ ան։

Ան ցոյց կու տայ պատէն կախուած ռուսական սրբապատկերը, որ շատ դիւրին էր տարբերել «Երուսաղէմեան ոճ»էն՝ գոյներով, դէմքերով եւ չափերով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2022