ՍԱՐԵԱԿԸ

«Պապի՛կ, էս թռչունի ձէ՞նն է, 
որ լսում ենք ամէն օր»:

«Հա, բալէս. էս թռչունը սարեակ է: 
Տե՛ս, սա էգն է, որձին է ման գալիս»:

«Պա՛պ, ո՞նց ես կարողանում զանազանել էգը որձից»...

Եւ կը սկսի կեանքի ամենահամով դասը՝ 
պապիկէն թոռնիկին,
մինչ սարեակը կը թռչկոտի,
էգը որձը կը փնտռէ...

Կը գեղգեղէ,
կը ճռուողէ. 
կը թառի ծիրանիին,
կեռասենիին, 
թթենիին ճիւղերուն,
երբեմն՝ պատշգամի մը ցուիքին...

Կ՚այցելէ հայեացքները
կարօտով հեռուները դիտող աչքերուն
կամ 
անհետ կորսուած զաւակը փնտռողին
կամ 
արցախցի նահատակի մը հօր,
որ կորած «Ծիրանի փողը»
որո՞ւ փոխանցելուն
մասին կը խորհի... 

Կը տեսնէ
զոյգ մը լրագրողի
հարցումին առաջին իսկ բառերէն՝
«Կառավարական նախընտրական...»
խոյս տուող անհատներ...

Կ՚անցնի 
հրապարակներուն, 
մարդակոյտերուն, 
բարձրախօսով գոռացողներուն 
վերերէն... 

Եւ քաղաքին
արիւնոտ կատակերգութենէն խոնջած
կը հանգրուանէ դարձեալ
պապիկին ու թոռնիկին 
հայեացքներուն առջեւ՝
կեռասենիին ծլառատ 
ճիւղերուն վրայ:

Պահիկ մը անց
կու գայ,
կը թառի 
որձը իր կողքին
եւ՝
.«Պապի՛կ, ի՞նչ են անում սարեակները»...

Կը շարունակուի 
համով-հոտով զրոյցը
պապիկին ու թոռնիկին...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021