ԱՇԽԱՏԱՍԷՐ ԿԱՆԱՅՔ
Հալէպահայ ծերունին՝ Յակոբը, ամէն օր իր բնակած տան մօտակայ այգին կը յաճախէ ու երկար ժամեր կը մնայ հոն, երբեմն նոյնիսկ ինքզինք մոռցած, պարապ ստամոքսին կանչն իսկ չի լսեր, միայն կը դիտէ չորս դին. համակերպած է ան Երեւանի մէջ ապրելու, թէեւ ամիսներ շարունակ կը տրտնջար ու կ՚ընդվզէր ամէն բանէ։ է՜հ, ի՞նչ խօսք, դժուար է հարկաւ...:
Առանձին նստարանի մը վրայ կը բազմի Յակոբ, բայց գիտէ, որ քիչ ետք անպայման իրեն նման այլ ծերունի մը պիտի լեցնէ կողքի դատարկութիւնը ու մանաւանդ հետը պիտի խորհրդակցի: Այսպէս ամէն օր հաղորդակցելու առիթը կ՚ունենայ հայրենիքցիի մը հետ: Գոհունակ ժպիտով կը դիտէ անցուդարձը, ամէն կողմ հայութիւն կը բուրէ, թէեւ կը նեղանայ ռուսերէն բառերու օգտագործումէն եւ յաճախ ալ կ՚արտայայտուի անոնց մասին կողքի նստողին հետ խօսած ժամանակ, բայց եւ այնպէս զուարթութիւն մը կը զգայ ի տես մանուկներու ուրախ վազվզուքին, նորահաս պատանի սիրահարներու անկաշկանդ գիրկընդխառնումին, տատիկներու ու մամիկներու թոռները պտտցնելուն, մօտակայ դպրոցէն արձակուելու պահուն ընդհանրապէս հայրերուն՝ մանուկներուն ընկերակցելուն. այո, գրեթէ հայրերը կամ ալ տատիկները մանուկները տուն կը տանին: Կը զարմանայ ան ի տես այս երեւոյթին:
Կիրակի է, դպրոցները փակ են, օդն ալ այնքան տաք է, որ Յակոբ չ՚ուզեր երկար նստիլ այգիին մէջ, կողքն ալ մէկը չկայ արդէն, այգիի այցելուներն ալ այսօր տունն են կարծես տաքէն պատսպարուելու համար. բայց ահաւասիկ միջահասակ երիտասարդ մը կը նստի անոր կողքը, զրոյցի նիւթեր կը բանայ Յակոբին հետ, զգալի է, որ բան մը խնդրել կ՚ուզէ. գրպանէն կոպեկներ կը հանէ, կը սկսի հաշուել, Յակոբ կը հետաքրքրուի.
-Ի՞նչ կը հաշուես:
Երիտասարդը կը շարունակէ կոպեկները իրարու վրայ շարել ու հաշուել՝ հարիւր, երկու հարիւր, երեք հարիւր, չորս հարիւր յիսուն...
-Պա՛պ ջան, հազար դրամ կարա՞ս տաս, վաղը յետ կը բերեմ,- կ՚ըսէ ան վերջապէս:
-Կու տամ, հա, կ՚երեւի հաց պիտի առնես, դրամդ չի բաւեր,- կը պատասխանէ ծերունին:
-Չէ՛, պապի՛կ, ի՞նչ հաց, էսօր Կիրակի ա, առանց օղիի կլնի՞: Փողս չի հերիքում օղի առնելու:
-Է, եթէ քեզի տամ դրամը, դուն մէկի փոխարէն երկու անգամ պիտի գինովնաս: Մէկը օղին խմելէն ետք, միւսը՝ դրամը վերադարձնելու ժամանակ: Աւելի լաւ է չտամ, որ երկու անգամ գինովնալուդ պատճառ չըլլամ,- ծիծաղով մը կը մերժէ միամիտ ծերունին:
-Ա՛յ քեզ պան,- կ՚ըսէ երիտասարդը ու կը հեռանայ ձախողութեան մատնուածի մը նման:
Ծերունին խոր մտորումներու մէջ կ՚իյնայ: Ինք, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին աշխատած է, ընտանիքին բոլոր պէտքերը հոգացած, դար-դադարում չէ ունեցած, մանաւանդ երիտասարդութեան օրերուն: Գիտէ ան երիտասարդի մը զօրութիւնն ու կամքը, ուժը, բայց կ՚ափսոսայ տեսածին համար: Ինչպէ՞ս կարելի է այս աստիճան նսեմանալ, այդ ալ օղիի՞ համար: Կ՚ուզէ բարձրաձայն պոռալ երիտասարդին ետեւէն, քաջալերել զինք, մղել աշխատանքի, դաստիարակել, հասկցնել, որ աշխատանքի շահով օղի խմելը աւելի համ ու հոտ ունի, աւելի հաճելի է, թերեւս ալ ճակտի քրտինքին վաստակը համտեսելով օղի խմելն ալ մոռնայ: Բայց ո՞վ մտիկ պիտի ընէ, օղիէն առաջ ծուլութեան մոլութիւն մը գոյութիւն ունի կարծես: Ու աչքերը կը սեւեռէ երիտասարդին գացած ուղղութեամբ, որ քայլ-քայլ կը հեռանայ ու կ՚անհետանայ. թերեւս կ՚երթայ ուրիշէ մը դրամ խնդրելու, մուրալու:
Անթացուպը կը պատրաստէ, ոտքի պիտի ելլէ տուն երթալու: Դարձեալ երիտասարդ մը կը նշմարէ զինք, կը մօտենայ օգնութեան համար: Ծերերուն հանդէպ յարգալից վերաբերումը նկատելի է հայրենիքցիներուն մօտ: Յակոբն ալ նկատած է այդ մէկը ու թերեւս ալ այս է պատճառներէն մին այգի յաճախելուն, քանի տնեցիները ձանձրացած են իր ամէնօրեայ պատումներու կրկնութիւններէն, մինչդեռ հոս, շատ մեծ հետաքրքրութեամբ ու յարգանքով կ՚ունկնդրեն. ինք եւս ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէ փոփոխուող զրուցակիցներուն պատումները: Մինչեւ իսկ, օր մը իր աշխատանքի փորձառութեամբ օգտակար դարձաւ այգիի ծաղկոցին ցանկապատ կառուցողներուն, քառասուն տարիներու ճարտարապետական փորձառութիւնը ի գործ ածելով, որմէ ետք գոհունակ ու ինքնավստահ դարձած էր կարծես ու զգացած՝ որ տակաւին կարող է խորհուրդով մը օգնել շրջապատին:
Երիտասարդը կը քալէ Յակոբին հետ, որպիսութիւնը կը հարցնէ, ու զրուցելով կը յառաջանան: Յակոբ կը տեղեկանայ անոր ամուսնացած ըլլալուն մասին, նոյնիսկ՝ մանչ զաւկի մը հայրը ըլլալուն: Սակայն ծերունիին համար անհասկնալի կը թուի, թէ Կիրակի օրուան այս ժամուն ի՞նչն է անոր՝ ընտանիքին մօտ չըլլալուն պատճառը: Ան կը տեղեկանայ, որ կինը գործի է, իսկ մանչուկը՝ մօրը մօտ, մինչ ինք կը թափառի մինչեւ կնոջ արձակուելուն ժամը ըլլայ.
-Իսկ դուն չե՞ս աշխատիր,- կը հարցնէ Յակոբ:
-Աշխատանք չեմ գտնում, պապի՛կ, շատ եմ որոնում,- կ՚ըլլայ պատասխանը երիտասարդին:
-Է կինդ ինչպէ՞ս գտած է ու կ՚աշխատի:
-Բախտը բերել ա, պա՛պ ջան, ես չեմ գտնում:
Արդէն հասած են այգիին մուտքը, ուր վաթսուն տարեկան հաւաքարար տատիկ մը տօթակէզ արեւուն ճառագայթներուն տակ այրելով, այգիին գետինը կ՚աւլէ, ճակտէն ծորող քրտինքի կաթիլներն ալ կը ցօղեն կարծես աւլուած գետինը:
Յակոբ մէյ մը տատիկին կը նայի, մէյ մըն ալ երիտասարդին, ու գլուխը շարժելով կը շարունակէ ուղին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 12/02/2024