«ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ՏՈԿԱՆ ԲԱԶՈՒՄ ՈՒ ԲԱԶՄԱՏԵՍԱԿ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ»

Վերջին շաբաթներուն շրջանառութեան մէջ դրուիլ սկսաւ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին խօսակցութիւնը։ Սա սոսկ մամուլի էջերուն կամ վերլուծաբաններու բերնին մէջ ամէն առիթով «հալող կարագի» կտոր մը չէ, անշուշտ, ո՛չ ալ թերթի սիւնակ մը փակելու նիւթ, այն շատ առանցքային է մանաւանդ հիմա, երբ ներքին կարգով երկու երկիրները այնքան պէտք ունին իրարու։ Սուրիոյ համար շատ կարեւոր է այս խնդիրը, իսկ Թուրքիոյ համար նուազ կարեւորութիւն ներկայացնող յարաբերութիւնները մասնաւորապէս այս փուլին ունին տարբեր եւ գերակշռող հնչեղութիւն։

Թուրքիա մտադիր է լուծման մը՝ կապուած այն հազարաւոր սուրիացիներուն հետ, որոնք երկիր հասնելէ եւ հաստատուելէ անդին սկսած են բեռ դառնալ պետութեան։ Այլեւս գաղտնիք չէ, որ սուրիական հողերուն վրայ ո՛չ միայն ներկայութիւն, այլեւ որոշիչ, ազդեցիկ ուժ է Թուրքիան, որուն հետ ալ Սուրիա պարտաւոր է համաձայնութեան։

Անշուշտ, բացի Սուրիայէն ու Թուրքիայէն, ազդեցիկ դեր ունին Ռուսաստանը, Իրանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, սակայն տրուած ըլլալով, որ Թուրքիա ունի «օրկանական» ներկայութիւն եւ շուրջ 900 քիլօմեթր երկարութեամբ ցամաքային սահման, արդէն միւս բոլոր խաղացողները կը դնէ որոշ լուսանցքի մը վրայ։

Այս բոլորը նշելէ անդին, յստակ է նաեւ, որ մասնաւորապէս Մոսկուա կը շարունակէ հանդիսանալ այն կողմը, որ երկար ժամանակէ ի վեր յառաջ կը տանի «ճկուն կնքահօր» մը դերը՝ երկու կողմերը ի մի բերելու եւ ի վերջոյ հասնելու որոշ համաձայնութիւններու։

Բաց աստի, Սուրիոյ մէջ կայ քրտական գործօնը, որ կը շարունակէ մնալ երկու կողմերուն համար յուզում յառաջացնող էական խնդիր մը։ Թուրքիա, որուն համար օրէն ի վեր առաջնային օրակարգ կը շարունակէ մնալ իր սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելը, շատ լաւ կը հասկնայ, որ քրտական գործօնին հետ գործ ունենալու պարագային գործ պիտի ունենայ նախ եւ առաջ ԱՄՆ-ի հետ։ Այստեղ չմոռնանք նշել, որ ԱՄՆ երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակէ հովանաւորը մնալ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն, այդպիսով ալ ստեղծելով քաղաքական-անվտանգութեան կարեւոր գօտի-գործօն մը։

Հետեւաբար, այս բոլորի լոյսին տակ, արդեօք ժամանակը հասունցա՞ծ է, որ Անգարա եւ Դամասկոս ի վերջոյ մէկդի դնեն վերջին տարիներու ռմբակոծութիւնները եւ նստին միացեալ սեղանի մը շուրջ։ Հարցումը ինքնին բաւական դժուարին շերտեր ունի, բայց այս ժամանակներուն կը շարունակէ յուզել ուղեղային այն կեդրոնները, որոնք կը զբաղին Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներով։ Ամէն պարագայի, Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը դարձեալ լոյսին բերելու նպատակով օրերս Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ տքթ. Լիւսի Իսկէնեանին հետ ունեցանք հեռավար զրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Ի՞նչ հանգամանքներու բերումով մտաք քաղաքական դաշտ եւ ի՞նչ են ձեր նպատակները:

-Որպէս համալսարանի դասախօս՝ ուղղակի շփման մէջ եմ երիտասարդներու հետ: Հիմնական նպատակներէս էին երիտասարդներու մտահոգութիւնները հասցնել իշխանութիւններուն: Իսկ իբրեւ սուրիացի կին՝ մեծ հաւատք ունիմ իգական սեռի հասարակական կեանքին մէջ ունենալիք ազդու դերին վերաբերեալ։ Այս բոլորէն անդին, ինծի համար քաղաքականութիւնը կարեւոր միջոց է՝ լսելի դարձնելու համար այսօր այն խնդիրները, որոնք մեծ հաշուով կը յուզեն Հալէպի բնակիչներն ու իմ հայրենակիցները։

-Ծանր ժամանակներ ապրեցաւ Սուրիան, հայութեան համար նաեւ առանցքային եղան Հալէպի դժուարին օրերը: Այսօր պատերազմէն գրեթէ տասն տարի անց ինչպիսի՞ն է իրավիճակը Հալէպի մէջ: Ի՞նչ են առկայ դժուարութիւնները:

-Հալէպը կը դիմագրաւէ տարբեր տեսակի դժուարութիւններ՝ ինչպէս համայն Սուրիան: Անվտանգութեան ընդունելի պայմաններու կողքին ունինք ծանր տնտեսական ճգնաժամ, որու մէջ մեծապէս դեր ունին միակողմանի պատժամիջոցները եւ տարածքային ու համաշխարհային իրադարձութիւնները:

-Ինչպէս զանազան երկիրներու, այնպէս ալ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքէն ներս կան տարբեր գունաւորումներ եւ կողմեր։ Այսօր ի՞նչ է հալէպահայութեան ընդհանուր պատկերը, ի՞նչ քաղաքական ուժեր կան եւ ընդհանրապէս հալէպահայ քաղաքական առանցքը կամ միտքը ի՞նչ հունի մէջ է:

-Ինչպէս ամէնուրեք, այնպէս ալ Հալէպի մէջ նշուեցաւ Մեծ եղեռնի 107- ամեակը միասնական նախաձեռնութիւններով եւ գունաւոր տեսանկիւններու փոխարէն ներդաշնակ պատկեր էր այդ մէկը: Հալէպահայերը կը մնան իրենց երթին մէջ եւ ատոր շնորհիւ կը տոկան բազում ու բազմատեսակ դժուարութիւններու: Հայկական գծով առողջ երրորդութիւն՝ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք ունենալը կը միաւորէ բոլորը այս դժուար ու առանցքային ժամանակաշրջանին:

-Վերջին ժամանակներուն յաճախ կը լսենք, թէ Անգարա եւ Դամասկոս, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կտրուած են իրարմէ, պիտի նստին բանակցութեանց սեղան։ Ի՞նչ տեսակէտ ունիք այս առումով:

-Այս փուլին կը դժուարանամ ըսել, թէ այդ առանցքով որեւէ բանակցութիւն տեղի ունենայ։

-Պատերազմէն ի վեր Սուրիոյ մէջ տեղի կ՚ունենան աշխարհաքաղաքական զարգացումներ, գործընթացներ: Ի՞նչ է ներկայ պատկերը այդ առումով։ Ի՞նչ են Սուրիոյ դէպի քաղաքական կարեւոր դերակատարութեան վերադառնալու յոյսերը՝ մասնաւորապէս արաբական աշխարհի հետ կապերու վերադասաւորման առընթեր:

-Շրջանային զանազան երկիրներու շահերը կը հանդիպին Սուրիոյ մէջ: Սուրիան այսօր աւելի մօտ է հասնելու քաղաքական ապաշրջափակման կարեւոր եւ վճռական փուլի մը՝ պայմանով, որ գործընթացները ընթանան հեզասահ կերպով ու այս առումով ալ մեծ եւ անսպասելի ցնցումներ տեղի չունենան։

-Շարք մը պետութիւններ արդէն իսկ ընդունած են, որ Սուրիոյ ներկայ իշխանութիւնները մեծ յաղթանակ տարին ահաբեկչութեան դէմ: Դուք եթէ դասակարգելու ըլլաք Սուրիոյ առաջնահերթութիւնները, ի՞նչ կ՚ըսէք այդ առումով:

-Սուրիան կը մարտնչի հսկայ ահաբեկչութեան դէմ եւ կը կանխարգիլէ անոր վտանգը, որպէսզի չտարածուի ուրիշ երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Եւրոպան: Առաջին իսկ օրէն յայտնի էր Սուրիոյ կեցուածը՝ որ է երկրին բոլոր տարածքները վերադարձնել մէկ ու կեդրոնական պետութեան մը հովանիին տակ։

-Պատմական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ: Այսօր ո՞ւր է այդ յարաբերութիւններու առանցքը, որուն համար նաեւ դուք ամիսներ առաջ այցելեցիք Երեւան։ Ի վերջոյ ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք հայ-սուրիական յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման տեսակէտէ:

-Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւնները պատմական հիմք ունին: Երկկողմանի յարաբերութիւնները շարունակական են եւ ունին զարգացման մեծ հեռանկար: Հիմնական զարգացումը տեղի կ՚ունենայ փորձառութիւններու եւ մարդուժի փոխանակումով՝ ի սպաս երկու երկիրներու վերելքին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2022