ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՃԱԽ ԿԸ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒԻ ՈՐՊԷՍ «ԻՇԽԱՆԱՒՈՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ»
Քաղաքական մարդոց համար ծուղակը իրենք զիրենք անխոցելի եւ անհպելի համարել է: Այդ կ՚առաջնորդէ անտեսելու ստորադաս համարուած բաներ:
Ռոլան Տիւմա
Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար
Քաղաքական գործիչին եւ քաղաքացիին համար, հաւասարապէս, ողջախոհութիւն պէտք է, չիյնալու համար անպայման իրաւունք ունենալու, ճիշդ տեսնելու եւ չսխալելու բացորոշ կամ թաքուն յանձնապաստանութեան մէջ:
Այնքա՜ն դիպուկ է Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար գրեթէ հարիւրամեայ Ռոլան Տիւմայի միտքը, որմէ սորվելիք ունին Հայաստանի քաղաքացին, ղեկավարները եւ սփիւռքահայը: Ան ըսած է. «Քաղաքական մարդոց համար ծուղակը իրենք զիրենք անխոցելի եւ անհպելի համարել է: Այդ կ՚առաջնորդէ անտեսելու ստորադաս համարուած բաներ»: Եթէ լսենք, կը համեստանանք, գտնուինք վերի թէ վարի սանդղակին:
Սփիւռքահայը հայրենասէր է զրկուածի եւ մշակուած կարօտի զգացումով, ինքզինք որբ չզգալու սէր, որ յաճախ քաղաքական-գաղափարական եւ պատմութեան դասի հիմնաւորումներ չունի:
Զգացական հայրենասիրութիւն՝ որ քիչ պարագաներու կը յանգի հայրենատիրութեան: Եթէ այդ ըլլար, սփիւռքի հայրենադարձները կրկին սփիւռք չէին ըլլար, լաւ ապրելու իրաւունքի համար քաղաքացին չէր արտագաղթեր եւ սփիւռքն ալ հայրենադարձութիւն կը ծաւալէր:
Կը յիշեմ այն տարիները, երբ Խորհրդային Հայաստանէն երգի եւ պարի համոյթներ կու գային, զանգուածները կը յուզուէին, ոչ թէ անոր համար որ արուեստասէր էին, այլ անոր համար որ երգողները եւ պարողները հայրենիք կը խորհրդանշէին իրենց բոյրով եւ գոյնով: Եկող խումբերէն երգիչ-երգիչուհիի կամ պարող-պարուհիի մը ծանօթանալ, զայն հրաւիրել, անոր նուէր ընել, հայրենասիրական պարտք կատարել կը համարուէին: Հայրենակարօտներ ելոյթներու ներկայ կ՚ըլլային ծափահարելով գոհունակութիւն ապրելու համար, ոչ անպայման արուեստ գնահատելու: Այդպէս էր պարագան նաեւ թատերական ներկայացումներուն: Կ՚երթային գրողները տեսնելու, առանց անոնց գործերէն տեղեակ ըլլալու, առանց անոնց խօսածը միշտ ալ կարենալ հասկնալու: Հայրենասիրական այս զգացում-վերաբերումը բացասական չէ, տեղատուութիւններու դէմ պայքարին կը նպաստէ: Բայց անոնց գնահատումը ճիշդ պէտք է ընել:
Խորհրդային շրջանին հայրենասիրութիւնը կը դրսեւորուէր որպէս սովետասիրութիւն: Տեսանելի իրականութիւն էր, որ սովետը հայրենիքի բեկորը պահած էր եւ կը պաշտպանէր սահմանին վրայ կանգնած հակառակորդին դէմ: Հետեւաբար հայրենասիրութիւն-սովետասիրութիւն կը նոյնանային:
Այսօր ոչինչ փոխուած է: Հայրենի իշխանաւորը եթէ հայրենիք ներկայացնէ, խորհրադանիշ է, անոր ըսածին պէտք է հետեւիլ, անոր բոլոր նախաձեռնութիւնները պէտք է արդարացնել, որպէսզի հայրենիքին զօրավիգ կանգնած ըլլանք: Կարծէք սփիւռքահայ հայրենասէրը տրոհած է իր քննադատական միտքը եւ իրատեսութիւնը, մինչ իր բնակած երկիրներուն մէջ անձերու եւ օրէքներու հարցերով թեր կամ դէմ կը դիրքորոշուի եւ ըստ այնմ կը քուէարկէ:
Սփիւռքահայ հայրենասէրը հայրենի իշխանութիւն կամ իշխանաւոր քննադատող սփիւռքահայուն նկատմամբ բացասական դիրք կը ճշդէ, քննադատողին անյաջողութիւնը կամ պարտութիւնը գոհունակութիւն կը պատճառէ իրեն, քաղաքական ճիշդ մեկնաբանի գնահատական շնորհելով ինքնիրեն: Այս «իշխանաւորասիրութիւնը» անցեալին եւ այսօր կիրքեր կը սրէ նաեւ սփիւռքի մէջ, սրած էր անցեալին:
Հայրենասիրութիւն եւ իշխանաւորասիրութիւն մէկ եւ նոյն չեն: Պէտք է խուսափիլ թիւր ըմբռնումէ: Հայրենասիրութիւնը կ՚ենթադրէ պարտաւորութիւններ, եւ հայրենասէրը նախ անոնց մասին պէտք է մտածէ, անոնց կատարումը իմաստ եւ հաստութիւն կու տայ հայրենասիրութեան: Իշխանաւորասիրութիւնը ենթակայական վերաբերում է, որ յաճախ բաւարարուի ծափահարութեան գոհունակութեամբ: Որակաւոր հայրենասիրութիւնը կը պահանջէ աւելի լաւի եւ յաջողութեան ձգտում, որ անխուսափելիօրէն կ՚ենթադրէ քննադատութիւն, զոր պէտք չէ ըմբռնել որպէս բացասականութիւն, այլ՝ սխալ, թիւրիմացութիւն եւ ձախողութիւն կանխելու միտում, հետեւաբար՝ առարկայականութիւն, ոչ թշնամութիւն:
Առանց քննադատական վերաբերումի իշխանաւորասիրութիւնը կուրութեան կ՚առաջնորդէ հայրենասէրը, նաեւ երկրին մէջ, իշխանաւորին տրուած բարենիշ կ՚ըլլայ եւ ան կրնայ խրիլ իր սխալներուն մէջ, եւ հայրենիքը տանիլ այդ սխալներուն ճամբով:
Ի հարկէ, քաղաքական առողջ հանրային կեանքին համար իրատեսական քննադատութիւնը չարիք չէ, իշխանութեան սխալները տեսնել եւ ցոյց տալ, քաղաքացիական գիտակցութիւն է, յառաջդիմութեան ուղեցոյց, սփիւռքահայու պարագային՝ ճշմարիտ հայրենասիրութիւն, ո՛չ բերանաբաց եւ անօգուտ հիացում, ոչ ալ ընդունելութիւններու մասնակցութեան սնափառութիւն:
Ոչ ոք կ՚անգիտանայ, իրաւունք ունի անգիտանալու, որ անբարեացակամ դրացիներով շրջապատուած Հայաստանը տոկալու եւ տեւելու համար տեւաբար կուրծք պիտի տայ դժուարութիւններու, որոնք կրնան անցանկալի հետեւանքներ ունենալ: Ինչպէս՝ ներկայի ճգնաժամը: Բայց դժուարութիւններու կուրծք տալու, զանոնք յաղթահարելու համար, իշխանութիւնը պատասխանատու է, իր սխալները կամ որպէս սխալ դիտուած նախաձեռնութիւնները քննադատել եւ դատապարտել ազգայինի եւ քաղաքացիի պարտք են: Այս պարտքը կը հակադրուի իշխանաւորասիրական նախնականութեան, որ ամուլ եւ ամլացնող հայրենասիրութիւն է, որուն թերեւս այլ անուն պէտք է տալ:
Առանց հայրենասէր-հայրենատէր քննադատական վերաբերումի, իշխանութիւնը ինքզինք հարցականի չ՚ենթարկեր, կը ճապաղի ինքնագոհութեան եւ սիրողական ընթացքի մէջ:
Քաղաքացին, նաեւ հայրենասէր եւ բարեսէր սփիւռքահայը, քննադատողի եւ պահանջողի դիրքերէ պէտք է խօսի, որպէսզի ազգի եւ հայրենիքի իրաւունքները պաշտպանուին եւ վերականգնին:
Իշխանաւորասիրութիւնը քաղաքական դրական կեցուածք չէ, աւելին՝ վնասակար է, քանի որ անուղղակի քաջալերանք է սխալելու եւ սխալը շարունակելու, բացասականութիւն է, վնասակար է, կը ծառայէ այդ ընթացքին հետեւողին մանր փառասիրութեան:
Իսկական կառուցողական վերաբերում է հայրենատիրական հայրենասիրութիւնը, որ կը պահանջէ ճիշդ կողմնորոշում, ճիշդ ընտրանք, քաղաքական իմաստութիւն՝ իրաւունք չկորսնցնելու եւ վերականգնելու համար:
Այս կարենալ ընելու համար թաղային իմաստութիւնը եւ շատախօսութիւնը վնասակար են: Յաջողելու համար սիրողականէ, -ամաթէօրիզմէ,- պէտք է հեռանալ, եւ գործել արհեստավարժի եւ փորձի դրական նպաստով:
Իշխանաւորասիրութիւնը ամլութեան մէջ կը բանտարկէ ե՛ւ սիրողը ե՛ւ սիրուողը: Եթէ դեռ չխոստովանուած քինախնդրութիւններու թելադրանք չէ:
Մեր համակրանքները եւ հակակրանքները պէտք է դիտել եւ դատել ոչ թէ ենթակայական ազդակներու ճնշման տակ, այլ ապագայ կերտելու առարկայական ընտրանքներով:
Եւ նուաճել քաղաքական հասունութիւն, որուն համար անհրաժեշտ է յառաջացնել լսելու եւ լսուելու մշակոյթ, ունենալ նաեւ միւսին ըսելու՝ «դուն ալ իրաւունք ունիս» ըսելու ազնիւ քաջութիւն:
Որպէսզի երկիրը եւ ժողովուրդը դուրս գան «չագուճ»ի եւ «եկած ենք հեռացնելու»ի սադայէլի շրջանակէն:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ