ԱՊԱԳԱՅ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդ արարածը իր անհատական եւ հաւաքական կերպարներով եւ իր ծագումէն ի վեր տեւաբար ապրած է, աշխատած ու ստեղծագործած՝ այսպէս կոչուած վասն ապագայի: Այդ փոքր ու մեծ ապագան եղած է անձնական, ընկերային, պետական ու միջազգային ծրագիրներու կատարման առարկան եւ շարժիչ ուժը: Ապագաներ կերտելու համար միշտ մղուած են մեծ ու փոքր պատերազմներ, կնքուած են հազարաւոր դաշինքներ, թափուած են անսահման ու անյամառ ջանքեր եւ միշտ ալ թուացած է բոլորին, թէ լիակատար չէ ապագայի կերտումը եւ անհասանելիութեան զգացումով տառապած են թէ՛ մարդիկ եւ թէ՛ հասարակութիւններ, պետութիւններ ու կայսրութիւններ:
Բնականաբար անկարելի գործ է մատնանշել ու վերջնականապէս գծել ցանկալի ապագայի մը մանրամասնութիւնները, ինչ որ ընդունելի է բոլոր մարդկութեան, քանի ընթացքը ինքնին գիտութիւն է եւ ան ունի յարափոփոխութեան ամենակուլ օրէնք ու կատարողութիւն մը եւ մարդկութիւնը բազմազան ու անթիւ հասարակութիւններէ կը բաղկանայ: Բայց հակառակ այս պատճառներուն՝ նայած մարդկային հասարակարգերուն եւ զարգացածութեան աստիճանին, ապագայի պատկերացումները ձեւով մը ուրուագծուած են:
Մարդը իր բնոյթով ապագայապաշտ է, ուրկէ կու գայ անոր անդադար պատկերացումները եւ անոնց հիման վրայ կեանքը վարելու անոր ունեցած ոճը եւ մշակած մարտավարութիւնն ու ռազմավարութիւնը: Մարդկային հասարակութիւններու կրօնական, տնտեսական իրավիճակը սերտօրէն առընչուած է մարդոց ալ երազներուն հետ եւ չենք կրնար, օրինակ, հինտու, մահմետական կամ աթէիստ մարդու ապագայապաշտութիւնը կամ ապագայի հայցերը նոյնացնել կամ նմանցնել իրարու:
Բայց կը կարծենք, որ համաքուրաբար ընդհանուր մարդկային ընկերութեան ապագայի կերտումը կը պատկանի այն ընկերութիւններու մեծագոյն ղեկավարին կամ գերուժին տուեալ ժամանակաշրջանին մէջ: Օրինակ՝ չենք կրնար ՆԱՍԱ-ի իրագործածն ու հրամցուցածը զանց առնել ապագայի մեր պատկերացումներուն մէջ եւ մեր ներկայ բաց ու համարկուած աշխարհի բնոյթէն ելած նոյնինքն գիտական ու արհեստագիտական առաջնորդ ուժն է յարաբերաբար ապագան կերտողը՝ իր մշակած ներկայի ծրագիրներով եւ գիւտարարութեամբ:
Ապագայի հետ հաղորդակցութիւնը ամէն բնական եւ ընկերային գիտութիւններու գործն է, բայց ամենօրեայ եւ անմիջական մարդկային կեանքի տնօրինման իմաստով քաղաքականութիւնը մեզի կը ներկայանայ իբրեւ ապագայի մակնիշ ու մեքենայ: «Այս պետութիւնը այսպիսի բան ծրագրեց, այս բանակը այս պատերազմը մղեց, այս քաղաքական հատուածը այս քայլերը առաւ»… այսպիսի գործակատարումներով է որ նախ եւ առաջ կը կազմուի մարդուս անհատական ու հաւաքական ընկալումը՝ ակնկալիքը ապագայի եւ ըստ անոնց իր ամենօրեայ որոշումները առնելու եւ նոյնինքն պարզ կեանքը ապրելու եղանակի կատարումը: Միեւնոյն ժամանակ քաղաքականութիւնը ամենաապագայապաշտ համարուած ըլլալու կողքին ան ամենաշատը երեւան կը հանէ մարդուս նիւթապաշտ ու շահամոլ բնոյթը: «Կերտել այնպիսի ապագայ մը, որ ինծի համար լաւ է, իմ ընտանիքն համար լաւ է, իմ պետութեան, իմ դաշինքին եւ այսպէս»: Հոս է որ բաց աշխարհի եւ համարկուած ընկերութիւններուն եւ գերզարգացուածութեան կողքին փոքր ու ձախող (մեծ կամ փոքր նշանակութիւն չունի) երկիրներու ծրագիրներու պարունակազրկութիւնը ի յայտ կու գայ: Ապագան միշտ պայծառ է ու վեհ մարդու մտքին եւ գիտակցութեան մէջ, իսկ արուեստի փիլիսոփայութեամբ զայն կրնայ ազնուացնել մարդը: Բայց ինչպէս վերը ըսինք, գերշահադիտական աշխարհին մէջ հակասական են յաճախ ապագային հանդէպ եղած մեծ ընդհանուր «ազնիւ» գիտական յառաջդիմութիւնները նիւթականացնելը եւ վասն ապագայի տարուած ծրագիրները զանազան կողմերու միջոցաւ այն տպաւորութիւնը կու տան, որ անոնք սոսկ գերակայութիւններ հաստատելու ուղղուած են:
Հին դարերէն սկսեալ գերապագայ կոչուածը անջրպետին հետ կապերու պատկերացումով կը ներկայանայ եւ ցայսօր տիեզերագիտութիւնը իր հիմնական դերը ունի ապագան պատկերացնելու եւ ձգտելու մեր մարմաջին մէջ: Միւս կողմէ, վայելքի եւ նիւթականացած մեր աշխարհին մէջ սպասուած ըլլալու, վայելելու, ներկան ապրելու եւ առաւելագոյնը ըմբոշխնելու ալ իրողութիւնները մեծ են եւ անոնք մարդիկը կը մղեն համոզուելու, որ ապագան արդէն կերտուած է եւ մեր ժամանակները ապագայակերտուած ժամանակներն են:
Ապագան միշտ պաշտելի է եւ գրաւիչ ու տեղ մըն ալ վեհ, բայց տեւաբար գերքաղաքականացումը ու պատերազմները մարդոց ու հասարակութիւններու մէջ մեծ վախեր կը յառաջացնեն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
10 հոկտեմբեր 2022