ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ

Հայաստանի ընդդիմութիւնը խաղաղութեան օրակարգը ծաղրելու իրաւունք ունի՞։ Ո՛չ, չունի. չունի ո՛չ միայն անոր համար, որ խաղաղութեան օրակարգը «փխրուն» է, այլեւ՝ անոր համար, որ մինչեւ հիմա մեր աչքերուն երեւելի դարձած ընդդիմութիւնը չունեցաւ յանձնառութիւն իշխանութիւնը վերցնելու իր ձեռքերուն։ Նաեւ այս է պատճառը, որ միջազգային ուժային կեդրոններ մինչեւ այս պահը կը շարունակեն վստահիլ Փաշինեանի իշխանութեան։

Բարդ վիճակներու մէջ է Հայաստան։

Անվտանգութեան խնդիրներ, բանակի անկազմակերպ վիճակ, ռազմական առկայ հարցերը լուծելու անկարելիութիւն, նաեւ արտաքին խաղացողներու կողմէ քաղաքական՝ նոյնիսկ շատ հայեր ուրախացնող բարոյական նեցուկի պակաս։

Այս բոլորը, անշուշտ, կը ծագին նաեւ այն պատճառով, որ Հայաստան երկիրը անցեալ երեսուն տարիներու մօտեցումներով ու սխալներով, յետաձգումներով ու բանակցային իրական օրակարգը ամէն գնով իր հունէն շեղելու փորձերով՝ կորսնցուց միջազգային շրջանակներու վստահութիւնը։ Ու եթէ այսօր Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կամ նոյնիսկ Ռուսաստան առկայ հարցերու լուծման համար կարեւոր ճիգեր կը գործադրեն, ապա այդ բանը կ՚ընեն ո՛չ թէ Հայաստանի սեւ աչքերուն համար, այլ այդ բանը կ՚ընեն միայն ու միայն իրենց ընթացիկ շահերուն համար։

Այստեղ, անշուշտ, կարեւոր ըսելիք մը կայ ԱՄՆ-ի կողմէ առաջ տարուած ճիգերուն վերաբերեալ, որոնք խորքային պատճառներ ունենալէ անդին՝ ունին կարճաժամկէտ դրոյթներ։ Ըստ երեւոյթին, այդ դրոյթները կապուած են ո՛չ թէ դէպի Հարաւային Կովկաս ԱՄՆ-ի «մեծ վերադարձ»ին հետ, այլ նպատակ ունին՝ ինչքան հնարաւոր է մատ թափ տալ Ռուսաստանին ու անոր յիշեցնել, որ այսօր ստեղծուած մեծ պատկերին եւ Ուքրայնայի պատերազմին բերած ծանրութեան հետ, ԱՄՆ երբեք պիտի չանտեսէ Հարաւային Կովկասի մեծ պատուհանը, ուր արդէն երկար տարիներէ ի վեր Մոսկուա կը համարուէր միակ եւ ամենազօր խաղացողը։

Այսօր ունինք նոր իրականութիւն մը, որուն հաշտ աչքով չեն նայիր ո՛չ միայն Հայաստանն ու Իրանը, այլ անոր դէմ խորշանք մը կ՚ապրի նոյնիսկ Ռուսաստանը։ Ստեղծուած նոր իրականութեան մէջ աւելի քան յստակ է, որ ռուսերը կը փորձեն եւ դեռ ալ պիտի փորձեն մայր օրակարգը շեղել ու աշխարհին ծանուցել, որ  Արեւմուտքը զիրենք դուրս պիտի մղէ այս տարածաշրջանէն։ Մինչ այդ, անոնք կը  մոռնան ու կ՚անտեսեն այն փաստը, որ իրենք իսկ ըրած են այն ամէն ինչը, որով վիճակը այսօրուան սրութեան հասած է։

Այս բոլորէն անդին, աւելի քան յստակ է նաեւ, որ եթէ նոյնիսկ իրավիճակները փոխուին եւ Ռուսաստան կարողանայ վերադառնալ իր անցեալի «երգ»ին՝ ան ալ յար եւ նման միջազգային հանրութեան պիտի խօսի «ամէն գնով խաղաղութիւն» հաստատելու ոգիով։ Այդ մօտեցումը հաճոյ է, նաեւ հեշտ դրոյթ մըն է ոչ միայն Արեւմուտքին տեսակէտէ, այլեւ դրական մօտեցում մըն է տարածաշրջանին մէջ Ատրպէյճանի ամենամեծ հովանաւորին՝ Թուրքիոյ համար։ Այստեղ, անշուշտ, կան կարեւոր նրբերանգներ, որոնք կապուած են հաւանական մեծ հանգուցալուծումներուն հետ։ Այլ խօսքով՝ նախատեսուած համաձայնութիւններու մեծ եզրագիծին մէջ է, որ պիտի երեւին, թէ ո՞վ, մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասցնել իր «մուրազ»ները կամ արդեօք հաւաքական Արեւմուտքը պիտի յօժարի՞, որպէսզի դարձեալ Ռուսաստանի հովանիով ապահովուած համաձայնութիւնները դառնան ամբողջական ու վերջնական։ Ու այստեղ է նաեւ, որ մեծ հաշուով նշմարելի կը դառնայ այսօրուան մրցակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան թնճուկին շուրջ՝ այն իմաստով, որ երկու հիմնական թեւերը կը մրցին եւ կը պայքարին երկու կողմերուն համար ալ խաղաղութեան ընդհանուր թուղթ-պայմանագիր մը խմբագրելու նպատակով։

Վերադառնալով խաղաղութեան նիւթին՝ հարկ է յայտնել, որ գուցէ խաղաղութեան եւ խաղաղասիրութեան մասին խօսակցութիւնները կամ Փաշինեանի վարչախումբի բաւական ամերիկամէտ գործիչներու բերնէն լսելի դարձած յայտարարութիւնները մեծ վնաս կը պատճառեն այս իշխանութիւններուն։ Բայց եւ այնպէս, փաստ է, որ Փաշինեան ներկայ փուլին այլ ընելիք մը չունի։

Ամենակարեւորը Փաշինեանի համար ժամանակ շահիլն է եւ այդ առումով նկատելի դարձած է, որ իշխանութիւնները, հակառակ քանի մը մեծ ռիսքերու մինչեւ այս փուլը կարողացան իրավիճակը հաւասարակշռելի պահել։

Ճիշդ է նաեւ, որ այս նոյն «խաղաղութեան» նիւթը, որ մեծ ծաղր ու ծանակի առարկայ կը դառնայ ընդդիմութեան կողմէ, ինչ-որ առումով ողջունելի մօտեցում է Արեւմուտքին եւ յատկապէս ԱՄՆ-ի տեսանկիւնէն։ Անոնք ներկայ պահու դրութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան գիծին վրայ կարեւոր դերակատարութիւն մըն ալ ստանձնած են։

Ամէն պարագայի, այս բոլորէն անդին հարկ է նաեւ աչքի տակ պահել վերջին շաբաթներու քաղաքական բաւական աշխոյժ իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Երեւան-Պաքու գիծին վրայ, ուր ժամանած էին մէկէ աւելի բարձրաստիճան գործիչներ։

Անշուշտ, դարձեալ այս պարունակին մէջ աւելի քան ուշագրաւ պէտք է համարել Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին Պաքու տուած այցը, որ նաեւ կը տեղադրուի Մոսկուայի կողմէ արդէն երեւելի դարձած եւ իր ձեռքէն սահող տարածաշրջան մը անպայման փրկելու եւ ձեռքերուն մէջ ետ առնելու շտապողականութեամբ։

Այստեղ կան, ի հարկէ, բաւական նուրբ թելեր, որոնք ամէն պարագայի իրենց մէջ ունին որոշ շեշտերանգներ Երեւանի կողմէ առնուած կամ առնուելիք քայլերուն մասին։

Իսկապէս, մինչեւ այս պահը Փաշինեան հակառուսական քայլերու չէ դիմած, բայց ունի համարձակ արտայայտութիւններ, որոնք Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ յատկապէս Լաչինի միջանցքին փակ ըլլալը կը բեռցնեն Մոսկուայի ուսերուն։

Ի վերջոյ յայտարարութիւնները կարեւոր են, բայց եւ այնպէս, անոնք որեւէ պարագայով որոշիչ չեն քաղաքականութեան մէջ մեծ ցատքեր կատարելու կամ երկար տարիներու վրայ մշակուած քաղաքականութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու կամ բարեփոխելու տեսակէտէ։

Ռուսաստան, որ մեծապէս խռնուած է Ուքրայնայի պատերազմին մէջ, դարձած է աւելի դիւրազգած եւ դիւրաբորբոք ու գուցէ այդ պատճառով է նաեւ, որ Հայաստանէն լսուող որեւէ յայտարարութիւն ան կ՚ընդունի բաւական չարախինդով՝ առկայ իրավիճակը աւելիով բարդացնելով, նաեւ միւս կողմէ Լաչինի հարցով մնալով նոյնքան անտարբեր եւ կամ ամենաթող վիճակի մը մէջ։

Այս բոլորին մէջ անկեղծ ըլլալու համար անպայման պէտք է դիտարկել, որ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք որոշակի կասկածներ սկսան աճիլ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այս թեզը լաւ օգտագործուեցաւ նաեւ Հայաստանի ընդդիմութեան կողմէ, որ ուզեց հաւատալ, թէ այդ կերպով կրնայ Փաշինեանը նեղ կացութեան մատնել եւ, անշուշտ, ռուսական նեցուկն ու հաւանութիւնը ապահովել Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն մը իրականացնելու տեսակէտէ։

Սակայն, գէթ այս կտրուածքով, Ռուսաստան շատ տեղին եւ մեծ դաշնակցի ձեւով մօտեցաւ հարցերուն, նաեւ բացայայտ յայտարարեց, որ Հայաստանի ներքին գործերուն համար ըսելիք մը, միջամտելիք մը չունի։

Այդ բոլորը հաշուարկելէ ետք, Փաշինեան, գոնէ առերեւոյթ, փորձեց ամէն ճիգ ընել՝ ամրացնելու համար Մոսկուայի հետ կապերը՝ նոյնիսկ չհասկնալով, որ այդ յարաբերութիւններու մեծագոյն խանգարիչը ո՛չ միայն Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութիւնն է, այլեւ Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեանց նոր մակարդակն ու մօտիկացումը։ Ու այստեղ շատ բնական էր, որ այդ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուէին ի հեճուկս երրորդ կողմի մը, որ այս պարագային փոքրիկ Հայաստանն էր։

Այդ յարաբերութեանց ամբողջական եւ մեծ ստուերը տեսանելի դարձաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ եւ գուցէ այսօր ալ այդ նոյն խաղաոճը կը շարունակուի երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք ունին նոյն շահերը կամ աւելի ճիշդը՝ անոնց այս փուլի շահերը մեծ հաշուով համընկնած են։

Հիմա, այս բոլորի լոյսին տակ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին Հայաստանի իշխանութիւնները, կամ որեւէ քաղաքական խումբ, որ իշխանութեան կրնայ հասնիլ։

Հարցումը ինքնին շատ դժուար է ո՛չ միայն անոր համար, որ Ռուսաստան զբաղ է Ուքրայնայի ճակատով, այլեւ անոր համար, որ Հայաստան նոր տալիք մը չունի այդ վիրաւոր կայսրութեան։

Ու այս պատկերին դիմաց կարելի է՞ յուսալ, որ Արեւմուտքը եւ յատկապէս՝ ԱՄՆ պիտի ուզեն եւ պիտի կամենան մտնել Հարաւային Կովկասի նոր դրոյթներուն մէջ կամ ԱՄՆ-ի վերջին ամիսներու բաւական աշխոյժ մօտեցումները դեռ պիտի շարունակուի՞ն եւ պատճառ ու պատուար պիտի դառնա՞ն, որպէսզի Ատրպէյճան ետ քաշէ իր արիւնոտ ձեռքերը Հայաստանէն ու Արցախէն։

Դարձեալ դժուարին հարցում մը եւ մտահոգիչն այն է, որ մինչեւ այս պահը աշխատող ազդակ մըն է՝ «Հարաւային Կովկասը անպայման ռուսերուն կը պատկանի» յղացքը։ Սա ունի ու դեռ ալ կրնայ ունենալ ծանր հետեւանքներ Հայաստանի համար։ Պատճառը միայն այն չէ, որ Մոսկուան սկսած է Պաքուն նախընտրել Երեւանի փոխարէն, այլեւ Ատրպէյճանի հետ Ռուսաստանի յարաբերութիւնը ունի շահակցական մեծ երեսներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023