ՇԸՆԿԵՐ 4. ԱՆԱՀԻՏԸ
Յիսունն անց, թերեւս վաթսունն ալ անց է արդէն, բայց յամառօրէն կը պայքարի։ Մազերը երկար կը պահէ, կը նետէ մինչեւ կէսը կռնակին, կը ներկէ նարնջագոյն, գինեգոյն կամ դեղին։ Հագուկապը՝ երիտասարդի. ճինզ, կրունկաւոր կօշիկ, «խենթ» շապիկներ։
Տոլչին, խոշոր սեւ գերմանական շունը, քալելու կը տանի. բայց ինքն ալ կը քալէ ընթացքին։ Ըսել կ՚ուզեմ, որ գիտակից կերպով կը քալէ. ոչ թէ սոսկ Տոլչին կը տանի, այլ ինք դուրս կու գայ ամէն անգամ։ Դուրս կու գայ ոչ թէ մարզանքի, այլ երեւելու, ներկայանալու քաղաքին ու մարդոց վերջապէս։ Ըլլալու որպէս տիկին Անահիտ։
Ամենէն կեդրոնական թաղերէն մէկուն ճիշդ ետին, հանդարտութեան մէջ, փոքր առանձնատուն մը ունի, իր բակով։ Ինքը կամ ամուսինը, կ՚ենթադրեմ, կամ թերեւս ծնողքը անոնցմէ մէկուն, Սովետական տարիներուն դիրքի կամ պաշտօնի վրայ եղած են, որ այնտեղ տուն են ունեցեր։ Ճիշդ ատոր յարմար ձեւով մըն ալ կը վարուի մարդոց ու քաղաքին հետ. հին, հնաբնակ, քաղաքացի է բառիս բուն իմաստով։ Քաղաքի տէր։ Երբ պէտք է՝ գոռոզ, երբ պէտք է՝ պահանջկոտ։
Ամուսինը չկայ. չկայ որ կ՚ըսեմ, նկատի չունիմ անպայմանօրէն որ անդի աշխարհ գացած է։ Կրնայ եւ պարզապէս ձգած ուրիշ երկիր, ուրիշ քաղաք, կամ ուրիշ տուն գացած ըլլալ։ Բայց պարզ է, որ չկայ։ Ինքն է, աղջիկը՝ քսանքանի տարեկան Մարիաննան, եւ շունը՝ Տոլչին։ Ու տունն ու ընտանիքը ամբողջովին ձեռք առած, ափին մէջ ամուր բռնած է տիկին Անահիտը. ամուր այնքան մը, որ կրնայ։ Կը զգաս, երբեմն, թէ այդ ինքնավստահ ու հպարտ կինն իր շպարին տակէն ցաւ ու տառապանք կը քրտնի։ Կ՚անդրադառնաս, թէ լաւութիւն, պայծառութիւն, երբեմն նոյնիսկ երջանկութիւն կը կեղծէ։
Խիստ է որպէս շընկեր. նաեւ կոպիտ երբեմն։ Գռեհկութեան հասնող ձայնային ելեւէջով մը կը դիմէ Տոլչիին, երբ վերջինս չլսէ զինք։ «Կըսսսսատկացնեմ», կը սպառնայ, յետոյ կը բռնէ վզկապէն անոր, ու հպարտ, յաղթանակած, կը քալէ նազանքով այգիէն դուրս։
Մեր քաղաքի հիներէն է տիկին Անահիտը, մեր քաղաքի տէրերէն։
ԵՐԱՄ
Երեւան