«ԶԷՐՕ»
-Նորա, ե՞րբ այս գրութիւններդ գիրքի մէջ պիտի տեսնենք:
Հարցուցի ատենին Նորային, որ երկու-երեք շաբաթը մէյ մը յղում մը կը տեղադրէ մեր առցանց նամակագրութեան մէջ, յղումը կ՚աւետէ իր նոր մէկ գրութեան կամ ոտանաւորին հրապարակումով՝ ցանցային գրական էջի մը մէջ:
Եւ, ահաւասիկ Նորային անդրանիկ հրատարակութիւնը մեր ձեռքերուն մէջ է՝ «Զէրօ» (Նորա Պարութճեան, Լուսակն, Երեւան, 2022):
«Զէրօ»ն հաւաքածոյ մըն է առցանց հարթակներու վրայ հրապարակուած Նորային գրութիւններէն՝ բանաստեղծութիւն եւ արձակ, որոնք կ՚առընչուին ծերանոցային կեանքին:
Հեղինակը իր անդրանիկ հատորով մեզի կը ծանօթացնէ մարդը իր վերջալոյսի տարիներուն, աշխատանքային միջավայրը՝ ծերանոցը եւ ծերերուն ընտանիքները:
Ան Փարիզի հայկական ծերանոցին մէջ ստանձնած իր պաշտօնին բերումով կը պեղէ մարդուն հոգին եւ մերթ պոռթկումով, մերթ փափկանկատօրէն կ՚անդրադառնայ մարդկային յարաբերութեանց թնճուկներուն:
Կեանքի երկար փորձառութիւն ձեռք բերած ծերերուն կարծրացած մաշկերուն ետին կ՚երեւին իրական արժանիքներ՝ երբեմն թաքուն, երբեմն բացայայտ, երբեմն ցեղասպանութեան հետքեր, որոնք ամբողջ կեանք մը թունաւորած են եւ ազդած անձին էութեան վրայ:
Ոմանք կ՚ըսեն՝ «Նորային լեզուն շատ մաքուր է, բայց զայն հասկնալը՝ քիչ մը դժուար»: Ըստ իս, լիբանանահայ Նորան, Ֆրանսայի մէջ ապրած եւ ֆրանսահայ գրականութեան հետ առընչուած ըլլալուն, կը կրէ այդ գրականութեան յատկանիշերը՝ խոր, խոհուն, վերլուծական հայեացք, հոգեկան աշխարհը փորփրող կարողութիւն ունի ան:
Կարդալու ընթացքին իսկոյն կը յայտնուի անցեալէն առաքինի պատառիկ մը, ուսանելի դաս մը, որպէս փրկութիւն տանջող ներկայ վիճակէ մը, ինչպէս «Պարոն Ծատուրին աշակերտը»՝ գիրքին առաջին գրութիւնը:
Ծերերը ինքնին արժէքներ են հեղինակին համար եւ անոնց կորուստը՝ «կամուրջէն անցնիլը» կը դիտէ եւ կը զգայ մահուան տանող ճամբան, մահը, որ «ըսելիք»ին ճամբան կը փակէ. «Ես ալ կամուրջ մը կ՚անցնէի, այն մէկը, որ աչք կը բանայ, բերան կը փակէ, միտքին պատին լուսամուտ կը զետեղէ, ճամբաներէն անցնիլ կու տայ, կը կանգնեցնէ այն մարդոց կողքին, որոնց հետ անխօս ըսելիք կայ: Ըսելի՛ք» («Տիկին Շ.», էջ 14)։
Այլ կտորի մը մէջ, Նորան կը յայտնաբերէ տանջող անցեալ մը, որ Վարդանոյշին կ՚ընկերանայ ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ան կ՚երեւի իր ամէնօրեայ կերպարանքէն տարբեր, նախկին տպաւորութիւնները կը ջնջուին, նախկինը, որ անբարոյ կերպար մը ստեղծած էր իր երկար ձեռքով, որմէ կը խուսափէին ծերանոցին բոլոր բնակիչները, աշխատակազմը՝ արու կամ էգ.
«Մայրս ինծի կը նմանէր, տգեղ էր: Հայրս գեղեցիկ տղամարդ էր: Օր մը կեաւուր ըսելով ծեծեցին: Սայլին վրայ արիւնլուայ գիւղ բերին»: (…)
Պոռթկումով լի պահեր կ՚երեւին էջերուն մէջ, կը պոռթկայ հեղինակը մարդկութենէն, փնտռելով ու չգտնելով մարդը.
«Հո՛ս մարդերը միսեր են: Հոտերու այս աղբին մէջ կտոր մը իրականութիւն գլուխը կը ցնցէ ու զիս կը քերթէ բանաստեղծութենէն: Չեմ դիմանար» («Հոս՝ մարդերը...», էջ 22)։
Իսկ երբ, իր պաշտօնին բերումով, նորեկի մը հարազատին կը ծանօթացնէ ծերանոցին բնոյթը, վայրը, ուշագրաւ անկեղծութեամբ, երբեմն պաշտօնն իսկ մէկ դի դնելով՝
«Ինչպէ՞ս կը դիմանաք»,- սպասուած հարցումին, կը պատասխանէ,- «Երկու ձեւ կայ. կամ կ՚ըլլաս անտարբեր եւ գործդ կ՚ընես, կամ ալ կը սկսիս անվերջանալի էջքդ դէպի խորը: Առաջինին պարագային՝ հոս գործ չունիս, բայց կ՚աշխատիս, այսինքն կը ծառայես քեզի պէսներուն համար կարգուած օրէնքին, կը ստրկանաս անոր եւ անկարգաւորութեան չարիքով կը թունաւորես մթնոլորտը: Իսկ երկրորդին պարագային՝ կը դառնաս փիլիսոփայ, բայց ծակ՝ ինծի պէս» («Հարցում մը ունիմ», էջ 33)։
Ծերանոցին պարտէզը Նորային ներքին կուտակները թօթափելու վայրն է: Յաճախ կը հանդիպինք գրութիւններուն մէջ պարտէզի նկարագրութեան ընդմէջէն հոգեվերլուծական տողերու, որոնցմով այդօրուան հարցերը կը մտմտայ: Համավարակի օրերուն ծերանոցին վիճակը նկարագրող «Հականեխում» գրութիւնը սոսկալի տեսարանները տեսանելի կը դարձնէ. անհաշիւ մահացող ծերերը, սենեակներէն սպրդող անախորժ հոտը, դագաղները... համավարակի օրերը կը վերակենդանացնեն ընթերցողին մտապատկերին մէջ.
«Նետուեցայ պարտէզ, ինչպէս ցնցուած շիշին կազոտ պարունակութիւնը կը ֆշշայ բերանը մէկէն բացուելով: Սկսայ ձեռքերով խենթի շարժումներ ընել, վազել-քալել դէպի առանձին անկիւն, փսխելու համար պէտքարան աճապարողի պէս: Ելաւ ելաաաւ վեր կոկորդէս ձայն մը, որ չհասկցայ որո՞ւնն էր: Հոգս չէր այլեւս. թերեւս իմս էր, բայց ես ծանօթ չէի ատոր: Յանձնուեցայ: Ինչ որ էր՝ բարի էր» («Հականեխում» (համավարակի թէժ յիշատակներէն), էջ 66):
Եւ գիրքը կ՚աւարտի կողքին վրայ՝
«Էջք ծերանոցի մը բաւիղներէն
դէպի մանրապատկերը սուտի եւ իրականութեան խառնուրդին,
վայրի համակեցութեան,
ազնիւ նպատակներու կուշտուկուռ լլկումին,
պարկեշտ մարդոց սանձահարման» տողերով:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան