ՉԱՐՉԱՐՈՒԱԾ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն խաղաղութիւնը եղած է մեծ նպատակ: Սակայն, ինչքան այդ խաղաղասիրութիւնը բխած է նոյնինքն մարդկային էութենէն կամ հոգեմտաւոր կերտուածքէն, բոլոր քաղաքակրթութիւններն ու կազմակերպուած հաւաքական կենսափորձերը (նոյնինքն պետութիւնները) խօսած են խաղաղութեան անունով եւ իրենց նպատակը եղած է խաղաղութեան հասնիլը, ամենադաժան պատերազմներ մղելով հանդերձ:

Բնականաբար համաշխարհային մեծ խաղաղութիւնը մարդկային քաղաքական ու ընկերաբանական միտքին համար մեծ համակարգեցնող խթան է նոյն ատեն, նաեւ կրնայ նոյնինքն կրօններու եւ մշակոյթներու ծնունդին ու աշխուժութեան ալ շարժիչ ուժը համարուիլ: Շատեր կը վիճին՝ ըսելով, որ մարդս իբրեւ անհատ կրնայ խաղաղասէր համարուիլ, բայց իբրեւ հաւաքականութիւն ան միշտ յարած ու ատակ է պատերազմելու եւ տեղ մըն ալ վայրագութեան, արդարացնելով այդ զանազան գործօններով. ինչպէս՝ ազգայինը, տնտեսականը, բարոյականն ու մեծ մաշտաբով հասնելով համամարդկայինին: Պատերազմները մարդու գոյութեան սկիզբէն եղած են ու կը համարուին մարդկութեան զարգացման ու եղափոխութեան ամենաընկերացողն ու տեղ մըն ալ այդ եղափոխութիւնն ու զարգացումը բացայայտող իրողութիւնը: Ամբողջ մարդկային պատմութիւնը եթէ ուզենք խտացնել՝ կը տեսնենք, որ մարդը իր հաւաքականութեամբ, պետութեամբ, ազգով, մշակոյթով ու քաղաքակրթութեամբ պատերազմած է կամ նուազագոյնը մաքառած ու դիմակայած է ուրիշներուն դէմ: Զանազան անուններ դրուած են այդ գործողութիւններուն, օրինակ՝ ծաւալապաշտական, նուաճողական, պաշտպանական, գոյութենական եւ այլն, բայց, ի վերջոյ անոնք մեծ ու փոքր, տեղային ու շրջանային ու համաշխարհային պատերազմներ եղած են եւ տակաւին կան:

Անցեալ դարաշրջանները կրնան դասակարգուիլ բռնութեան, պատերազմներու եւ վայրագութիւններու դարեր, մանաւանդ՝ իրենց ծաւալով եւ բաղդատմամբ ներկայ մեր ժամանակներուն։ Այս կէտին է, որ խաղաղական ժամանակներ ապրելու մեր պատեհութիւնը կրնայ ձեւով մը ինքզինք պարզել, որովհետեւ յաճախականութեան եւ կոշտօրէն եթէ ձեւակերպենք՝ պատերազմներով մեռցնելու կամ մեռնելու հաւանականութիւնը աւելի ցած համեմատութիւն կը պարզէ մեր ապրած ներկայ դարաշրջանին մէջ:

Բոլորը մշտապէս խօսած են խաղաղութեան մասին եւ ձեւակերպած՝ իրենց բանաձեւերն ու ռազմավարութիւնները հասնելու անոր, սկսեալ փոքր երկիրներէն հասնելով ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին, իսկ ներկայիս այսպէս ըսած՝ յարաբերաբար խաղաղ աշխարհը ինչքան ալ մարդկային զարգացման ու արհեստագիտական յեղափոխութեան աստիճանով թերագնահատենք, այն կը մնայ անցեալին բաղդատած հանդարտ ու խաղաղ՝ իր ձեւով ու նուաճումներով, հակառակ անոր, որ աշխահի գերտէրութիւնները աւելի քան 20 հազար աթոմական մեծ ու փոքր ռումբեր ունին:

Ներկայիս մեր կեանքը թէ՛ աւելի խաղաղ է եւ թէ ողջ մնալու հաւանականութիւնը աւելի բարձր է, քան պատմութեան մէջ եղած է անհատի եւ ազգի ալ մակարդակներով: Պատճառները շատ են այս արդիւնքին, բայց տակաւին առկայ է ընդհանուր մարդկային քաղաքական միտքին համար խաղաղութիւն կերտելու նոր ձեւերու ու համակարգներու փնտռտուքի հարցը։ Այդ մէկը կախեալ է միջազգային յարաբերութիւններու աշխուժութենէն եւ գեր ու միջակ ու նոյնիսկ փոքր պետութիւններու վարած քաղաքականութիւններէն ու նպատակներէն: Պէտք է նշենք, որ վերջնական խաղաղութեան հասնիլը՝ եթէ չըսենք անկարելի է, գոնէ իւթոփիական կրնայ համարուիլ՝ քանի դեռ կան տէրութիւններ ու պետութիւններ, նաեւ անկարելի է կռահել, թէ մարդկութիւնը ե՞րբ կը հասնի այդ հանգրուանին, ուր խաղաղութիւնը կ՚ըլլայ համատարած, իրագործուած ու վերջնական:

Կրօնները ինքնին խաղաղութեան քարոզիչ են, իրենց գոնէ տեսական ու տեսաբանական-հոգեւոր ուսմունքին մէջ, բայց երբ կը վերածուին գործուղղումներով համակարգի կամ դպրութեան, անոնք միշտ կը ստեղծեն մեծ պատերազմներ զանազան շրջաններու եւ զանազան ժամանակներու մէջ, նոյնիսկ մէկ կրօնի մէջ տարբեր դաւանանքներու պայքարի ու կռիւներու տեսքով։

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ առաւելապէս հակամարտող կողմերը եւ յետոյ անոնց ցուցմունքով միւս պետութիւնները գտան ՄԱԿ-ի մէջ խաղաղութիւն հետապնդելու եւ իրագործելու միջոց, ինչ որ աննախադէպ էր մարդկային պատմութեան մէջ, ինչքան ալ ՄԱԿ ձախողած եւ սայթաքած է կամ գերտէրութիւններուն գործիքը համարուի, ան մը մնայ նուազագոյն չափով համակարգչական մարմին մը մարդկային հասարակութեան համար եւ միջազգային ընտանիքին հանդիպման ու համագործակցութեան բարձրագոյն կառոյցներէն մէկը: Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ցամաքամասերուն մէջ յարաբերաբար աւելի քիչ էին պատերազմները վերջին տասնամեակներուն, նախքան ռուս-ուքրանական այս պատերազմը եւ ձեւով մը այդ կը կապուի տնտեսական զարգացածութեան աստիճանին հետ: Եւ ներկայիս խաղաղութեան հասնելու ջանքերը որքան ալ քաղաքականացնենք (ինչ որ յաւերժապէս անխուսափելի է), արդի հասարակութիւնները աւելի հակուած են խաղաղութեան, թէեւ աշխարհի մէջ կայ ռազմականացում, որ բարձր արհեստագիտութեան հետ աճ կ՚ապրի:

Հիմա մարդիկ պարզապէս կ՚ուզեն կեանքը ապրիլ աւելի խաղաղօրէն եւ աւելի հնարաւորութիւն ունին իրենց ձայնն ու գործը հասանելի դարձնելու եւ հարցերը լուծելու խաղաղ ոճով: Ուրիշ ժամանակներէ աւելի ընդհանուր կեանքն ու քաղաքական եւ մշակութային ապրուստը ներկայիս ժողովրդային հենք ունի (ինչքան ալ զօրացած են կեդրոնական կառավարութիւնները ու ղեկավարման ապակեդրոն համակարգերը), որովհետեւ ժողովրդական դիւանագիտութիւնը եւ ինքնին ժողովրդական շարժումները հասու դարձան փոփոխութիւններ իրականացնելու:

Բնականաբար, խաղաղութիւնը ներկայի եւ անցեալի աշխարհներու մէջ իր գիները ունեցած է եւ ունի։ Բազմաթիւ պարագաներու պետութիւնները տակաւին կ՚ապաւինին մարդկային վախի եւ ուժի գործօններուն եւ այն հասկացողութիւններով հասնելու այն բանեցման, որ ինչքան մարդս վախեր ունի՝ այնքան կը սանձուի, իսկ ինքնին մարդուն վախերը մեծ են եւ ի խնդիր մեծ պահելու համար զանոնք (ընդհանուր անհատական ու հաւաքական իմաստով), պէտք է զէնքի եւ ռազմական գերազանցութիւններ ապահովել ուրիշ հաւաքականութիւններու եւ պետութիւններու նկատմամբ, ինչ որ սպառազինման հիմքն է: Այո՛, պէտք չէ մոռնալ, որ ներկայիս երկիրները աւելի սպառազինման մէջ են, մանաւանդ՝ նկատի առած արդի ժամանակներու զարգացածութիւնը եւ նոյն աւերուածութիւն պատճառելու մեծ կարողութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, ընդհանուր աշխարհը խաղաղութեան աւելի տենչացող է, որու հասնելու հնարաւորութիւնը ապրող ու բարձրացնողն է ներկայիս:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

11 ապրիլ 2022

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022