Ո՞Վ Է ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԻՐԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻՆ
Պէյրութցիներու համար՝ մասնաւորապէս անցեալ վեց ամիսներուն հիմնական էին տնտեսական-ընկերային խնդիրները։ Ջուրի, ելեկտրականութեան, առողջապահական եւ նմանատիպ խնդիրներ կարծէք կը հալածէին Լիբանանի, մանաւանդ մայրաքաղաք Պէյրութի բնակիչները։ Այս պատճառով ալ անոնք փողոց կ՚իջնէին՝ բաւական անդէմ ու անհեռանկար, մոռնալով, որ համայնքային դրութիւն կոչուած դրուածքին մէջ անհնար է ոչ մէկ սայլ տեղէն շարժել՝ առանց հաւաքական կամքի մը դրսեւորման։
Բաւական մեծ սարքազմ կար գիշեր ու ցերեկ ճանապարհ բացող-փակող ցուցարարներու քայլերուն մէջ։ Անոնք կ՚ուզէին ամէն ինչ քանդել եւ բոլոր քաղաքական գործիչները տուն ղրկել։ Պէյրութէն հասնող պատկերները, ցոյցերու ահագնացումը, բազմամարդ երթերն ու հաւաքները կը վերակերտէին երրորդ ուժի մը առկայութեան հին-նոր վարկածը, որու հիմնական նպատակը անկայունութիւն ստեղծելն էր։ Լարում ներքին ճակատի վրայ, իրարու հանդէպ առկայ ատելութեան շահագործում, որոշ կողմերու «հրէշացում», որոնք կրնային բանալ ներքին ճակատումներու արիւնալի նոր փուլը։
Լիբանանի թշնամի համարուող Իսրայէլ, որ իր հիւսիսային սահմաններուն համար արդէն 2006-էն ի վեր մեծ անհանգստութիւն կ՚ապրէր՝ սկսած էր գիտակցիլ, թէ Լիբանանին կարելի է յաղթել միայն ներսէն։ Այսօր արդէն այդ ծրագիրն է, որ յառաջ կը մղուի։ Այդ ծրագիրը մարմին կը ստանայ ո՛չ թէ Թել Աւիւի կողմէ, այլեւ՝ միս ու արիւն կը զգենու Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի նկատմամբ մեծ հաւատարմութիւն ցոյց տուած սիւննի տէրութիւններու կողմէ։
«Պատրաստուած» ծրագրի հիմնական «մեխ»ը այս անգամ տնտեսական պատիժներու միջոցաւ իրավիճակը լարումի տանիլն էր։ Պէյրութցիք, որոնք իրենց կառավարութիւններէն միշտ ալ ունեցած են մեծ պահանջներ, «ափ ի բերան» կը մնային։ Լիբանանի համար նախատեսուած բոլոր վարկերը կը սառեցուէին եւ դրամատուներու պարագային առկայ մեծ ու փոքր տեսակի բոլոր «առասպելներ»ը ջուրը կ՚իյնային։ Առանց լոյսի, առանց ջուրի ու մանաւանդ՝ իր սեփական արժոյթէն զրկուած ու աղքատացած միջին խաւի լիբանանցին, որու համար ամենաէականը անշուշտ տնտեսական վիճակի բարելաւումն էր՝ չէր հասկցած, որ առկայ խաղը միայն ներքին չէր։ Կար մեծ պահանջ եւ անոր հիմնական կէտը «Հիզպուլլահ»ը զինաթափելն էր։ Ի դէպ, երէկ, երբ «անգլուխ» ցուցարարներ կը խուժէին երկրի Արտաքին գործոց նախարարութեան մեծ վնասներու ենթարկուած շէնքը, կը պարզէին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Պէյրութը առանց զէնքի»։ Սա անշուշտ, երկար տարիներու վրայ մանուած «երազ»ի մը արգասիքն էր, որուն առաջին ահազանգը կամ «զարթուցիչ»ի ձայնը հնչած էր նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան օրերուն՝ 2005 թուականին։
Մեզմէ շատեր լաւ կը յիշեն, թէ ինչ գորշ պայմաններու տակ Իսրայէլ այդ ահաբեկչութեան յաջորդող տարին՝ 2006-ին, պատերազմ կը շղթայազերծէր Լիբանանի դէմ ու քարուքանդ կը դարձնէր երկրի հարաւի մեծ թիւով բնակավայրերը, նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի հարաւային արուարձանը։
Այդ օրերուն թիրախը Լիբանանի միասնականութիւնն էր։ Մէկ Լիբանանի երազն էր, որու վրայ կը բացուէին դժոխքի կրակները։ Այսօր ալ «խաղ»ը նոյնն է։ Վայրերը եւ անունները, միջոցները եւ ձեւերը, զէնքերու եւ հրթիռներու տեսակները փոխուած են, սակայն թիրախը նոյնն է, թիրախը Լիբանանի միասնականութիւնն է։ Ու այս դժուարին պահուն շատ յստակ է, որ մարդիկ՝ պարզ քաղաքացիներ, կուրացած իրենց ենթարկուած ցաւի ահագնութենէն, պիտի չուզեն երկար-բարակ վերլուծումներ կատարել։ Դիւրին է իրենց համար «ներսէն» թշնամի մը գտնել։ Այդ թշնամի համարուած կողմը հրէշ դարձնել, դիւրին է ատելավառ բառեր ըսել ու տակաւին դիւրին ալ է երկիրը լքել ու հեռանալ...
Անշուշտ, դատապարտելու համար չեմ գրեր, ոչ ալ հեշտ է, հոս՝ Երեւան նստելով խրատներ կարդալ մարդոց, որոնց հարազատն է զոհուած, որոնց տունն է փլատակ դարձած, որոնց ամէն ինչը՝ եսը, էութիւնն ու ամբողջ կեանքը վտանգուած են։ Սակայն, այս բոլորէն անդին պէտք է յստակ ըլլայ, որ Պէյրութի շուրջ «խաղեր»ը, շահերու յարաբերակցութիւնը, աշխարհաքաղաքական վիճակներու արագ եւ անհանդարտ թաւալումները հիմնական պատճառներն են՝ Լիբանանի այսօրուան տխուր վիճակին։ Գիտէք, Պէյրութը այս «թաւալք»ին նման շատ մեծ փորձութիւններ տեսած է ու ամէն անգամ ալ կարողացած է մեծ ցատկ մը ընել եւ դուրս գալ դժոխքէն ու մահէն։ Այսօր ալ նոյնն է իրավիճակը, որովհետեւ պարունակները նոյնն են, դիրքի կարեւորութիւնը նոյնն է եւ մանաւանդ՝ ապրելու կամքը եւ եռանդը նոյնն են։ Կը մնայ հասկնալ, թէ լիբանանցիք ի՛նչ ընտրանքներով պիտի փորձեն շտկել իրենց «ներքին տան» հարցերը՝ առանց լսելու դուրսի ուժերուն ու մանաւանդ առիթ չտալով, որ երկիրը անգամ մը եւս բաժնուի։ Բաժնուելու փորձը մեծ ձախողութիւն էր Լիբանանի համար։ Անոնք, որոնք Պէյրութի բաժանման օրերը կը յիշեն՝ գիտեն նաեւ, որ այդ երկիրը ամբողջութիւն մըն է, որուն համար անոր բոլոր զաւակները պէտք է պատրաստ ըլլան զիջելու ու զիրար լսելու...
Մեծ, ուղենշային, աշխարհի մը չափ տարողունակ եւ նոյնիսկ տասնամեակներու վրայ իրենց ազդեցութիւնը բանեցուցած դէպքերու առջեւ ենք։ Պէյրութը, որ նաեւ սահմանն է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մեծ հատումներուն, այսօր իր թեւերը պարզած օգնութեան ճիչեր կ՚արձակէ։ Աշխարհը ամբողջ հոն է՝ անոր ճիչին ու սպասումին, անոր վէրքին ու ցաւին հետ։
Այս բոլորէն անդին ամենաէականն է, որ մարդիկ գիտակցին՝ թէ մեծ զարգացումներու եզրագիծին վրայ կը կառուցուի Պէյրութի լուծումներու մեծ ծրարը։ Սա կրնայ եւ ներուժը ունի աւելի բարեբեր, աւելի խաղաղ եւ աւելի արդիւնաւէտ Մերձաւոր Արեւելք մը կերտելու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան