451՝ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԱՔԱՐԸ
Գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, նոր տարուան առաջին իսկ օրը, սենեակիս պատէն կախուած հին տարուան հայկական մեր օրացոյցը, երբ նորով կ՚ուզեմ փոխարինել, անպայման, նախ հինը էջ առ էջ աչքէ կ՚անցընեմ եւ ապա հոն տեղ գտած զաւակներուս, թոռներուս եւ մտերիմ բարեկամներուս ու զարմիկներուս ծննդեան կամ ամուսնութեան թուականներուն եւ այլ նօթերուս հետ, «նորին» վրայ կ՚արտագրեմ, ամէն տեսակի մոռացութիւններու եւ թիւրիմացութիւններու առաջքը առնող, իբրեւ շատ օգտաշատ եւ արդարամիտ որդեգրում:
Այս տարի սակայն, երբ բարեկամներէս մէկուն տարեդարձը արձանագրելու համար հասած էի օրացոյցի փետրուարի էջի 11-ին, նկատեցի, որ ճիշդ այդ օրուան յատկացուած քառակուսիին մէջ գրելու տեղ չունէի, որովհետեւ արդէն սեւատառ եւ երկլեզու տպուած էր.- «Սրբոց Վարդանանցն Զօրավարացն»: Ուստի գոհացայ շատ մանր տառերով նօթս արտագրել, միեւնոյն ժամանակ միտքս ինքնածին իր առողջ յուշերուս տողանցումով, գացած էր շատ-շատ հեռուները:
Յիշած էի ուսուցչութեանս օրերը: Օրեր, որոնք ինծի համար, երկար տարիներուս այդ սիրելի պաշտօնս: Է՜հ, կար ժամանակ, երբ տարիներով ես ալ հայերէն լեզուի դասատու էի, ու ամէն փետրուարի Վարդանանցի յիշատակման տարեդարձին, իմ պահերուս եւ կամ ատենա-մարզանքի պիտակ-մթնոլորտին մէջ, բոլոր աշակերտներուս մեծ ախորժակով եւ երկարօրէն Վարդան Մամիկոնեանի եւ Աւարայրի մասին պատմած, խօսած ու ձեւով մը «քարոզած» էի:
Ի՜նչ լաւ օրեր էին, թէ՛ ինծի եւ թէ՛ մեր հայ նոր սերունդներու սրտերուն, իբրեւ ոգեշնչող պատմութիւն: Որովհետեւ, երբ կը զգաս, որ խօսքդ, ըսելիքդ եւ բառերդ լսողներ կան եւ կամ ունիս, եւ աւելին՝ երբ քեզ հասկցողներ կան, ուստի ըսելիքդ աւելի ամբողջական կը դառնայ եւ իր «տեղը» կը հասնի:
Ահա թէ ինչո՞ւ կը սիրէի պաշտօնս: Ու ամէն տարի իբրեւ դարերէն մեզի հասնող աւանդ, մեր այդ մատղաշ կամ հասուն ուղեղներուն շեշտած էի հայու ազատութեան ձգտումն ու անոր հաւատքի եւ կամքի զօրութիւնը, որոնց շնորհիւ իբրեւ անմնացորդ նուիրում եւ սրտապնդիչ երեւոյթ, չէինք կորսնցուցած մեր մտքի բանալին ու այս ձեւով կառչած մնացած էինք՝ մայր հողին եւ մեր պապերու սուրբ հաւատքին:
Ու միշտ ալ յիշեցուցած էի, թէ պատմական ուրախ եւ դժբախտ դասաւորումներով լեցուն էին հայոց պատմութեան էջերը: Ամէն դարաշրջան, հայ ժողովուրդը տեսակաւոր պատերազմներ մղած էր։ Այս բոլորը, ո՛չ թէ այն պատճառով, որ հայերս կռուազան էինք եւ կամ կռուիլ ու պատերազմիլ կը սիրէինք, այլ՝ պատերազմներ մղած էինք մեր ազգային ինքնութիւնը պահելու եւ գոյատեւելու համար: Այդ իսկ պատճառով յաճախ հայոց գահը իր գահակալէն եւ անոր թագէն զրկուած էր, ու երկիրն ու անոր հետ միատեղ ժողովուրդն ալ, օտար կամ դրացի բռնակալութիւններու կողմէ կեղեքուած: Ահա թէ ինչպէ՞ս մեր հայրենիքը դարձած էր օտար սմբակներու ոտքի կոխան եւ մանաւանդ կեր՝ զանազան մեծ ու փոքր կայսրութիւններու քաղաքական լայն ախորժակներու: Բայց... բայց, միշտ աշակերտներուն շեշտած էի, թէ պէտք չէ մոռնալ, որ հայը միշտ համբերութեամբ տարած էր օտարի լուծը, եւ երբ դանակը հասած էր իր վզին եւ դպած իր հոգիին եւ հոգեկան ազատութեան, ըմբոստացած էր ու ինքնածին պոռթկումով, իր արեան ու կեանքի գնով, պարզած էր ապստամբութեան իր դրօշը:
Վկայ՝ հայու դարաւոր պատմութեան օղակը:
Ու որքան ալ տարեթիւերը տարբերէին, Վարդանանց պատերազմը, մեր՝ քրիստոնեայ պետութեան առաջին պատերազմն էր, հայրենիքի եւ հաւատքի համար մղուած: Տեսակ մը վտանգաւոր եւ սակայն օրինակելի փորձաքար: Ուստի, իբրեւ աշակերտներ, ուսանողներ եւ հայ մարդ, ուր որ ալ գտնուէինք, պարտաւոր էինք տէր կանգնիլ մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն եւ մանաւանդ ուխտել՝ դառնալ Վարդան Մամիկոնեանի եւ անոր զինակիցներուն արժանի եւ հաւատարիմ ժառանգորդները:
Այսպէ՛ս, ամբողջացուցած էի խօսքս:
***
Իսկ, այս օրերուն, երբ կը փորձենք բանալ մեր մտքի պարզ եւ հարազատ դռները, կը տեսնենք, թէ որքան խորունկ եւ շօշափելի «բան» մը կայ 451 թուականին ետին: Որովհետեւ Աւարայրի ճակատամարտը, ազգային ինքնապաշտպանութիւն ըլլալով հանդերձ, հայու հոգին սնուցանող եւ անոր ազատ, անկախ եւ ինքնուրոյն ապրելու բնազդային պահանջն ու կամքը արտայայտող մեծ երեւոյթ ալ է։ Ահա մեր ազգային նկարագիրը, կ՚ըսեմ:
Նուիրական եւ սուրբ զոհաբերութիւն։
Աւարայրի եւ կամ Վարդանանց ճակատամարտ-հերոսամարտը, իբրեւ ազգային տօն, մեր ժողովուրդը ամէն տարի մեծ յարգանքով եւ հպարտանքով կը յիշատակէ: Որովհետեւ զօրավար Վարդան Մամիկոնեան եւ իր բոլոր զինուորները, մեզի համար ո՛չ անցեալ են եւ ո՛չ ալ ապագայ, այլ՝ միշտ ներկայ եւ ժամանակակից, յիշեցուացած ենք միշտ: Անոնք իրենց մարտիրոսացումով մեզի մեծ դաս մը սորվեցուցին: Մեծ Խորհուրդ մը տուին: Մեծ կտակ մը ձգեցին, որ է տէր կանգնիլ հայրենի մեր հողին եւ ազգային արժէքներուն, սիրել եւ խօսիլ մեր մայրենի լեզուն, ամուր պահել դարերու քրիստոնեայ մեր հաւատքը, յարգել մեր աւանդութիւնները, պաշտպանել եւ զօրակցիլ մեր ազատ ու անկախ Հայաստանի ու փորձել մասնակից դառնալ հայրենիքի ամէնօրեայ հեւքին եւ վերելքին, որպէսզի ներքին եւ արտաքին պայքարներու այս շղթայէն հայութիւնը իր ինքնաճանաչումով եւ ինքնաքննադատութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ յաղթական դուրս գար: Մեր մեծերը միշտ պատգամած են.-
«Եթէ կամքը կայ, ուստի այս առթիւ մղուած ջանքերը, ի զուր չեն»:
Աւարայր.-
Հողի եւ հաւատքի խորհուրդներ ունի իր մէջ եւ որոնք անբացատրելի են, շեշտած էինք: Անոր համար մարդիկ պէտք է լսեն պատմութիւնն ու անոր պատմական պատգամը: Թշնամին, պատերազմի ուժով ուզած էր հայու հոգին անջատել անոր մարմնէն ու զայն հեռացնել իր արմատներէն: Բաժնել: Բայց նպատակին չհասաւ: Այս երկուքը իրարմէ չբաժնուեցան:
Թելադրանք մը կայ այս խորհուրդի կողքին: Չենք ուզեր դժբախտ ազգ ըլլանք, մեր երկրին պէս: Ուստի պարտաւոր ենք գտնել մեր գոյութեան ռիթմը: Միասնական ոգիով պայքարինք ժամանակներու պարտադրած պայմաններուն դէմ:
Աւարայրեան անհաւասար կռիւ մղելը այս օրերուն մեզի համար պէտք է ըլլայ մենք զմեզ ու մեր թշնամիները լաւապէս ճանչնալու քաջութիւնը եւ յատկապէս ազգային մեր հոգեմատաւոր կառոյցները հաստատ ու կանգուն պահելու աշխատանքը, մեր հաւաքական վճռակամութիւնը եւ սփիւռքեան մեր բոլոր գաղութները առողջ ու միատարր պահելու առաքելութիւնը։ Արդ, իւրաքանչիւրիս վզին պարտքն է 451-ի փորձաքարը պահել, իբրեւ ազգային լինելիութեան հիմնաքար:
Ահա գերագոյն խորհուրդը՝ Աւարայրեան դիւցազնամարտին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com
Հարթակ
- 12/02/2024