«ՊՏՂԱՏՈՒ ԾԱՌԸ ԿԸ ՔԱՐԿՈԾՈՒԻ»
Ծառ տնկողին կեանքը միշտ երկար եղած է, որովհետեւ հողագործին համար հողին հետ աշխատիլը կեանքի ժամացոյցի զսպանակ է եղած։ Հողագործը տիւուցայգ կը փորէ հողը՝ զայն բարեբեր դարձնելու համար, ծառերը կը պատուաստէ՝ զանոնք աւելի արգասաբեր դարձնելու համար, կ՚էտէ՝ աւելի եւս փարթամացնելու համար, կը ջրէ՝ կեանք եւ սնունդ տալու իր աչքի բիբին՝ այգիին։
Հողին հետ աշխատանքը ամէն բանէ առաջ բնութեան եւ մարդու միջեւ կատարուող անպարագրելի ընթացք է, որուն մէջ մարդ էակը իր իսկ աշխատանքով ու գործունէութեամբ կը միջնորդաւորէ ու կը կարգաւորէ իր նիւթափոխանակութիւնը իր եւ բնութեան միջեւ։ Այս գործընթացին իրբեւ արդիւնք՝ «իր ցանածը՝ կը հնձէ», բերրի հողի պտուղը՝ կը ճաշակէ եւ իր օրուան հացը կը հանէ։
Հողէն ստեղծուած գիտակից մարդը հողին վրայ կը բանի, կը ստեղծագործէ, հիմք կը դնէ, կը մաքառի, կ’արարէ, բարեգործութիւններ կը գործէ՝ իր գոյութենական կեանքը ճարտարապետելու, իմաստաւորելու եւ «համեմել»ու համար։ Սակայն այս բոլորին առընթեր, կայ անգիտակից եւ ծոյլ մարդուն երեսակը։ Ծոյլ մարդը մշտապէս ուրիշին ջրաղացէն ջուր խմելու եւ գողնալու ձգտումը ունի։ Կեանքը կ՚ապրի անհիմն սկզբունքերով եւ աննպատակ արարքներով։ Չ՚ուզեր իր կողքին տեսնել պատասխանատու եւ լըր-ջախոհ ընկեր։ Կ՚ուզէ ազատօրէն ապրիլ, վայելել իր ծուլութիւնը, անգործ պտտիլ եւ դէսուդէն շրջագայիլ՝ իր մէջ սպաննելով ընդոծին դրուած շնորհքներն ու ձիրքերը, իմացական հարստութիւններն ու իմաստութիւնը…։
Նմանատիպ դատարկակեաց մարդիկ անգիտանալով իրենց կեանքի նպատակն ու արժէքը, ծուլութեան վերամբարձ մշուշով պարուրուած՝ իրենց տրուածն ու յանձնարարուածը շահարկութեան դնելու եւ կրկնապատկելու պատրաստակամութի՛ւն չունին, աշխատելու ախորժակը եւ եռանդը վաղուց վերացած է իրենց մէջէն, նախանձա-խընդրութեան եւ պարտականութեան գիտակցութենէն գիտակցաբար զուրկ են, պատասխանատուութեան զգացումէն ամբողջապէս դատարկուած են։ Անգիտակցութեա՛ն մարմնացում…։
Պտղատու ծառին՝ ժրաջան մարդու քրտինքը իր աշխատանքի արցունքն է, մինչդեռ ծոյլ ու գործատեաց մարդուն արցունքը ուրիշին յաջողութիւնն է։ Ատելավառ հայեցակէտը նախանձի ծնունդ կու տայ, իսկ նախանձը՝ կը տանի մարդկային փոխյարաբերութիւններու փակուղի։ Իր նմանակիցն ու ընկերը ՔԱՐԿՈԾԵԼԸ եւ ԱՆՈՒԱՆԱՐԿԵԼԸ ձախորդ եւ անյաջող մարդուն իւրայատուկ գործելաոճ են։ Խօսքի քարերով լուտանքներ արձակելով՝ կը մթագնեն յաջողակ գնացքդ եւ յաջողութեան առաջնորդող ձգտումներդ։ Ժպիրհ բարբաջանքերով եւ քարատարափներով՝ կը ստուերեն սերմնացան ոգիդ եւ պտղաբեր ճանապարհդ։ Անպտուղ ոտնձգութիւններով՝ կ՚ոտնակոխեն տքնաջանիդ պտղալի կութքը։ Ամպրոպ ցեխարձակումներով եւ օձալլուկ վերաբերմունքով՝ կը պարունակազրկեն լուսաշող գործունէութիւնդ եւ ապագադ։ Թունալի նայուածքով՝ կը վարագուրեն դէպի ապագայ նայող սեւեռակէտդ։ Սեւամաղձ թոյնով՝ կը սրսկեն կանաչազարդ եւ գեղատեսիլ այգիդ։ Ագռաւներու կռկռոցներով՝ կը փորձեն չարչրկել, տանջել եւ գիշատել քու անձդ։ Սթիւ Ճոպս իր աշխատանքին մասին խօսելով՝ կը վկայաբանէ. «Իմ աշխատանքս՝ մարդոց կեանքը դիւրին դարձնել չէ։ Իմ աշխատանքը մարդոց կեանքը աւելի լաւ դարձնել է»։ Իսկ խորհուրդ կու տայ՝ ըսելով. «Ձեր ժամանակը սահմանափակ է։ Մի՛ ծախսէք զայն՝ ապրելով ուրիշի կեանքով։ Մի՛ իյնաք այլ մարդոց մտքերու հաւատամքի թակարդին մէջ։ Մի՛ թոյլատրէք, որ ուրիշներու հայեացքները խլացնեն ձեր ներքին ձայնը։ Այդպիսիք գիտեն, թէ դուք ի՛նչ կ՚ուզէք։ Մնացած ամէն ինչ երկրորդական է»։
Նպատակասլաց եւ բազմաշխատ մարդը իր կենսընթացին անպատճառ կը հանդիպի զինք խեղդել ուզող փուշերու, ցաւցնող տատասկներու, վիրաւորող քարերու եւ ժայռերու, բայց եթէ ան իր որոշումին եւ նպատակին մէջ անյողդողդ է, ձախէն ու աջէն եկող հարուածներէն ու հովէն չ՚ընկճուիր, տեղի չի տար, նահանջ չ՚արձանագրեր, այլ իր աներեր կամքով, անսայթաք քայլուածքով, յստակ կշռադատումներով առիւծ կ՚ըլլայ՝ անյաղթահարելի կարծուածներուն դիմաց, խաղաղասէր՝ բոցավառ լեզուներուն դիմաց, ուրախ՝ տխրահռչակներուն դիմաց, ներողամիտ՝ քարկոծողներուն դիմաց…։ Աշխատասիրութիւնը եւ նպատակասլացութիւնը քեզ հեռու կը պահեն երեք մեծ չարիքներէ. բամբասանքէն, արատէն եւ կարիքէն։ Զուր տեղ չէ ըսուած, թէ «Աշխատասիրութիւնը բոլոր առաքինութիւններու մայրն է, ինչպէս ծուլութիւնը՝ բոլոր մոլութեանց»:
Մատթէոս աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ Քրիստոս քաղաք վերադառնալու միջոցին կ՚անօթենայ։ Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով՝ կը մօտենայ, բայց տերեւէ զատ ոչինչ կը գտնէ։ Աստուածորդին այս տեսնելով՝ կ’ըսէ. «Ասկէ ետք յաւիտեան պտուղ չունենաս»: Տեղւոյն վրայ թզենին կը չորնայ: Աշակերտները երբ կատարուածը կը տեսնեն՝ կը զարմանան ու կը հարցնեն, թէ ինչպէ՛ս թզենին վայրկեանին չորցաւ։ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Վստահ եղէք, որ եթէ հաւատք ունենաք եւ չկասկածիք, ո՛չ միայն պիտի կարենաք կատարել թզենիին պատահածը, այլ նոյնիսկ եթէ այս լերան ըսէք՝ «Ել եւ ծով ինկիր», պիտի կատարուի։ Եւ աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք» (Հմմտ. Մտ 21. 18-22)։
Առակին մէջ յիշուած թզենին կը խորհրդանշէ մարդ արարածը։ Թզենին չորցած չէր, տերեւները թափած չէին, ընդհակառակը, կենդանի, գեղեցիկ, կանաչաւուն տերեւներով լեցուն ու պտղատու կ՚երեւէր, բայց եւ այնպէս անպտուղ էր: Այսօր մեր կեանքի թատերաբեմը լի է նման թզենի-մարդուկներով, որոնք անմեղութեան շապիկ հագած են, բայց անմեղութեան պտուղներ չունին: Ցորենի ատոք հասկերու երեւոյթ ունին, բայց խորքին մէջ մէկական որոմներ են: Անկեղծ կը ձեւանան, բայց կեղծաւոր փարիսեցիներ են:
Թզենին իւրայատուկ է ո՛չ միայն իր համեղաճաշակ պտուղով, այլեւ՝ իր մեծ տերեւներով։ Պտուղները կը ներկայացնեն մարդոց բարի գործերը, իսկ թզենիի տերեւները՝ մարդու մարմինը։ Մեկնիչ հայրեր կը բացատրեն, թէ Քրիստոս այս առակին ընդմէջէն կ՚ուզէ մեզի ցոյց տալ, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայ իր պտղատու բարեգործութիւնները պէտք է ծածուկ կերպով կատարէ: Եթէ երբեք դատապարտելի է տերեւ ունենալը առանց պտուղ ունենալու, նոյնպէս ալ դատապարտելի է պտուղ ունենալը առանց տերեւ ունենալու: Այսինքն, ինչպէս դատապարտելի է հաւատացեալ կոչուիլ եւ սակայն բարի գործեր չկատարել, նոյնպէս ալ դատապարտելի է բարի գործեր կատարել, մարդոց կողմէ տեսնուելու ու փառաւորուելու նպատակով: Ինչպէս թուզին տերեւը իր ետին կը պահէ թուզը, այնպէս ալ մեր բարի գործերը պէտք է մեր հաւատքի տերեւին ետին պահուըտած ըլլան:
Կը պատմուի, թէ օր մը Յունաստանի իշխանը կ՚որոշէ իր որդիներէն մին իրեն ժառանգորդ ընտրել։ Ուստի, զանոնք կը կանչէ եւ կ՚ըսէ.
-Իմ քաջ որդիներս, արդէն հասուն տղաներ դարձած էք եւ ժառանգորդ ընտրելու ժամանակը եկած է ու ձեզմէ մէկը պէտք է ընտրեմ։ Ատոր համար վաղը միասին բերքահաւաքի պիտի երթանք, ուր յայտնի պիտի դառնայ, թէ ձեզմէ ո՛վ իմ ժառանգորդս պիտի ըլլայ։
Յաջորդ առաւօտ իշխանը իր որդիներուն հետ կը մեկնի այգի եւ անոնց կը պատուիրէ բերքահաւաքի սկսիլ, բայց մէկ պայմանով, որ բոլորը պէտք է քաղեն նոյն ծառի պտուղները, իսկ ինք կը սկսի ուշադրութեամբ հետեւիլ անոնց աշխատանքին: Բերքահաւաքէն ետք իշխանը իր որոշումը կը կայացնէ եւ իրօք՝ որդիներէն ամենաաշխատասէրն ու նպատակասլացը կը ժառանգէ անոր ողջ կարողութիւնը: Սակայն անոր որոշումը միւս որդիներուն դժգոհութիւն կը պատճառէ: Անոնց համար հասկնալի չէր, թէ ո՛րն էր իշխանի ընտրութեան պատճառը: Տեսնելով որդիներու դժգոհութիւնը՝ իշխանը կ՚ըսէ.
-Որդիներս, երբ դուք բերքահաւաքի սկսաք, ես ուշադիր ձեզի կը հետեւէի եւ նկատեցի, որ դուք միայն ծառի ներքեւը գտնուող պտուղները քաղեցիք եւ դիւրութեամբ ձեր առաջադրանքը կատարեցիք: Ձեզմէ միայն մէկը, դժուարութեամբ ու վտանգի դիմելով, բարձրացաւ ծառին վրայ եւ քաղեց վերեւի պտուղները։ Ես զինք ընտրեցի, որովհետեւ կեանքը բերքահաւաքի պէս է, ծառի ներքեւը աճող պտուղներն աւելի հասանելի են, բայց անոնք չունին այն համն ու տեսքը, ինչպէս ծառի վերեւը աճող պտուղները, որոնք արեւի ճառագայթն ու ուժը աւելի շատ կը ստանան եւ աւելի պաշտպանուած են, քան միւս պտուղները:
Սովորական մարդիկ առհասարակ ներքեւի պտուղներով կը բաւարարուին, գուցէ այն պատճառով, որ աւելի դիւրահասանելի են եւ ոչ դժուարատանջ։ Իսկ նպատակասլաց մարդիկը ջանք կը թափեն, իրենց կեանքը կը վտանգեն. կը բարձրանան ծառի կատարը եւ քաղելու միջոցին կը համտեսեն քաղցրահամ պտուղները: Մեր կեանքի ընթացքին նոյնպէս ամենալաւ դիրքերուն, նպատակներուն, բարձրագոյն վկայականներու հասնելու համար, դժուարութիւններն ու խոչընդոտները դիմագրաւելու համար, պէտք է նպատակասլացութիւն, աշխատասիրութիւն, ամուր կամք, ջանադրութիւն եւ հեռատեսութիւն ունենալ։ Եթէ այդպէս չըլլար, բոլորն ալ հեշտութեամբ կը հասնէին կատարին եւ այդ մէկը կը դադրէր «լաւագոյն»ը կոչուելէ։
Սիրելի՛ ընթերցող, պտղատու ծառը կամ պտղաբեր մարդը իր բերքի, պտուղներու, թարմութեան եւ հեզութեան համար քարկոծուելու ենթակայ է, իսկ անպտուղ ծառը եւ պտուղ չունեցող մարդը դատարկ տակառ է, ձայնը բարձր է, բոլորին լսելի, բայց ինքը դատարկ եւ նանրախօս է։ Նմանատիպ մարդիկ կեանքի որդեր են, որոնք կը փորձեն կեանքի աւիշդ պղտորել եւ քեզ ի ներքուստ կազմալուծել։ Յուսահատութեան պատմուճանը հանէ՛ վրայէդ, հագի՛ր նպատակասլացութեան եւ աշխատասիրութեան զրահդ եւ շարունակէ նպատակներդ իրագործել։
Նմանէ այն ամպին, որ իր անձրեւը կը թափէ ե՛ւ բարեգործ ե՛ւ չարագործ մարդոց վրայ։ Նմանէ այն պտղատու ծառին, որ իր պտուղը կու տայ զինք փայփայողին եւ զինք քարկոծողին հաւասարապէս։ Եթէ մարդիկ աններողամտութեան քարերով քեզ կը քարկոծեն, դուն պէտք է ներողամտութեան պտուղներդ թափես անոնց վրայ՝ քաջ գիտնալով, որ Աստուած այդ պտուղներուն փոխարէն հարիւրապատիկը եւ հազարապատիկը պիտի շնորհէ քեզի։ Մեզ սիրողները սիրելը մեր պարտականութիւնն է, իսկ մեզ չսիրողները սիրելը՝ մեր կոչումն է: Բարեկամները սիրելը մարդկային է, իսկ օտարները սիրելը՝ աստուածային եւ աստուածայնացնող: Կիկերոն կ՚ըսէ. «Աշխատասէր հողագործը ծառեր կը տնկէ, որոնց պտուղը ինքը երբեք պիտի չտեսնէ»։ Պտուղներդ անպայման վաղ թէ ուշ պիտի քաղես։ Մի՛ յուսալքուիր։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ