ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ «ԻՆՔՆԱԿԱՄ ԶՈՀ»Ի ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԷՋ

Նախ եւ առաջ հոգեբանական նեցուկ… Այդ կը պահանջեն լիբանանցիները, որոնք անցնող շաբաթներուն նոր եւ անսպասելի գողգոթայէ մը քալեցին։ Խնդիրն այն է, որ մինչեւ այս պահը Պէյրութը աւերակած պայթումին «իրական» մանրամասնութիւնները կը շարունակեն «պահուիլ» թանձր քօղի մը տակ, ոչ միայն «ներքին» պատճառներով, այլ նաեւ ու շատ հաւանաբար արտաքին բաւական մեծ ու ազդեցիկ գործօններու բերումով։ Մէկը մտածած էր ջախջախը կոտրել, բայց եկուր տես, որ իր հարուածին հետեւանքով ամբողջ դուռ մը կոտրեց։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՚անտեսեն, թէ Լիբանանի եզերքներուն գործընթացները տեղ մը կը ծառայեցուին ու ապագային ալ պիտի ծառայեցուին յանուն արտաքին շահերու, պէտք է սթափին իրենց խոր թմբիրէն ու բաց աչքերով առերեսուին մեր իրականութեան հետ։

Որոշ ժամանակ առաջ Միացեալ Նահանգներ-Խորհրդային Միութիւն մեծ պայքարին «կողմնակի թատերաբեմ»ը դարձած Պէյրութը արդէն վերջին քսան տարիներուն մտած է բազմապիսի կողմերու տարողունակ պայքարներու հունին մէջ։ Անցեալին յստակ էին հակամարտող ուժերը, կար ընդհանուր հորիզոնական մէկ գիծ, որուն հակոտնեայ միւս գիծին ի՛նչ ըլլալը կամ հետապնդած շահերուն ուղղութիւնը աւելի քան յստակ եւ նոյնիսկ հասկնալի էր… Այսօր մտահոգիչը այն է, որ կան մէկէ աւելի հորիզոնական երանգով գիծեր եւ քաղաքական կողմեր, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն նոյնիսկ «ուղղահայեաց» ուղղութիւններ եւ շատ յաճախ այդ գիծերը կրելով «իրական քաղաքականութեան» «էական» կանոնները կը յարաբերակցին, որպէս հակառակորդ համարուող կողմերուն միջեւ։ Այս իրավիճակին մէջ ալ, բնականաբար, բոլոր մասնակիցները կը փնտռեն «զոհ» կողմ մը, որուն վրայ ալ պիտի բեռցուին բոլոր մակարդակի եւ ծանրութեան հասնող կշռաքարերը։

Այդ «զոհ»ը այս պարագային Լիբանանի ժողովուրդն է, որ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան օրէն ի վեր կը շարունակէ զոհ դառնալ շրջանային մեծ խաղերուն։

Եւ այսպէս, Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք մինչեւ անցնող հոկտեմբերի սկզիբը, լիբանանցիք կը հաւատան, որ իրենք «իրենց ձեռքով» քայլեր կը կատարեն՝ «փրկելու» համար երկիրը տարբեր մակարդակի ու տեսակի ազդեցութիւններէ։

Ու այս առումով ալ անոնք արդէն իսկ ընկճուած ու տկարացած հաւաքականութեան մը վերածուելով կ՚ապրին սթրեսի ամենածանր տեսակները, սկսած կացութիւններուն վրայ ազդելու ուժէն զրկուելէ եւ հասնելով մինչեւ ամբողջական յուսալքում եւ ամբողջական կորուստ։

Այս վիճակները հաշուի առնելով, է որ այս օրերուն հեռավար զրոյց մը ունեցայ լիբանանահայ երիտասարդ գործիչ, ընկերային ծառայող՝ Խաչիկ Ղըսնին հետ։ Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ ընկերային ծառայող, Lebanese association of Victims of Terrorism (AVTL) կազմակերպութեան անդամ Խաչիկ Ղըսն:

*

-Պայթումը եւ Պէյրութի աւերածութիւնը արդէն մեր ետին է, հիմա կը խօսուի պայթումին ազդեցութիւններուն մասին, ոչ միայն նիւթական, այլ նաեւ մարդկային առումով. ի՞նչ են այդ ազդեցութիւնները:

-Մարդկային առումով պայթումի թողած ազդեցութիւնները, անշուշտ բացի մարմնական վնասուածքներէն, հոգեկան ազդեցութիւններն են: Պայթումը «ապրած» մարդիկ հիմա վստահաբար Յետթրաումաթիք (հոգեխոցի) սթրեսի խանգարում (Post Traumatic Stress Disorder = PTSD) կ՚ունենան եւ այդ ազդեցութեան նշանները պայթումէն ետք առաջին ամսուան ընթացքին բնական երեւոյթ կը համարուին։ Շատ բնական երեւոյթ է, որ այդ շրջանին մարդիկ վախի զգացում ունենան, բարձր ձայներէն վախնան, որովհետեւ այդ ձայները իրենց կրնայ յիշեցնել պայթումի ձայնը, մարդիկ կրնան ցնցուիլ, քունի խանգարում ունենալ, սնուելու խանգարումներ ունենալ. օրինակ՝ կրնան սկսիլ շատ ուտել կամ հակառակը՝ բնաւ չուտել, հոգեկան մակարդակի վրայ տարբեր ազդեցութիւններ զգալ։ Անոնք միշտ վախի մէջ կ՚ըլլան, որ այսպիսի պայթումը կրնայ դարձեալ կրկնուիլ եւ, ինչպէս ըսի, PTSD-ի այդ բոլոր նշանները առաջին ամսուան համար բնական է զգալ, բայց, եթէ այս զգացումները մէկ ամիսէն աւելի շարունակուին անձի մը մօտ, այն ատեն պարզ կը դառնայ, որ այդ ազդանշանները միայն շոքի ազդեցութիւն չեն, եւ վստահ կ՚ըլլանք, որ տուեալ անձը PTSD կ՚ապրի եւ մտած է փուլ մը, ուր իսկապէս պէտք ունի հոգեբանի միջամտութեան եւ օգնութեան:

-Այս առումով, դուք, որպէս ազդեցութիւններու հետեւանքները վերացնող կազմակերպութեան մէջ աշխատող ընկերային ծառայող, ի՞նչ քայլերու կը դիմէք օգնելու համար այս պայթումի ցնցումէն ազդուած քաղաքացիներուն:

-Ընկերային ծառայողը կամ մեր՝ Lebanese association of Victims of Terrorism (AVTL) կազմակերպութեան ծառայողները պայթումին երկրորդ օրն իսկ հեռախօսի թէժ գիծեր ստեղծեցինք եւ մարդոց տրամադրութեան տակ դրինք, որպէսզի երբ պէտք ունենան որեւէ օգնութեան, հեռաձայնեն եւ մենք հասնինք իրենց, անշուշտ անվճար կերպով: Մենք մասնաւորպաէս հոգեբանական օժանդակութիւն կը ցուցաբերենք, կը լսենք զիրենք, կը քաջալերենք, որպէսզի պատմեն, թէ ի՛նչ պատահեցաւ իրենց, ի՛նչ զգացին, որովհետեւ նման պարագաներու շատ կարեւոր է, որ մարդ մանաւանդ իր զգացումներուն մասին խօսի եւ կը բացատրենք իրենց, թէ ինչու համար այդ բանը կը զգան:

-Լիբանան այսօր ամբողջութեամբ աղէտի գօտի է, թէ՛ տնտեսական առումով, թէ՛ ընկերային առումով, թէ՛ պայթումի եւ թէ առկայ տագնապներու հետեւանքով: Այսօր ի՞նչ է ընկերային ծառայողին դերը Պէյրութի մէջ, կան ի՞նչ կարեւոր կէտեր, որոնց վրայ կ՚աշխատիք:

-Նկատի ունենալով, որ տագնապային իրավիճակի մէջ կ՚աշխատինք, առաջին հերթին պէտք է մարդիկը լսելու եւ անոնց օգնութիւն ցոյց տալու պատրաստակամ ըլլանք: Այս փուլին ամենակարեւոր բանը մարդիկը լսելն է ու զանոնք քաջալերելը՝ որպէսզի իրենք պատմեն իրենց ապրածին մասին, ժամանակ տրամադրել՝ որպէսզի անոնք կարենան պատմել, թէ ինչ կը զգան, որովհետեւ անոնց հոգեկան ապրումները կապ ունին հոգեխոցին հետ։ Ընկերային ծառայողը նաեւ պէտք է տեղեկացուած ըլլայ, թէ այլ հաստատութիւններ ի՛նչ օգնութիւններ կը տրամադրեն եւ այդ մասին իրազեկէ մարդիկը։ Անշուշտ ամենակարեւորը, որ պէտք է ընեն ընկերային ծառայողները, հոգեբոյժները եւ բոլոր այն անձերը, որոնք կ՚աշխատին ըլլայ Պէյրութի փողոցներուն մէջ կամ իրենց հաստատութիւններէն ներս, ուշադրութիւն դարձնեն նաեւ իրենց հոգեկան առողջութեան, որովհետեւ այս պայթումը վստահաբար իրենց վրայ ալ ազդած է, նոյնիսկ եթէ պայթումէն հեռու էին, իրենց մերձաւորներէն, ծանօթներէն կամ հարազատներէն լսած են զանազան պատմութիւններ եւ տեսած են պայթումի լուսանկարները. այդ բոլորը մեծապէս կ՚ազդեն իրենց վրայ...։

-Ձեր ծառայութեան ժամանակ բնականաբար աշխատեցաք նաեւ լիբանանահայ հայրենակցիներու հետ: Ի՞նչ էին հայերու մտահոգութիւնները, ի՞նչ մտավախութիւններ ունէին, ի՞նչ հոգեկան ցնցումներ ապրած էին:

-Լիբանանի եւ լիբանանահայերու մտահոգութիւններն ու կարիքները նոյնն են: Գիտէք, որ նախքան պայթումը, Լիբանանը արդէն կ՚ապրէր շատ դժուար պայմաններու մէջ, կար տոլարի եւ տնտեսական տագնապ, բազմաթիւներ դարձած էին գործազուրկ կամ սկսած էին կէս դրոյքով աշխատիլ, ահռելի սղութիւնը սկսած էր, հետեւաբար այսօր ալ Լիբանանի ժողովուրդը, անոնց շարքին նաեւ լիբանանահայերը օգնութեան կարիք ունին: Անշուշտ հիմա զանազան օժանդակութիւններ կը տրամադրուին, մանաւանդ լիբանանահայ հաստատութիւններու, ակումբներու կողմէ օգնութիւններ կը բաժնուին, բայց տակաւին շատ դժուար օրերու մէջ կ՚ապրինք: Այստեղ կ՚ուզեմ շեշտել, որ այս օգնութիւններու կարգին պէտք չէ անտեսուի հոգեբանականը, մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ եւ ընդհանրապէս տարածքաշրջանէ ներս, հոգեբանի օգնութեան դիմելը, անոր մօտ երթալը տակաւին թապու է։ Այս թապուն ձեւով մը պէտք է կոտրուի, որպէսզի մարդիկ խօսին իրենց ապրած դժուարութիւններուն մասին, մանաւանդ պայթումին թողած հետքերուն մասին, ինչ որ բազմաթիւ անձերու մօտ տարբեր հոգեխոցեր արթնցուց։ Եղածները Լիբանանի պատերազմի հոգեխոցերը արթնցուց եւ մենք յաճախ կը լսենք ինչպէս մարդիկ կ՚ըսեն՝ Լիբանանի պատերազմը կրկին ապրեցանք։ Հետեւաբար ժողովուրդին հոգեկան առողջութեան ալ ուշադրութիւն պէտք է դարձուի եւ այդ ուղղութեամբ օգնութիւն տրամադրուի:

-Ի՞նչն է ամենակարեւոր բանը, որ կորսնցուցին լիբանանցիները, յատկապէս պէյրութցիները այս պայթումին հետեւանքով:

-Ի հարկէ, մեծ թիւով մարդկային զոհեր եղան, նաեւ նիւթական ծանր վնասներ կրեցին, սակայն ամենակարեւոր բանը, որ պէյրութցիները կորսնցուցին՝ խաղաղութիւնն է եւ ապահով ըլլալու զգացումը: Գիտենք, որ տունը մարդու համար ապահովութեան եւ խաղաղութեան զգացում տրամադրող վայր մըն է, իսկ այս պայթումի պատճառած քանդումին հետեւանքով մարդիկ մեծամասնութեամբ կորսնցուցին իրեն խաղաղ եւ ապահովուած զգալու հնարաւորութիւնը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2020