ԺԱՄԿԷՏՆԵՐ ՈՒ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Վերջին իրադարձութիւններու դիպաշարը մէկէ աւելի հարցումներու դուռ կը բանայ։ Խօսքը, ըստ էութեան, Լիբանանի դէպքերուն մասին է։ Անոնք, խորքին մէջ, ընթացք առին՝ յատկապէս «Համաս»ի ռազմական պարագլուխներէն շէյխ Սալիհ Արուրիի սպանութեամբ։ Զգայացունց այս դէպքը, որ տեղի ունեցաւ «Հիզպուլլահ»ի հաւասարակշռած Պէյրութի հարաւի արուարձաններէն մէկուն մէջ, ծնունդ տուաւ կասկածներու։

Սալէհ Արուրիի անունը կը գտնուէր թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ այլ գաղտնի սպասարկութեանց թիրախներու ցուցակին վրայ։ Կը հետեւէին անոր ու օգտուելով իր պատկերասփռուած ելոյթներէն՝ Արուրիի ձայնային տուեալները, բնականաբար, հասած էին Իսրայէլի վերին մարմիններուն, որոնք առիթը չփախցուցին, նաեւ օգտուեցան անոր վերջին ճամբորդութիւններու ընդհանուր քարտէսէն, Պէյրութ վերադարձէն, ապա ապահո՛վ համարուած այդ արուարձանին մէջ շրջագայութիւններէն ու հանդիպումներէն։ Այս բոլորը, անշուշտ, կը պատմեն այն մասին, թէ Կազզէի արիւնալի պատերազմը տեղ մը կը փորձէ փոխել խաղի ընդհանուր կանոնները։

Իսրայէլ, որ դաշտի վրայ մեծ փորձութիւններու դէմ յանդիման է եւ ամէն օր կը կորսնցնէ իր բանակի ամենէն ռազմունակ ջոկատներուն զինուորներն ու սպաները, կարիքն ունի նոր խաղաոճի մը, որուն գլխաւոր վերնագիրն է՝ «խաղը սահմաններէն դուրս հանել»։ Անշուշտ, Արուրիի սպանութիւնը ուրախ լուր կը համարուէր ո՛չ միայն Իսրայէլին, այլեւ այն բոլոր կողմերուն, որոնց համար խորթ էր անոր գործունէութիւնը։ Արդարեւ, իր կանոնները ներուժ եւ ռազմավարական որակ կը բերէին «Համաս»ի ղեկավարութեան։ Ի վերջոյ, Արուրի այդ կազմակերպութեան արտաքին թեւն էր, հետեւաբար զինք հարուածել ու խաղէն դուրս հանել կը նշանակէր ուղղակի հարուած մը տալ շարժումին։

Այդ հարուածը, տեղ մը արատ մը կրնար համարուիլ «Հիզպուլլահ»ին, որովհետեւ Արուրիի սպաննուած պահուն անոր փոխադրութիւնը ապահոված հիմնական կողմը նոյնինքն «Հիզպուլլահ»ն էր եւ զարմանալի էր նաեւ, որ յարձակման զոհերու շարքին չկային անոր անդամները։ Թէեւ այս վարկածը, անշուշտ, աւելի մեծ հարցադրումներու գետին կը պատրաստէ, սակայն, անկախ Արուրիի սպանութենէն՝ բնականաբար, հարկ է աչքէ անցընել Լիբանանի հարաւային շրջաններու դէպքերը, որոնց շարադրանքը ինքնին մեզ կրնայ տանիլ դէպի շատ աւելի խորքային ծալքեր։ Լիբանանեան ճակատին վրայ, ի հարկէ, նորութիւն չէ հետեւեալ հարցումը, որ հասարակութեան հետաքրքրութեան առարկայ է։ Վերջերս պատահած այլ դէպք մը առաւելաբար ի յայտ կը բերէ Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ին վերաբերեալ հարցման նշանները։ Արդարեւ, հարաւային Խըրպթ Սըլմ գաւառակին մէջ տեղի ունեցաւ այլ բախտորոշ սպանութիւն մը, որուն զոհ գնաց «Հիզպուլլահ»ի կարեւոր դէմքերէն Ուիսամ Հասան ալ Թաուիլ։

Սպաննուածը «Հիզպուլլահ»ի տիրական դէմքերէն մին էր, միեւնոյն ժամանակ, պատասխանատուներէն «Ալ Ռատուան» ջոկատին, որ կազմակերպութեան ընտրանին կը համարուի։ Ան սպաննուեցաւ իր ինքնաշարժի թիրախաւորումով։ Ի դէպ, այս դէպքին մասին այլ զանազան վարկածներ ալ շրջանառութեան մէջ դրուեցան եւ ըստ որոշ աղբիւրներու՝ ան մահացած էր ականի մը պայթումով։ Ի հարկէ, կարեւոր են այդ մանրամասնութիւնները, սակայն անհնար է վերջնական եզրակացութեան մը յանգիլը։ Խորքին մէջ այս դէպքը խորքային մեծ ցնցում պատճառած է, որովհետեւ պատահած է «Հիզպուլլահ»ի վերահսկած ու ամենաապահովներու շարքին դասուած գօտիներէն մէկուն մէջ, ուր հակառակ Իսրայէլի օդային յարձակումներուն՝ շրջագայութիւնը վերջերս թափ հաւաքած է։

Լիբանանեան կազմակերպութիւնը այս հարուածէն ետք շատ պաղարիւն ձեւով արձագանգեց դէպքին։ Ան հետամուտ է, որ միջազգային մամուլն ու վերլուծաբանները՝ մանաւանդ հակառակորդ Իսրայէլը լաւ ըմբռնեն, թէ այդպիսի հարուածները ոչինչ կրնան փոխել գետնի վրայ։ Մօտեցումը, անշուշտ, մաս կը կազմէ պատերազմական ռազմավարութեան մը, որ հաւասարապէս կ՚օգտագործուի հակամարտողներուն կողմէ։

Ի հարկէ, մեծ տարբերութիւն կայ Լիբանանի շիի հասարակութեան եւ իսրայէլացի վերաբնակեցեալներուն միջեւ, որոնց մեծ մասը եկուոր է, այլ ոչ բնակիչ։ Ու այս մօտեցումին մեծագոյն ապացոյցն է, որ այսօր աւելի քան 200 հազար վերաբնակեցեալներ հեռացած են Իսրայէլի հիւսիսի սահմանային ամբողջ գօտիէն եւ սեփական երկրին մէջ դարձած են փախստական։

Սա թէեւ իր կարգին, սակայն, «Հիզպուլլահ»ին տրուած մեծ հարուածն ալ իր կարգին։ Արդարեւ, այդ հարուածին ընթացքին շատ յայտնի զօրահրամանատարի մը զոհուած ըլլալը կու գայ նաեւ խառնել բոլոր տեսակի խաղաքարտերը։

Յաճախ կ՚ըսուի, որ այս հարուածները չեն կրնար սպաննել, այլ աւելիով կը զօրացնեն։ Սոյն վարկածը թէեւ այս պարագային ալ կ՚աշխատի, սակայն այս խնդիրը հանրային կարծիքը կ՚առաջնորդէ աւելի մեծ ու տարողունակ հարցերու, որոնք մարտահրաւէրի համազօր են «Հիզպուլլահ»ի տեսակէտէ։

Թէ ի՞նչ յանդգնութեամբ Իսրայէլ կը հատէ ընդունուած կարմիր գիծերը, ո՞ւր կրնան տանիլ այս սպանութիւնները (անշուշտ, եթէ շարունակուին) եւ ի վերջոյ ինչո՞ւ «Հիզպուլլահ» զերծ կը մնայ իրականացնելէ այն բոլոր ծրագիրները, որոնք կ՚ենթադրէին ցամաքային արագ գործողութիւններու շարք մը՝ թիրախաւորելով Իսրայէլի ներսը։ Երկար նիւթ մըն է՝ դէպի վերին Գալիլիա (Ճալիլ) թափանցելու մասին խօսակցութիւնները, նոյնիսկ փորձ-տեսանիւթերը, որոնք ամիսներ առաջ տարածուած էին «Հիզպուլլահ»ի կողմէ, սակայն, այսօր բոլոր տուեալները կան հասկնալու համար, թէ «Հիզպուլլահ» կը ջանայ հեռու մնալ մեծ պատերազմէ։ Ի վերջոյ մեծ պատերազմը չի բխիր անոր շահերէն, այլ կրնայ վերակենդանացնել՝ քաղաքական մայրամուտին մօտեցած Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահուն ու անոր ամբողջ վարչակարգը։ Բայց, «Հիզպուլլահ»ի տեսակէտէ անխուսափելի է առերեսուիլ այն հարցումին հետ, թէ արդեօք իսկապէս թափանցա՞ծ են այդ կուսակցութեան շարքերէն ներս։ Եթէ այո, ապա ինչո՞ւ բացայայտ չի խօսուիր այդ մասին եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ գինը։ Վերջապէս, 40-ամեայ այս կազմակերպութիւնը ունի իրական միջոցներ՝ փարատելու համար այդ խոշոր հարցականները, որոնք կը վերաբերին ներքին հասարակական բազում խութերու եւ բացթողումներու։

Այս փուլին, անշուշտ, դժուար է վերջնական պատասխան մը տալ այս մեծ հարցումին, որ վերջին շաբաթներուն Դեմոկոլեան սուրի մը նման կը ճօճուի Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ին գլխուն վերեւ։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»Ը ԶԵՐԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԵՐՔԱՇՈՒԵԼՈՎ ՆՊԱՍՏԵԼ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻՆ, ՈՐ ԿԸ ՁԳՏԻ ԽԱՂԸ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ՀԱՆԵԼ

Կազզէի պատերազմը թէեւ կը շարունակուի, բայց եւ այնպէս, ներկայիս տարածաշրջանի դէտերու ուշադրութիւնը ուղղուած է նաեւ դէպի Պէյրութ եւ Թեհրան։ Օդոլորտին մէջ կան հիմնաւոր վարկածներ, ըստ որոնց Իսրայէլի իշխանութիւնները ունին ներքին տարակարծութիւններ, որոնց վրայ կու գան աւելնալ բանակին ենթարկուած հարուածները, դաշտի վրայի բացթողումները ու մանաւանդ՝ Կազզէի մէջ յստակ առաջադրանք մը չիրականացնելու փաստը։ Այս բոլորը աւելիով կը ծանրացնեն Թել Աւիւի վիճակը։ Ներքին ճակատի առկայ բուռն քննարկումները կամաց-կամաց կը յորդին փակ սենեակներէն եւ կը դառնան Իսրայէլի հանրութեան, նաեւ բոլոր թշնամիներուն սեփականութիւնը։ Կառավարութիւնը նախ իր ընդդիմախօսներուն, ապա նաեւ արտաքին թշնամիներուն սորվեցուցած է, որ Իսրայէլ միշտ քայլ մը առաջ կը շարժի։ Յամենայնդէպս, Իսրայէլի կառավարութիւնը պատանդ առնուած է այն հարցադրումին, թէ «Կազզէի մէջ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Այս հարցադրումը ճակատագրական է եւ աւելիով կը լարէ վարչապետ Նեթանիյահուի յարաբերութիւնները՝ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ։ Անշուշտ, Իսրայէլի մէջ ներքին տարակարծութիւններ միշտ եղած են։ Ձեւաչափերու մասին հարցադրումներ, պատերազմը յառաջ տանելու մասին դիտարկումներ, կամ անցեալ հոկտեմբերին «Համաս»ի սարսափելի գրոհին պատասխանատուութիւնը բաժնելու մասին կան մեծ հարցումներ։ Այդ բոլորը, ի հարկէ, կան, նաեւ կան մեծ դիտարկումներ, ըստ որոնց, եթէ յանկարծ Կազզէի պատերազմը վաղն իսկ դադրի, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը Նեթանիյահուին, որ կ՚ապրի իր իշխանութեան ամենադառն օրերը։ Հակասական պատկերը այն է, որ Նեթանիյահու պէտք է ամէն ճիգ ընէ՝ երկարաձգելու համար այս անողոք պատերազմը, որ իր վզէն որոշ ժամանակի մը համար կը հեռացնէ մեծ պատասխանատուութեան պարանը։ Արդարեւ, այդ պարանը կրնայ շուտով սեղմուիլ Նեթանիյահուի պարանոցին վրայ ու զինք խեղդել։ Այս վարկածը, ի հարկէ, կ՚աշխատի որովհետեւ, մինչեւ պատերազմին ծագիլը Նեթանիյահու յայտնուած էր բարդ վիճակներու մէջ։ Պատերազմը շատ արագ յաղթելու եւ «Համաս»ը ոչնչացնելու իր հաշիւները բոլորովին սխալ դուրս եկան։ Ճիշդ է, որ Կազզէն դարձած է փլատակ քաղաք մը, այնտեղ կորսուած, ոչնչացուած են կեանքի բոլոր նշանները, բնակիչները դարձած են անպատսպար, բայց այդ բոլորէն անդին՝ «Համաս»ը արմատներէն կտրելով վերջնականապէս լուծարելու բոլոր խոստումները դարձած են անիմաստ։ Ու թերեւս Նեթանիյահու ստիպուած է կրակել այդ անիմաստութեան դիմաց։ Ապաւինելով բանակի կարողութիւններուն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեծ նեցուկին՝ ան պիտի շարունակէ այս պատերազմը ու պիտի ուզէ, որ զուգահեռաբար բացուի Իսրայէլ-Լիբանան ճակատը։ Այս նախադրեալները, անշուշտ, խաղը կը տանին բոլորովին այլ ուղղութիւններով ու կը բացայայտեն այն հին-նոր վարկածները, ըստ որոնց Իսրայէլի որեւէ առաջնորդի պարագային երբեք պէտք չէ բացառել տագնապները շրջանցելու մարտավարութիւնը։ Նախ Պէյրութի, ապա Իրանի Քիրման քաղաքին մէջ պատահած արարքներէն անմիջապէս առաջ, լրահոսին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէին՝ Իսրայէլի բանակի կորուստներու մեծացման վերաբերեալ լուրերը։ Ուշադիր աչքերէն չվրիպեցաւ, որ «Համաս»ի ղեկավարներէն շէյխ Սալիհ Արուրիի սպանութիւնը վրայ հասաւ ու ականի մը նման պայթելով ողողեց ամբողջ լրահոսը։ Զոհերը սովորական զինեալներ չէին, այլ փորձառու, բազում մարտերէ անցած մարտիկներ, որոնց գլխաւորը՝ Արուրի կը համարուէր մէկ կողմէ «Համաս»ի, իսկ միւս կողմէ «Հիզպուլլահ»ի, նաեւ Իրանի միջեւ կապերու գլխաւոր համակարգողը։ Ի դէպ, դէպքէն օրեր առաջ Իսրայէլի մէկէ աւելի պատասխանտուներ բացայայտ յայտարարած էին, որ ուշ կամ կանուխ հաշուեյարդարի պիտի ենթարկուէին «Համաս»ի՝ 7 հոկտեմբերի գործողութեան իրական պատասխանատուները։ Մնաց որ, Լիբանանի որոշ աղբիւրներ Արուրին համարած էին 7 հոկտեմբերի գլխաւոր ճարտարապետը։

Ի հարկէ, այս սպանութիւնը մեծ հարցումներու տրցակ մը բացաւ։ Տակաւին երկար ժամանակ այդ հարցումները պիտի զբաղեցնեն վերլուծաբանները ո՛չ միայն դէպքին տարողութեան պատճառով, այլեւ՝ անոր ժամկէտին ու կարեւոր պատգամներուն տեսակէտէ։

Միւս առանցքային դէպքն է, անշուշտ, Քիրմանի ոճրային պայթումներու շարքը։ Սա ինքնին կը նշանակէր դէպի Իրան թափանցում մը, նաեւ կային այլ կարեւոր բաղադրիչներ, որոնց հանրագումարը ի յայտ կը բերէր Իրանի կարգ մը տկարութիւնները։ Այսպէս, որպէս ամբողջատիրական համակարգի մը, ամբողջական քաղաքական ու կրօնական գիծի մը ենթակայ երկիր՝ Իրան ունի խոցելի կէտեր, որոնք աւելի առաջ ալ ի յայտ եկած էին, երբ պատահած էին սպանութիւններ կամ ահաբեկչութիւններ, որոնց զոհ գացած էին ազդեցիկ դէմքեր։

Ի հարկէ, այս ամբողջի պարագային կան կարեւոր նրբութիւններ եւ այս համայնապատկերին բնորոշ բազում հարցականներ պիտի շարունակեն տակաւին երկար ուշադրութիւն գրգռել։ Այս օրակարգը, իր կարգին, սակայն, անկէ անդին՝ մանաւանդ այս դէպքերուն ժամկէտը բան մը կը մատնանշէ, թէ անոնցմէ հիմնական օգտուողն է ու պիտի շարունակէ մնալ Իսրայէլը։ Սա ի զօրու է, նոյնիսկ եթէ պահ մը հալած իւղի պէս կլլենք այն տեղեկութիւնը, ըստ որու, Իրանի ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնուած է ԻՇԻՊ (Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն) ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ։ Արդարեւ, եթէ նոյնիսկ սպաննողը ԻՇԻՊ-ն է, ապա այդ դէպքէն հիմնական օգտուողը քաղած է Իսրայէլն ու յատկապէս՝ վարչապետ Նեթանիյահուն։

Արդէն ծանօթ են այն բոլոր պայմանները, որոնք ներկայիս աւելի քան խոցելի դարձուցած են Նեթանիյահուն, որ շատ մօտ է դատարանի առջեւ կանգնելու։ Այսպիսի դէպքերը շատ հաւանաբար շարունակուին այլ ճակատներու վրայ՝ ապահովելով առնուազն յետաձգումը Նեթանիյահուի մեծ անկման։ Պիտի գա՞յ անոր անկումի մեծ ժամանակը… Կարելի չէ միանշանակ պատասխանել, որովհետեւ այս հարցումին պատասխանը անմիջականօրէն կապուած է Կազզէի ճակատի իրադարձութիւններով, այնտեղ առկայ հրդեհի մարումով, ինչ որ ցաւալիօրէն տակաւին երեւելի չէ։

Մերձաւոր Արեւելքի նոր դասաւորումներուն տեսակէտէ ներկայ փուլը շատ կարեւոր է։ Այդ վերադասաւորումները կրնան դրական արդիւնքներով պսակուիլ, եթէ, անշուշտ, Ուաշինկթըն որդեգրէ կեցուածքներ, որոնք արդար եւ երկարատեւ լուծման կրնան նպաստել։

ԼԱՐՈՒԱԾ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ կողմէ Իսրայէլ ուղեւորուած նաւերը Կարմիր ծովու մէջ թիրախաւորած հուսիներուն դէմ կատարուած գիշերային գործողութիւնը ցնցած է համայն աշխարհը։ Եմէնի վրայ արձակուած աւելի քան հարիւր հրթիռը տարածաշրջանէն ներս լարուածութիւնը բարձրացուցած է։ Մինչ հուսիները յայտարարեցին, թէ կանգ պիտի չառնեն, քաղաքական մեկնաբանները համամիտ են, թէ Կազզէի պատերազմը արդէն յորդած է դէպի Կարմիր ծով։

Եմէնի դէմ վերջին գրոհը կը մեկնաբանուի՝ տարածաշրջանէն ներս Իրանի քայլերու վերջին բանալիին հետ զուգահեռականի մէջ։ Անցեալ գիշերուան ժամերուն պատահածները որոշ չափով սպասելի էին։ Երբ հիմնական խաղացողները կը շարունակեն մնալ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը, ուշադրութեամբ պէտք է սպասել իրադարձութիւններու շարունակութեան։

*

ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Եմէնի վրայ կատարուած յարձակումները կը համարուին անհամաչափ ուժի կիրառում։ «Իրան հետաքրքրուած է, թէ այս բոլորին դէմ ինքզինք ինչպէ՛ս կը պաշտպանէ։ Ներկայիս ասոնք Կարմիր ծովը կարծես արեան ծովու մը վերածելու հետամուտ են», ըսաւ ան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 13, 2024