ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց.

-Ինծի համար չէ որ այս ձայնը եկաւ, այլ՝ ձեզի համար» (Յհ 12.30):

Մեկնութիւն. ձայնը կ՚ըլլայ մէկու մը սորվեցնելու համար, իսկ Յիսուս կարօտ չէր սորվելու, երեք պատճառով. նախ՝ ըստ բոլորին. «Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ Ես՝ Հայրը» (Յհ 10.15). «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.30), ինչպէս Մեկնիչդ ցոյց կու տայ: Երկրորդ. ըստ մասին սորվելու կարօտ չէր, որովհետեւ ըստ Աստուածութեան՝ Քրիստոս կարօտ չէր ուրիշէ մը սորվելու եւ ոչ ալ ըստ մարդկութեան, քանի որ Իր յղացումէն սկսեալ միանալով Բանին ամէն ինչ կատարելապէս կը ճանչնար իրերու անցեալը, ներկան ու ապագան: Երրորդ. Քրիստոս ստոյգ գիտէր, թէ պիտի փառաւորուէր Հօրմէն Իր չարչարանքներուն ժամանակ եւ ետքէն, այդ պատճառով այս ձայնը Քրիստոսին սորվեցնելու համար չեղաւ:

Այլ եղաւ սորվեցնելու համար մօտիկ եղող ժողովուրդին՝ երեք կերպով. նախ՝ թէ ինչպէ՞ս եւ որքա՞ն մեծ ու փառաւոր էր Քրիստոս Հօր Աստուծոյ դիմաց: Երկրորդ. զանոնք Քրիստոսի հաւատքին բերելու համար: Երրորդ. ի յանդիմանութիւն անոնց, որոնք կը կարծէին, թէ Հօր հակառակ է, ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ:

ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Հիմա կը սկսի այս աշխարհի դատաստանը» (Յհ 12.31):

Մեկնութիւն. այստեղ Մեկնիչդ աշխարհի դատաստանը՝ մարդոցն ու սատանայինը կ՚ըսէ:

Դատաստանին համար վեց բան պէտք է, որ այստեղ Մեկնիչդ կը յիշէ. նախ՝ ժամանակը կ՚ըսէ, նախ Հօր վկայութենէն ետք եւ ապա խաչելութեան ժամանակը: Երկրորդ. դատաստանին տեղը, որ է քառաթեւ խաչին վրայ՝ իբրեւ աթոռի վրայ բարձրացած: Երրորդ. դատաւորը, որ է Ի՛նք՝ Քրիստոս: Չորրորդ. դատախազները, որոնք էին մարդիկն ու սատանան: Հինգերորդ. վկան, որ էր Հայրը: Վեցերորդ. դատաստանին իրաւունքը, այդ կը ցուցնէ Մեկնիչդ:

Եւ թէ Քրիստոս մարդոց փրկութիւն ըրաւ, յայտնի է չորս բանէ. նախ՝ քանի որ մարդոց բնութիւնը առաւ: Երկրորդ. կրումները կրելով, բացի մեղքերէն: Երրորդ. ատեան մտաւ՝ մեզի համար, ինչպէս վոքիլ: Չորրորդ. քանի որ մեր պարտքերը Ինք հատուցեց, ինչպէս Մարգարէն կ՚ըսէ. «Տէրը պիտի հատուցէ ինծի համար» (տե՛ս Սղ 137.8), իսկ հատուցումները, որ երկար կը կարգէ, որ Ադամ գործեց, եւ է, որ Աստուած դատապարտեց:

Դարձեալ, հոգեւոր եւ մարմնաւոր կիրք կայ, այլեւ՝ մասնակի եւ ամբողջ, որ Քրիստոս Իր մարմինին մէջ կրելով ազատեց մեզ, այդպէս ալ կ՚ըսէ Մեկնիչդ, իսկ ուրիշ վարդապետներ կ՚ըսեն. «Հիմա կը սկսի այս աշխարհի դատաստանը», այսինքն՝ մարդկութեան, որովհետեւ Քրիստոսի չարչարանքներով հաւատացեալները խստասիրտ անհաւատներէն բաժնուեցան:

Այս բաժանումը որոշման դատաստան կը կոչուի, քանի որ Աստուծոյ դատաստանը երկուք է. նախ՝ որոշման դատաստան, որ Քրիստոսի Խաչով եղաւ: Երկրորդ. հատուցման դատաստան, որ վախճանին պիտի կատարուի, որ միւս անգամ գալուստին պիտի պատժէ չարերը ու սուրբերը վարձատրէ: Այս ըսել է. «Հիմա կը սկսի այս աշխարհի դատաստանը», այսինքն՝ մօտեցած է ժամանակը հաւատացեալները անհաւատներէն զատելու: Եւ գիտելի է, թէ ուրիշներ այս խօսքը կը մեկնեն Վերջին Դատաստանին [վերագրելով], որ է՝ չարերուն ու բարիներուն հատուցումը, եւ չարերն ու բարիները զատելու համար է: Եւ սոյնպէս կը զանազանուին այս երեքը, որովհետեւ հաւատացեալներուն ու անհաւատներուն զատուիլը այս կեանքին մէջ է, իսկ չարերուն ու բարիներուն զատուիլը՝ մահէն ետք, իսկ չարերուն ու բարիներուն հատուցումը՝ յարութենէն ետք: Ու այսպէս կ՚ըսեն, թէ վերջին դատաստանն ու չարերուն եւ բարիներուն զատումը Քրիստոսի չարչարանքներու ժամանակէն սկսաւ, քանի որ ինչպէս Քրիստոս մահուամբ արժանաւորեցաւ դատաստանին իշխանութիւնը ունենալ Հօրէն, այդպէս ալ Իր մահով արժանաւորեց Իր ընտրեալները զատել չարերէն ու ընտրեալները երկինք հանեց, իսկ չարերը՝ այլ տեղեր, որովհետեւ թէեւ վերջին դատաստանը Քրիստոսի չարչարանքներուն ժամանակէն ըստ ներգործութեան չսկսաւ, այլ՝ ըստ պատճառին սկսաւ, քանի որ Քրիստոս չարչարանքներուն համար արժանաւորեցաւ դատաւոր ըլլալ: Եւ դարձեալ՝ ատկէ ետք սկսաւ բաժնել չարերն ու բարիները մասնաւոր ազատութեամբ սատանայէն ու չար մարդոցմէ, այդ պատճառով Քրիստոս ըսաւ. «Հիմա կը սկսի այս աշխարհի դատաստանը»: Դարձեալ, սոյնպէս կը մեկնեն. «Հիմա կը սկսի այս աշխարհի դատաստանը», այսինքն՝ այս աշխարհին համար, ըստ այնմ. «Որովհետեւ Քրիստոս աստուածային հրամանով ազատեց աշխարհը սատանային իշխանութենէն, որ ունէր՝ մարդիկը փորձելու համար» (հմմտ. Ա. Յհ 3.8), ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Հիմա այս աշխարհի իշխանը դուրս պիտի նետուի» (Յհ 12.31):

Մեկնութիւն. սատանան այս աշխարհի իշխան կը կոչուի, ո՛չ թէ տէր է այս աշխարհի գոյացութեան, այլ՝ մարդոց, որոնք ըստ աշխարհի կ՚ընթանան ու մեղքերու կը ծառայեն, ու իրենց յոյսն ու սէրը միայն աշխարհին վրայ կը դնեն:

Չորս բաներու իշխան էր. նախ՝ մահուան, երկրորդ՝ հոգիներու տանջանքներուն, ու այս երկուքին բռնութեամբ կը տիրէր, քանի որ Աստուծոյ հրամանով էր: Երրորդ՝ մեղքերու իշխան էր: Չորրորդ՝ զանազան կռապաշտութիւններու, իսկ այս երկուքին փորձելով իշխան էր, որովհետեւ իրենց կամքով էր:

Եւ երեք կերպով դուրս նետուեցաւ իշխանութենէն՝ Քրիստոսի չարչարանքներով. նախ՝ երկինքին դռները բացուեցան, ու սատանան չի կրնար ընտրելաներուն հոգիները արգիլել, ինչպէս նախապէս կ՚ընէր, որովհետեւ ատկէ ետք Քրիստոս ըսաւ. «Հա՛յր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս» (Ղկ 23.46), այսինքն՝ Իմ հաւատացեալներուս ու ազգակիցներուս հոգին, սատանան արգիլուեցաւ հոգիներու տանջանքներու տանելու: Երկրորդ. որովհետեւ սկիզբները Աստուած արտօնեց սատանային մարդիկը փորձել՝ ընտրելաները կրթելու համար, իսկ Քրիստոսի չարչարանքներով անոր իշխանութիւնը շատ նուազեցաւ ու սատանան հազար տարի կապուեցաւ, քանի որ չի՛ կրնար մարդիկը փորձել՝ ինչպէս անցեալին: Երրորդ. աշխարհի վախճանին կատաելապէս դուրս պիտի նետուի՝ դժոխք, ու այն ատեն ընտրեալները ամբողջութեամբ պիտի ազատին մեղքերէ, եւ այս երկուքը, այսինքն՝ սատանայի տանջանքն ու ընտրեալներուն ազատիլը մասնաւորապէս սկիզբ առին Քրիստոսի մահուան ժամանակ, ինչպէս կ՚ըսէ խօսքը. «Հիմա կը սկսի այս աշխարհի դատաստանը», այսինքն՝ հիմա չարչարանքս պիտի ըլլայ, որ է պատճառ սատանային վռնտելուն դժոխք ու ընտրեալներուն ազատման աշխարհի վախճանին, այդ պատճառով յետոյ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Եւ երբ երկրէն բարձրանամ՝ ամէնքն ալ Ինծի պիտի քաշեմ» (Յհ 12.32):

Մեկնութիւն. չորս կերպով է խաչին բարձրանալը. նախ՝ ըստ ճառին խաչը օդը՝ բարձր տեղ մը բարձրացած էր, թէպէտ պատուանդանը երկրի վրայ էր: Երկրորդ. խաչ բարձրացաւ հալածելու համար օդի իշխանը: Երրորդ. խաչ բարձրանալ կ՚ըսուի, ինչպէս սանդուխքով երկինք ելլել: Չորրորդ. բարձրանալ կ՚ըսուի նշաններով խաչին վրայ ու հեթանոսներուն վրայ թագաւորել, ինչպէս Պօղոս Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Հօր հնազանդ եղաւ մահուան աստիճան եւ խաչի մահուամբ, այդ պատճառով Աստուած զԻնք շատ աւելի բարձրացուց, -եւ այլն մինչեւ-, եւ ամէն լեզու դաւանի» (տե՛ս Փլպ 2.8-11): Եւ Քրիստոս խաչով բոլորին դէպի զԻնք քաշեց, այսինքն՝ հաւատքով, եւ դարձեալ՝ սիրով, քանի որ սէրը, որ Քրիստոս խաչով ցոյց տուաւ մարդկութեան, զօրեղապէս կը քաշէ մարդիկը Քրիստոսին:

Հարցում. ինչո՞ւ համար բոլորը կ՚ըսէ, որովհետեւ անհաւատները բազմաթիւ են աշխարհի վրայ:

Պատասխան. նախ՝ քանի որ Ինքն Իր կողմէն բոլորին համար խաչուեցաւ, իսկ անոնք անձնիշխան կամքով չհաւատացին: Երկրորդ. ատով կը ցուցնէ ընտրեալներուն բոլոր բազմութիւնը եւ իբրեւ ոչինչ գրելով չարերուն մասին:

Հիմա, ատկէ ետք Աւետարանիչը Քրիստոսի խօսքը կը մեկնէ.

Խօսք. «Ասիկա ըսելով՝ կը հասկցնէր թէ ի՛նչ տեսակ մահով պիտի մեռնէր» (Յհ 12.33):

Մեկնութիւն. չորս կերպով կը նշանակէ Քրիստոսի մահը. նախ՝ կը ցուցնէ, թէ խաչով պիտի մեռնէր եւ ոչ ուրիշ իրով, ինչպէս մարգարէները մեռան: Երկրորդ. կը ցուցնէր, թէ կամաւորաբար կը մեռնէր եւ ոչ թէ՝ ակամայ, ինչպէս բոլոր մարդիկ: Երրորդ. կը ցուցնէ, թէ շուտով յարութիւն պիտի առնէր ու հաւատացեալները դէպի Իրեն պիտի քաշէր: Չորրորդ. կը ցուցնէ, թէ Քրիստոսի մահը հաւատացեալներուն կեանք եղաւ, որոնք դէպի Իրեն յառեցան, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ: Եւ տե՛ս Քրիստսի աղօթքը, որ չորս բան էր, նոյնպէս Հօր բարբառը չորս էր, որ փառաւորեց նախքան խաչելութիւնը եւ խաչելութենէն ետք, այլեւ չորս էր Քրիստոսի մեկնութիւնը, որ սորվեցուց, եւ Աւետարանիչն ալ չորս կերպով կը նշանակէ Քրիստոսի մահը:

Այսքանը այս մասին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 123

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021