«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐ [ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀԱՅՐ] ՓՈԽԵԼԸ
Ասֆաղմանօ վանքին մէջ տակաւին նորեկ էի, երբ մէկը եկաւ վանական դառնալու: Որոշ ժամանակ մը անցաւ եւ իր մտածումները սկսան զինք տրամադրել վանքէն հեռանալու: Վանահօր չդիմեց յայտնելու համար անոր իր մտածումներուն մասին եւ ո՛չ ալ վանքին մէջ իր պատասխանատու հոգեւոր հօր՝ որպէսզի խոստովանի անոր, այլ՝ այդ բոլորը պատմեց վանքին մէջ աշխատողի մը: Անոր մօտիկ կանգնած՝ սոխ կը մաքրէի խոհանոցէն դուրս, երբ սկսաւ անոր հետ խօսիլ: Ըսաւ անոր.
-Կը ցաւիմ վանական ըլլալուս համար:
Աշխատողը հարցուց անոր.
-Երբ վանք եկար, փորձառական շրջան չունեցա՞ր:
-Այո՛, երկու տարի:
-Շատ բարի, -ըսաւ աշխատողը-, ինչո՞ւ համար աւելի շուտ չհեռացար:
-Չհեռացայ…:
-Պարտադրեցի՞ն քեզի վանական դառնալ:
-Ո՛չ. իմ կամքովս ըրի այդ մէկը:
-Վանահօր խօսա՞ծ ես այս բաներու մասին:
-Ո՛չ:
-Լաւ, ինչո՞ւ համար այդ բաները ինծի կը պատմես. ի՞նչ օգուտ պիտի ունենաս:
Տեսա՞ր, այդ բաներուն մասին աշխատողի մը խօսեցաւ, որ ո՛չ մէկ բան կրնայ ընել այդ ուղղութեամբ, սակայն այդ բաները չներկայացուց վանահօր, որ կրնայ կապել ու արձակել: Այս մարդը տկարամի՞տ է. ունի բազմաթիւ հաստափոր հին յունարէնի բառարաններ, զորս կը կարդայ առանց սխալելու:
-Եառոնտա. աշխարհիկ մը կրնա՞յ իր հոգեւոր եղբօր հարցի մը կամ փորձութեան մը մասին հարցնէ, երբ հոգեւոր հայրը [խոստովանահայրը] բացակայ է:
-Հոգեւոր հօր հետ չի՞ կրնար հեռաձայնով խօսիլ: Հոգեւոր եղբայրը բոլոր պարագաներուն չի՛ կրնար օգնել, եւ կրնայ վնաս պատճառել՝ հակառակ իր բարի կամեցողութեան: Անհրաժեշտութեան պարագային լուծումը կայ՝ հոգեւոր հօր հեռաձայնել: Իսկ եթէ այդ տարբերակը չգործեց, ապա թող հեռաձայնէ այլ հոգեւոր հօր մը, որ հոգեւոր նոյն ընթացքը որդեգրած է:
ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՃԻՇԴ ԿԵՐՊՈՎ ԿԱՏԱՐԵԼ
ՄԵՐ ՎԷՐՔԵՐԸ ՍՊԻԱՑՆԵՆՔ
-Եառոնտա. երբ պայքարիս ընթացքին իյնամ, կը սարսափիմ…
-Մի՛ վախնար. պայքարէ, եւ պիտի վիրաւորուինք: Այս վէրքերուն դեղը խոստովանութիւնն է: Պատերազմի ընթացքին զինուորները կը վիրաւորուին, ու անմիջապէս բժիշկի մօտ կ՚երթան, որպէսզի իրենց վէրքերը սպիացնէ, եւ ապա կը վերադառնան պատերազմը աւելի նուիրուած կերպով շարունակելու համար: Վիրաւորումը իրենց փորձառութիւն կու տայ իրենք զիրենք աւելի լաւ պաշտպանելու, որպէսզի կրկին անգամ չվիրաւորուին: Նոյնն է մեր պարագան, երբ մեր պայքարի ընթացքին կը վիրաւորուինք, պէտք է շտապենք երթալ խոստովանահօր մօտ, որ կը յայտնէ մեր վէրքերը ու կը բժշկէ զանոնք՝ որպէսզի շարունակենք մեր ճիշդ պայքարը: Մենք պէտք է անդադար քմահաճոյքները փնտռենք -հոգիին վախնող թշնամիները-, եւ պէտք է աշխատինք արմատախիլ ընել զանոնք:
-Եառոնտա. ոմանք չեն խոստովանիր իրենց նուիրումին պատճառով. «կրնայ ըլլալ որ կրկին անգամ մեղքի մէջ իյնանք, կ՚ըսեն-, ինչո՞ւ համար դարձեալ խոստովանութեան երթանք: Քահանային հետ խա՞ղ կը խաղանք»:
-Այս սահմանումը ճիշդ չէ: Պատկերացուր, պատերազմի ընթացքին զինուոր մը կը վիրաւորուի ու կ՚ըսէ.
-Ինչո՞ւ վիրակապեմ վէրքերս, կրնայ ըլլալ երկրորդ անգամ ալ վիրաւորուիմ:
Այդպիսով, սակայն, ան ինքզինք կ՚ենթարկէ արիւնահոսութեան վտանգին, որ զինք կրնայ մահուան հասցնել:
Եթէ իրենց նուիրումը կ՚արգիլէ զիրենք խոստովանելէ, ապա անոնք պիտի ապականին վերջաւորութեան, որովհետեւ սատանան պարգեւները կ՚ապականէ: Խոստովանութիւնը հոգին կը բիւրեղացնէ, իսկ յաճախակի իյնալները կեղտոտութիւն կը յառաջացնէ, ու այսպիսով ցեխին վրայ ցեխ կ՚աւելցնենք, որով դժուար կ՚ըլլայ հոգին բիւրեղացնելը:
ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
-Եատռոնտա. Սուրբ Մարկոս ճգնաւորը կ՚ըսէ. «Զգայուն մարդը ո՛չ թէ իր մեղքերուն քանակը կը խոստովանի Աստուծոյ, այլ՝ իր համբերութեամբ՝ իրենց հանդիպող տխրութիւններուն [ցաւերուն, դժբախտութիւններուն]»: Ի՞նչ կը նշանակէ այս:
-Երկու բանն ալ պէտք է պատահին: Հաւատացեալը խոստովանահօր կը խոստովանի, մինչ նախապէս խոնարհ աղօթքով մը Աստուծոյ խոստովանած կ՚ըլլայ.
-Աստուած իմ, մեղանչեցի, այս ու այս բաները ըրի…
Սակայն, միաժամանակ, դժբախտութիւնները որոնք կը հանդիպին իրեն՝ որպէս դեղ կ՚ընդունի:
Սուրբը կը խնդրէ, որպէսզի համբերես տխրութիւններուն եւ ո՛չ թէ նկատի ունի չխոստովանիլ, առաջին եւ երկրորդ անգամ:
Ի՞նչ կը նշանակէ «խոստովանիլ». չի՞ նշանակեր «ինչ որ մէջս կայ՝ դուրս հանեմ»: Եթէ մէջդ արդարութիւն կայ, ապա «Տիրոջ խոստովանէ» (Սղ 106.1), այսինքն՝ Տէրը փառաւորէ: Իսկ եթէ չարութիւններ [թերութիւններ] ունիս, ապա խոստովանէ՛ մեղքերդ:
-Եառոնտա. մարդ երբ առաջին անգամ կը խոստովանի, պէ՞տք է իր խոստովանահօր պատմէ իր անցեալ կեանքի բոլոր մանրամասնութիւնները:
-Առաջին անգամ ընդհանուր կերպով կը խոստովանի: Ինչպէս հիւանդը բժիշկին կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ իր հետ, այդպէս ալ թող փորձէ խոստովանահօր ներկայացնել իր կեանքին մանրամասնութիւնները, որով կը կարենայ վէրքը գտնել ու կը բուժէ զայն: Շատ յաճախ մարդ ուշադրութիւն չի դարձներ փոքր վէրքերուն կամ թեթեւ ցնցումի մը, որ սակայն ժխտական հետեւանքներ կ՚ունենայ: Մարդ երբ խոստովանահօր մօտ կ՚երթայ, մեղքերուն թիւը ամէն անգամ կ՚աւելնայ, քանի որ սատանան պիտի պատերազմի անոր դէմ, որովհետեւ խոստովանեցաւ ու իր գործը ձախողցուց, սակայն վերջաւորութեան աստիճանաբար թիւը պիտի նուազի…
ՃԻՇԴ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
-Ինչո՞ւ համար երբ մեր խիղճը կը յանդիմանէ մեզ, ճիշդ պայքարով չենք պայքարիր:
-Այդ բանը կրնայ պատահիլ հոգիի տկարութեան պատճառով: Մարդ կրնայ փորձութեան մէջ իյնալ ու սարսափիլ, եւ պայքարին համար անհրաժեշտ փափաքն ու հոգեւոր տենչը չ՚ունենար: Խոստովանութիւնն է, որ վիճակը կը կարգաւորէ: Արդարեւ, խոստովանութեան միջոցով մարդ կը մխիթարուի եւ զօրութիւն կը ստանայ, ու աստուածային շնորհքին միջոցով պայքարելու համար զօրութիւն կը գտնէ:
Եթէ իր ներքին վիճակը չկարգաւորուի, ապա անոր կու գայ ուրիշ փորձութիւն մըն ալ, որով իր յոյսը կը կորսնցնէ ու միտքերը կը խեղդեն զինք, որով անկարող կը դառնայ պայքարելու:
-Իսկ եթէ այդ բանը յաճախակի կերպով պատահի:
-Եթէ յաճախականութեամբ պատահի, ապա իր վիճակը պէտք է յաճախակիութեամբ կարգաւորէ, պէտք է իր սիրտը բանայ խոստովանահօր, եւ երբ իր վիճակը կարգաւորէ, պէտք է նուիրուածութեամբ եւ յամառութեամբ պայքարի, որպէսզի յառաջանայ ու գոյատեւէ այդ ընթացքին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 45
6 յուլիս 2021, Վաղարշապատ