ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ո՞ւր կ՚առաջնորդեն մարդուն արդարութիւնն ու չարութիւնը:

Պատասխան. «Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ՚առաջնորդէ, նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուան կ՚երթայ» (Առ 11.19):

Արդարութեամբ ընթացողները, այլ խօսքով հաւատքի կեանքով ապրողները դէպի կեանք կ՚ընթանան, որովհետեւ «առանց խտրութեան, բոլոր անոնք որոնք Քրիստոս Յիսուսի կը հաւատան, Աստուծոյ առջեւ կ՚արդարանան» (Հռ 3.22): Բոլոր անոնք որոնք արդարութիւն կը բաղձան, պիտի ունենան զայն, որովհետեւ Տէրը այդպիսիները երանութեան կ՚արժանացնէ, ըսելով. «Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան» (Մտ 5.6):

Մարդ արարածը կոչուած է արդարութեամբ ապրելու եւ յաւիտենական կեանքին ժառանգորդ դառնալու, մինչ երբ մարդ չար ճանապարհներով ընթանայ, ապա ինչպէս Առակագիրը կ՚ըսէ. դէպի մահ կ՚երթայ, այն ալ ո՛չ թէ սովորական մահուան, այլ՝ յաւիտենական մահուան:

Հ. Առակաց 11.20-ին մէջ կը կարդանք. «Ծուռ սիրտ ունեցողները Տիրոջ առջեւ պիղծ են, բայց ուղիղ ճամբայ քալողները Անոր հաճելի են», ինչպէ՞ս հասկնալ այս:

Պ. Պատասխանը շատ պարզ է. Աստուծոյ համար աւելի պիղծ եւ գարշելի բան չկայ, քան կեղծաւորութիւնը, ծուռ սիրտ ունենալն ու խաբեբայութիւնը, մինչ ուղիղ ճանապարհով քայլողը, առաքինի կեանք ապրողն ու մարդասիրութեամբ-Աստուածասիրութեամբ ապրողը Աստուծոյ համար հաճելի է, ինչպէս անուշաբոյր խունկ:

Հ. Կնոջ գեղեցկութիւնը միայն որեւէ մէկ բան կ՚օգնէ՞ անոր:

Պ. Առակագիրը այս մասին քիչ մը խիստ նկարագրութիւն մը կու տայ, երբ կ՚ըսէ. «Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի, խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի» (Առ 11.22): Գեղեցկութիւնը առանձինն ո՛չինչով կրնայ օգնել, ո՛չ միայն կնոջ այլեւ տղամարդուն: Երբ մարդ միայն իր գեղեցկութեան ապաւինի, ապա այդպիսիին վիճակը վատ կ՚ըլլայ, որովհետեւ երբ գեղեցկութիւնը իրեն ընկերակից չունի խոհեմութիւնը, պարզութիւնն ու հեզութիւնը, ապա Առակագիրին նկարագրածին նման, խոզի քիթին դրուած ոսկի օղակի կը նմանի:

Մեր օրերուն, դժբախտաբար, մեծ է թիւը այն կիներուն եւ աղջիկներուն, որոնք ապաւինելով իրենց գեղեցկութեան, իրենք զիրենք ցուցադրութեան ու վաճառքի կը հանեն, կարծելով, թէ իրենց տրուած գեղեցկութիւնը այդպէս գործածելով, օգուտ կը քաղեն, սակայն չարաչար կը սխալին, որովհետեւ այդպիսիով նախ եւ առաջ իրենց արժանապատուութիւնն ու յարգանքը կը կորսնցնեն, գայթակղութեան պատճառ կը դառնան, իրենց մարմինները՝ որ «տաճարն են Սուրբ Հոգիին» (Ա. Կր 6.19), պոռնկութեան եւ պղծութեան զբօսավայրի կը վերածեն: Տակաւին, Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ: Հետեւաբար եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է. եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը» (Ա. Կր 3.16-17). հետեւաբար, այս ճշմարտութենէն մեկնելով, իւրաքանչիւր մարդ՝ էգ ըլլայ թէ արու, իր գեղեցկութիւնը, իր մարմինը այս լոյսին տակ պէտք է գործածէ, եւ գործածէ խոհեմութեամբ եւ ո՛չ թէ չարին թելադրած կերպով:

Հ. Ի՞նչն է տարբերութիւնը տալուն եւ չտալուն (բաժնելուն ու չբաժնելուն):

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Մարդ կայ, որ իր ստացուածքը ցրուելով կ՚աւելցնէ ու մարդ կայ, որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի» (Առ 11.24):

Մարդ իր ունեցածը տա՛լով է, որ կ՚աւելցնէ, մինչ ահելով կը կորսնցնէ: Մարդ երբ ուրիշներուն մասին մտածելով իր ունեցածէն անոնց բաժին կը հանէ, Աստուած կ՚օրհնէ զինք ու կ՚աւելցնէ իր ունեցածը, մինչ եթէ իր ունեցածով չգոհանալով իր ունեցածը աւելցնել ուզէ եւ ուրիշներուն օգնելու մասին չմտածէ, ապա Աստուծմէ հետեւեալ դատապարտութիւնը կը լսէ. «Անմի՛տ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ» (Ղկ 12.20): Այս համարը վերցուած է անմիտ հարուստին առակէն: Այդ առակը մեր Տէրը այսպէս կ՚եզրակացնէ. «Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու» (Ղկ 12.21):

Ուրիշ տեղ մը Տէր Յիսուս կ՚ըսէ. «Տուէք եւ Աստուած ձեզի պիտի տայ. պիտի տայ լաւ չափով, բերնէ բերան, զեղուն առատութեամբ: Ինչ չափով որ ուրիշները չափէք, նոյն չափով Աստուած ձեզ պիտի չափէ» (Ղկ 6.38): Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Յիշեցէք, թէ ով որ քիչ կը սերմանէ՝ քիչ ալ պիտի հնձէ. եւ ով որ առատօրէն կը սերմանէ՝ առատօրէն ալ կը հնձէ: Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Ա. Կր 9.6-7): Իսկ Առակագիրը կը գրէ. «Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ՚ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի: Ժողովուրդը կ՚անիծէ ցորենը պահողը. բայց ծախողին գլուխը կ՚օրհնէ: Աղէկութեան համար փոյթ ընողը շնորհք կը ստանայ, բայց ով որ գէշութիւն կը փնտռէ, չարիքի պիտի հանդիպի: Իր հարստութեան վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ, բայց արդարները կանաչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին» (Առ 11.25-28):

Սուրբ Օգոստինոսը խօսելով «բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ՚ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի» (Առ 11.25)ի մասին այսպէս կը գրէ. «Իւրաքանչիւր բարերար անձ պարզ է, ժամանակաւոր բաներուն չի՛ կառչիր, եւ չբացուած թեւերով դէպի ներքեւ չ՚երթար, այլ՝ առաքինութիւններու փառքով կը փայլի, ազատ օդին մէջ կը լողայ կրկնակի սիրոյ (Աստուծոյ եւ նմանին) թեւերով. տակաւին, կը տեսնես թէ ինչպէս ուրիշներուն կու տայ եւ խամրած հանգիստի մէջ չի՛ մնար, այլ ապահովութեամբ կ՚ըսէ. “Տէրը տուաւ՝ Տէրը առաւ, օրհնեա՜լ է Տիրոջ անունը, Իր կամքին համաձայն թող ընէ”»:

Հետեւաբար, իւրաքանչիւր մարդ պէտք է տայ իր հնարաւորութեան սահմաններուն չափ, սակայն, Պօղոս առաքեալ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ կարեւոր կէտի մը վրայ. սիրտի յօժարութեամբ տալու, այսինքն՝ մարդ երբ կու տայ, պէտք է անկեղծ սիրտով տայ, եւ ո՛չ թէ պարտաւորուած: Այսօրուան մեր ընկերութիւնը նման է մարդոցմով, որոնք տալու սիրոյ կու տան, աւելի ճիշդ՝ երեւնալու սիրոյն կու տան, որպէսզի մարդոցմէ փառք գտնեն ու մեծարուին, այդպիսիներուն համար, սակայն, յստակ են Տէր Յիսուսի խօսքերը, թէ՝ «վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը» (Մտ 6.2). ապա կը սորվեցնէ մեզի տալու ճշմարիտ կերպը. «Երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.3-4):

Հ. Ի՞նչ է արդարին պտուղը:

Պ. «Արդարին պտուղը կենաց ծառ է» (Առ 11.30): Կենաց ծառ թէ՛ ինքն իր անձին համար եւ թէ՛ ալ իր շրջապատին համար, որովհետեւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կոչուած է լոյս ըլլալու իր շրջապատին համար. լոյս՝ որ դէպի կեանք տանող ճամբան կ՚առաջնորդէ: Իսկ մարդ որպէսզի կարենայ լոյս ըլլալ եւ օգնել իր շրջապատին, ապա պէտք է Աստուծոյ Օրէնքին կառչած մնալով՝ բոլորին նմանի, որպէսզի կարենայ բոլորը սիրաշահիլ եւ բոլորը առաջնորդել դէպի Աստուած: Այս մասին Պօղոս առաքեալ իր անձը օրինակ բերելով, կու տայ հետեւալ բացատրութիւնը. «Արդարեւ, թէպէտ ազատ էի, ոեւէ մէկուն ենթակայ չէի, բայց ինքզինքս բոլորին ծառայ դարձուցի՝ որպէսզի շատերը սիրաշահիմ: Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ՝ որպէսզի Հրեաները սիրաշահիմ, այսինքն՝ Մովսիսական Օրէնքի ենթակայ մարդոց հետ՝ Օրէնքին ենթակայ մարդու պէս ապրեցայ, հակառակ այլեւս այդ Օրէնքին ենթակայ չըլլալուս, որպէսզի Օրէնքին ենթակայ եղողները սիրաշահիմ: Մովսիսական Օրէնքը չճաչցող հեթանոսներուն հետ՝ հեթանոսի պէս եղայ, զանոնք եւս սիրաշահելու համար: Ո՛չ թէ Աստուծոյ Օրէնքէն դուրս եկայ, այլ՝ Քրիստոսի օրէնքին ենթարկուեցայ: Հաւատքով տկարներուն հետ՝ տկարի պէս եղայ, որպէսզի զանոնք ալ սիրաշահիմ: Մէկ խօսքով, ամէնուն հետ ամէ՛ն ինչ եղայ, որպէսզի ամէն գնով կարենամ ոմանք փրկել: Եւ այս բոլորը կ՚ընեմ՝ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնս բերած ըլլամ» (Ա. Կր 9.19-23):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 25

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2023