ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ԴՐԱՄԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆՍ ԵՒ ՏԱՍԱՆՈՐԴ ՏԱԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

Հարցում. Անցեալ տարի չկրցայ տասանորդ տալ, տնտեսական ծանրաբեռնուածութեանս եւ դրամի կարիք ունենալուս պատճառով: Ի՞նչ պէտք է ընեմ: Հնարաւո՞ր է զիս ազատել տասանորդ տալու պարտաւորութենէն:

Պատասխան. Պէտք է տասանորդ տաս, ինչ ալ ըլլայ դրամական պարագադ:

Այստեղ կ՚ուզեմ քեզի կարգ մը կարեւոր նկատառումներ ներկայացնել, որոնք են.

1. Ով որ իր կարիքէն կը վճարէ, Աստուծոյ մօտ իր վարձատրութիւնը աւելի մեծ կ՚ըլլայ:

Որովհետեւ այդպիսով ուրիշը ինքն իրմէ աւելի նախասիրեց, տարբեր անկէ, որ առատութենէ եւ թուլութենէ կը վճարէ, ու չի զգար, թէ իր անհրաժեշտութիւններէն կտրուեցաւ՝ ուրիշի մը կարիքը բաւարարելու համար:

Կը նկատենք, թէ Տէր Յիսուս գովեց աղքատ այրի կինը, ով երկու լումայ վճարեց, եւ ըսաւ թէ ան գանձանակին մէջ բոլորէն աւելի նետեց. «Միւսները բոլորն ալ իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին…, մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց» (տե՛ս Ղկ 21.4). «Ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (Մր 12.44):

Այսպիսով, դուն եւս պէտք է վարժուիս կարիքներուդ մէջ նուիրաբերել, ըլլայ դրամի կարիքէդ, կամ ժամանակի, կամ ալ առողջութեան:

Երկրորդ նկատառումը, որ պիտի ըսեմ, հետեւեալն է.

2. Երբ կարիքէդ կը վճարես, Աստուած կ՚օրհնէ դրամդ:

Քանի՜ կարօտեալ կ՚ըսէ. ամբողջ դրմաս եւ կամ ունեցուածքս չի բաւարարեր զիս, հապա ի՞նչ կրնայ ըլլալ եթէ տասանորդ ալ վճարեմ: Ինն տոկոսը կը բաւէ՞: Այստեղ կ՚ըսեմ.

Ինն տոկոսը օրհնութեան հետ միասին, միւս բոլորէն աւելի է, որ առանց օրհնութեան է:

Արդարեւ, երբ կու տաս, Աստուած կ՚օրհնէ այն քիչը, որ մնաց եւ զայն շատ աւելին կ՚ընէ քան այն բոլոր դրամը, որ առանց տասանորդի օրհնութեան է: Ան քեզ կը փոխհատուցէ աւելիով՝ ինչ որ տուիր, եւ կ՚օրհնէ դրամիդ գործընթացը, հակառակ շատերու, որոնք առատ դրամ ունին, սակայն կը զգան թէ այն չի՛ բաւեր երբեք ու կը կորսուի, որովհետեւ անոր մէջ օրհնութիւն չկայ:

Երրորդ նկատառումը, որ պիտի ըսեմ, հետեւեալն է.

3. Աստուած մեր տասանորդին կարիքը չունի, սակայն անոր միջոցով կը վարժեցնէ մեզի ու կ՚օրհնէ մեզ:

Կը վարժեցնէ մեզի տալուն եւ ուրիշները սիրելուն, եւ դրամի գերին չդառնալուն: Ինչպէս նաեւ կը վարժեցնէ մեզի հաւատքին…, հաւատք Աստուծոյ քիչին օրհնութեան…:

Աստուած կրնայ աշխարհի բոլոր կարիքները բաւարարել, առանց որ մենք ոչինչ վճարենք, Ան է բոլորին կշտացնողը Իր բարիքներէն, սակայն կ՚ուզէ մեզ մասնակից ընել բարիք գործելուն մէջ, որպէսզի այդ գործին օրհնութիւնը ստանանք…:

4. Ես գիտեմ տնտեսական պարագաներդ, սակայն փորձէ՛ զԱստուած:

Ընդհանուր օրէնքն է, որ՝ «քու Տէր Աստուածդ չփորձես» (Մտ 4.7), սակայն տասանորդը միակ բացառութիւնն է, որու մասին Տէր Աստուած ըսաւ. «Բոլոր տասանորդները տուէք…, եւ փորձեցէք զիս ասով, կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը, թէ արդեօք ձեզի երկինքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ, որ բաւական տեղ չըլլայ» (Մղ 3.10):

Փորձէ թէ Աստուած ինչպէս պիտի օրհնէ դրամդ, եւ թէ ինչպէս այլեւս կարիք պիտի չունենաս, ընդհակառակը, Աստուած քեզի աւելիով պիտի շնորհէ:

Սակայն, տասանորդ մի՛ տար, աւելնալու նպատակով…:

Որովհետեւ այս չէ տալու հոգեւոր վիճակը, այլ՝ վճարէ, նոյնիսկ եթէ ատեն ըլլայ որ կարիքներդ շատնան: Արդարեւ, Աստուած միայն տեսնէ սիրտիդ անկեղծութիւնը տալու ժամանակ, որուն կ՚ընկերակցի ուրիշներուն նկատմամբ ունեցած սէրդ, այն ատեն պիտի բանայ քեզի երկինքին պատուհանները, ինչպէս խոստացաւ:

Վճարէ՛ ուրեմն, եւ ըսէ. «Բայց ես ո՞վ եմ ու իմ ժողովուրդս ո՞վ է, որ այսպէս կամաւոր ընծայ տալու կարող ըլլանք, քանզի ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք» (Ա. Մն 29.14): Օրհնէ՛ այն քիչը, որ մնաց մեզի, եւ մեզ ոչ մէկ բանի կարօտ ըրէ:

Ուրիշ կէտ մըն ալ կ՚ըսեմ քեզի, որ հետեւեալն է.

5. Տասանորդը, որ չես վճարեր, անարդար դրամ կը համարուի մօտդ:

Դրամ է, որով անարդարութիւն գործեցիր անոր կարիք ունեցող աղքատներուն, որոնք արժանի էին այդ դրամին: Ատիկա քու դրամդ չէ, որ զայն քու մօտդ արգելափակես: Ատիկա Տիրոջն է, եւ դուն Տէրը կողոպտեցիր այդպիսով, որով Աստուած այդ դրամը անարդար համարեց: Տե՛ս թէ աստուածային ներշնչումը ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքայի մարգարէութեան մէջ. «Զօրքերու Տէրը կ՚ըսէ. միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞, որ դուք զիս կը կողոպտէք. բայց դուք կ՚ըսէք. Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք. տասանորդներ ու ընծաներ» (տե՛ս Մղ 3.7-8). այս պատճառով Տէրը ըսաւ.

«Անարդար դրամով ձեզի բարեկամներ ըրէ՛ք» (հմմտ. Ղկ 16.9): 

Հետեւաբար, ի՞նչ կը նշանակէ այս նախադասութիւնը: Կը նշանակէ.

6. Տասանորդի դրամը, որ ձեր մօտ արգելափակեցիք եւ անարդար դրամ եղաւ, որով անիրաւեցիք աղքատները՝ զայն անոնց չտալով, այդ դրամով ձեզի բարեկամներ ըրէք՝ որոնք կ՚աղաղակեն ձեզի համար, եւ Աստուած կը պատասխանէ անոնց աղաղակին: Եւ ինչպէս որ ազատեցիք զանոնք իրենց դրամական խնդիրենրէն տասանորդի դրամները վճարելով, այդպէս ալ Աստուած ձեր դրամական խնդիրներէն կ՚ազատէ ձեզ…:

Մնաց նախադասութիւն, որ պիտի ըսեմ քեզի, հետեւեալն է.

7. Անցեալ տարուան տասանորդներդ, որ չես վճարած, պարտք են քու վրադ, զորս պէտք է վճարես, գէթ ապառիկ:

ԼՈՅՍԸ Ե՞ՐԲ ՍՏԵՂԾՈՒԵՑԱՒ

Հարցում. Ծննդոց գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ Աստուած լոյսը առաջին օրը ստեղծեց (Ծն 1.3), մինչ կը կարդանք նաեւ, թէ արեւը, լուսինն ու աստղերը չորրորդ օրը ստեղծեց (Ծն 1.14-18): Ի՞նչ տարբերութիւն այս երկուքին միջեւ: Ե՞րբ ստեղծուեցաւ լոյսը. առաջի՞ն օրը, թէ՞ չորրորդ:

Պատասխան. Աստուած լոյսը առաջին օրը ստեղծեց, ըստ Գիրքին ըսածին, սակայն ո՞ր լոյսը: Լոյսը նիւթն է…, կրակէ լուսաւոր գունդը, որմէ Աստուած չորրորդ օրը արարեց արեւը, լուսինն ու աստղերը: Աստուած այս չորրորդ օրուան ընթացքին է, որ երկնային բոլոր մարմիններուն միջեւ դրաւ աստղագիտութեան օրէնքներն ու անոնց միջեւ հաստատուն յարաբերութեան կանոնները:

ԱՇԽԱՐՀԸ ԱՐԵՒԷՆ ՄԱՍՆԻ՞Կ ՄԸՆ Է

Հարցում. Գիրքի մը մէջ կարդացի քննադատութիւն մը, առընչուած աշխարհի ստեղծագործութեան մասին՝ ինչպէս որ զայն ներկայացուցած է Ծննդոցի առաջին գլուխը: Ըստ գիտնականներու ըսածին՝ աշխարհը ինչպէ՞ս կրնայ արեւէն մասնիկ մը ըլլալ, մինչ Գիրքը կ՚ըսէ, թէ արեւը չորրորդ օրը ստեղծուեցաւ, այսինքն՝ աշխարհի արարումէն ետք: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնայ մասնիկ մը ըլլալ բանի մը, որ իրմէ վերջ արարուեցաւ:

Պատասխան. Գիտնականները չեն ըսեր, թէ աշխարհը արեւէն մասնիկ մըն էր եւ անկէ բաժնուեցաւ, այլապէս ներկայիս արեւը այդ մասնիկէն պակաս կ՚ըլլար:

Գիտնականներուն ըսածը այն է, թէ աշխարհը արեւային համակարգէն մասնիկ մըն էր եւ ո՛չ թէ արեւէն. աստղահոյլէն (միգաստղ) մասնիկ մըն էր, այդ կրակէ բորբոքած բոցէն, որ առանց կասկածի լուսաւոր էր: Այս բորբոքած աստղահոյլի գունդն է, որ Գիրքը նկատի ունէր Տիրոջ առաջին օրը ըսելուն, թէ՝ «լոյս թող ըլլայ, եւ լոյս եղաւ…»:

Այս գունդէն բաժնուեցաւ աշխարհը: Ապա, աստիճանաբար սկսաւ պաղիլ, մինչեւ որ իր մակերեսը ամբողջութեամբ պաղեցաւ եւ պիտանի դարձաւ, որպէսզի իր վրայ բոյսեր աճին երրորդ օրը, օգտուելով այդ լոյսէն:

Իսկ չորրորդ օրը, Տէրը այդ գունդէն արարեց արեւը, լուսինը, աստղերը, մոլորակները, երկնաքարերը, ծիր կաթինը եւ երկնային բոլոր մարմինները, եւ կանոնաւորեց անոնց գործունէութիւնը…:

Արեւը իր վիճակին մէջ մնաց չորրորդ օրը, ամբողջական եւ աշխարհը անկէ չբաժնուեցաւ: Արդարեւ, Աստուած կանոնաւորեց աշխարհին արեւին, լուսինին եւ մնացեալ աստղերուն ու մոլորակներուն հետ ունենալիք յարաբերութիւնը՝ աստղագիտութեան օրէնքներով, որ Տէրը չորրորդ օրուան ընթացքին դրաւ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2022