ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ (Բ. ՄԱՍ)
Կարելի չէ մերժել Արմանին հիւրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ հոս, այս նկուղին մէջ պատրաստուած գինին ըմպելը ինքնին բախտաւորութիւն է: Արմանին բաժակաճառէն ետք քիմքիս կը հպի տարբեր, հաճելի համ մը, որ զովութիւն կը պարգեւէ, վարպետ ձեռքերու գործ է ու այս նկուղին մէջ պահուելուն արդիւնքն է կ՚երեւի գինիին այս եզակի համը: Արման կը հաղորդէ, որ այս տարածութեան վրայ՝ Հին Նորքի մէջ կան նոյնանման տասներկու նկուղներ, մեծամասնութեամբ լքուած, բնակիչները նոյնիսկ մառաններու վերածած են զանոնք:
Բակն ենք դարձեալ, կանաչ, գողտրիկ այգի մը կայ դէմս: Արման այս անգամ կ՚առաջնորդէ մեզ դէպի պատշգամ: Փայտեայ աստիճաններով կը բարձրանանք, պատշգամին վրայ պէտք է զգուշանալ, քանի հնութենէն ու գործածուելէն փտտած է տախտակամածը, ու ահա աստիճան մը դէպի փոքրիկ սենեակ մը, ուր ատենին որբեր պատսպարուած են. երեք սենեակ կայ պատշգամին վրայ, բայց միայն մէկը գործածելի է, մնացեալը պահեստի համար անգործածելի իրերով լեցուած են կարծես ու փոշիին բոյրը հեռուէն կը նկատուի: Ներսը մահճակալ մը՝ պատուհանին քով, կան ասդին-անդին նետուած հագուստներ ու իրեր, զորս կարգի կը բերէ Արմանին կինը:
Այսքան հին մահճակալ չէի տեսած, ձեռքերովս կը շօշափեմ մահճակալին գլխու ու ոտքի մասերուն վրայ գծուած գծագրութիւնը, նոյն տեսարանն է, ձեռքով գծուած, իւղաներկին չոր վրձնահարուածները նկատելի են, դեղինի, կարմիրի ու սրճագոյնի՝ աշնանային գոյներու ներդաշնակ խառնուրդով տեսարան մը կը պարզէ գծագրութիւնը: Պատմութիւնն է դէմս կանգնած իր հնութեամբ ու մշակութային արժէքով. «Գարեգին Նժդեհը պատսպարուած է այս սենեակին մէջ ու վեց ամիս հոս քնացած», լսողութեանս մէջ կ՚արձագանգեն Արմանին հնչիւնները: Հո՞ս, այս մահճակալին մէջ քնացած է Գարեգին Նժդեհ: Կարելի՞ է որ այս մէկը իրականութիւն ըլլայ: Անգամ մը եւս կը շօշափեմ, երկիւղածութեամբ ու անմեկնաբանելի ապրումներով: «Միայն ազնիւը զօրաւոր է», ականջակալի պէս կը կրեմ այս ասոյթը Նժդեհէն եւ դեռ շատ շատեր: Ո՞վ չի գիտեր Գարեգին Նժդեհի թանկագին ասոյթներէն գոնէ մի քանին, որոնք ոեւէ հայու ուղեցոյցը կրնան հանդիսանալ ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան ասոյթներով կը դաստիարակէ սերունդներ անոնց մէջ հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ բարոյականութեան սերմեր ցանելով:
Կրնայ ըլլալ, որ իրականութիւն ըլլայ Արմանին տեղեկացուցածը, բայց ինչ ալ ըլլայ ինծի համար յայտնագործութիւն մ՚էր այսօրուան այս կարճատեւ դաշտագնացութիւնը: Չէի կրնար պատկերացնել, որ հոս, Երեւանի կեդրոնին այսքան մօտ, այսպիսի լքուած հնավայրեր ալ կրնային գտնուիլ:
Արմանենք հոս չեն բնակիր, արդէն հնարաւոր ալ չէ, միայն գարնան ու ամրան շաբաթավերջերը կու գան, այգիին հոգ կը տանին, գինի ու օղի կը պատրաստեն: Իրապէս սրբավայր մըն է այստեղ ու վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր անհատի այցելութեան ընթացքին Արման կը կրկնէ մեզի ըսածները: Կոչ մըն է կարծես Արմանին կատարածը, կոչ մը, թերեւս անոր ետին մեծ գումարի վաստակի ակնկալութիւն պահուած, սակայն ինչ ալ ըլլայ, ինչ ձեւով ալ տեղի ունենայ, պիտի ծառայէ պատմամշակութային այս լքուած արժէքներու փրկութեան:
Դուրսն ենք արդէն: Հրաժեշտի նայուածք մը կը նետեմ երկաթեայ դարպասին, ուրկէ քիչ առաջ ներս մտանք, ակնկալելով որ մօտ ապագային Արմանին կոչը արձագանգէ ու թերեւս հիմնադրամի մը օժանդակութիւնը հասնի Երեւանի այս մասը եւս:
Վերադարձի ճամբուն մէկ կողմը ձոր, միւսը՝ լեռ, ձորին մէջ բլուր-բլուր եասամանի գունաւոր ծառերը գլուխ կը ցցեն ու զեփիւռին հետ անոնց ճիւղերուն ծաղկած ճերմակ, վարդագոյն ու մանիշակագոյն ծաղիկներուն բոյրը տարածուելով կը քաղցրացնէ մաքուր կլիման: Ճիտէյտէն ալ զարդարուած էր միայարկ, հին տուներու ցուիքներէն ու պատուհաններէն կախուած թուփ-թուփ յասմիկներու կանաչ տերեւներով, ծաղկած յասմիկները իրենց հրապոյրը կը տարածէին քաղցր բոյրով: Անկարելի էր Ճիտէյտէէն անցնիլ առանց հմայուելու, հատիկ մը յասմիկ քաղելու եւ գինովնալու անոր անոյշ բոյրէն:
Աւերակ դարձած Ճիտէյտէի թաղերը այժմ այցելուներ կ՚ընդունին, պատերազմը աւարտած է արդէն, Ճիտէյտէի եկեղեցիները դարձեալ ամէնօրեայ ղօղանջներով կը զրուցեն իրարու հետ ու կը տեղեկացնեն իրենց թաղերուն կատարուած նորոգութիւններուն մասին: Կը հաղորդեն, թէ՝ յետայսու պատարագները հոս տեղի պիտի ունենան ու հաւատացեալները առաստաղները, պատերը վերանորոգուած եկեղեցիներու կամարներուն ներքեւ պիտի աղօթեն, զբօսաշրջիկները դարձեալ պիտի վխտան այս թաղերուն մէջ ու ամէն ինչ պիտի վերագտնէ իր նախկին հունը:
Ես եւս այս գեղատեսիլ հնութեան մէջէն քալելով լիայոյս եմ, որ մօտ օրէն նաեւ այս վայրը կը համեմուի գեղեցիկ վերակառուցմամբ ու կը դառնայ արար աշխարհէն Երեւան այցելող զբօսաշրջիկներուն փափաքելի վայրերէն մին:
«Երեւանը բաց թանգարան է երկնքի տակ», կ՚ըսէ հայաստանցի բարեկամ մը, իրապէս այդպէս է, սակայն ոչ միայն բաց, այլեւ փակ թանգարան մը կարելի է համարել, որուն դռները կը սպասեն արուեստագէտ հնագէտներու թակումին, որոնք տակաւին շատ բան ունին բացայայտելիք այս գեղատեսիլ քաղաքին մէջ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
- վերջ -