ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ԹԷ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷՐ ՂԱԶԱՐՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մեկնութիւն. եւ գիտելի է, թէ չորս նշանակութիւն ունի Ղազարոսի քակուիլն ու արձակումը:

Առաջին. կը նշանակէր Ադամը դժոխքի կապանքներէն արձակել՝ Քրիստոսի գալուստով, որովհետեւ Ղազարոս Ադամի դէմքն ու բնութիւնը ունէր, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ խօսքին մէջ, որ ըսուեցաւ. «Հիւանդ մէկը կար, Ղազարոս անունով» (Յհ 11.1):

Երկրորդ. դարձեալ կը նշանակէ, որ եթէ մէկը հոգիով մեռնի մեղքերով ու սատանան անոր գործ[երը]ը կապէ, իսկ երբ մեռելներէն յարութիւն առնէ, սատանային կապը կ՚արձակուի, որով կրնայ փոխանակ չարին բարին ընել:

Երրորդ. դարձեալ կը նշանակէ մեր յարութիւնը, երբ այն ատեն մարմինի բոլոր կիրքերէն պիտի ազատինք, որոնք այստեղ բռնելով մեզ կը տանջեն ու կը կորսնցնեն մեր հոգիները:

Չորրորդ. դարձեալ վարդապետները կ՚ըսեն. այս Ղազարոսը մեղաւոր մարդ կը նշանակէ, որովհետեւ Ղազարոս Տիրոջմէ օգնութիւն ստացած կը թարգմանուի, եւ այն ատեն մարդը Տիրոջմէ օգնութիւն ստացած է, երբ Աստուծմէ ինչ որ շնորհք կ՚ընդունի: Իսկ ասիկա մեղքերու փորձութեամբ կը հիւանդանայ, առանց կատարեալ հաւանութեան, իսկ երբ հաւանի, այն ատեն մեռեալ կ՚ըսուի:

Չորս օր գերեզմանին մէջ կը մնայ մահուան չափ մեղքերու չորս ընթացքներուն համար. առաջինն է կամքին ներքին հաւանումը: Երկրորդն է մեղքերուն արտաքին գործը: Երրորդ՝ մեղքերու սովորութիւն [դառնալը]: Չորրորդն է խստասրտութիւնը, որ անզեղջ կը մնայ: Իսկ Ղազարոսին յարութիւնը, որ միայն Քրիստոսի միջոցով եղաւ, կը նշանակէ շնորհներուն հեղումը մեղաւորին հոգիին մէջ, իսկ կապանքներուն քակուիլը, որ աշակերտներուն սպասաւորութեամբ եղաւ, կը նշանակէ քահանայական արձակումը, որով մեղաւորը իր բոլոր մեղքերէն կ՚ազատի: Ասիկա կ՚ըլլայ, երբ մկրտութեան կամ մեղքերու խոստովանութեան կու գայ, որովհետեւ մկրտութեամբ կ՚ազատուինք սկզբնական եւ բոլոր ներգործական մեղքերէն, ինչպէս յայտնի է չափահասութեան հասածներէն, նոյնպէս ան որ զղջումով կը խոստովանի ու կ՚ապաշխարէ, մեղքերու բոլոր գործերէն ու պատիժներէն կ՚ազատի:  Եւ ինչպէս որ Ղազարոս նախ մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ապա արձակուեցաւ, այդպէս ալ պէտք է մեղաւորը նախ զջումով եւ խոստովանութեամբ յարութիւն առնէ, եւ ապա քահանան մեղքերէն արձակէ զղջացողն ու խոստովանողը, որ եւ մեզ արձակէ Քրիստոս մեղքերու բոլոր կապանքներէն: Ամէն:

Իսկ երբ Աւետարանիչը ճառեց, թէ ինչպէ՞ս եղաւ Ղազարոսի յարութիւնը, ապա կը ճառէ, թէ ի՛նչ հետեւեցաւ այդ յարութեան, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Հրեաներէն շատեր» (Յհ 11.45):

Մեկնութիւն. այստեղ երկու բան կը ճառէ, որ այդ յարութեան համար եղաւ. առաջին՝ ինչքա՞ն մօտիկներուն, երկրորդ՝ ինչքա՞ն հեռաւորներուն, այնտեղ. «Աւագ քահանաներն ու դպիրները ատեան հաւաքեցին» (տե՛ս Յհ 11.47), որովհետեւ Պօղոս Կորնթացիներու երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Քրիստոսով անուշահոտ խունկի նման ենք, փրկուածներուն եւ կորսուածներուն մէջ, ոմանց՝ մահուան, իսկ ոմանց ալ՝ կեանքի» (հմմտ. Բ. Կր 2.15-16), նոյնպէս այստեղ այս հրաշքին համար եղաւ, քանի որ ոմանք հաւատքի մէջ հաստատուեցան, իսկ ոմանք ալ չարութեան մէջ խստացան, սակայն հրաշքներէն առաջինը ըստ ինքեան եղաւ, իսկ երկրորդը ոչ ըստ ինքեան, այլ՝ պատահմամբ:

Առաջինին համար Աւետարանիչը կ՚ըսէ.

Խօսք. «Հրեաներէն շատեր, որոնք Մարիամենց տուն եկած էին» (Յհ 11.45):

Մեկնութիւն. ի՞նչ ազգականներ կային, որոնք անոր անունով մարիամականներ կը կոչուին, ինչպէս Իսրայէլէ իսրայէլացիներ: Իրապէս շատեր հաւատացին, որովհետեւ հաւատալու մեծ պատճառ ունէին, քանի որ այս նշանը յայտնապէս կը ցուցնէ Քրիստոսի աստուածային զօրութիւնը:

Խօսք. «Ուրիշներ գացին փարիսեցիներուն մօտ եւ պատմեցին ինչ որ Յիսուս կատարեց» (Յհ 11.46):

Մեկնութիւն. ասոնց համար վարդապետները երկու կարծիքներ ունին. նախ՝ Քրիստոսի բարեկամները ասիկա փարիսեցիներուն ըսին անոնցմէ վերցնելու համար բարկութիւնն ու ատելութիւնը, որ Քրիստոսի նկատմամբ ունէին, իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ չար դիտաւորութեամբ՝ փարիսեցիները զայրացնելու համար Քրիստոսի դէմ, եւ երկրորդն է ճշմարիտ, ինչպէս Մեկնիչէդ (Նանա) յայտնի է:

Իսկ Նանային ներբողեանը, որ Ղազարոսի յարութեան համար է, այսպիսի միտքով է. նախ՝ կը ներբողէ հիւանդութիւնը, ննջելն ու Ղազարոսի յարութիւնը, եւ ապա՝ ինչ շահ եւ օգուտ է մեզի՝ ողջերուն եւ մեռելներուն, եւ ապա Քրիստոսի գալը եւ որ ձայնով հրաշագործեց, եւ ապա յորդորակ մը հասարակաց յարութեան համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 111

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 13, 2021