ՄԵՆԱՆՈՒԱԳԸ

Եթէ օր մը, տեղ մը վերադառնամ,

Արդեօք կը գտնե՞մ ինչ որ կար

Եւ ինչ որ պիտի ըլլայ՝

Առանձին նուագը

Եւ նուագը առանձին:

 

Փորձեցի հազար երգէ ծնունդ առնել՝

Մոխիրին եւ ծովուն միջեւ,

Չգտայ մայրը, որ ծնունդ կու տար:

Ծովը կը հեռանայ...

Եւ նուագը առանձին է:

 

Հաւատացի հոգիիս, երբ ըսաւ՝

Կպի՛ր ինկող պատին.

Ցանկութեան յանձնուեցայ:

Եթէ ուռենիին վրայ գրէի արեանս տեսակը,

Հովը հակառակ ուղղութեամբ պիտի գար

Ուռենիին տերեւներուն վրայ

Եւ ուռենին պիտի բոցավառէր.

Նուագը առանձին է:

 

Եթէ օրին մէկը ըլլայի առաջուան պէս,

Պիտի չգտնէի այն ինչ որ չէի գտներ, երբ էի:

Երանի ծառ մը ըլլայի,

Որպէսզի քերթողին հորիզոնը վերականգնէի

Եւ հորիզոնս յենէի, երբ ձանձրանայի:

Երանի ծառ մը ըլլայի, որ ի զուր չ՚երկարիր:

Հաւատացի՞ երազիս:

Ո՛չ, հաւատացի ուզածիս:

Նուագը առանձին է:

 

Ծով մըն է դէմս եւ պատերը

Թարգմանեցին բառերս ըսելով.

-Դուն քեզ ձգէ եւ խաղաղէ՛, տղա՛յ:

Ծովը ինձմէ փոքր է, ինչպէ՞ս գրկէ զիս

եւ ծովը ինձմէ մեծ է, ինչպէ՞ս գրկեմ զայն:

Լեզուն սեղմ է ինծի համար.

Նաւերուն յանձնուեցայ,

Սիրտը խեղդուեցաւ, երբ փրփուրը կլանեց զայն:

Ծով մը վրաս... եւ մէջս ճերմակը - յաւերժը:

Նուագը առանձին է:

 

Հեռուէն ետք հեռուն կայ,

Որքան որ հեռանան՝

Հեռուն կը մօտենայ ձեռքիս գիծերուն,

Կը զգամ զայն եւ կը տեսնեմ մէկ՝ միակ

Հովի մը վրայ, որ երգիս մեղեդին ունի:

Արդեօք միշտ երբ մեր քայլերը ծաւալին,

Երկինքը կ՚իյնա՞յ ի զուր

Եւ կը հաւաքէ՞ ցրուածները:

Երբ օրին մէկը վերադառնամ ատենի

Ձիթենեաց երկիրը, պիտի պոռամ.

-Դանդաղէ՛, ո՛վ երկիր...

Նուագը առանձին է:

 

Երբ օրին մէկը վերադառնամ այն ատենին,

Պիտի չգտնեմ սէրը որ կար

Եւ սէրը որ պիտի ըլլայ:

Հազար շուշաններէ փորձեցի հին սիրտը

Կերտել երկուորեակ սրտով մը

Եւ սիրածիս խենթութիւնը՝

Մարմնի եւ հոգիի

Հոյակապ համապատասխանութիւն...

Եւ վերջ մը որ երբեք վերջ չունի:

Կոտրեցի ալեակիս երակները,

Ով փրփրաթէզ գեղուհի,

Ձայնս կոտրեցի երգիս պատմութենէն,

Փափաքեցայ մեղեդայնութիւնը գտնել,

Եթէ գտնեմ...

Նուագը առանձին է:

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

(Հատուած)

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022