ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

Գ.

ԱՄՈՒՍՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԻՔԸ

Սեռական հասունութիւն: Ամուսնութեան տարիքը: Վաղաժամ ամուսնութիւն: Դաշտանն ու սեռական հասունութիւնը: Վաղաժամ ամուսնութեան վտանգները թէ՛ ամուսիններուն եւ թէ՛ զաւակներուն համար: Տարաժամ ամուսնութիւնը եւ անոր վտանգները: Անհաւասար ամուսնութիւնը եւ անոր հետեւանքները:

Առողջապահական տեսակէտէ այր մարդը կրնայ ամուսնանալ ո՛չ աւելի շուտ քան 22-25 տարեկանը (նայելով կազմուածքին), իսկ կինը 18-20 տարեկան հասակին միայն:

Ահա՛ ընդհանուր կանոնը:

Այն հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հասակներուն միայն թէ՛ այր մարդուն եւ թէ՛ աղջկան սեռական գործարանները իրենց կատարեալ զարգացման կը հասնին, եւ ընդունակ կը դառնան զաւակածնութեան դժուարին ու վտանգալից գործին ծառայելու, առանց ընդհանուր կազմուածքին վնասելու:

Յիշած տարիքին միայն (անշուշտ մենք այստեղ չենք խօսիր բացառութիւններու մասին) կնոջ զաւակատունը զօրացած ու մեծցած է, անոր ձուարանները զարգացած, ծիծերը ամրացած, խոշորցաշ ու կլորցած (իսկապէս ծիծերուն մէջի կաթնագեղձերը) եւ ընդունակ դարձած են կաթ արտադրելու: Նոյն ատեն աղջիկը կը սկսի գիրնալ, անոր կոնքը կը լայննայ, քալուածքը կը ծանրանայ ու ընդհանրապէս բոլոր շարժումները ծանրութիւն ու լրջութիւն կ՚ընդունին:

Աղջիկներուն վաղաժամ ամուսնացումը, թերեւս, մասամբ այն սխալին վրայ հիմնուած է, որով դաշտանին երեւնալը սեռական կատարեալ հասունութեան նշան կը համարուի: Սակայն, ի՞նչ կ՚ապացուցէ աղջկան «լուսին տեսնելը»,- այն միայն, որ անոր ձուարանները արդէն ընդունակ են ձուիկներ արտադրելու եւ ուրիշ ոչինչ: Բայց ատիկա տակաւին չի՛ նշանակեր, թէ անոր ձուիկները կրնան կանոնաւոր կերպով բեղմնաւորուիլ, չի՛ նշանակեր թէ զաւակատունը պատրաստ է սաղմը ընդունելու եւ ապագայ երեխային տեղ տալու, այդ դեռ ապացոյց չէ, թէ անոր ամբողջ կազմուածքը, արիւնը, սիրտը, թոքը, եւ այլն, բաւականաչափ զարգացած է՝ սաղմը ինն ամիս սնուցանելու, աճեցնելու եւ կենդանի ու առողջ երեխայ արտադրելու:

«Նոր լուսին տեսած աղջիկը, դեռ ամբողջութեամբ պատրաստ չէ ամուսնական կեանքի համար: Բնախօսական [physiological] տեսակէտէն անհրաժեշտ է, որ դաշտանը բացուելէն գոնէ երկու տարի անցած ըլլայ» (Րիբբինկ): Այն ինչ, նոյն հեղինակին բերած վիճակագրութենէն կ՚երեւի, որ միջին կլիմաներուն մէջ դաշտանը կը բացուի շուրջ 15 տարեկանին (Պերլին, Լոնտոն, Փարիզ, Վիեննա, Վարշաւա), հիւսիսի մէջ՝ 16 տարեկան, նոյնիսկ 18 տարեկան (Քոփենհակ, Զուիցերիա, Լաբլանտիա), իսկ տաք երկիրներու մէջ (Կալկաթա, Եգիպտոս) 12 տարեկան, նոյնիսկ 10 տարեկան երեխաները արդէն կը տեսնեն: Աւելորդ է ըսել, որ բոլոր աղջիկները տեսակ մը չեն կազմուած ու չեն զարգացած: Մէկը 15 տարեկանին արդէն ամբողջութեամբ կազմակերպուած է, ուրիշ մը՝ 20 տարեկանին տակաւին երեխայ է:

Ընդհանուր կարծիքով գիւղացի աղջիկները, աւելի ազատ կենցաղ ունենալով եւ ազատ ըլլալով քաղաքի վնասակար մթնոլորտէն, ուսումի ճնշող ազդեցութենէն, ֆիզիքապէս աւելի շուտ կը զարգանան, քան քաղաքացիները, թէեւ ասոնց մէջ աւելի շուտ կ՚արթննայ սեռական կիրքը: Յետոյ պէտք է գիտնալ, որ արեւմտեան երկիրներուն մէջ աղջիկները աւելի շուտ կը կազմուին, քան հիւսիսի մէջ:

Ֆիզիքական զարգացումէն բացի, ամուսնացածներէն որոշ չափով մտաւոր զարգացում կը պահանջուի: Օրիորդը ժամանակ ու միջոց պէտք է ունենայ կեանքի պահանջներուն ծանօթանալու, հաշիւ տալու իր սեփական հակումներուն ու իտէալներուն մէջ, որպէսզի գիտակցօրէն ի զօրու ըլլայ վերաբերիլ դէպի ամուսնութեան ծանր խնդիրը: Բազմաթիւ օրիորդներ օրիորդ չեն եղած. դպրոցի նստարանէն անոնք ուղղակի ինկած են օտար մարդու մը գիրկը: Ասոնք տակաւին մանուկներ էին, փորձականութենէ, զարգացումէ զուրկ, աշխարհահայեցողութենէ զուրկ, անփոյթ երեխաներ, որոնք ո՛չ մէկ վայրկեան անկախ կեանքով ապրած էին, ինքնուրոյն քայլ ըրած էին: Եւ յանկարծ ասոնք իրենց շուարած աչքերը կը բանան ու կը սարսափին այն ահագին պատասխանատուութեան դիմաց, որ անգիտակցաբար ստանձնած են, կամ աւելի ճիշդ ըսած, որ ուրիշները անոնց վիզին կապած են:

«Բազմաթիւ օրիորդներու պսակը ես 24-25 տարեկանին կը յետաձգէի», կ՚ըսէ Րիբբինկ:

Մի քանի խօսք վաղաժամ պսակներու վնասակարութեան մասին:

Թէ՛ այր մարդու եւ թէ՛ կնոջ համար վաղաժամ ամուսնութիւնը վնասակար է:

Ամենէն առաջ պատանի ամուսինները իրենց սեռական յարաբերութիւններուն չափազանցումով իրենք զիրենք կը վնասեն, որովհետեւ անոնց սեռական գործարանները անընդունակ են չափազանց գործունէութեան դիմադրելու: Հետեւանքը յաճախ ակներեւ կը դառնայ: Այր մարդը վաղաժամ յոգնութեան, ընդհանուր թուլութեան կը հասնի: Անոր տոկունութիւնն ու աշխուժութիւնը կը թուլնան, եւ շարք մը ջղային դրութիւններ կը յառաջանան: Կնոջ վրայ կը նկատուի սեռական գործարաններու անկանոն գործունէութիւն, չբերութիւն (գոնէ առաջին երկու տարիներու ընթացքին), կամ վիժումը, իսկ յղիութիւնն ու ծննդաբերութիւնը ուղղակի վտանգաւոր կ՚ըլլան:

Սակայն, միայն ծնողները չեն, որ վաղաժամ ամուսնութեան համար կը տուժեն.- անոնց երեխաներն ալ՝ ծնողներուն անզգուշութեան պատճառով կը պատժուին:

Դեռահաս ամուսիններուն սերունդը (բաւական է, որ ամուսիններէն մէկը դեռահաս ըլլայ) չի՛ հասնիր յաճախ ֆիզիքական ու մտաւոր զարգացումին ցանկալի աստիճանին: -Բազմաթիւ երեխաներ կը մեռնին ուղղակի առաջին տարին: Տակաւին, աւելի վտանգաւոր են դեռահաս պսակները, երբ անոնք որդիէ որդի կը կրկնուին, այսինքն՝ մատաղ հասակին ամուսնացած մայրը իր աղջիկն ալ վաղահաս մարդու կու տայ: Մի քանի հեղինակութիւններէ կ՚երեւի, որ պատանեկան հասակին ամուսնացած տղաները 7 անգամ աւելի կը մեռնին, քան նոյն հասակի ամուրիները, եւ 19 տարեկան հասակին անոնք այնքան կը մահանան, ինչքան 70 տարեկանները, որոնք չափահաս հասակի ամուսնացած են: Կիները նոյնպէս աւելի կը մեռնին դեռահաս ամուսնութեան մէջ, քան նոյն հասակի օրիորդները: Այսպէս, 15-20 տարեկանին պսակուած կիները Ֆրանսայի ու Պելժիայի մէջ մէկուկէս անգամ աւելի, քան նոյն տարիքի օրիորդները, իսկ Հոլանտայի մէջ նոյնիսկ երկու անգամէն աւելի:

ՏԱՐԱԺԱՄ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Աւելի քիչ վնասակար չէ նաեւ ուշացած կամ տարաժամ ամուսնութիւնը, երբ այր մարդը 45 տարեկանէն մեծ է, իսկ կինը՝ 30-էն:

Որոշ տարիքն մը այր մարդուն եւ կնոջ սեռական գործարանները իրենց թարմութիւնն ու ուժը կը կորսնցնեն: Պրն. Թիւպլէն ցոյց տուաւ, որ 51 ծերունիներէն (60-86 տարեկան) միայն 6-ը տակաւին ընդունակ էին արտադրել բեղմնաւորող հեղուկ, իսկ մնացածին սեռական կենսունակութիւնը կամ ամբողջութեամբ կորսուած էր, կամ չափազան տկար: Յայտնի չէ, թէ յիշած վեց ծերունիներէն արտադրուած սերունդը ի՛նչ կ՚ըլլար: Այս տարիներուն այր մարդուն կազմուածքը կը սկսի իր ուժը, իր կենսունակութիւնը կորսնցնել, ու անոր բոլոր գործառնութիւնները կը սկսին նուազիլ: Թերեւս ամենէն շուտը այդ նուազումը սեռական գործարաններուն վրայ կ՚երեւայ, որոնք անընդունակ կը դառնան արտադրելու լաւ կազմակերպուած, ֆիզիքապէս եւ մտաւորապէս առողջ սերունդ:

Ի վերջոյ, ծերունիի մէջ այլեւս չկայ բուռն հակումը դէպի կինը, այն առողջ ֆիզիքական ձգտողական ուժը, որ երիտասարդին կը ստիպէ կնոջ մօտենալ, եւ ո՛չ ալ դիմացկութիւն սիրահարական յարաբերութիւններու մէջ: Իսկ եթէ կը նկատուի ալ որեւէ այդպիսի ձգտումներ, անոնք վաւաշոտութեան կերպարանք կ՚ընդունին եւ անզօրացած, կիսաթառամած կիրքի վերջին բռնկումը կը դառնան:

Կնոջ համար տարաժամ ամուսնութիւնը նոյն վնասները ունի. 40-50 տարեկանին յղիացած կիները շատ դժուարութեամբ կը տանին իրենց յղիութիւնը եւ աւելի եւս դժուար կ՚ըլլայ անոնց ծննդաբերութիւնը, որովհետեւ անոնց սեռական խողովակը, որու մէջ պիտի զարգանայ եւ որու միջոցով պիտի անցնի երեխան՝ կորսնցուցած են իրենց առաձգականութիւնն ու կծկումի ուժը: Այսպիսիներուն երկունքը ծանր կ՚ըլլայ ու յաճախ միջամտութիւն կը պահանջէ: Ըստ վիճակագրութեան, 100 կիներէն, որոնք ծննդաբերութեան ընթացքին կը մեռնին, 35-ը միայն երիտասարդ տարիքին կը մեռնին, իսկ մնացած 65 կիները տարաժամ ամուսնացածներն են:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2023