ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ԴԱՐՁԵԱ՞Լ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

Յառաջիկայ օրերը կարեւոր են Լիբանանի համար։ Խնդիրը այն է, որ խորհրդարանին մէջ կայացած առաջին նիստէն ետք կը սպասուի, որ նախագահ Աուն իր մօտ հրաւիրէ երկրի նորընտիր երեսփոխանները եւ անոնցմէ պահանջէ նոր վարչապետի անունը։

Նոր վարչապետի նշանակման համար ըլլալիք պարտադիր խորհրդակցութիւնները պայմանաւորուած չեն միայն օրէնսդրական ժամկէտներով։

Ի մասնաւորի, այս փուլին երբ Լիբանան ունի բազմապիսի խնդիրներ, միջազգային հանրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ երկրի թղթածրարով հետաքրքրուած  կողմերը ակնդէտ կը սպասեն զարգացումներուն, նաեւ տեղ մը Լիբանանի համար նախատեսուած ծրագիրներուն առընթեր կը ջատագովեն, որ երկիրը վայրկեան առաջ ունենայ նոր վարչապետ մը։

Այստեղ սահմանադրութեան կարգով հարկ է յիշեցնել, որ որեւէ ընտրութենէ ետք գործող վարչապետն ու անոր գլխաւորած դահլիճը կը համարուին հրաժարած։ Հետեւաբար, խորհրդարանի նորընտիր անդամները պարտաւորուած կ՚ըլլան իրենց կարծիքը հնչեցնելու, նաեւ երկրի նախագահին յայտնել վարչապետին անուան համար իրենց ունեցած տեսակէտը։

Բաց աստի, նախընտրութիւններու, քաղաքական հաշիւներու եւ անհատի նպատակայարմարութեան խնդիրներ կան, կայ նաեւ փաստացի տուեալ, որ Լիբանան պարտաւոր է արագօրէն կազմելու նոր կառավարութիւն եւ բանակցութեան նստիլ Միջազգային դրամատան հետ։ Կայ նաեւ նոր նախագահի ընտրութեան հիմնահարցը, որ նախատեսուած է այս տարուայ աշնան։ Այս բոլորը հաշուի առնելով կողմերը պէտք է տեղ մը ընդունին, որ ինչքան «ընդունելի» ըլլայ վարչապետի անունը, այդքան աւելի հեշտ կ՚ըլլայ նախատեսուած ժամկէտներուն մէջ կայացնել նաեւ նախագահական ընտրութիւններու ազդեցիկ օրակարգը։

Գալով անուններուն ու անկախ ամէն տեսակի հաշուարկներէ, հարկ է հաշուի նստիլ այն փաստին հետ, որ վարչապետ Միքաթի եւ անոր կառավարութիւնը կարողացան մեծ ճիգեր գործադրելով յաջողութեամբ պսակել երկրի խորհրդարանական ընտրութիւնները։

Մինչ այդ, շրջանային մակարդակի վրայ, Միքաթի կը համարուի ամենաշատը ընկալելի անուն՝ մանաւանդ, որ պաշտօնական Փարիզ, որ նաեւ սիւննի աշխարհին եւ Պէյրութի միջեւ միջնորդի դերով հանդէս կու գայ, զանազան առիթներով իր հաւանութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնած է Նեժիպ Միքաթիին։

Այս բոլորը, անշուշտ, վերլուծական կռահումներ են ու ամենաէականը այն է, որ Նեժիպ Միքաթի կարողանայ ապահովել անհրաժեշտ քուէները, որոնք լսելի պէտք է դառնան նախագահ Աունի ականջին։

Իսկ քուէներու «ահ»ը, որուն մասին կը խօսէին ընդդիմադիր շրջանակներ, մասնաւորապէս խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան նախօրէին (Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քուէարկութեան առջին փուլէն ստացաւ ընտրութեան անհրաժեշտ քուէները եւ եօթներորդ անգամ ըլլալով դարձաւ խորհրդարանի նախագահ), այսօր արդէն կը համարուին անցած փուլ։

Լիբանանի բարեկամներուն, բայց մանաւանդ թշնամիներուն համար, պարզէն աւելի պարզ է, որ  երկրի նախագահը, շիի երկեակը եւ այլ անկախ ուժեր պատրաստ էին եւ դեռ ալ պատրաստ են պահպանել առկայ համաձայնութիւնները, ալ ուր մնաց Միքաթիի պարագային, որ կրնայ իր կողքին ունենալ Ժոմպլաթական թեւի, անկախ սիւննիներու, ինչպէս նաեւ այլ փոքր ուժերու նեցուկը, այդպիսով ապահովելով այն կարեւոր քուէները վարչապետի «բարեբաստիկ» նշանակումը իրականութիւն դարձնելու համար։

Ամէն ինչ դեռ մեր դիմացն է տակաւին, յստակ է միայն, որ հակառակ բազմաբեւեռ հիմնահարցերու, երկրի իշխանութիւնը իրենց ձեռքերուն պահող կողմերը բաւարար ուժ ունին անվտանգ կերպով նոր վարչապետի մը նշանակման հարցը իրենց ձեռքերուն պահել ու նայիլ առաջ աւելի յստակ եւ աւելի ուղենշային փուլերու  առաջնորդելու համար վիրաւոր Լիբանանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 11, 2022