ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԻՆԿԱԾ ԱՂՋԻԿԸ

Բնական աղէտներէ, արկածներէ, պատերազմական գործողութիւններէ եւ բռնարարքներէ փրկուածներու պատմութիւնները միշտ հետաքրքրական եղած են, մանաւանդ իրական, նորօրեայ դրուագները: Փրկուածները միշտ բնազդաբար գոյատեւելու ձգտում կ՚ունենան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն միջոցներ գտնելու: Միջազգային կայքեր յաճախ կ՚անդրադառնան այս երեւոյթին՝ վերյիշեցնելով մօտիկ անցեալի դէպքեր:

*

Երբ Ճուլիան Քէոփքէ 17 տարեկան էր, 3000 մեթր բարձրութենէն ինկաւ Ամազոնի անձրեւային անտառը: Ան ապա պատմեց, որ ինչպէս ողջ մնացած է՝ առանձին:

Ճուլիան Քէոփքէ մեծցած է Լիմայի մէջ, Բերու: Նախքան 14 տարեկան ըլլալը տեղափոխուած է բերուական անձրեւային անտառ, ուր անոր ծնողները՝ Մարիա եւ Հանս-Վիլհելմ Քէոփքէ, հիմնած են Պանկուանա կենսոլորտային ուսումնասիրութեան կայանը:

Երկու տարի անտառին մէջ անոնց ուսումնասիրական շրջագայութիւններուն ընկերանալէ ետք, Ճուլիան վերադարձաւ Լիմա՝ աւարտելու երկրորդական դպրոցը:

24 դեկտեմբեր 1971-ին, 17-ամեայ Ճուլիան եւ անոր մայրը Լիմայի մէջ բարձրացան օդանաւ, որ կը մեկնէր Պուկալպա՝ Պանկուանայի ամենէն մօտ օդակայանով քաղաքը, որպէսզի այցելեն իր հօրը, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով։ Ճուլիան  կը պատմէ.

«Լիմայի մէջ իմ օրերս հրաշալի են: Հակառակ անտառներու իմ փորձառութեանս, ես դպրոցական եմ: Արձակուրդներս կ՚անցընեմ Պանկուանա քաղաքին մէջ, իսկ դպրոցական օրերս՝ Լիմայի մէջ դասընկերներու հետ:

Մայրս կը նախընտրէ աւելի կանուխ երթալ Պուկալպա, բայց դպրոցական պարը եւ իմ աւարտական հանդէսս տեղի կ՚ունենան 22 եւ 23 դեկտեմբերին: Ես աղաչեցի մօրս, որ թոյլ տայ մասնակցիլ անոնց»:

«Լաւ,- ըսաւ ան: Մենք կը ճամբորդենք 24-ին»:

Օդակայանը լեփ-լեցուն է, երբ մենք կը ժամանենք Սուրբ Ծննդեան նախօրէի առաւօտեան: Օր մը առաջ քանի մը թռիչք յետաձգուած էր եւ հարիւրաւոր մարդիկ այժմ կը հաւաքուին տոմսերու վաճառասեղաններուն առջեւ: Ժամը 11:00-ին կը հաւաքուինք օդանաւ բարձրանալու:

Ես եւ մայրս կը նստինք վերջին շարքը՝ երեք տեղանոց նստարանին: Ես, ինչպէս միշտ, պատուհանին մօտ եմ, մայրս նստած է քովս, իսկ միջանցքի աթոռին նստած է ծանրամարմին մարդ մը:

Մայրս չի սիրեր ճամբորդել: Ան թռչնաբան է եւ կ՚ըսէ, որ անբնական է, որ մետաղէ պատրաստուած թռչունը օդ բարձրանայ: Լիմայէն Պուկալպա ժամ մը տեւողութեամբ թռիչքի առաջին կէսը առանց միջադէպերու կ՚ընթանայ: Նախաճաշը կը մատուցուի: Տասը վայրկեան ետք, մենք կը թռչինք հսկայական ամպրոպի մէջ:

Յանկարծ ցերեկային լոյսը կը դառնայ գիշեր եւ կայծակը կը փայլի բոլոր կողմերէն: Մարդիկ շնչահեղձ կ՚ըլլան, երբ օդանաւը սաստիկ կը ցնցուի: Պայուսակներ, ծրարուած նուէրներ եւ հագուստ կ՚իյնան վերի պահարաններէն: Ուտելիքներու ափսէները կը ճախրեն օդին մէջ, իսկ կիսատ խմիչքները կը թափին ուղեւորներու գլխուն:

Մարդիկ կը ճչան, կու լան:

«Յուսամ ամէն բան լաւ կ՚ըլլայ»,- կ՚ըսէ մայրս՝ ջղայնացած:

Ես սպիտակ լոյս կը տեսնեմ աջ թեւին վրայ: Չեմ գիտեր՝ այդ կայծակի բռնկո՞ւմ է, թէ՞ պայթում: Ես կը կորսնցնեմ ժամանակի ամբողջ զգացողութիւնս: Օդանաւը կը սկսի վայրէջքի: Ետեւի իմ նստած տեղէս կը տեսնեմ միջանցքէն դէպի օդաչուներու խցիկը:

Ականջներս, գլուխս, ամբողջ մարմինս լեցուած է օդանաւի խոր գոչիւնով: Այս բոլորին մէջ ես կը լսեմ, որ մայրս կ՚ըսէ. «Հիմա ամէն ինչ աւարտած է»:

Մենք արագ կ՚իյնանք: Մարդոց պոռչտուքը եւ մեքենաներուն ձայնը յանկարծ կը լռեն: Մայրս այլեւս քովս չէ, եւ ես այլեւս օդանաւին մէջ չեմ: Ես դեռ ամրացուած եմ աթոռիս՝ շուրջ 3000 մեթր բարձրութեան վրայ: Ես առանձին եմ: Եւ ես կ՚իյնամ:

Իմ ազատ անկումս հանգիստ է: Շուրջս ոչինչ կը տեսնեմ: Ապահովութեան գօտին այնքան ամուր կը սեղմէ փորս, որ չեմ կարողանար շնչել: Նախքան վախ զգալը, ես կը կորսնցնեմ իմ գիտակցութիւնս:

Երբ ուշքի կու գամ, ես գլխիվայր եմ, դեռ կ՚իյնամ, փերուական անձրեւային անտառը դանդաղ կը դառնայ դէպի իմ կողմս: Խիտ ծառերու գագաթները ինծի կը յիշեցնեն պրոքոլին: Ես ամէն բան կը տեսնեմ, կարծես մառախուղի մէջէն, նախքան կրկին ուշագնաց ըլլալս: Երբ ուշքի եկայ, ինքզինքս գտայ անտառին մէջտեղը: Իմ գօտիս արձակուած է: Սողացի աւելի խոր՝ երեք տեղանոց նստարանի կռնակին մէջ, որ ամրացուած էր իմ վրաս, երբ ես ինկայ երկինքէն: Թաց ու ցեխոտ տեղ մը, ուր պառկեցայ ցերեկ եւ գիշեր:

«Ես երբեք չեմ մոռնար այն պատկերը, զոր տեսայ, երբ բացի աչքերս յաջորդ առաւօտ: Իմ գլխուս վերեւ գտնուող հսկայ ծառերու պսակները լեցուած են ոսկի լոյսով, անոնք ամէն ինչ կ՚ողողեն կանաչ փայլքով:

Ես լքուած, անօգնական եւ բացարձակ մինակ կը զգամ: Իմ քովի մօրս աթոռը դատարկ է: Ես չեմ կրնար կանգնիլ: Կը լսեմ ժամացոյցիս մեղմ ձայնը, բայց ոչ ժամը: Ես չեմ կրնար ուղիղ տեսնել: Կ՚անդրադառնամ, որ իմ ձախ աչքս ուռած է  ու փակուած: Ես կը տեսնեմ միայն աջ աչքիս նեղ ճեղքով: Ակնոցներս անհետացեր են, բայց վերջապէս կը տեսնեմ ժամը:

Առաւօտեան ժամը ինն է: Ես նորէն գլխապտոյտ կ՚ունենամ եւ ուժասպառ կը պառկիմ անձրեւային անտառի յատակին: Որոշ ժամանակ ետք կը յաջողիմ ծունկի գալ, բայց այնքան գլխապտոյտ կ՚ունենամ, որ անմիջապէս կրկին կը պառկիմ: Ապա կրկին կը փորձեմ, եւ ի վերջոյ կը յաջողիմ ինքզինքս պահել այդ դիրքով: Ձախ սրունքիս վրայ կը գտնեմ խոր խոց, որ կարծես կտրուած ըլլայ կարծր մետաղի եզրով: Տարօրինակ է, որ չ՚արիւնիր: Կը սկսիմ սողալ՝ շուրջս փնտռելով մայրս: Ես կը պոռամ անոր անունը, բայց ինծի կը պատասխանեն միայն անտառներու ձայները:

Մէկու մը համար, որ երբեք չէ եղած անձրեւային անտառին մէջ, այդ կրնայ սպառնալից թուիլ: Հսկայական ծառերը խորհրդաւոր ստուերներ կը ձգեն: Ջուրը անընդհատ կը կաթի: Անձրեւային անտառը յաճախ բորբոսած հոտ ունի բոյսերու, որոնք կը միահիւսուին եւ կը թափառին, կ՚աճին եւ կը քայքայուին:

Անտառներուն մէջ կ՚իշխեն միջատները, եւ ես կը հանդիպիմ անոնց բոլորին՝ մրջիւններ, բզէզներ, թիթեռներ, մորեխներ, մոծակներ, ճանճեր: Իսկ չխայթող վայրի մեղուները կը սիրեն կառչիլ մազերուս:

Բարեբախտաբար, ես փոքր տարիքիս բաւական երկար ապրած էի անտառներու մէջ՝ ծանօթանալով զանազան արարածներու, որոնք կը վազվզեն, կը խշխշան, կը սուլեն եւ կը մռնչեն: Գրեթէ ոչինչ կար, որ ծնողներս ինծի չսորվեցնէին անտառներու մասին: Ես միայն պէտք է գտնէի այս գիտելիքը ուղեղի ցնցումէն մշուշոտած գլխուս մէջ:

Յանկարծ սաստիկ ծարաւ զգացի: Ջուրի մեծ կաթիլները կը փայլին շուրջս տերեւներու վրայ, եւ ես կը լզեմ զանոնք: Ես փոքր շրջանակներով կը քալեմ աթոռիս շուրջը՝ գիտակցելով, որ որքան արագ կրնաս կորսնցնել քու կողմնորոշումդ անտառին մէջ: Միտքս կը պահեմ ծառի մը գտնուելու վայրը եւ նշանները, որպէսզի պահպանեմ իմ դիրքս: Արկածի հետք չեմ գտներ: Ո՛չ բեկորներ, ո՛չ մարդիկ: Բայց կը նշմարեմ տոպրակ մը տուրմ եւ կ՚ուտեմ կտոր մը:

Կը լսեմ օդանաւերու շարժիչներու բզզոցը՝ վերէն: Կը նայիմ վեր, բայց ծառերը չափազանց խիտ են: Ոչ մէկ ձեւով կրնամ ես զիս նկատելի դարձնել այստեղ:

Անզօրութեան զգացումը կը յաղթէ ինծի: Պէտք է դուրս գամ անտառի թաւէն, որպէսզի փրկարարները տեսնեն զիս: Շուտով շարժիչներու բզզոցը կը լռէ:

Կը լսեմ ջուրի կաթող զնգոց, կարկաչ, որ նախապէս չէի նկատած: Մօտակայքը կը գտնեմ աղբիւր մը, որ կը սնուցանէ փոքրիկ առուակ մը: Ասիկա զիս յոյսով կը լեցնէ, որովհետեւ ոչ միայն ըմպելի ջուր գտած եմ, այլ նաեւ համոզուած եմ, որ այս փոքրիկ առուակը պիտի օգնէ ինծի փրկուելու: Կը փորձեմ ուշադիր հետեւիլ գետակին, բայց յաճախ ծառերու բուներ ինկած են անոր վրայ, կամ խիտ յատակը կը փակէ իմ ճամբաս: Քիչ-քիչ կը լայննայ առուակը, ափը մասամբ չոր է, եւ ես դիւրաւ կը քալեմ ջուրին քովէն: Ժամը վեցին մօտ կը մթննայ, եւ կը փնտռեմ առուակի հունէն պաշտպանուած վայր մը, ուր կրնամ գիշերել:

Ես տուրմ մը եւս կ՚ուտեմ:

28 դեկտեմբերին ժամացոյցս՝ մեծ մօրս նուէրը, ընդմիշտ կանգ կ՚առնէ, ուստի կը փորձեմ օրերը հաշուել:

Առուակը կը վերածուի աւելի մեծ առուակի, յետոյ վերջապէս փոքր գետի: Քանի որ անձրեւներու եղանակ է, հազիւ պտուղ կայ հաւաքելու, եւ ես կերած եմ իմ վերջին տուրմս: Ես դանակ չունիմ, որպէսզի գործածեմ արմաւենիի սրտերը ցօղուններէն հանելու համար: Ես չեմ կրնար ձուկ բռնել կամ արմատներ եփել: Ես այլ բան չեմ համարձակիր ուտել: Անտառներուն մէջ աճածին մեծ մասը թունաւոր է, ուստի ձեռքերս հեռու կը պահեմ չճանչցած բաներէս: Բայց մեծ քանակութեամբ ջուր կը խմեմ առուակէն:

Հակառակ հաշուելուս, ես կը խառնեմ օրերը: 29 դեկտեմբերին կամ 30-ին, իմ արշաւիս 5-րդ կամ 6-րդ օրը, ես կը լսեմ բզզոց, հառաչող ձայն, որ անմիջապէս կը փոխէ անտարբեր տրամադրութիւնս: Անվրէպ ձայնն է հոացինի՝ մերձարեւադարձային թռչուն, որ բոյն կը շինէ բացառապէս ջուրի բաց հատուածներու մօտ, ուր մարդիկ բնակութիւն հաստատած են: Պանկուանայի մեր տան մէջ ես յաճախ կը լսեմ այս ձայնը:

Նոր թափով կը քալեմ աւելի արագ՝ ձայնին ուղղութեամբ:

Վերջապէս, կանգնած եմ մեծ գետի մը ափին, բայց տեսադաշտին մէջ մարդ չկայ: Հեռուէն օդանաւերու ձայներ կը լսեմ, բայց ժամանակի ընթացքին աղմուկը կը մարի: Ես կը հաւատամ, որ անոնք ինձմէ բացի բոլոր ուղեւորները փրկելով, այլեւս ետ կը դառնան:

Կը սկսիմ զայրանալ: Ինչպէ՞ս կրնան օդաչուները դադրեցնել փնտռտուքը, հիմա, երբ ես վերջապէս հասած եմ ջուրի բաց հատուածին, այսքան օրերէ ետք: Շուտով իմ զայրոյթս տեղի կու տայ սարսափելի յուսահատութեան: Բայց ես անձնատուր չեմ ըլլար: Հոն, ուր գետ կայ, մարդիկ չեն կրնար հեռու մնալ:

Գետին ափը չափազանց խիտ գերաճած է, եւ ես չեմ կրնար շարունակել քալել անոր երկայնքով: Գիտեմ, որ ժայռերը կը հանգստանան գետափին, ուրեմն ես ուշադիր կը քալեմ: Յառաջընթացը այնքան դանդաղ է, որ ես փոխարէնը որոշեցի լողալ գետին մէջտեղէն: Փշաձուկերը չեն համարձակիր մտնել խորունկ ջուրը: Գիտեմ, որ ձուկերը վտանգաւոր են միայն անշարժ ջուրին մէջ: Ես նաեւ կ՚ակնկալեմ հանդիպիլ կայմաններու, սողուններու, բայց անոնք հիմնականին մէջ չեն յարձակիր մարդոց վրայ:

Ամէն գիշեր, երբ արեւը մայր կը մտնէ, ես ափին բաւական ապահով տեղ կը փնտռեմ, ուր կրնամ փորձել քնանալ: Մոծակներն ու մանր ճանճերը կը բզզան գլխուս շուրջը եւ կը փորձեն սողալ ականջներուս ու քիթիս մէջ: Նոյնիսկ աւելի վատ են այն գիշերները, երբ անձրեւ կը տեղայ: Սառոյցէ ցուրտ կաթիլները կը ցաւցնեն զիս, կը թրջեն ամառնային բարակ զգեստս: Քամին կը փչէ, եւ ես սաստիկ կը մսիմ:

Այդ մռայլ գիշերներուն, երբ ես կը ծուարիմ ծառի կամ թուփի տակ, ես ամբողջովին լքուած կը զգամ: Ցերեկը ես կը շարունակեմ լողալ, բայց աւելի կը տկարանամ: Առատօրէն կը խմեմ գետի ջուր, որ կը լեցուի ստամոքս, բայց գիտեմ, որ պէտք է բան մը ուտեմ:

Առաւօտ մը սուր ցաւ կը զգամ մէջքիս: Ձեռքովս շօշափելով կը նկատեմ, որ կ՚արիւնի: Արեւը այրեր է մորթս: Աւելի ուշ կը հասկնամ, որ երկրորդ աստիճանի այրուածքներ ունիմ:

Որքան օրերը կ՚անցնին, աչքերս ու ականջներս աւելի կը խաբեն զիս. յաճախ կը տեսնեմ տան մը տանիքը գետի ափին կամ կը լսեմ հաւերու եւ այլ ընտանի անասուններու ձայներ: Ես այնքան շատ յոգնած եմ: Կ՚երեւակայեմ ուտելիքի՝ ճոխ խնջոյքներէն մինչեւ պարզ կերակուրներ: Ամէն առաւօտ աւելի դժուար կ՚ըլլայ ոտքի կանգնիլը ու պաղ ջուրին մէջ մտնելը: Իմաստ մը կա՞յ շարունակելու: Այո՛, ես ինքզինքիս կ՚ըսեմ. «Ես պէտք է շարունակեմ»:

Տասներորդ օրը կ՚անցընեմ ջուրին մէջ քշուելով: Անընդհատ կը բախիմ գերաններուն, եւ մեծ ուժ կը պահանջուի անոնց վրայէն բարձրանալու ու այս բախումներու ժամանակ ոչ մէկ ոսկոր չկոտրելու համար:

Երեկոյեան ես կը գտնեմ խճաքարերու թումբ մը, որ կարծես լաւ տեղ մըն է քնանալու համար: Ես կը քնանամ քանի մը վայրկեան: Երբ կ՚արթննամ, կը տեսնեմ բան մը, որ այստեղին չի պատկանիր՝ նաւակ մը:

Ես կը շփեմ աչքերս, կը նայիմ երեք անգամ, եւ անիկա դեռ կա՛յ: Նաւա՜կ: Կը լողամ եւ կը դպչիմ ատոր: Միայն ատկէ ետք ես իսկապէս կրնամ հաւատալ:

Ես կը նկատեմ արահետը, որ գետէն ափ կը բարձրանայ: Վստահ եմ, որ այնտեղ մարդիկ պիտի գտնեմ, բայց ես այնքան տկար եմ, որ ժամեր կը տեւէ բլուրը բարձրանալը: Երբ կը հասնիմ գագաթին, կը տեսնեմ փոքր ապաստարան, բայց ոչ մէկ մարդ: Տնակէն արահետ մը կը տանի դէպի անտառ: Համոզուած եմ, որ նաւակին տէրը որեւէ պահու կը յայտնուի:

Բայց… ոչ ոք կու գայ: Կը մթննայ, եւ ես կը գիշերեմ այնտեղ:

Յաջորդ առաւօտ կ՚արթննամ եւ դեռ ոչ ոք երեւցած է: Կ՚անձրեւէ, եւ կը սողամ դէպի իմ ապաստարանս: Կէսօրին անձրեւը կը դադրի: Ես այլեւս ուժ չունիմ ոտքի կանգնելու: Կ՚որոշեմ օր մը եւս հանգստանալ խրճիթին մէջ, յետոյ շարունակել շարժիլ:

Մթնշաղին ձայներ կը լսեմ: Կը կարծեմ, թէ կ՚երեւակայեմ: Բայց ձայները աւելի կը մօտենան: Երբ երեք տղամարդ դուրս կու գան անտառէն եւ զիս կը տեսնեն, ցնցուած կանգ կ՚առնեն:

«Ես օդանաւի արկածի ենթարկուած եմ», կ՚ըսեմ սպաներէն: «Իմ անունս Ճուլիան է»:

….

Անտառային տնտեսութեան աշխատակիցները յայտնաբերեցին Ճուլիան Քէոեփէն 31 յունուար 1972-ին, երբ ան 11 օր գոյատեւեց անձրեւային անտառին մէջ, եւ զայն ապահով տեղ հասցուցին:

91 անձեր, ներառեալ Ճուլիանի մայրը, մահացած են արկածէն: Ճուլիան միակ փրկուածն էր:

Այժմ Միւնիխի Կենդանաբանութեան պետական կաճառի կենսաբան եւ գրադարանավար Ճուլիան, յաճախ կը վերադառնայ Պանկուանա, ուր իր ժառանգած հետազօտական կայանը կը շարունակէ ողջունել գիտնականներ ամբողջ աշխարհէն:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2022