ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
ԲՌՆԱԲԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ
Հետեւեալ դէպքը կը պատահի Ֆիլատելֆիոյ Ամիշ (Amish) համայնքին մէջ։ Ամիշ համայնքը աղանդի մը կը պատկանի, որուն հիմնադիրները Եւրոպայի կրօնական հալածանքներէն փախուստ տալով, 1730-ին հաստատուած են Ֆիլատելֆիոյ Լենքեսթըր քաղաքը։ Քսան տարիներ առաջ անոնց բնակչութիւնը կը հաշուէր 30 հազար, իսկ այժմ անոնց թիւը կրկնապատկուած է՝ որովհետեւ իւրաքանչիւր ամոլ ծնունդ կու տայ 78 զաւակներու։
Ի՞նչ են Ամիշ համայնքի ապրելակերպի յատկանշական պայմանները։ Անոնք ելեկտրականութիւն չեն գործածեր, ոչ ալ ինքնաշարժ։ Անոնց փոխադրամիջոցը կը բաղկանայ ձիով քշուած հնադարեան կառքերէ։ Ունին իրենց յատուկ եկեղեցին եւ դպրոցը՝ մինչեւ ութերորդ դասարան, որմէ ետք իրենց պատանիները կը նետուին գործի ասպարէզ, իսկ գործի ասպարէզը պարզապէս հողագործութիւնն է։
Ուրեմն մեր պատմութեան առանցքը կը կազմէ Ամիշ համայնքի 51 տարեկան զաւակ Լի Քափլանը, որ իր տան մէջ պահած է 3-18 տարեկան 12 աղջիկներ։ Աւելին՝ ան բռնաբարած է իր տան մէջ ապաստան գտած այդ աղջիկներէն 14 տարեկան պարմանուհի մը, որ հիմա մայր է երեք տարեկան եւ վեց ամսական երկու զաւակներու:
Բարեբախտաբար Լի Քափլան վերջերս ձերբակալուած է տեղական ոստիկանութեան կողմէ, որ արձագանգած էր դրացիին ահազանգ-հեռախօսազանգին։ Դրացին մտահոգուած ըլլալով պարտէզին մէջ պտըտող՝ դեռատի աղջիկներուն արտասանած վախի արտայայտութիւններէն, հեռաձայնած է ոս-տիկանութիւն եւ յայտնած իր մտահո-գութիւնը։
Դժբախտաբար սակայն հարցը հոս չի վերջանար, այլ նոր զարգացումներու դուռ կը բանայ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Ոստիկանական հետազօտութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ 14 տարեկան աղջկան ծնողքն է, որ իրենց զաւակը սիրայօժար յանձնած են Քափլանին, երբ ան խոստացած է զիրենք ազատել նիւթական նեղ կացութենէ մը՝ ըստ որուն անոնք պիտի կորսնցնէին իրենց ապրուստը ապահովող ագարակը։
Անոնք նաեւ աւելցուցած են, որ իրենք պրպտած են օրէնքի տրամադրութիւնները եւ գտած, թէ իրենց առած քայլը օրինական է։ Հիմա անոնք ալ ձերբակալուած են ոստիկանութեան կողմէ, ամբաստանուած՝ իրենց դստեր կեանքը վտանգի տակ դնելու յանցանքով։ Պատիժս արժանաւորաց:
ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ
Կը յիշէք նորվեկիացի ոճրագործ Էնտըրս Պրեւիքը, որ 2011-ի Յուլիսին զանգուածային ոճրագործութիւն կատարեց, ապա դատապարտուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ։
Արդարեւ ան նախ ռումբ մը պայթե-ցուց մայրաքաղաք Օսլոյի կեդրոնական հրապարակը, որու հետեւանքով մահացան ութ անմեղ մարդիկ, եւ ապա գնաց մօտակայ Ութոյա (Utoeya) կղզին ու սպաննեց 69 պատանիներ, որոնք կը մասնակցէին ամառնային ճամբարի մը։
Ան կը պատկանէր ծայրայեղ աջակողմեաններու խմբակի մը, իսկ ճամբարի մասնակցողները անդամ էին չափաւոր ձախակողմեաններու խմբակի մը։ Ու-րեմն գաղափարական տարբերութիւնն էր, որ պատճառ հանդիսացած էր վերոյիշեալ սպանդին, քաղաքականօրէն հանդարտ այս երկիրին մէջ։
Իսկ ինչո՞ւ հնամաշ այս պատմու-թիւնը դարձեալ լուսարձակի տակ առ-նըւեցաւ, ձեզմէ ոմանք պիտի հարցնեն։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ անոր դրդապատճառը։ Արդարեւ ան դատ բացած է պետութեան դէմ՝ բողոքելով, որ մարդկային իր իրաւունքները խախ-տըւած էին, որովհետեւ օրական 23 ժամ ան կ՚ապրի մեկուսացման մէջ...:
Հոս պարտինք յիշել, որ իր սենեակը օժտուած է հեռատեսիլով, վիտէօ խա-ղերու կազմածով եւ մարզանքի գործի-քով (treadmill): Է՜հ այսքանը չի բաւեր եւ մեր մարդասպանը կ՚ուզէ, որ ազատօրէն շրջագայի բանտին մէջ:
Սակայն զարմանալին այն է, որ դատաւոր մը՝ մի ոմն Հելէն Սեքուլիճ, վճռած է ի նպաստ մեր ոճրագործին։ Բարեկամ, արեւմտեան երկիրներու դատաւորները ինչու այսքան ազատամիտ են՝ չեմ հասկնար։ Վստահ եմ այս դէպքը եթէ պատահէր միջինարեւելեան երկիրի մը մէջ, արդիւնքը շատ աւելի տարբեր դուրս պիտի գար, չէ՞ք խորհիր։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»