Երաժիշտ-Երգիչներու Առասպելական Կիներ
Իրողութիւն է, որ արուեստագէտները որքան վաւերական ըլլան, այնքան դժուար կ՚ըլլայ անոնց հետ ապրիլը, որովհետեւ արուեստագէտը ի՛ր օրէնքով, բնազդով ապրող էակ մըն է, որ շատ յաճախ բախումներ կ՚ունենայ իր շրջապատին, նոյնիսկ ինքն իրեն հետ: Սակայն յաճախ իսկական եւ մնայուն սէրն է, որ կիները կը կապէ այդպիսի արուեստագէտներու, այս պարագային՝ երաժիշտ-երգիչներու: Ներկայիս, երբ յաճախ ականատես կ՚ըլլանք ամուսնալուծումներու եւ բաժանումներու պատճառով ընտանիքներու քանդումին, որքա՜ն հաճելի է տեսնել աստղեր, որոնք տասնամեակներէ ի վեր միասին են: Աւելի՛ն. կիներ, որոնք չեն վախցած իրենց կեանքը կապել զգացմունքային եւ բռնկուն ռաք երգիչներու, հակառակ անոր որ ունեցած են փոթորկոտ կեանք մը:
*
ՄՆԱՅՈՒՆ ՍԷՐ. ՌԱՔ ԵՐԳԻ ՄԱՐԶԻ ԳՈՅԱՏԵՒՈՂ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Ռաք էն ռոլ» երգիչներու ամուսնութիւնները յաճախ փոթորկոտ եղած են: Նոյնիսկ լաւագոյն ամուսնութիւնները երբեմն մեծ ջանք կը պահանջեն: Ամուսնական կեանքին վրայ բազմազբաղ ժամանակացոյցի եւ երկարատեւ բացակայութիւններու յաւելումը ռաք աստղերուն համար շատ դժուար կը դարձնեն ուղին (չխօսելով փորձութիւններու մասին, որոնք մատչելի են իրենց): Բարեբախտաբար այս ցանկին մէջ պիտի գտնէք «ռաք» աստղերու զոյգեր, որոնք յաղթահարած են այդ դժուարութիւնները եւ իրականութեան մէջ միասին մնացած են տասնամեակներ՝ շնորհիւ այն խենթ մանրուքին, որ սէր կը կոչուի:
ՏԷՅՎԻՏ ՊՈՎԻ ԵՒ ԻՄԱՆ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ ՅՈՒՆԻՍ 1992-ԻՆ
Երգիչ Տէյվիտ Պովի եւ իր հռչակաւոր բնորդուհի կինը՝ Իման, մօտեցած են իրենց ամուսնութեան 25-ամեակին: Ըստ երգիչին, ինք առաջին հանդիպումէն եւ նայուած-քէն սիրահարած է Իմանի: Զոյգը անմիջապէս սկսած է ապագայ երախաներու անուններու փնտռտուքի: Տէյվիտ եւ Իման նոյնիսկ միասնաբար անմահացած են «Տրիմքաստ 3Տի» խաղով՝ Օմիկրոն. Նոմատ Սոլ», որուն երաժշտութիւնը յօրինած է Պովի:
Զոյգը միասին ունի դուստր մը, իսկ Իման որդեգրած է Տէյվիտի նախորդ ամուսնութենէն ունեցած տղան՝ շարժապատկերի յայտնի բեմադրիչ Տունքան Ճոնըզ:
ԹԵՏ ՆԱՃԵՆՏ ԵՒ ՇԻՄԱՆ ՏԵԶԻԵԼ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1989-ԻՆ
Թետ Նաճենտ ամուսնացաւ Տեզիելի հետ Յունուար 1989-ին, երբ երկուքը հանդիպեցան Տիթրոյիթի ձայնասփիւռի կայանին մէջ, ուր Շիման լուրերու հաղորդավարուհի էր: Զոյգը նաեւ միասնաբար պատրաստած եւ 2002-ին հրատարակած է եփելու արուեստի գիրք մը: Ունին միայն մէկ զաւակ:
ՔԷՅԹ ՌԻՉԸՐՏՑ ԵՒ ՓԱԹԻ ՀԱՆՍԸՆ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1983-ԻՆ
«Ռոլլինկ Սթոնզ» խումբի կիթառահար Քէյթ Ռիչըրտց իր ապագայ բնորդուհի կնոջ՝ Փաթի Հանսընի հանդիպած է 1979-ին, բայց զոյգը ամուսնացած է Դեկտեմբեր 1983-ին, Ռիչըրտցի 40-րդ տարեդարձին օրը: Անոնք երկու դստրեր ունին:
ՏԻ ՍՆԱՅՏԸՐ ԵՒ ՍՈՒԶԷԹ ՍՆԱՅՏԸՐ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1981-ԻՆ
«Թուիսթըր սիսթըրզ» խումբի Տի Սնայտըր իր կնոջ՝ Սուզէթի հետ ունեցած են բաւական հետաքրքրական սիրոյ պատմութիւն մը, որ Տի կը վերապատմէ իր յուշերու սքանչելի գիրքին՝ «Լռէ՛ եւ ինծի բարձրախօսը տո՛ւր» մէջ: Անոնք իրարու հանդիպեցան, երբ Սուզէթ տակաւին տասնհինգ տարեկան էր եւ Տի՝ քսանմէկ: Տարիքի տարբերութեան պատճառով Տի պարտաւորուեցաւ Սուզէթի ծնողքը համոզել, որ ինք յարմար փեսացուն է անոնց աղջկան: Յստակօրէն ժամանակը փաստեց, որ Տի ճիշդ էր: Անոնք չորս զաւակներ ունին:
ՌԻՆԿՕ ՍԹԱՐ ԵՒ ՊԱՐՊԱՐԱ ՊԱԽ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ ԱՊՐԻԼ 1981-ԻՆ
«Պիթըլզ»ի նախկին անդամ Ռինկօ Սթար իր կնոջ հանդիպած է «Քարանձաւի բնակիչ» շարժապատկերի նկարահանումներու ատեն, 1980-ին, եւ անոնք քիչ ժամանակ ետք ամուսնացան, Ապրիլ 1981-ին: Ռինկօ եւ իր կինը՝ Պարպարա Պախ, որ հերոսուհին էր Ճէյմըս Պոնտի «Լրտեսը, որ սիրեց զիս» շարժապատկերին, իրենց ժամանակը կ՚անցընեն Լոս Անճելըսի եւ Մոնթէ Քարլոյի իրենց բնակարաններուն մէջ:
ՄԱՅՔԸԼ ԱՆԹՈՆԻ ԵՒ ՍՈՒ ԱՆԹՈՆԻ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1981-ԻՆ
Վան Հալէնի եւ «Չիքըն Ֆուտի»ի անդամ Մայքըլ Անթոնի ամուսնացած է երկրորդական վարժարանի իր պաշտելի ընկերուհիին՝ Սուի հետ: Անոնք սիրահարած եւ իրարու ընկեր եղած են 1971-ին: Ամուսնական մատանին անցուցած են տասն տարի ետք, Փետրուար 1981-ին, երբ Սու ինք ամուսնութիւն առաջարկած է Մայքըլի, «Մաք Տոնալտզ» ճաշարանին մէջ: Իսկական պատմութիւն:
Անոնք ունին երկու դուստր:
ՕԶԻ ՕԶՊՈՐՆ ԵՒ ՇԵՐԸՆ ՕԶՊՈՐՆ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ ՅՈՒԼԻՍ 1982-ԻՆ
«Պլեք սապաթ» խումբի անդամ եւ առանձին հռչակ նուաճած Օզի Օզպորն եւ կինը՝ Շերըն ելեւէջներով կեանք մը ունեցած էին, սակայն Յուլիս 1981-ին ամուսնանալէ ետք, յստակօրէն երկարատեւ, կայուն ամուսնական կեանք ունեցան: Շերըն գործավարն էր Օզիի, որ կ՚ըսէ, թէ եթէ կինը չըլլար, ինք շատոնց մահացած կ՚ըլլար: Անոնք երեք զաւակներ ունին:
ԱՆԿԸՍ ԵԱՆԿ ԵՒ ԷԼԷՆ ԵԱՆԿ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ 1980-ԻՆ
«Էյ.Սի./Տի.Սի.» խումբի հիմնական կիթառահար Անկըս Եանկ եւ իր կինը՝ Էլէն, յստակօրէն իրենց անձնական կեանքը կ՚արժեւորեն եւ բաւարար պատմութիւններ չեն հրապարակուիր անոնց մասին: Կը հաղորդուի, որ անոնք բնակարաններ ունին Սիտնիի (Աւստրալիա) եւ Էլէնի ծննդավայրը՝ Աալթենի մէջ (Հոլանտա): Անոնց ամուսնութիւնը կառավարութեան մօտ պաշտօնապէս արձանագրուած է 1980-ին:
ՆԻԼ ԵԱՆԿ ԵՒ ՓԵԿԻ ԵԱՆԿԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ 1978-ԻՆ
Նիլ Եանկ եւ Փեկի Եանկ ամուսնական մատանին անցուցին 1978-ին: Ամուսինին երգերուն պարբերաբար ընկերակցելէ եւ առանձին իր երգի ասպարէզը շարունակելէ բացի, Փեկի օգնած է իր ամուսինին՝ հիմնելու «Կամուրջ դպրոց»ը, որ կրթական խմբաւորում մըն է լեզուական եւ ֆիզիքական անկարողութիւններ ունեցող երախաներու համար: Անոնք նաեւ այս կրթական խմբաւորման ի նպաստ բարեսիրական համերգներ կը կազմակերպեն: Զոյգը երկու զաւակ ունի:
ԱԼԻՍ ՔՈՒՓԸՐ ԵՒ ՇԵՐԻԼ ԿՈՏԱՐՏ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ՝ ՄԱՐՏ 1976-ԻՆ
Սիրուած ռաք երգիչ Ալիս Քուփըր իր «Քուին օֆ տարքնես»ը պալէի պարուհի եւ պարադրող, պարուսոյց Շերիլ Կոտարտը գտած է մարտ 1976-ին: Անոնք հանդիպած են, երբ Շերիլ Քուփըրի համերգի ձեռնարկին մէջ կը պարէր, որ շարունակեց 1975-էն մինչեւ 1982: Անոնք երեք զաւակ ունին:
ԿԻՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՉԵՆ ՎԱԽՑԱԾ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԸ ԿԱՊԵԼՈՒ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ
ԵՈՔՕ ՕՆՕ
Ճոն Լենընի ոչ նուազ առասպելական կինը՝ Եոքօ Օնօ, իր ծնըն-դեան 84-րդ տարեդարձը կը նշէ: Օնոն եղած է հանրածանօթ «պիթըլ»ի սիրելի կինը, կեանքի ընկերն ու ներշնչումի աղբիւրը:
Եոքօ Օնոյի անունը միշտ հակասական զգացումներ կը յառաջացնէ «Պիթըլզ»ի համակիրներուն մօտ: Զայն կրնային մեղադրել ամէն բանի մէջ. սկսեալ՝ Լենընի վրայ իբր թէ ճնշում բանեցնելէ մինչեւ խումբի փլուզման նպաստելուն: Սակայն, Լենընի այրին, անտարբեր է այդ բոլորին հանդէպ: Չէ՞ որ ան միշտ կը հասնի իր ուզածին ամէն գնով: «Վերջապէս ես գտայ մէկը, որ կ՚արժէ սիրել», գը-րած է Օնոն իր օրագիրին մէջ, Ճոնի հետ առաջին հանդիպումէն ետք:
Թէեւ անոնք կարճ ժամանակ մը բաժնուած են իրարմէ, սակայն Լենընն ու Օնոն միասին էին մինչեւ երաժիշտին մահը:
ԼԻՆՏԱ ՄԱՔԱՐԹՆԻ
Փոլ Մաքարթնին եւ իր կինը՝ Լինտան, առաջին անգամ հանդիպած են 1967 թուականին: Առաջին հանդիպումէն ետք, անոնք տարի մը չտեսնուեցան, յետոյ անոնց ճամբաները կրկին խաչաձեւուեցան եւ այս անգամ՝ ընդմիշտ:
Ամուսնական մատանին Լինտայի համար Փոլ գնած էր հասարակ խանութէ՝ միայն 12 սթերլինով:
Պատահական չէ, որ Մաքարթնիի առաջին ալպոմին մէջ տեղ գտաւ «Լաւլի Լինտա» երգը:
Լինտան անոր անբաժան եւ ամենէն մտերիմ ընկերն էր:
ՓՐԻՍԻԼԼԱ ՓՐԵՍԼԻ
Էլվիս Փրեսլիի եւ Փրիսիլլայի ամուսնութիւնը տեւեց միայն հինգ տարի, սակայն երբ անոնք ամուսնալուծուեցան, ոչ ոք կը պատկերացնէր, որ պուպրիկի արտաքինով եւ իւրայատուկ սանտրուածքով այս կինը այդքան տոկուն է եւ խելացի: Փրեսլիի մահէն ետք այս գեղուհին կրցաւ տիրանալ «ռաք էն ռոլ»ի արքայի ամբողջ հարստութեան: Աւելի՛ն. ամրացուց «Էլվիս» մակնիշի դիրքերը եւ կրցաւ առանձին մեծցնել իրենց դուստրը:-ՇԵՐԸՆ ՕԶՊՈՐՆ
Օզզին, որուն բուն անունը Ճոն Մայքըլ Օզպորն է, իր կեանքին ճիշդ կէսը՝ 34 տարի, ապրած է իր կնոջ՝ Շերընի հետ:
Այս ամուսնութիւնը աստղերու շրջանակին մէջ ամենէն երկար տեւածներէն մէկն է:
Օզզին պէտք է գնահատել իբրեւ ընտանիքի իսկական հայր:
Ընտանիքը արտօնած էր նկարահանողներուն նկարչական սարքեր տեղադրել իրենց տան բոլոր անկիւններուն մէջ: 2002-ին սկսաւ «Օզպորնները» պատկերասփիւռային յայտնի հաղորդաշարը: Նոյն տարուան մէջ Շերընին յայտնեցին սարսափելի ախտորոշման մասին՝ հաստ աղիքի քաղցկեղ: Սակայն ան պնդեց, որպէսզի հաղորդաշարի նկարահանումները չաւարտին: Ի վերջոյ ան կրցաւ յաղթահարել հիւանդութիւնը: Արդէն 2003-ին Օզպորնները ունէին ամերիկեան եւ բրիտանական «Էմ. Թի. Վի.» կայանները դիտողներու ամենէն բարձր ցուցանիշները:
ՉՄՈՌՆԱ՛ՆՔ ՄԵՐԻՆՆԵՐԸ…
Այս բոլոր աստղերուն կողքին, պէտք է անպայման նշել երգարուեստի մեր ազգային հարստութիւնները. Հայրիկ Մուրատեան, Յովհաննէս Պատալեան, Ռուբէն Մատթէոսեան եւ ուրիշներ, որոնք ամբողջ կեանք մը, տասնամեակներ, կապած են իրենց կիներուն եւ ընտանիքներուն: Եթէ անոնց երգարուեստը շատ ուսանելի է երաժիշտներուն եւ երգիչներուն համար, նուազ ուսանելի չէ անոնց ամուսնական կեանքը՝ նոր ընտանիք կազմողներու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ՝ հայկական կայքի մը տուած Ռուբէն Մատթէոսեանի հարցազրոյցէն:
*
«Ես թերեւս այն երջանիկներէն եմ, որ յաջողած է կեանքին մէջ ունենալ այնպիսի կեանքի ընկեր, որ քու գաղափարներդ կիսողն է, քեզի աջակից է: Կինս հոգեբոյժ է եւ ես ալ հոգի կը բուժեմ երգի միջոցով: Կնոջս մասին չեմ կրնար խօսիլ, որովհետեւ զայն ճանչցողները գիտեն, որ ինչպիսին է ան: Երբ ընտանիքին մէջ ճիշդ կեանք կ՚ապրիս, չես մտածեր, որ հարս բերած ես, քեզի կը թուի, որ դուք միասին ծնած էք:
«Քանի որ կինս հոգեբոյժ է, ան երբեք սխալ չ՚ընկալեր այդ սէրը: Այդ սէրը ոչ թէ քաղաքացի Ռուբէն Մատթէոսեանին ուղղուած էր, այլ՝ երգիչ Ռուբէն Մատթէոսեանին: Իսկ ես երգած եմ բոլորին համար, ժողովուրդին երգիչը եղած եմ: Իմ կինս նախանձ չէ ունեցած: Երբ որոշեցի ամուսնանալ, արդէն վաստակաւոր արուեստագէտ էի, բոլորը զիս արդէն կը ճանչնային: Իսկ մեր հանդիպումը պատահական էր, ինչպէս՝ բոլոր հանդիպումները… Բայց նորէն ալ պատահական չէր, ծրագրուած էր, ես շատ հեռու չգացի, իմ երկրորդ կէսս ճիշդ Երեւանի մէջ էր:
«Կինը իր էութեամբ առեղծուած է՝ թէ՛ հրաշք է, թէ՛ կեանք է, թէ՛ նուրբ է, գեղեցիկ է, երբ աշխարհ է, երբ տիեզերք է: Եւ այս բոլորը հասկնալով՝ ինքը կ՚արժեւորէ իր լինելիութիւնը: Այդ ժամանակ հայ տղամարդը կ՚ըլլայ ամենէն երջանիկը, որ կը սիրէ հայուհին»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան