«ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿՈՆԴԱԿՆԵՐ» (ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ)
•Յարութիւն Եգիպտացի (Վեհապետեան) - (Ծնած 1820: Վախճանած 4 հոկտեմբեր 1910: Գահակալութեան տարիներ 25 յունուար 1885 - յունիս 1888): Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած տարին, ընտրուած է նաեւ Երուսաղէմի պատրաիրք: Երեք տարի Պոլսոյ մէջ գահակալելէ ետք, 1888 յունիսին անցած է Երուսաղէմ եւ գահակալած է մինչեւ իր վախճանը՝ 1910-ը: Ծագումով քրիստոնեայ չէ եղած, այլ՝ եգիպտացի: Զինք որդեգրած է Երուսաղէմի Կիրակոս Երուսաղէմացի Պատրիարքը, Եգիպտոսի մէջ առաջնորդ եղած ժամանակ: Որդեգրելով այդ մանուկը, զայն մկրտելով կոչած է Աբրահամ: 1851-ին Արմաշի Դպրեվանքին մէջ ձեռամբ Ստեփանոս Արք. Աղաւնիի ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, վերակոչուելով Յարութիւն Աբեղայ: 1860-ին եպիսկոպոսական օծում ստացած է Ամենայն Հայոց Մատթէոս Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ:
- Յուշ ածեմք ձեզ ամենեցուն, զի տգիտութիւն որպէս գիտեմք, աղբիւր է եւ արմատ ամենայն չարեաց, յորմէ ծնանին յաճախ կագ, վէճ, կռիւ, անմիաբանութիւն, ատելութիւն եւ անվախճան պայքար, որք վնասս անհնարինս գործեն, պառակտեն զտունս եւ զընտանիս, վրդովեն զխաղաղութիւն Ազգին եւ վնաս մեծ գործեն յառաջադիմութեան Ազգին, առ ի զառաջս առնուլ չարեացս այսոցիկ՝ հարկ է բառնալ զխաւար տգիտութեան, եւ առ այս՝ հարկ անհրաժեշտ է մեծաւ խնամով հոգ տանիլ զբարւոք դաստիարակութենէ եւ կրթութենէ երկսեռ հայ մանկտւոյն, յօգտակարն եւ ի բարին առաջնորդել նոցա, եւ զվարժարանս որ ի վանորայս, ի քաղաքս, ի գիւղս եւ ի թաղս, ի նմաօրինակ բարեկարգութեան եւ ի յարատեւ յառաջադիմութեան պահել, եւ ուր չիցէ, հաստատել անդ վարժարանս ըստ տանելոյ կարողութեան ժողովրդեանն, եւ աւանդել գէթ զնախնական կրթութիւն, իսկ ի վարժարանս վանօրէից, գլխաւոր քաղաքաց եւ թաղից աւանդել զկրօնական ուսմունս, զազգային պիտանի գիտելիս, որպէս եւ զկենցաղօգուտ գիտութիւնս:
- Հրամայեմք եւ Սարկաւագացդ, կուսակրօնից եւ ամուսնաւորաց, զի վարեսջիք զպաշտօն ձեր ի տան Աստուծոյ եւ առաջի սրբոյ սեղանոյ Տեառն սրբութեամբ եւ արթնութեամբ. լինիջիք հեզ, խոնարհ, պարկեշտ, ժուժկալ եւ հնազանդ վերադաս պաշտօնէից Եկեղեցւոյ, պարապեսջիք ընթերցման Սուրբ Գրոց Հին եւ Նոր Կտակարանաց, եկեղեցական եւ ազգային մատենագրութեանց, պարապեսջիք եւ յուսմունս արտաքինս, պիտանիս եւ օգտակարս:
- Աղաչեմ, զի Աստուած ամենազօր բարեխօսութեամբ առաջին լուսաւորչացն մերոց՝ սրբոց առաքելոցն Թադէոսի եւ Բարթուղիմէոսի եւ սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին՝ զՍուրբ Եկեղեցին Հայաստանեայց եւ զԱզգն Հայոց անսասան եւ հաստատուն պահեսցէ:
Օրհնեսցէ Տէր Աստուած զՍուրբ Եկեղեցին եւ զԱզգն Հայոց. զօրացուսցէ եւ պահպանեսցէ ի միութեան եւ ի միաբանութեան, ի խաղաղութեան եւ յանդորրութեան, ի բարեզարդ պայծառութեան եւ ի բարգաւաճ յառաջադիմութեան:
Օրհնեսցէ Տէր Աստուած զամենայն պաշտօնեայս Եկեղեցւոյ, զԱռաջնորդս, զՎանահարս, զառաջնորդական եւ զվանահայրական Տեղապահս եւ Փոխանորդս, զՔարոզիչս, զՎանական միաբանութիւնս, զՔահանայս, զՍարկաւագունս, զԴպիրս, եւ ի շնորհս իւր պահեսցէ. մշակ առանց ամօթոյ արասցէ ի գործ պաշտաման Եկեղեցւոյ, յոր կոչեցեալ են ի Հոգւոյն Սրբոյ:
… Օրհնեսցէ Տէր Աստուած զամենայն Ժողովուրդս Հայոց՝ զարս եւ զկանայս, զծերս եւ զտղայս, զերիտասարդս եւ զկուսանս, եւ փրկեսցէ յամենայն վտանգից հոգւոյ եւ մարմնոյ, յաջողեսցէ զգործս ձեռաց նոցա, պտղաբերս արասցէ զքրտունս նոցին եւ զվաստակ, եւ ազատ պահեսցէ յամենայն արկածից չարաց եւ տառապանաց:
Շնորհք Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, եւ սէրն Աստուծոյ եւ հաղորդութիւն Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ ձեզ ամենեսին, ամէն:
•Խորէն Քէրէմէթցի (Աշըքեան) - (Ծնած 4 նոյեմբեր 1842: Վախճանած 26 հոկտեմբեր 1899: Գահակալութեան տարիներ 29 սեպտեմբեր 1888 - 14 յունիս 1894, հարկադրուած հրաժարական ներկայացուցած է):
- Հաւատքն է, եղբա՛րք, ընծայումն եւ նուէր բանականութեանս առաջի կամաց եւ խորհրդոց Աստուծոյ, որ միայն անփոփոխ եւ անշարժելի ճշմարտութիւնն է եւ միայն լոյս. եթէ ոք ոչ անքթիթ յառիցէ հայել հոգւոյն աչօք յանշէջ լոյսն եւ ի ճառագայթն էութեան Աստուծոյ՝ վարի աղօտագոյն եւ պատիր լուսով խանգարեալ բանականութեան. գէթ եւ անկանի ի խաւար, որպէս՝ որ երբեմն հրեշտակ էր եւ մերձ բնակէր առ յաւիտենական լուսովն աստուածութեան՝ հպարտացեալ անկաւ զանկանգնելի կործանումն: Այսչափ չար է, եղբա՛րք իմ, ապաստանել յանձին առանձին լոյս մտաց, եւ ոչ փափաքել լուսաւոր յայտնութեանցն Աստուծոյ: Վասն որոյ, հաւատացէ՛ք յԱստուած եւ ի միածին Նորա Որդին ի Յիսուս Քրիստոս, որ յաշխարհի է միշտ, աշխարհ զնա ոչ ճանաչէ, այլ որք ճանաչեն եւ հաւատան ի նա՝ որդիք լինին Աստուծոյ:
- Երիտասարդք զսրբութիւն սիրեցէ՛ք, մի՛ բնաւ դանդաղիք ժամանել պսակի քաղցրութեան, զի ոչ այլազգ պայման է ձեր կենաց՝ այլ միայն սրբութեամբ ամուսնութեան այր եւ կին միալուծ տանել զբեռն տան եւ զդարման զաւակաց՝ զորս Աստուած պարգեւէ: Յորժամ յիւրաքանչիւր ընտանիս մեր ի յարգի է իշխանութիւն հօր ի վերայ տան, եւ հնազանդութիւն զաւակաց առ ծնողս հաստատեալ բարեպաշտութիւն է, յայնժամ միայն է հաւատալ՝ եթէ կարգ եւ ուղղութիւն, սէր եւ արդարութիւն առ հասարակ թագաւորէ ի վերայ ազգի:
- Ի վերայ ամենայնի այսոցիկ, եղբա՛րք, պատուիրեմ ամենեցուն առհասարակ ջանալ վասն դաստիարակութեան զաւակաց, զի արմատ ամենայնի անկարգութեանց եւ աղէտից տգիտութիւն է եւ անկրթութիւն. տգիտութիւն կուրացուցանէ չտեսանել որ ինչ մօտ առ մեզ է բարութիւն Նախախնամութեան, անկրթութիւն ապականէ զսիրտ առ ի չըմբռնելոյ որ ինչ բարիք դիւրապէս յառաջ բերին ի սիրոյ առ Աստուած եւ ի սիրոյ որ առ ազգն եւ առ ընկերն:
Աղաչեմ զամենեսին սիրով Յիսուսի Քրիստոսի սիրեցէք զմիմեանս, միաբան լերուք ի շինութիւն եկեղեցւոյ եւ ի յառաջադիմութիւն վարժարանաց:
… Օրհնեսցէ Տէր Աստուած զհոգեւոր աթոռ Հայրապետութեան Հայաստանեայցս Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ զամենայն զեկեղեցիս, զվանորայս եւ զդպրանոցս եւ զայլ ազգի ազգի հաստատութիւնս:
Օրհնեսցէ Տէր Աստուած զամենայն առաջնորդարանս մեր եւ զերեսփոխանական ժողովս մեր, զվարչական խորհուրդս, զհոգաբարձութիւնս, զայլ եւ այլ բարենպատակ ընկերութիւնս որ ի մայրաքաղաքի եւ ի գաւառսն իցեն:
Շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ եղիցի ընդ հոգւոյ ամենայն հաւատացելոց, ի ձեռն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որ է օրհնեալ յաւիտեանս. ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024